ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ. ԳԱՂԹՕՃԱԽԻ ՄԸ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ. ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ԻՆՔՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ

Նոր Ջուղան՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենանշանաւոր գաղթօճախներէն մէկը, նախկին պատմական քաղաքը, իր քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքով երկար ժամանակ եղած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու ուշադրութեան կեդրոնը։ 

Սակայն, անոր պատմութեան մէջ կարեւորագոյն տեղերէն մէկը կը գրաւէ նաեւ արհեստագործութիւնը, որ ո՛չ միայն բնակչութեան ապրուստի միջոցն էր, այլեւ՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, գեղարուեստական մտածողութեան եւ միջազգային առեւտրական կապերու կարեւոր արտայայտութիւնը։

Նոր Ջուղայի արհեստներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւնը կատարած է հայագէտ, արեւելագէտ Ա. Վ. Ստեփանեան, որ կը ներկայացնէ գաղթավայրի արհեստագործական կեանքը՝ հիմնուելով պատմական աղբիւրներու, ձեռագիրներու, նիւթական մշակոյթի նմոյշներու եւ ժամանակակիցներու վկայութիւններու վրայ։ 

Ըստ ուսումնասիրողին՝ Նոր Ջուղայի արհեստները պէտք է դիտարկել ո՛չ միայն որպէս տնտեսական գործունէութիւն, այլեւ՝ որպէս հայկական միջնադարեան արհեստներու շարունակութիւն եւ նոր պայմաններու մէջ անոնց ստեղծագործական վերափոխում։

17-րդ դարու առաջին տարիներուն, երբ Սպահանի մօտակայքը հիմնուեցաւ Նոր Ջուղան, գաղթական հայութիւնը կարճ ժամանակի մէջ վերականգնեց իր հասարակական եւ տնտեսական կեանքը։ Ըստ Ա. Ստեփանեանի՝ նոր բնակավայրը ո՛չ միայն բնակութեան վայր դարձաւ, այլեւ վերածուեցաւ հայերու աշխատանքի, ստեղծագործութեան եւ առեւտրական գործունէութեան կենդանի կեդրոնի մը։

Նոր Ջուղան բաժնուած էր զանազան թաղամասերու՝ ըստ գաղթած վայրերու։ Կային ջուղայեցիներու, թաւրիզեցիներու, երեւանցիներու եւ այլոց թաղամասերը։ Իւրաքանչիւր թաղամաս ունէր իր արհեստաւորական նկարագիրը։

Փոքր Մէյտան թաղը (կամ՝ «Ղտրագեալ») յայտնի էր գինեվաճառներով, իսկ անոր գլխաւոր փողոցը կը կոչուէր Շիրախանէ։ Թաւրիզեցիներու թաղամասին մէջ կ՚ապրէին ցորենավաճառներ, կտաւագործներ, ոստայնակներ (ջուլհակներ, ոստայնով գործուածք գործողներ) եւ հիւսներ։ Բրուտագործները կեդրոնացած էին Յակոբջանենց կամ «պրուտենց» թաղին մէջ։ Քոչերն թաղը յայտնի էր քարտաշներով (սանգթրաշ)։ Թաւրիզեցիներու եւ Չարսուն թաղերուն մէջ կային բաղնիքներ, իսկ Երեւանէն գաղթածներու թաղամասին մէջ՝ ութ բաղնիք։ Երեւանցիները հոն արտաքսած էր Շահ Ապպաս Բ․-ը՝ Սպահանէն, 1654-1655 թուականներուն ու անոնք ստեղծած էին իրենց թաղը։ 

Ուսումնասիրողը կը նշէ, որ հակառակ այլ հայկական քաղաքներու օրինակին, Նոր Ջուղայի արհեստաւորները կազմակերպուած չէին համքարութիւններու կամ արհեստակցական ընկերութիւններու մէջ։ Սակայն, ամբողջ գաղթօճախը ինքնին կը գործէր որպէս մեծ համախմբում մը, ուր փոխադարձ աջակցութիւնը եւ համայնքային կապերը մեծ դեր ունէին։

ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԲԱԶՄԱԶԱՆ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ

Նոր Ջուղայի արհեստներուն մասին տեղեկութիւնները ամբողջական չեն, սակայն, պահպանուած աղբիւրները կը վկայեն անոնց արտակարգ բազմազանութեան մասին։

Նոր Ջուղայի գաղթավայրի հեղինակ Տէր-Յովհանեանց իր աշխատութեան մէջ կը յիշատակէ հետեւեալ արհեստները՝ հացթուխներ, ներկարարներ, չարվադարներ (կարաւանապետներ ու ձիապետեր), դերձակներ, ոսկերիչներ, ոստայնակներ, հիւսներ, փերեզակներ (մանրավաճառներ), դարբիններ, որմնադիրներ, սափրիչներ, կօշկակարներ, համետագործներ, նպարավաճառներ, մսավաճառներ, ցորենավաճառներ եւ գուլպայագործներ։

Յատկապէս ուշագրաւ էր գուլպայագործութիւնը։ Ըստ աղբիւրներու՝ Նոր Ջուղայի մէջ շուրջ 140 տուն տնայնագործ գուլպայագործներ կային, հիմնականին մէջ՝ կիներ, որոնք տարեկան կը գործէին 25-30 հազար զոյգ գուլպայ, որոնք կ՚արտահանուէին այլ երկիրներ։

Նոյնպէս մեծ ծաւալ ունէր կտաւագործութիւնը։ Նոր Ջուղան տարեկան կ՚արտա-հանէր շուրջ 130-140 հազար արշին կտաւ։

Նոր Ջուղայի Ս․ Ամենափրկիչ վանքի Մատենադարանին մէջ պահպանուած անգ-լերէն ձեռագիր մը, որ կը պարունակէ ոմն Ֆրանչեսքոյի հարցազրոյցը՝ խոճա Սաֆարի հետ։ Երբ անոր կը հարցնեն, թէ «Ի՞նչ գլխաւոր սանիաթ (արհեստ) կայ հայոց մէջ, իմա՝ Նոր Ջուղա», խոճա Սաֆար կը պատասխանէ՝ թուելով բազմաթիւ մասնագիտութիւններ՝ դերզիք, գթակակարներ, րաբուչկարներ (կօշկակարներ), սափրիչներ, խառատներ, դուրգարներ, որմնադիրներ, ոսկերիչներ, դարբիններ, ջուլհակներ, գրագիրներ, կազմարարներ, ծաղկարարներ, ներկարարներ, մագաղաթագործներ, ապրշմագործներ (մետաքսագործներ), զառբաֆներ (ոսկեկար գործողներ), նաղդաքուներ (պաստառագործներ), սահաթսաղներ (ժամագործներ), տպագիրներ, պաս-մաճիներ (կաղապարագործներ) եւ այլք։

Ըստ Ա. Ստեփանեանի՝ այս ցանկը ցոյց կու տայ, որ Նոր Ջուղայի արհեստները ո՛չ միայն բազմաթիւ էին, այլեւ մասնագիտական բարձր մակարդակի հասած։

ԱՐՀԵՍՏԱՒՈՐԸ՝ ՆԱԵՒ ՆԿԱՐԻՉ, ԳՐԻՉ ԵՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ

Նոր Ջուղայի մշակութային կեանքը չէր սահմանափակուեր միայն տնտեսական գործունէութեամբ։ Այստեղ արհեստաւորական հմտութիւնները յաճախ կը միանային մտաւոր եւ գեղարուեստական կարողութիւններու հետ։

Գաղթավայրին մէջ կային պատմիչներ, աշուղներ, ուսուցիչներ, գրիչներ, ծաղկողներ, նկարիչներ, մանրանկարիչներ եւ թարգմանիչներ։

Օրինակ՝ անգլերէնի թարգմանիչ էր աղա Դաւիթը, որ մեծ յարգանք կը վայելէր Նոր Ջուղայի մէջ եւ յետագային թաղուեցաւ Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ խորանին մօտ։

