ՀԵՌԱՁԱՅՆԷՆ ՀԵՌՈՒ ՄՆԱԼՈՒ ՎԱԽԸ․ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
2008-ին «nomophobia» բառը գործածութեան մէջ դրուեցաւ՝ նկարագրելու համար այն անհանգստութիւնը, որ մարդ կը զգայ երբ իր բջիջային հեռաձայնէն հեռու կը մնայ կամ երբ անկարելի կը դառնայ զայն գործածել։ Բառը կազմուած է անգլերէն «no mobile phone phobia» արտայայտութեան կրճատումէն։ Այդ ժամանակ ան կրնար տարօրինակ, նոյնիսկ չափազանցուած հասկացութիւն մը թուիլ։ Բայց տարիներու ընթացքին հեռաձայնը մեր կեանքին մէջ այնպիսի տեղ մը գրաւեց, որ այսօր շատերու համար անոր բացակայութիւնը ո՛չ միայն անյարմարութիւն է, այլ՝ իսկական անհանգստութեան պատճառ։
Թերեւս ամենէն հետաքրքրական հարցումը այն չէ, թէ ինչո՛ւ մարդ կը վախնայ առանց հեռաձայնի մնալէ, այլ՝ թէ ինչպէ՛ս հասանք այնտեղ, ուր մեր գրպանին մէջ գտնուող փոքրիկ սարքը դարձաւ մեր կեանքի գրեթէ անբաժանելի մասը։
Ժամանակին հեռաձայնը գործիք մըն էր, որուն հիմնական նպատակը հեռուն գտնուող մարդոց հետ հաղորդակցիլն էր։ Ան կը հնչէր, երբ մէկը մեզի կը զանգէր եւ մենք կը պատասխանէինք։ Այսօր պատկերը ամբողջովին փոխուած է։ Հեռաձայնը այլեւս միայն հաղորդակցութեան միջոց մը չէ։ Ան մեր ժամացոյցն է, օրացոյցը, լուսանկարչական գործիքը, քարտէսը, դրամապանակը, լրագիրը, հեռուստացոյցը, երաժշտական սարքը, աշխատանքային գրասենեակը, զուարճանքի աղբիւրը եւ, որոշ չափով, մեր ընկերային կեանքի դուռը։
Աւելի կարեւոր բան մը կայ սակայն․ ան սկսած է դառնալ նաեւ մեր ուշադրութեան կառավարիչը։
Հեռաձայնը կը թրթռայ, կը լուսաւորի, կը հնչէ։ Մէկ ծանուցում, մէկ նամակ, մէկ հաղորդագրութիւն, մէկ «հաւանում»։ Մեր միտքը կը սորվի սպասել։ Նոյնիսկ երբ ո՛չ մէկ ծանուցում կայ, ձեռքը ինքնաբերաբար կը հասնի գրպանը։ Կը բանանք հեռաձայնը առանց որեւէ յստակ պատճառի, կը նայինք պաստառին, կը փակենք եւ քանի մը վայրկեան ետք դարձեալ կը կրկնենք նոյն շարժումը։
Այդ պահուն այլեւս հարցը այն չէ, թէ մենք ինչո՞ւ կը գործածենք հեռաձայնը։ Հարցը այն է, թէ արդեօք հեռաձայնը մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։
Ժամանակակից մարդը տարօրինակ հակասութեան մը մէջ կ’՚ապրի։ Մենք ստեղծած ենք սարք մը, որ մեզ պէտք է ազատէ ժամանակի եւ տարածութեան սահմանափակումներէն, սակայն, նոյն սարքը սկսած է գրաւել մեր ժամանակը։ Ան պէտք է մեզ կապէ մարդոց, բայց երբեմն կը հեռացնէ մեր կողքին նստած մարդէն։ Ան պէտք է տեղեկացնէ մեզի, բայց մեզ կը լեցնէ անվերջ տեղեկութեամբ։ Ան պէտք է դիւրացնէ կեանքը, բայց միաժամանակ ստեղծած է նոր տեսակ մը յոգնածութիւն՝ մշտապէս հասանելի ըլլալու յոգնածութիւնը։
Ամենէն ցայտուն փոփոխութիւններէն մէկը այն է, որ այսօր լռութիւնը մեզ անհանգստացնել սկսած է։
