ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ՄԱՐԴԸ

Ժամանակը աշխարհի ամենախորհրդաւոր իրականութիւններէն մէկն է։ Մենք զայն չենք տեսներ, չենք կրնար շօշափել կամ պահել մեր ձեռքերուն մէջ, բայց, ան միշտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ։ Ամէն վայրկեան, որ կ՚անցնի, մեզ կը հեռացնէ մեր անցեալէն եւ կը մօտեցնէ անյայտ ապագային։ Մարդը կը ծնի ժամանակի մէջ, կ՚ապրի ժամանակի մէջ եւ ի վերջոյ կը դառնայ ժամանակի յուշ մը։

Մարդկային կեանքը շատ յաճախ կարելի է պատկերացնել որպէս գետ մը։ Գետը երբեք նոյն ջուրը չի կրեր, ինչպէս մարդն ալ երբեք նոյն անձը չի մնար։ Ամէն փորձառութիւն, ամէն ուրախութիւն, ամէն ցաւ եւ ամէն կորուստ մեզ կը փոխեն։ Սակայն այդ փոփոխութիւնը այնքան դանդաղ կ՚ըլլայ, որ երբեմն չենք զգար զայն։ Միայն տարիներ ետք, երբ կը նայինք հին լուսանկարներու կամ կը յիշենք մեր անցեալ մտածումները՝ կը հասկնանք, թէ որքան հեռացած ենք մեր նախկին եսէն։

Ժամանակը մեծ ուսուցիչ մըն է։ Ան դասեր կու տայ առանց խօսելու։ Երիտասարդութեան տարիներուն մարդը կը կարծէ, թէ ժամանակը անսահման է։ Կը յետաձգէ երազները, կը յետաձգէ սէրը, կը յետաձգէ ներումը։ Բայց, տարիներու ընթացքին կը հասկնայ, որ ժամանակը աշխարհի ամենաթանկ հարստութիւնն է։ Կորուսուած դրամը կարելի է վերագտնել, կորսուած իրերը՝ փոխարինել, բայց անցած մէկ վայրկեանը այլեւս երբեք չի վերադառնար։

Հակառակ ասոր, ժամանակը միայն կորուստ չէ։ Ան նաեւ բուժում է։ Բազմաթիւ ցաւեր, որոնք անհանդուրժելի կը թուին իրենց առաջին օրերուն, ժամանակի հետ կը դառնան հանդարտ յիշողութիւններ։ Սրտի ամենախոր վէրքերը նոյնիսկ ամբողջովին չեն անհետանար, բայց, ժամանակը կը սորվեցնէ, թէ ինչպէս կարելի է ապրիլ անոնց հետ։ Ան կը վերածէ ցաւը իմաստութեան եւ վիշտը՝ փորձառութեան։

Մարդն ու ժամանակը կարծես մշտական երկխօսութեան մէջ են։ Մարդը կը պայքարի ժամանակին դէմ՝ փորձելով կանգնեցնել երիտասարդութիւնը, պահել գեղեցկութիւնը, երկարացնել երջանիկ պահերը։ Ժամանակը, սակայն, երբեք չի կանգնիր։ Ան կը յիշեցնէ մեզ, որ գոյութեան գեղեցկութիւնը իր անցողիկութեան մէջ է։ Եթէ ամէն բան յաւիտեան տեւէր, գուցէ ոչինչ արժէք կ՚ունենար։ Ծաղիկը գեղեցիկ է, որովհետեւ կարճ կ՚ապրի։ Մարդկային կեանքն ալ թանկ է, որովհետեւ սահմանափակ է։

Շատ անգամ մարդիկ կը վախնան ժամանակէն, որովհետեւ ան մեզ կը մօտեցնէ ծերութեան եւ մահուան։ Սակայն, փիլիսոփայական տեսանկիւնէ ժամանակը նաեւ կեանքի իմաստի աղբիւրն է։ Մահուան գիտակցութիւնն է, որ մեզ կը մղէ սիրելու, ստեղծելու, երազելու եւ հետք ձգելու։ Եթէ ժամանակը սահման չունենար, գուցէ մենք երբեք չէինք սորվիր արժեւորել այս օրը, այս հանդիպումը կամ այս ժպիտը։

Անցեալը յիշողութիւն է, ապագան՝ երեւակայութիւն, իսկ իրականութիւնը միշտ ներկայ պահն է։ Սակայն, մարդը հազուադէպօրէն կ՚ապրի ներկային մէջ։ Ան կամ կը տառապի անցեալի ստուերներուն տակ, կամ կը մտահոգուի դեռ չեկած օրերով։ Այդ պատճառով ժամանակի ամենամեծ դասերէն մէկը ներկայ պահու արժեւորումն է։ Երբ մարդ կը սորվի լիովին զգալ իր ապրած պահը, ան կը բացայայտէ կեանքի իսկական խորութիւնը։

Ժամանակը նաեւ մարդկային յիշողութեան ճարտարապետն է։ Մենք մեր կեանքը չենք յիշեր որպէս օրացոյցի թերթերու շարան, այլ որպէս զգացումներու եւ պատմութիւններու հաւաքածոյ։ Տարիներ անց մարդը յաճախ չի յիշեր, թէ ինչ ունեցուածքի կը տիրէր կամ ինչ պաշտօն կը զբաղեցնէր։ Ան կը յիշէ իր սիրած մարդիկը, իր լսած խօսքերը, իր ապրած սէրերը եւ այն պահերը, երբ իսկապէս զգացած է, որ կենդանի է։

Երբեմն կը թուի, թէ ժամանակը մեզմէ ամէն ինչ կը խլէ։ Բայց, խորքին մէջ ան նաեւ շատ բան կը պարգեւէ։ Ան կը պարգեւէ հասունութիւն, ներողամտութիւն եւ խոր ըմբռնում։ Երիտասարդ աչքերը աշխարհը կը տեսնեն արագութեամբ, մինչդեռ տարիներ ապրած աչքերը կը տեսնեն խորութեամբ։ Ժամանակը մարդուն կը սորվեցնէ տարբերութիւնը՝ կարեւորի եւ անկարեւորի միջեւ։

Վերջապէս, մարդն ու ժամանակը անբաժանելի ճամբորդներ են։ Մարդը չի կրնար յաղթել ժամանակին, բայց, կրնայ իմաստաւորել իր ճամբորդութիւնը։ Կեանքի արժէքը տարիներու քանակին մէջ չէ, այլ այն լոյսին, որ մարդը կը տարածէ իր ապրած օրերու ընթացքին։ Ժամանակը կ՚անցնի բոլորին համար, բայց, ոչ-բոլոր մարդիկ իսկապէս ապրած են իրենց բաժին ինկած ժամանակը։

Եւ թերեւս այս է ամենամեծ ճշմարտութիւնը. ժամանակը մեզի չի հարցներ, թէ պատրա՞ստ ենք արդեօք յառաջ շարժելու։ Ան կը շարունակէ իր ընթացքը։ Սակայն, մենք ընտրութիւն ունինք՝ դառնալ անոր լուռ գերիները, թէ գիտակից ուղեկիցները։ Ով կը սորվի սիրել իր սահմանափակ ժամանակը, ան կը սորվի նաեւ սիրել կեանքը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026