Նշանաւոր էին նաեւ տոլմաչները՝ թարգմանիչները, որոնք գիտէին օտար լեզուներ, այդ կարգին՝ ռուսերէն եւ կը ծառայէին Մոսկուայի Քրեմլինի Դիւանագիտական ատեանին մէջ։ Անոնց շարքին կը յիշատակուին Թաւաքալով եղբայրները, Գ. Լուսիկովը, Ռոմադամսկին եւ ուրիշներ։

Նոր Ջուղայի ձեռագրական արուեստը եւս կը պահանջէր բազմաթիւ մասնագիտութիւններու համադրում։ Ժամանակի նշանաւոր մանրանկարիչներէն էին Խաչատուր Ջուղայեցին, Մեսրոպ եւ Խաչատուր Խիզանցիները, Ստեփանոս Ջուղայեցին, Հայրապետը եւ ուրիշներ։

ՔԱՐԻ, ԱՂԻՒՍԻ ԵՒ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ

Նոր Ջուղայի նիւթական մշակոյթի ամենակարեւորներէն մէկը շինարարական արուեստն էր։ Ըստ Ա. Վ. Ստեփանեանի ուսումնասիրութեան՝ գաղթավայրի մէջ զարգացած էին քարտաշութիւնը, քարհատութիւնը, որմնադրութիւնը եւ շինարարական այլ արհեստներ, որոնք մեծ դեր ունեցան քաղաքի ճարտարապետական դիմագիծի ձեւաւորման մէջ։

Թէեւ Նոր Ջուղայի շրջակայքին քարահանքեր չկային, սակայն, քարը կը բերուէր հեռաւոր լեռներէն եւ կը մշակուէր հմուտ վարպետներու կողմէ։ Հայ քարտաշները կառուցեցին Զայանդեռուդ գետի վրայ կամուրջներ. ինչպէս՝ Ալավերտի խանի կամուրջը, որ ունէր նաեւ շահին հանգստեան համար փոքր սենեակներ։

Նոր Ջուղան ունէր յատուկ ճարտարապետ մը, որուն օրավարձը վեց շահի էր։ Քարտաշ վարպետները կը պատրաստէին եկեղեցիներու պատերուն մէջ զետեղուող խաչքարեր, յիշատակագրական սալիկներ եւ շիրմաքարեր։

Թէեւ Նոր Ջուղայի խաչքարերը այլեւս չունէին Հին Ջուղայի խաչքարերու մեծութիւնը եւ բարդութիւնը, սակայն, կը շարունակէին հայկական քանդակագործական աւանդութիւնը՝ ստեղծելով նոր ոճական լուծումներ։ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած են 1610-1648 թուականներու խաչքարեր, իսկ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ՝ 1610 թուականէն օրինակներ։

Նորջուղայեցի վարպետները պատրաստած են նաեւ բազմաթիւ շիրմաքարեր, որոնք այսօր կարեւոր աղբիւրներ են քաղաքի հասարակական պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Այդ շիրմաքարերուն վրայ յաճախ պատկերուած էին հանգուցեալներու մասնագիտութիւնները։

Ա. Ստեփանեան կը նշէ, որ պահպան-ւած են յատկանշական օրինակներ՝ «սազանդար Ծատուր», «սահաթսազ Սահակ», «բրուտագործ Գալուստ», ասեղնագործուհի, գորգագործուհի, դարբին, ակնոց պատրաստող։

Այս պատկերները կը վկայեն, որ արհեստը Նոր Ջուղայի հասարակական ինքնութեան կարեւոր մասն էր։

17-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ Նոր Ջուղայի եւ Սպահանի մէջ քարաշէն կառոյցներու շինարարութիւնը նուազեցաւ, բազմաթիւ հայ արհեստաւորներ ստիպ-ւած եղան գաղթելու կամ աշխատանքի փնտռտուքով այլ վայրեր երթալու։ Շահ Ապպաս Բ. փորձեց պահել այդ մասնագէտները՝ անոնց արտօնութիւններ տալով, սակայն, այդ միջոցները չկրցան ամբողջութեամբ կասեցնել արտահոսքը։

