ԱՌԱԿՆԵՐԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԼՌԵԼԵԱՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Առակները գեղարուեստական գրականութեան ամենէն հարուստ համն ու հոտն են. դարերու խորքէն կու գան եւ իրենց մէջ կը պահեն մարդկային իմաստութեան անանց խտացումը։
Մեր կեանքի տեսակ մը սլաքներն են առակները, որոնք լռելայն ու աննկատ ձեւով մը կը ճշդեն մեր միտքին ընթացքը, կը սրբագրեն մեր մոլորումները եւ մեզ կը հրաւիրեն ինքնահայեցման։
Պարզ ու միամիտ պատմուածքի մը քօղին տակ՝ առակը յաճախ կը պարունակէ փիլիսոփայական խորունկ ճշմարտութիւններ։ Անիկա միայն զբաղեցնող կամ զուարճացնող խօսք չէ, այլ՝ բարոյական հայելի մը, որուն առջեւ ամէն ընթերցող կը տեսնէ ինքզինք՝ իր թերութիւններով, հպարտութեամբ, վախերով կամ իմաստութեամբ։
Կենդանիներու, ծառերու կամ բնութեան տարրերու միջոցաւ, առակագիրը խորամանկօրէն կը մերկացնէ մարդկային տկարութիւնները՝ առանց վիրաւորելու, բայց միշտ արթնցնելով միտքն ու հոգին։
Դարեր շարունակ՝ Եզովբոսէն մինչեւ Վարդան Այգեկցի, առակը եղած է ժողովրդային իմաստութիւնը փոխանցելու ամենէն ազդու ու կենսունակ միջոցը։ Անոնք փոքրիկ պատուհաններ են, որոնցմէ ներս կը թափանցէ կեանքի իրական լոյսը՝ սորվեցնելով մեզի խոնարհութիւն, արդարութիւն եւ իրական արժէքները ճանչնալու կարողութիւն։
Առակագիրները պատահականօրէն չեն ընտրած կենդանիներու, թռչուններու, բոյսերու, ծառերու կերպարները։ Այս մօտեցումը ունի խորունկ գրական, ընկերային եւ հոգեբանական պատճառներ։
Շատ մը դարաշրջաններու մէջ թագաւորները, իշխաններն ու հզօրները քննադատելը կամ անոնց թերութիւնները մերկացնելը վտանգաւոր էր։ Առակագիրները, կենդանիները խօսեցնելով (օրինակ՝ առիւծը որպէս տիրակալ, աղուէսը որպէս խորամանկ պաշտօնեայ եւ այլն), կրցած են ճշմարտութիւնը ըսել ազատօրէն՝ խուսափելով հալածանքներէ։
Կենդանիներն ու բնութեան տարրերը ունին կայուն, բոլորին ծանօթ յատկանիշներ։ Աղուէսը անմիջապէս կը խորհրդանշէ խորամանկութիւն, աղաւնին՝ անմեղութիւն, ճնճղուկը՝ միամտութիւն, եղէգը՝ խոնարհութիւն, կաղնին՝ հպարտութիւն։ Այս ձեւով առակագիրը կարիք չէ ունեցած երկար նկարագրութիւններով բնութագրելու կերպարը. ընթերցողը առաջին իսկ պահէն հասկցած է անոր էութիւնը։
Երբ մարդը ուղղակիօրէն կը քննադատես կամ խրատ կու տաս անոր, ան բնազդաբար կը պաշտպանուի կամ կը դիմադրէ։ Իսկ երբ թերութիւնը կամ սխալը տեսնէ կենդանիի մը կամ ծառի մը վրայ, ան աւելի դիւրութեամբ կը նկատէ ճշմարտութիւնը, կը ծիծաղի կերպարին վրայ եւ անկէ ինքնաբերաբար դաս կը քաղէ իրեն համար։