Երբ սրճարանի մը մէջ առանձին կը նստինք, անմիջապէս կը փնտռենք հեռաձայնը։ Երբ մէկը ուշ կու գայ, հեռաձայնը մեր ձեռքն է։ Երբ սպասելու պահ մը կը ստեղծուի, կը բանանք պաստառը։ Երբ զրոյցը կը դադրի, կը նայինք ծանուցումներուն։ Երբ ոչինչ ունինք ընելիք, հեռաձայնը կը գտնէ մեզի համար «բան մը»։
Այլեւս գրեթէ ո՛չ մէկ դատարկ պահ կը մնայ։
Սակայն, այդ դատարկ պահերը ժամանակին դատարկ չէին։ Անոնք այն պահերն էին, որոնց մէջ մարդ կը մտածէր, կ՚երեւակայէր, կը յիշէր, կը դիտէր շուրջը, կը ձանձրանար։ Իսկ ձանձրոյթը միշտ անօգուտ բան մը չէ։ Երբեմն մարդուն միտքը ստեղծագործելու համար պէտք ունի ճիշդ այն պահերուն, երբ ոչինչ տեղի կ՚ունենայ։
Այսօր, սակայն, ձանձրանալը կարծես դարձած է անընդունելի վիճակ մը։ Նոյնիսկ երկու վայրկեան սպասելը բաւարար է, որ հեռաձայնը դուրս գայ գրպանէն։
Եւ հոս կը սկսի խնդիրը։ Որքան աւելի կը սորվինք մեր ուշադրութիւնը փոքրիկ պաստառներու վրայ բաժնելու, այնքան աւելի դժուար կը դառնայ բանի մը վրայ երկար ժամանակ կեդրոնանալը։ Գիրք կարդալու ժամանակ հեռաձայնը մեր կողքին է։ Ժապաւէն մը դիտելու ժամանակ հեռաձայնը մեր ձեռքին է։ Նոյնիսկ երբ մէկը մեզի հետ կը խօսի, մեր հայեացքը երբեմն կը սահի դէպի հեռաձայնի պաստառը։
Մենք ֆիզիքապէս ներկայ ենք, բայց մեր ուշադրութիւնը ուրիշ տեղ է։ Այս երեւոյթը միայն անհատական խնդիր մը չէ։ Ան նաեւ ընկերային սովորութիւն դարձած է։ Հանդիպում մը այլեւս կրնայ ընդհատուիլ ծանուցումներով։ Ընթրիքի սեղանը կրնայ լռել, որովհետեւ բոլորը կը դիտեն իրենց պաստառները։ Ընկերներ կրնան նոյն սեղանին շուրջ նստիլ եւ միեւնոյն ժամանակ տասնեակ ուրիշ մարդոց հետ «ներկայութիւն» ունենալ առցանց։
Ամենէն տարօրինակ տեսարանը թերեւս այն է, երբ մէկը մեզի կը պատմէ իր կեանքէն կարեւոր բան մը, իսկ մենք կը լսենք՝ միեւնոյն ժամանակ հեռաձայնի պաստառին վրայ կարդալով ուրիշի մը գրածը։
Ի՞նչը աւելի կարեւոր դարձաւ այդ պահուն։
Մեր առջեւ նստած մարդը՞, թէ պաստառի վրայ յայտնուած նոր ծանուցումը։
«Nomophobia»ն այս իմաստով միայն հեռաձայնը կորսնցնելու վախը չէ։ Ան կրնայ ըլլալ նաեւ այն կեանքի վախը, որ կը սկսի երբ պաստառը կը լռէ։ Ո՞վ գրեց մեզի։ Ո՞վ մեր լուսանկարը տեսաւ։ Ո՞վ արձագանգեց։ Ի՞նչ նոր բան պատահեցաւ։ Ի՞նչ բան կրնայ պատահիլ։
Այս մշտական «բան մը կը պատահի» զգացումը մարդը կը պահէ պատրաստ վիճակի մէջ։ Եւ այստեղ ընկերային ցանցերը իրենց կարեւոր դերը ունին։ Անոնք կառուցուած են մեր ուշադրութիւնը պահելու համար։ Նորութիւնները անվերջ են։ Մէկ տեսանիւթէն ետք ուրիշ մը կը սկսի։ Մէկ պատմութենէն ետք՝ ուրիշ մը։ Մէկ գրառումէն ետք՝ տասնեակ նոր գրառումներ։ Պաստառը երբեք մեզի չ՚ըսեր՝ «բաւարար է»։