Քաղաքի շինութիւններուն մեծ մասը աղիւսով կը կառուցուէր։ Աղիւս պատրաստողները կ՚օգտագործէին շրջակայքի բարձրորակ կաւը։ Հմուտ աղիւսաշար վարպետներու գործերէն էր Բեթղեհէմի եկեղեցւոյ գմբէթը։

Նորջուղայեցի աղիւսագործները նաեւ բնակելի տուներու ներքին պատերուն մէջ կը ստեղծէին յատուկ խորշեր, որոնք ունէին թէ՛ գործնական, թէ՛ գեղագիտական նշանակութիւն։ Այդպիսի ձեւաւորումներ կային խոճա Սաֆարի, Տէր-Գրիգորի ապարանքներուն եւ Սպահանի նշանաւոր Ալի Ղափու պալատի երաժշտական դահլիճին մէջ։

ԲՐՈՒՏԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Նոր Ջուղայի մէջ մեծ տարածում ունէր բրուտագործութիւնը։ Քաղաքի մէջ գոյութիւն ունէր նոյնիսկ բրուտագործներու յատուկ թաղամաս՝ Յակոբջանենց կամ «պրուտենց» թաղը։

Բրուտները կը պատրաստէին առօրեայ կենցաղի անհրաժեշտ բազմաթիւ իրեր՝ կարասներ, ամաններ եւ այլ անօթներ։ Իւրաքանչիւր տուն ունէր իր ջրհորը, հնձանը, կարասները եւ գինետունը, որոնց պատրաստման համար անհրաժեշտ էին մասնագիտացած վարպետներ։

Բրուտագործական արուեստը միայն գործնական նշանակութիւն չունէր։ Նորջուղայեցի վարպետները կը ստեղծէին նաեւ գեղարուեստական արժէքով իրեր։

ՈՐՄՆԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏ

Նոր Ջուղայի մշակութային կեանքի փայլուն երեսակներէն մէկը որմնանկարչութիւնն էր։ Ամենափրկիչ վանքը եւ քաղաքի եկեղեցիները զարդարուած էին Հին եւ Նոր կտակարաններու նիւթերով, Քրիստոսի, Աստուածամօր, սուրբերու եւ պատմական անձերու պատկերներով։

Ըստ Ա. Ստեփանեանի՝ այստեղ աշխատած են թէ՛ տեղացի, թէ՛ եւրոպացի նկարիչներ։

Ս․ Ամենափրկիչ վանքի նկարազարդումները Խաչատուր Ջուղայեցին կը նկարագրէր որպէս «յոյժ գեղեցիկ եւ ամենաչքնաղ յօրինուածովք»։

Նոր Ջուղայի մեծագոյն նկարիչներէն էր Մինասը։ Անոր արուեստը կը ներառէր բազմաթիւ բնագաւառներ՝ հաստոցային նկարչութիւն, որմնանկարչութիւն եւ ձեռագրերու մանրանկարներ։

Մինասը նկարած է թեմաթիք պատկերներ, դիմանկարներ եւ բնանկարներ։ Ան առանձնապէս նշանաւոր էր ապարանքներու նկարազարդումներով, որոնց մէջ ներմուծած էր շրջապատող իրականութեան տեսարաններ։

Ուշագրաւ է, որ Մինաս միայն նկարիչ չէր։ Ժամանակակիցները կը վկայեն, թէ ան նաեւ գիտակ էր բժշկութեան, դեղագործութեան եւ զանազան արուեստներու։