Միւս կողմէ ալ բնութեան պատկերները հարազատ են բոլոր տարիքի ու խաւի մարդոց՝ երեխաներէն մինչեւ մեծահասակներ։ Պարզ ու պատկերաւոր պատմութիւնը շատ աւելի տպաւորիչ է եւ դիւրին կը տպաւորուի յիշողութեան մէջ, քան չոր ու ցամաք բարոյախօսութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք իմաստութեամբ լեցուն քանի մը ընտիր առակներ՝ ըստ հեղինակներու։
*
ԳԻՒՂԱՑԻՆ ՈՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐԸ
ԵԶՈՎԲՈՍ
Գիւղացիին մահը մօտեցած էր։ Ան կ՚ուզէր, որ իրմէ ետք որդիները լաւ հողագործ դառնան։ Զանոնք հաւաքեց ու ըսաւ. «Սիրելի՛ զաւակներ, ես որթատունկի մը տակ գանձ թաղած եմ»։ Հայրը երբ մահացաւ, որդիները փութով առին բրիչներն ու թիերը եւ իրենց ամբողջ հողամասը լաւ մը փորեցին։ Ճիշդ է, անոնք գանձ չգտան, բայց այգին առատ բերք տուաւ։
Առակը կը ցուցնէ, որ աշխատանքը արդէն իսկ գանձ է մարդոց համար։
ԺԼԱՏԸ
Ժլատ մարդ մը իր ամբողջ ունեցուածքը դրամի վերածեց, ձուլածոյ ոսկի գնեց եւ թաղեց պատին տակ։ Ամէն օր կու գար, կը նայէր ու կ՚երթար իր գործին։ Մօտակայքը աշխատող մարդոցմէ մէկը տեսաւ, որ ասիկա ամէն օր կու գայ ու կ՚երթայ, հասկցաւ, թէ ինչն ինչոց է, եւ ոսկին գողցաւ։ Երբ ժլատը եկաւ ու դատարկ տեղը տեսաւ, ախ ու վախ ըրաւ եւ սկսաւ մազերը փետել։
Մարդ մը տեսաւ անոր յուսահատութիւնը, եղելութիւնը իմացաւ եւ ըսաւ. «Ի զո՛ւր տխրած ես, ոսկիին տեղը քար մը դիր եւ պատկերացո՛ւր, որ ոսկի է. միեւնոյն է, դուն անկէ չէիր օգտուեր»։
Առակը կը ցուցնէ, որ հարստութիւնը արժէք ունի միայն այն ատեն, երբ անկէ կ՚օգտուիս. չօգտագործուած հարստութիւնը քարէն տարբերութիւն չունի։
ԾԱՌԻՆ ԲՈՅՆԸ
ՀՆԴԿԱԿԱՆ ԱՌԱԿ
Ճամբուն վրայ չորցած ծառի բոյն մը կար։ Գիշերը գող մը անցաւ անոր քովէն ու վախցաւ՝ մտածելով, թէ զինք սպասողը ոստիկան մըն է։ Անցաւ սիրահարուած երիտասարդ մը, եւ անոր սիրտը ուրախութենէն բաբախեց. ան ծառը շփոթեց իր սիրելիին հետ։ Հեքիաթներէ վախցած երեխայ մը տեսնելով ծառը, լացաւ, կարծեց, թէ ան ուրուական մըն է։
Բայց բոլոր պարագաներուն ծառը պարզապէս ծառ էր։
Առակը կը ցուցնէ, որ մենք աշխարհը կը տեսնենք այնպէս, ինչպէս որ մենք ենք, եւ ամէն մարդ իր ներաշխարհին համեմատ կը դատէ իրականութիւնը։
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԶԻՆՈՒՈՐԸ
ՎԱՐԴԱՆ ԱՅԳԵԿՑԻ- «ԱՂՈՒԷՍԱԳԻՐՔ»
Իմաստուն զինուոր մը պատերազմ կ՚երթար եւ ան երկու ոտքով ալ կաղ էր։ Զինւորներէն մէկը անոր ըսաւ.
-Ո՛վ ողորմելի, ո՞ւր կ՚երթաս։ Քեզ իսկոյն պիտի սպաննեն, որովհետեւ չես կրնար փախչիլ։
Եւ ան ըսաւ.