Բայց մարդուն օրը սահմանափակ է։
Ուրեմն իրական հարցը այն է, թէ ո՞վ պիտի որոշէ, թէ մեր սահմանափակ ժամանակը ո՛ւր պիտի երթայ. մե՞նք, թէ այն համակարգերը, որոնք կը պայքարին մեր ուշադրութիւնը գրաւելու համար։
Հեռաձայնը ինքնին չար բան մը չէ։ Անոր շնորհիւ կարելի է վայրկեաններու ընթացքին կապ հաստատել հեռու գտնուող սիրելիի մը հետ, օգնութիւն կանչել, տեղեկութիւն գտնել, քարտէս գործածել, աշխատիլ, սորվիլ եւ հազարաւոր ուրիշ գործեր կատարել։ Խնդիրը սարքը չէ։ Խնդիրը այն պահն է, երբ գործիքը կը դադրի գործիք ըլլալէ եւ կը սկսի ղեկավարել մեր սովորութիւնները։
Երբ հեռաձայնը մեր ձեռքը կ՚առնենք, եթէ պէտք ունինք անոր՝ իսկապէս կը գործածենք զայն։ Բայց երբ հեռաձայնը կ՚առնենք միայն այն պատճառով, որ առանց անոր անհանգիստ կը զգանք՝ այստեղ արդէն ուրիշ բան մը կը կատարուի։
Թերեւս մեր ժամանակաշրջանի ամենամեծ հակասութիւններէն մէկը այն է, որ մենք երբեք այսքան շատ կապուած չենք եղած իրարու, բայց միեւնոյն ժամանակ այսքան շատ մարդ կը զգայ առանձնութիւն։ Մենք կրնանք մէկ վայրկեանի մէջ հաղորդագրութիւն ուղարկել աշխարհի միւս ծայրը, բայց երբեմն անկարող ենք քանի մը վայրկեան անկեղծօրէն լսելու այն մարդը, որ մեր կողքին նստած է։ Մենք ունինք հազարաւոր «ընկերներ», բայց կրնայ ըլլալ, որ մէկ իրական զրոյցի պակասը զգանք։
Գուցէ հետեւաբար «nomophobia»ն մեր ժամանակաշրջանի աւելի լայն խնդրի մը փոքրիկ նշանն է։ Մենք սկսած ենք վախնալ ո՛չ միայն հեռաձայնէն հեռու մնալէ, այլեւ մենք մեզմէ հեռու մնալէ։ Որովհետեւ երբ պաստառը կը փակուի, կը մնանք մեր մտքերուն հետ։ Եւ երբեմն մարդուն համար իր իսկ մտքերուն հետ առանձին մնալը աւելի դժուար է, քան աշխարհի հետ կապը կտրելը։
Հեռաձայնը կրնայ լռեցնել այդ ներքին ձայնը։ Բայց լռեցնելը չի նշանակեր լուծել։
Գուցէ ժամանակն է երբեմն հեռաձայնը դնել սեղանին, դուրս գալ տունէն առանց անոր, նստիլ պատուհանի առջեւ, քայլել առանց երաժշտութեան, ճամբորդել առանց ամէն վայրկեան լուսանկարելու, սուրճ խմել առանց պաստառին նայելու եւ, ամենէն դժուար բաներէն մէկը, ձանձրանալ։
Ոչ թէ որովհետեւ հեռաձայնը վատ է, այլ որովհետեւ մենք պէտք է յիշենք, որ մեր կեանքը անոր պաստառի սահմաններէն շատ աւելի մեծ է։
Հեռաձայնը պէտք է մնայ մեր գրպանին մէջ, ո՛չ թէ մեր կեանքի կեդրոնը։ Եւ գուցէ իրական ազատութիւնը այն օրը պիտի ըլլայ, երբ հեռաձայնը մեզի հետ չըլլայ, բայց մենք անոր բացակայութենէն չվախնանք։
Որովհետեւ մարդը երբեք պէտք չէ այնքան կապուած ըլլայ աշխարհի հետ, որ մոռնայ կապուիլ ինքն իրեն, իր շուրջը գտնուող մարդոց եւ այն իրական կեանքին հետ, որ ո՛չ մէկ պաստառ կրնայ փոխարինել։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