Նոյնպիսի բազմակողմանի անձնաւորութիւն էր Յովհաննէս Մրքուզ (1643-1715)։ Ան փիլիսոփայ, թարգմանիչ եւ աստուածաբան ըլլալով հանդերձ, զբաղած էր նաեւ կօշկակարութեամբ, ջուլհակութեամբ, դերձակութեամբ եւ ժամագործութեամբ, ինչպէս նաեւ կը ղեկավարէր Ամենափրկիչ վանքի նկարազարդումները։ Իր բազմակողմանի գործունէութեան համար ստացած էր «տիեզերալոյս» կոչումը։

ՅԱԽՃԱՊԱԿԻ, ՓԱՅՏԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏ

Նոր Ջուղայի եկեղեցիները զարդարուած էին յախճապակեայ սալիկներով։ Այդ սալիկներուն վրայ կը պատկերուէին աւետարանական տեսարաններ, բուսական զարդանախշեր եւ նուիրատուական արձանագրութիւններ։

Լաւագոյն օրինակները պահպանուած են Բեթղեհէմի, Սուրբ Աստուածածնի, Սուրբ Թովմայի եկեղեցիներուն եւ Ամենափրկիչ վանքի մէջ։

Փայտագործութիւնը եւս զարգացած էր։ Վարպետները կը պատրաստէին դռներու եւ լուսամուտներու փեղկեր, պատշգամներու առաստաղներու զարդարանքներ, եկեղեցիներու միջնորմներ։

Նոր Ջուղայի ամենանշանաւոր փայտագործներէն էր Յակոբջանը (? - 1671), որ պալատական հիւսներու ղեկավարն էր եւ Խաչատուր Կեսարացիի տպարանի գործակիցը։

Նոր Ջուղայի առաջին տպագրիչներն ալ փայտի մշակման հմտութիւն ունէին։ Խաչատուր Կեսարացիի հետ անոնք իրենք պատրաստեցին տպագրական տառերը եւ իրականացուցին առաջին տպագրական աշխատանքները։ 

ՈՍԿԵՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԾԱԹԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ․ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՇՔԵՂ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ

Նոր Ջուղայի արհեստներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէր ոսկերչութիւնը։ Ըստ Ա. Վ. Ստեփանեանի՝ այս արհեստը կը շարունակէր հայկական հին աւանդութիւնները եւ իր արմատները ունէր թէ՛ Հայաստանի տարբեր շրջաններու, թէ՛ Հին Ջուղայի ոսկերչական մշակոյթին մէջ։

Նորջուղայեցի ոսկերիչները կը պատրաստէին զարդեր, եկեղեցական սպասք, թանկարժէք իրեր եւ իշխանական ու վաճառականական կենցաղին պատկանող առարկաներ։ Անոնց արտադրանքը կը վկայէր ո՛չ միայն բարձր վարպետութեան, այլեւ նուրբ գեղագիտական ճաշակի մասին։

Պահպանուած են արծաթեայ եւ ոսկեզօծ բազմաթիւ իրեր։ Յարութիւն Քիւրտեանի նշանաւոր հաւաքածուին մէջ կը գտնուի գինիի արծաթեայ ոսկեզօծ փարչ մը։ Ամենափրկիչ վանքի թանգարանին մէջ պահպանուած են մասնատուփեր, որոնց վրայ ամրացուած են ոսկեթել ասեղնագործ տեսարաններ։ Անոնցմէ մէկուն վրայ պատկերուած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման արեւելական մեկնաբանութիւնը։

Նորջուղայեցի վարպետները կը պատրաստէին նաեւ տղամարդոց արծաթեայ գօտիներ, կանանց զարդեր, եկեղեցական սկիհներ եւ այլ  իրեր։

18-րդ դարու սկիզբին, երբ գաղթավայրի տնտեսական վիճակը ծանրացաւ, Նոր Ջուղայի եկեղեցիները ստիպուած եղան իրենց արծաթեայ սպասքէն մաս մը յանձնելու՝ հարկերը վճարելու համար։ Այդ ցանկին մէջ կը յիշատակուին՝ բուրվառներ, մեծ ու փոքր խաչեր, սաղաւարտի խաչեր, արծաթեայ սաղաւարտներ, կանթեղներ, տապանակներ, սկիհներ, մաղզմաններ, արծաթեայ աւազաններ, ձեռնախաչեր, պատուանդաններ, խաչերու խնձորներ, քշոցներ, ճաճանչներ, միւռոնամաններ, արծաթապատ սաղաւարտներ, Աւետարանի կազմեր եւ այլ իրեր։