-Ո՛վ անմիտ, ես պատերազմ չեմ երթար փախչելու, այլ կենալու, կռուելու եւ յաղթելու։
Առակը կը ցուցնէ, որ յաղթանակի հասնելու համար կարեւորը արիութիւնն ու վճռականութիւնն են, եւ ոչ թէ փախուստի ճամբայ փնտռելը։
ԱՂՈՒԷՍՆ ՈՒ ԱՌԻՒԾԸ
Առիւծ մը կորիւն ծնաւ, իսկ կենդանիները հաւաքուեցան կորիւնը տեսնելու եւ ուրախանալու։ Աղուէսը եկաւ եւ հանդէսին ընթացքին, բազմութեան մէջ առիւծը բարձրաձայն նախատեց ու անարգեց, թէ՝ ա՞յդ է քու զօրութիւնդ, որ միայն մէկ կորիւն կը ծնիս եւ ոչ թէ բազմաթիւ։
Առիւծը հանդարտօրէն պատասխանեց եւ ըսաւ.
-Այո՛, ես մէկ կորիւն կը ծնիմ, բայց առիւծ կը ծնիմ եւ ոչ թէ քեզի նման աղուէս։
Առակը կը ցուցնէ, որ էականը որակն է եւ ոչ թէ քանակը. աւելի լաւ է ունենալ մէկ արժանաւոր ու զօրաւոր բան, քան բազմաթիւ անարժէքներ։
ԵՂԷԳՆ ՈՒ ԾԱՌԵՐԸ
Թագաւոր մը պտոյտի ելաւ լեռներուն եւ հովիտներուն մէջ շրջելու։ Եւ տեսաւ, որ մեծամեծ ծառեր կոտրտուած ու փշրուած էին, եւ միայն եղէգ մը կար՝ կանգուն եւ անարատ։ Թագաւորը ըսաւ.
-Ո՛վ եղէգ, ըսէ՛ ինծի, թէ ինչպէ՞ս հաստատուն մնացած ես, երբ մեծամեծ ծառերը փշրուած են։
Եւ եղէգը ըսաւ.
-Ո՛վ թագաւոր, երբ սաստիկ հով ելաւ, ծառերը հպարտութեամբ դէմ դրին հովին, եւ հովը զանոնք փշրեց, իսկ ես խոնարհեցայ հովին կամքին առջեւ եւ ահա կանգուն եմ։
Առակը կը ցուցնէ, որ խոնարհութիւնն ու ճկունութիւնը կեանքի փոթորիկներուն դէմ դնող եւ փրկող լաւագոյն զէնքերն են, մինչ հպարտութիւնը երբեմն կործանում կը բերէ։
ՄՈՒԿՆ ՈՒ ՈՒՂՏԸ
Մուկ մը հպարտացաւ։ Կորսուեցաւ անոր իմաստութիւնը, եւ անոր սիրտը լեցուեցաւ հպարտութեամբ։ Մուկը գնաց ուղտին քով եւ ըսաւ. «Ինծի՛ հրաման տուր քու կճղակդ բոյն դնեմ եւ հոն բնակիմ»։ Եւ ուղտը ըսաւ. «Քեզի վնաս պիտի ըլլայ, որովհետեւ յանկարծ կը կոխկռտեմ քեզ եւ կը մեռնիս»։ Մուկը ըսաւ. «Քու սմբակդ կակուղ է եւ ինծի վնաս պիտի չըլլայ»։ Ուղտը ըսաւ. «Քու արիւնդ՝ քու գլուխդ»։ Եւ մուկը ուղտին կճղակին մէջ շինեց իր բոյնը։
Անգամ մը ուղտը ծանր բեռան տակ քալեց եւ յանկարծակի ճզմեց մուկը։ Եւ մուկը ճչաց, անոր փորէն դուրս ելաւ ճարպը, որովհետեւ մուկը պարարտ էր։
Ասիկա տեսնելով՝ ուղտը ըսաւ. «Ահա՛, եղբա՛յր, ճիշդ այդ էր քեզ նեղողը, որ դուրս ելաւ փորէդ»։
Առակը կը ցուցնէ, որ սնափառութիւնն ու իր չափը չճանչնալը մարդը կը տանին կործանման, իսկ անխոհեմ հպարտութիւնը ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ։