Ըստ աղբիւրներու՝ ընդհանուր քանակը կը հասնէր մօտաւորապէս 100 քիլոկրամ արծաթ եւ ոսկիի։

Նոր Ջուղայի գերեզմանատունը եւս կը պահպանէ ոսկերիչներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ։ Արձանագրութիւններու միջոցով յայտնի են հետեւեալ վարպետներու անունները․

Հայրապետ (մահ. 1647), Մելքում (մահ. 1650), Դովլաթիար (մահ. 1651), Սահակ (մահ. 1673), Ալավերտի (մահ. 1691), Աւետիք (մահ. 1694), Զաքար (մահ. 1695)։

Նոյն գերեզմանատան մէջ թաղուած էր նաեւ եւրոպացի ոսկերիչ Լուի Ռոպերթ (մահ. 1673)։

ԳՈՐԾՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵՏԱՔՍԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նոր Ջուղայի արհեստներուն մէջ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէր գործուածքներու արտադրութիւնը։ Ըստ ուսումնասիրողին՝ նորջուղայեցիները կը պատրաստէին թէ՛ պարզ բամպակեայ կտորներ, թէ՛ շքեղ եւ թանկարժէք հիւսուածքներ, որոնք տեղ կը գրաւէին միջազգային շուկաներու վրայ։

Նոր Ջուղայի կտորները կը գնահատուէին իրենց նրբութեամբ, գոյներու հարստութեամբ եւ զարդանախշերու կատարելութեամբ։

Տարբեր աղբիւրներ կը յիշատակեն հետեւեալ տեսակները․ դիպակ՝ մետաքսաթել, արծաթաթել ու ոսկեթել ամենանուրբ կտորը, ալտաբաս, աքսամիտ, ասպրա, թաւիշ, բէյբերակ, բիւազ, գոլ, չիթ, գաբա, զառբաֆ, զենդեն, ղուֆ, խոզ, քամքա, գենժեն, կինդեակ, քիսէյեան, միակալ, շիդ, սիֆթենգին, թաֆթա, օպեապ եւ այլ կը-տորներ ու կերպասներ։

Ամենաբարդ եւ թանկարժէք գործուածքներէն մէկը քիմխան կամ նաշիճ կոչուած կտորն էր։ Այն կը պատրաստուէր ոսկեթել եւ նուրբ մետաքսեայ թելերով եւ կը պահանջէր բացառիկ վարպետութիւն։

Նոր Ջուղայի մետաքսագործական փորձը տարածուեցաւ նաեւ այլ երկիրներու մէջ։ Երբ Ռուսաստանը 17-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 18-րդ դարու սկիզբը սկսաւ զարգացնել մետաքսագործութիւնը, այդ գործին մէջ ներգրաւուեցան նորջուղայեցիներ՝ Իգնատ Շերիման, Ստեփան Խալտարով, Ղուկաս Շիրվանով եւ Վասիլի Խաստատով։

Մոսկուայի մօտ Ֆրյանովոյի Լազարեաններու մետաքսագործական գործարանը եւս մեծապէս օգտուեցաւ Իրանի եւ Նոր Ջուղայի փորձէն։

ԴԵՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆ, ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՈՐԳԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Նոր Ջուղայի մէջ հաւասարապէս զարգացած էր դերձակութիւնը։ Դերձակները կը պատրաստէին բնակչութեան հագուստները, իսկ ժամանակի ընթացքին հայկական տարազին մէջ սկսան երեւիլ նաեւ պարսկական ազդեցութիւններ։

Ճանապարհորդներ կը վկայեն, որ հայ կանայք իրենց շքեղ հագուստներով եւ բաց դէմքով կը տարբերէին պարսկուհիներէն։

Կանանց տարազին մաս կը կազմէին թանկարժէք կտորներէ պատրաստուած զգեստներ, ոսկեթել գործուածքներ, արծաթեայ եւ ոսկեայ զարդեր, մարգարտաշարեր եւ թանկարժէք քարեր։

Նորջուղայեցի կիները յատկապէս նշանաւոր էին ասեղնագործութեամբ։ Անոնց աշխատանքները այնքան բարձր գնահատ-ւած էին, որ կը կոչուէին «արմանի պաֆի»՝ հայու կար։

Ասեղնագործութեամբ կը զարդարուէին նաեւ եկեղեցական հանդերձները՝ շուրջառ, խոյր, վակաս, բազպան, եմիփորոն եւ այլ զգեստներ։

Ս․ Ամենափրկիչ վանքի եւ Էջմիածնի թանգարաններուն մէջ պահպանուած են նորջուղայեցի վարպետներու պատրաստած եկեղեցական գործուածքներ՝ խոճա Դաւիթի եւ անոր որդի Գրիգորի նուիրաբերած թանկարժէք խոյրը (1653), շուրջառի խաչը (1626), ասեղնագործ վակասները (1679, 1691), շուրջառի մասեր, Խաչելութեան տեսարանով շքեղ շուրջառ։

Նշանաւոր էին նաեւ Նոր Ջուղայի գորգերը։ Պահպանուած է ասեղնագործ գորգ մը, որուն վրայ պատկերուած է Պետրոս Ա. կայսրը, իսկ վերեւը գրուած է «Որբ ենք» արտայայտութիւնը։

ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՔԱՐԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒՄ ԵՒ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ

Նոր Ջուղայի մէջ կային նաեւ թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարեր մշակող վարպետներ։ Քարերը կը բերուէին Իրանի տարբեր շրջաններէն, Հնդկաստանէն եւ արաբական երկիրներէն։

Կային քար յղկողներ, ոսկեթերթ դրուագողներ ու դաջողներ (պասմա) եւ այլ մասնագէտներ, որոնք իրենց աշխատանքով կը համալրէին ոսկերչական արուեստը։

ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՄԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ

Ըստ Ա. Վ. Ստեփանեանի ուսումնասիրութեան՝ Նոր Ջուղայի արհեստները միայն տնտեսական գործունէութիւն մը չէին։ Անոնք գաղթավայրի գոյութեան, ինքնապաշտպանութեան եւ մշակութային շարունակականութեան միջոց էին։

Նորջուղայեցիները իրենց աշխատանքով շարունակեցին հայկական միջնադարեան արհեստներու աւանդները՝ միաժամանակ ստեղծելով նոր պայմաններուն համապատասխան ինքնատիպ մշակոյթ մը։

Քարտաշը, բրուտը, ոսկերիչը, ջուլհակը, դերձակը, նկարիչը, փայտագործը եւ ասեղնագործ կինը ո՛չ միայն արտադրողներ էին, այլեւ մշակոյթի ստեղծողներ։

Նոր Ջուղայի արհեստները այսօր կը ներկայանան որպէս 17-րդ դարու հայ մշակոյթի կարեւորագոյն էջերէն մէկը։ Անոնք կը վկայեն, թէ նոյնիսկ գաղթականութեան պայմաններուն մէջ հայութիւնը կարողացաւ վերակառուցել իր կեանքը, պահպանել իր արհեստները եւ ստեղծել համաշխարհային արժէքով մշակութային ժառանգութիւն մը։

․․․ Այսօր Նոր Ջուղան (որ հիմա Իրանի Սպահան քաղաքի հարաւային պատմական թաղամասերէն մէկն է) կը շարունակէ մնալ իրանահայութեան ամենակարեւոր ու աշխոյժ մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոններէն մէկը, թէեւ դարերու ընթացքին անոր դիմագիծը ահռելի փոփոխութիւններ կրած է։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2026