ՄԱՐԴԸ, ԸՆԿՈՅԶՆ ՈՒ ՁՄԵՐՈՒԿԸ
Մարդ մը ընկոյզի ծառի տակ ձմերուկ ցանած էր։ Եւ պտուղի ատեն եկաւ, տեսաւ մեծամեծ ձմերուկները եւ ծառին նայեցաւ, տեսաւ, որ ընկոյզը մանր էր։ Մարդը ըսաւ. «Տէ՛ր Աստուած, ինչ որ ստեղծած ես՝ ամէնը կարգին է եւ բանի մը կը նմանի։ Իսկ այս երկու պտուղները անկարգ են եւ բանի չեն նմանիր»։ Մարդը կ՚ըսէր, թէ ընկոյզին տեղ ձմերուկ պէտք էր ըլլար ծառին վրայ, իսկ ընկոյզը՝ ձմերուկի թուփին վրայ։
Եւ ան պառկեցաւ ծառին տակ ու նայեցաւ ծառին, եւ յանկարծ ընկոյզ մը պոկուեցաւ ծառէն ու շատ պինդ զարկաւ անոր ճակատին, պատռեց ճակատը եւ արիւն ելաւ։ Եւ մարդը ոտքի ելաւ տեղէն ու աղաղակեց. «Տէ՛ր Աստուած, ինչ որ ստեղծած ես, ամէնը կարգին է եւ կատարեալ. եւ ով որ չհաւնի քու ստեղծածդ, անոր ճակատը թող իմինէս աւելի վատ ըլլայ, որովհետեւ եթէ ընկոյզին տեղ ձմերուկ ըլլար, զիս պիտի սպաննէր»։
Առակը կը ցուցնէ, որ բնութեան եւ Արարչագործութեան մէջ ամէն ինչ ունի իր իմաստուն կարգն ու տրամաբանութիւնը եւ մարդ պէտք չէ տգիտութեամբ քննադատէ այն, ինչ որ չի հասկնար։
ԿԱԹԻԼ ՄԸ ՄԵՂՐԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԾԱԳԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Մարդ մը խանութ ունէր եւ մեղր կը ծախէր։ Մեղրէն կաթիլ մը ինկաւ գետին եւ պզզան ճանճամեղու մը նստաւ կաթիլին վրայ։ Կատուն վազեց ու պիծակը բռնեց (կերաւ), ապա շունը վազեց ու կատուն բռնեց։ Խանութպանը զարկաւ եւ սպաննեց շունը։
Այդ գիւղին դրացի ուրիշ գիւղ մը կար եւ շունը այդ գիւղէն էր։ Երբ շան տէրը իմացաւ, թէ խանութպանը սպաննած է իր շունը, եկաւ եւ սպաննեց խանութպանը։ Ետքը երկու կողմի գիւղացիները ոտքի ելան եւ իրարու դէմ մեծ պատերազմ մղեցին։ Անոնց միջեւ այնպիսի սոսկալի կոտորած եղաւ, որ երկու կողմէն միայն մէկ մարդ կենդանի մնաց՝ կաթիլ մը մեղրի պատճառով։
Առակը կը ցուցնէ, թէ ինչպէս չնչին ու աննշան վէճ մը, անհանդուրժողութեան եւ վրէժխնդրութեան պատճառով, կրնայ հրդեհի վերածուիլ եւ ողբերգական աւարտ ունենալ։
ՈՒՂՏԸ, ԳԱՅԼԸ ԵՒ ԱՂՈՒԷՍԸ
Ուղտը, գայլը եւ աղուէսը եղբայր եղան ու ճամբայ ելան։ Ճամբուն վրայ անոնք գտան բլիթ մը հաց եւ իրարու ըսին, թէ ո՛վ որ աւելի աւագ է, թող ան ուտէ հացը։ Եւ սկսան ըսել իրենց տարիքը։
Աղուէսը ըսաւ. «Ես այն աղուէսն եմ, որուն անունը Ադամը դրաւ»։
Գայլը ըսաւ. «Ես այն գայլն եմ, որ Նոյը տապանին մէջ առաւ»։
Եւ ուղտը տեսնելով, որ անոնք իրմէ աւելի տարեց դուրս եկան եւ հացը պիտի առնեն, հացը բերանը առաւ ու վիզը բարձրացնելով ըսաւ. «Մի՞թէ ես երէկուան տղան եմ, որ այսչափ մեծցուցած եմ սրունքներս»։ Եւ սկսաւ հացը ուտել։ Իսկ աղուէսն ու գայլը, անոր շուրջը ցատկռտելով, ոչինչ կրցան ընել եւ փախան։
Առակը կը ցուցնէ, որ իրական ուժն ու փաստացի կարողութիւնը շատ աւելի ազդու են, քան սուտ պարծենկոտութիւնն ու դատարկ խօսքերը, եւ ճարպիկ խորամանկութիւնը ոչինչ կրնայ ընել ակնյայտ առաւելութեան դէմ։
ՅԻՄԱՐՆ ՈՒ ՁՄԵՐՈՒԿԸ
Յիմար ու միամիտ մարդ մը ունէր դահեկան մը։ Առնելով դահեկանը՝ գնաց քաղաք՝ էշ մը գնելու համար։ Շրջեցաւ քաղաքին ու շուկային մէջ, բայց դահեկանի մը էշ չգտաւ։ Ապա կրկին եկաւ շուկայ եւ տեսաւ մեծ ձմերուկ մը ու հիացումով հարցուց. «Ասիկա ի՞նչ է»։ Վաճառականները հասկցան, որ ան յիմար է՝ ըսին, թէ հնդկական էշի հաւկիթ է, որմէ մեծ հնդկական էշ պիտի ելլէ։
Մարդը ուրախանալով տուաւ դահեկանը եւ գնեց այդ հնդկական էշի ձուն։ Վաճառականները անոր պատուիրեցին. «Ձեռքիդ մէջ զգոյշ տար, որովհետեւ եթէ կոտրի, էշը մէջէն պիտի փախչի»։
Ձմերուկը ձեռքին՝ մարդը սկսաւ քալել զառիվայր ճամբով․ ոտքը սահեցաւ, ձմերուկը ձեռքէն փախաւ եւ գլորեցաւ խիտ անտառին մէջ։ Անտառէն նապաստակ մը վազեց ու սկսաւ փախչիլ, իսկ մարդը կարծեց, թէ հաւկիթը կոտրեցաւ եւ ահա էշը ելած է ու կը փախչի։ Եւ ետեւէն վազելով՝ կը կանչէր նապաստակին ու ձայն կու տար. «Ա՛յ հնդկական էշ, վա՛յ ինծի, մի՛ փախչիր, խնայէ՛ ինծի եւ վերադարձի՛ր»։
Առակը կը ցուցնէ, որ տգիտութիւնն ու միամտութիւնը մարդը կը դարձնեն խաբեբաներու զոհ, իսկ կանխակալ ու սխալ կարծիքը կը մթագնէ մարդուն միտքը՝ ստիպելով, որ ան իրականութիւնը տեսնէ իր ցանկացածի կամ վախցածի համեմատ։
ԷՇԻՆ ԹՈՌ ԾՆԱՒ
Էշին աւետիս տուին, թէ ցնծա՛ եւ ուրախ եղիր, ու մեծ ընծայ պարգեւէ, որովհետեւ քեզի թոռ ծնաւ։ Եւ էշը ըսաւ. «Վա՛յ ինծի, բարեկամներ, եթէ հարիւր թոռ ալ ծնի, չեն թեթեւցներ մէջքիս ծանր բեռը»։
Առակը կը ցուցնէ, որ դատարկ ուրախութիւններն ու արտաքին աւետիսները ո՛չ մէկ արժէք ունին, երբ մարդուն ծանր վիճակն ու հոգերը անփոփոխ կը մնան եւ թէ դժուարութեան մէջ ապրողին համար իսկական ուրախութիւնը իր բեռին թեթեւնալն է։
ՀԱՅՐՆ ՈՒ ՈՐԴԻՆ
Մարդ մը աղջիկ առաւ որդիին համար եւ որդին ամուսնացաւ աղջկան հետ։ Երբ միաւորուեցաւ անոր հետ, շատ հիացաւ ամուսնութեան գործին վրայ, ուրախացաւ եւ սկսաւ հօրը խրատ տալ ամուսնութեան մասին։
Եւ հայրը ըսաւ. «Ո՜վ որդեակ, ես ամուսնութեան գործով ծնայ քեզ, իսկ հիմա դո՞ւն զիս կը խրատես»։
Առակը կը ցուցնէ, որ անփորձ երիտասարդութիւնը յաճախ նորութիւն մը նկատածը կամ նոր ապրած փորձառութիւնը կը կարծէ մեծագոյն յայտնութիւն եւ անխոհեմաբար կը փորձէ խրատել իրմէ աւելի փորձառուներն ու տարեցները։
ԱՂՔԱՏՆ ՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ
Աղքատ մը գիւղ մը եկաւ եւ մտաւ գիւղին եկեղեցին, որ խարխուլ էր եւ անձրեւակող։ Եւ այդ աղքատը անձրեւէն թրջուած էր, քաղցած, հագած էր պատառոտուն զգեստ, կը դողար եւ ճամբէն յոգնած էր։
Ներս մտաւ քահանան ու սկսաւ ժամերգութիւն ընել։ Առաւ Աւետարանը եւ կարդաց այն էջը, ուր գրուած էր, թէ՝ «Օտարական էի՝ ընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ հագցուցիք զիս, քաղցած էի՝ կերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ ջուր տուիք ինծի»։
Աղքատը լսեց եւ ուրախացաւ. «Ասիկա ինծի համար ըսուած է, եւ ահա շուտով պիտի կատարեն կամքս»։ Իսկ քահանան ժամը արձակեց ու գնաց տուն. աղքատը ձգեց եկեղեցիին մէջ եւ հոգ չտարաւ անոր մասին։
Աղքատը ըսաւ. «Այն գիրքը, որ կարդաց, սուտ էր»։ Առաւ Աւետարանը, վրան քար դրաւ եւ սուզեց ջուրին մէջ։
Քահանան եկեղեցի գալով՝ Աւետարանը չգտաւ եւ աղքատին ըսաւ. «Ո՞ւր է Աւետարանը»։
Աղքատը պատասխանեց քահանային. «Ի՞նչ պիտի ընես սուտ Աւետարանը. ես տարի ու ջուրը նետեցի»։
Քահանան բարկացաւ եւ սկսաւ ծեծել աղքատը, իսկ աղքատը ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը ծեծես զիս, անիրա՛ւ. եթէ կը հաւատաս, թէ Աւետարանը Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքն է, ապա ինչո՞ւ չես կատարեր անոր կամքը։ Որովհետեւ ես օտարական եմ՝ եւ զիս չէք ընդունիր, մերկ եմ՝ եւ զիս չէք հագցներ, քաղցած եմ՝ եւ չէք կերակրեր զիս, ծարաւ եմ՝ եւ ջուր չէք տանիր։ Մի՞թէ Աստուած այդ բաներուն պակասութիւնը ունէր եւ այդ ամէնը իրե՞ն համար ըսաւ»։
Առակը կը ցուցնէ, որ ձեւական հաւատքն ու սուրբ գիրքերու լոկ ընթերցումը անարժէք են առանց բարի գործերու եւ գթասիրութեան, եւ թէ իսկական հաւատացեալը այն է, որ գործով կը կատարէ Աստուծոյ պատուիրանները, այլ ո՛չ թէ միայն խօսքով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան