ԱՆԻԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ՝ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ - ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽԶՈՒԱԾ ՇՂԹԱՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ - ՎԵՐՍՏԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ, ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ վերջերս ստորագրուած նոր արձանագրութիւնը, որ կը վերաբերի Անիի պատմական կամուրջի հայ-թրքական համատեղ վերականգնման, կրկին կեդրոնացուց ուշադրութիւնը այնպիսի կառոյցի մը վրայ, որ ճարտարապետական յուշարձան ըլլալով, դարեր շարունակ եղած է նաեւ պատմութեան խզուած շղթաներուն խորհրդանիշը։ 

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչն է յայտարարեց, որ կամուրջին վերականգնումը՝ սահմանի հնարաւոր բացումէն յետոյ, կրնայ ստեղծել զգալի զբօսաշրջային կարելիութիւններ երկու երկիրներուն համար։ Ան յիշեցուց, որ կամուրջին մէկ յենարանը կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ, իսկ միւսը՝ Անիի աւերակներուն կողմը եւ թէ այս ամբողջութիւնը կրնայ վերածուիլ միասնական զբօսաշրջային ուղղութեան մը։ Կամուրջի վերանորոգման արձանագրութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ստորագրած է՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ, իսկ ստորագրման արարողութեան ներկայ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ X գրառումներու իր հարթակին վրայ յատուկ շեշտած է. «…Ուրախ ենք, որ կարգաւորման գործընթացին մէջ ձեռնարկուած փոխադարձ կառուցողական քայլերը ստոյգ յառաջընթաց կ՚ապահովեն։ Հաւատացած ենք, որ համագործակցութեան խորհրդանշական եւ շօշափելի ոլորտները, ինչպիսին է Անիի կամուրջի վերականգնումը, իրենց նպաստը պիտի բերեն տեւական խաղաղութեան եւ վստահութեան մթնոլորտին»։

Այս յայտարարութիւնները առաջին անգամ չէ, որ կեանքի կը կոչեն Անիի կամուրջը վերականգնելու գաղափարը։ Սակայն, ներկայ պահուն անիկա կը հնչէ նոր՝ քաղաքական եւ ժամանակային համատեքստի մէջ, ուր երկխօսութիւնը, թէպէտ փխրուն, կը փորձէ ձեւաուորել նոր լեզու մը՝ անցեալին եւ ապագային միջեւ։

Վերջին տասնամեակներուն Անիի կամուրջի վերականգնման գաղափարը բազմիցս շրջանառութեան մէջ դրուած է։ Արդէն 2010 թուականին այս ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ եղած էին, երբ Թուրքիայէն պատուիրակութիւն մը ժամանած էր Հայաստան եւ քննարկումներ ունեցած էր պետական եւ հասարակական շրջանակներու հետ։ Այդ օրերուն եւս կարծիքները բաժնուած էին՝ ոմանք տեսնելով հաշտեցման նշան, իսկ ուրիշներ՝ քաղաքական վտանգներ։ 

2020 թուականին եւս այս նիւթը վերակենդանացաւ, երբ նախկին նախարարներէն Ահմէտ Արսլան յայտարարեց կամուրջի վերաշինութեան մասին՝ նոյնիսկ նշելով, որ մրցոյթ յայտարարուած է։ Սակայն, այդ ծրագիրը, ինչպէս շատ ուրիշ նախաձեռնութիւններ, մնաց անկատար՝ պատերազմի եւ տարածաշրջանային լարուածութիւններու պատճառով։ 2020-ի փորձերէն ետք կարեւոր շեշտադրում մը եղաւ նաեւ 2023 թուականի փետրուարին։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ կրկին պաշտօնապէս խօսուեցաւ կամուրջի վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին։ Սակայն, ինչպէս նախորդ նախաձեռնութիւնները, այս մէկն ալ մնաց տարածաշրջանային փոփոխական զարգացումներու ստուերին տակ։

Այս բոլոր փորձերը կը վկայեն մէկ իրականութիւն. Անիի կամուրջը միշտ ալ եղած է աւելի քան ճարտարապետական նախագիծ մը եւ վերածուած է քաղաքական ազդանշանի, ինչու չէ՝ դիւանագիտական գործիքի, սակայն, չէ հասած իր ամբողջական գործադրման։ 

ԵՐԿՈՒ ԱՓ, ՄԷԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Անիի կամուրջը՝ այլ անուանումով՝ Մետաքսի ճանապարհի կամուրջը, կառուցուած Ախուրեան գետի վրայ, միջնադարեան Հայաստանի ամենանշանաւոր ճարտարագիտական կառոյցներէն մէկն է։

Թէեւ անոր կառուցման ճշգրիտ թուականը տակաւին քննարկման նիւթ է, շատ մը ուսումնասիրողներ զայն կը վերագրեն Բագրատունեաց ժամանակաշրջանին՝ 10-րդ կամ 11-րդ դարերուն։ Կան նաեւ վարկածներ, որոնք զայն կը կապեն 13-րդ դարուն հետ։ 

Ինչ որ ալ ըլլայ, կամուրջը եղած է Անի քաղաքի գլխաւոր մուտքերէն մէկը՝ ո՛չ միայն ռազմավարական, այլեւ տնտեսական նշանակութեամբ։ Միջնադարեան հայկական կամրջաշինութեան գլուխ գործոցներէն այս մէկը եռակամար կառոյց մըն էր, որ ունէր շուրջ 30 մեթր թռիչք, կառուցուած էր սրբատաշ տուֆով եւ կրաշաղախի ամուր միջուկով։ 

Ճարտարագիտական տեսանկիւնէն ուշագրաւ է այն փաստը, որ կամուրջի ստորին յարկերը ծառայած են նաեւ որպէս մաքսատուն կամ պահակակէտեր, ինչ որ կը հաստատէ Անիի՝ որպէս համաշխարհային առեւտրական կեդրոնի կարգավիճակը։ Այսօրուան փլուզուած կամարները վկաներն են այն հզօրութեան, որ ժամանակին կը միաւորէր աշխարհի չորս կողմերը։ 

Մետաքսի ճանապարհի կարեւոր հանգոյցներէն մէկը եղած կամուրջը դարեր շարունակ կապած է քաղաքակրթութիւններ։ Անով անցած են վաճառականներ, ուխտաւորներ, բանակներ… Այսօր կամուրջը մեզի թուի պարզապէս երկու ափերը կապող անցում մը, սակայն, իր պատմութիւնը կը վկայէ, որ անդադար ու եռուն կեանք եղած է անոր շուրջը։ Այդ քարէ կամարներէն անցնելով՝ վաճառականները իրենց հետ բերած են Հեռաւոր Արեւելքի մետաքսը, զարդերը, համեմունքները, որոնք Անիի շուկաներուն մէջ պիտի վերածուէին շքեղութեան։ Անով քալած են ուխտաւորներ, որոնց աղօթքներն ու հաւատքը կը միացնէին զանազան աշխարհներու սրբավայրերը։ 

Այսօր իր փլատակ վիճակին մէջ զայն կը մնայ իբրեւ վկայութիւն այդ շարժման կտրուկ ընդհատումին։

Կամուրջի կանգուն մնացած երկու յենարարաններն ալ կարծես կը յիշեցնեն, որ երբեմն կապերը չեն ոչնչանար ամբողջութեամբ, այլ կը սպասեն իրենց վերակազմութեան ժամանակին։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

2026 թուականի մայիսի 4-ը թերեւս նոր էջ մը պիտի բանայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բազմաշերտ պատմութեան մէջ։ Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ ստորագրած արձանագրութիւնը՝ պատմական կամուրջի համատեղ վերականգնման աշխատանքներու իրականացման վերաբերեալ, կը ներկայանայ իբրեւ փորձ մը՝ դուրս գալու երկար տարիներու կիսատ մնացած խոստումներու շրջապտոյտէն։

Ռուբինեանի շեշտադրած զբօսաշրջային հեռանկարները, անշուշտ, կարեւոր են։ Անիի աւերակները արդէն իսկ կը հանդիսանան տարածաշրջանի ամենայայտնի պատմական վայրերէն մէկը եւ կամուրջին վերականգնումը կրնայ անոնց տալ նոր կեանք՝ միաւորելով երկու կողմերը մէկ պատմական ուղիի մէջ։ Սակայն, պարզ է, որ հարցը միայն տնտեսական չէ։

Կամուրջը նաեւ սահման է, աշխարհագրական գիծ, յիշողութեան, եւ չլուծուած հարցերու ծանրութիւն։ Հետեւաբար, կամուրջ մը վերակառուցել այս տարածքին մէջ, կը նշանակէ նաեւ փորձել վերաիմաստաւորել այդ սահմանը։

Ոմանք կը կասկածին, թէ կամուրջը կրնայ ունենալ իրական հաղորդակցական դեր՝ հաշուի առնելով անոր դիրքը, տարողունակութիւնը եւ այն հանգամանքը, որ կը գտնուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պահպանութեան տակ եղող տարածքի մէջ։ Այլ մասնագէտներ կը նշեն, որ ան կրնայ ունենալ խորհրդանշական եւ զբօսաշրջային նշանակութիւն, առանց դառնալու հիմնական անցակէտ։ Անշուշտ, ճարտարապետներ միակարծիք են, որ վերականգնման գործընթացը կը պահանջէ ծայրայեղ զգուշութիւն եւ միջազգային չափանիշներու բծախնդիր կիրառում։ Քանի որ Անին ներառուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, որեւէ միջամտութիւն պէտք է յարգէ յուշարձանի պատմական հաւաստիութիւնը։ Մասնագէտները կը շեշտեն, որ վերականգնումը պէտք է կատարուի այնպիսի նիւթերով եւ մեթոտներով, որոնք չեն խաթարեր կամուրջի նախնական կերպարը, այլ ընդհակառակը՝ տեսանելի կը դարձնեն անոր պատմական շերտերը։ Դարերու ընթացքին բազմաթիւ օտարերկրեայ ճանապարհորդներ եւ պատմիչներ հիացմունքով արձանագրած են Անիի կամուրջի շքեղութիւնը։ 

Հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիր, հնագէտ, մեծագոյն ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934թթ.), որ Անիի մէջ պարբերաբար մասնակցած է Նիկողայոս Մառի գիտական արշաւախումբերու պեղումներուն, ուսումնասիրած եւ չափագրած է բազմաթիւ կառոյցներ, այդ կարգին՝ Անիի կամուրջը, ստեղծած եւ վերականգնած է կամուրջին նախնական տեսքին պատկերը այնպէս, ինչպէս եղած է կամուրջը միջնադարուն: Թորամանեանի վերականգնած նախագիծերը, ուսումնասիրութիւնները սկզբնաղբիւր են հայ ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրողներուն համար եւ յետագային Անիի կամուրջին տեսքը ուրիշ մասնագէտներու կողմէ նոյնպէս վերականգնուած է՝ յենլով Թորամանեանի նախագիծերուն վրայ: Նոյնինքն՝ Թորամանեանի վկայութեամբ, կամուրջը, ինչպէս Անիի մէջ եղած ուրիշ կամուրջներ եւս, հաւանաբար քանդուած է թուրք-պարսկական պատերազմներու ժամանակ։ Կամուրջները քանդուած են՝ ըստ երեւոյթին կասեցնելու համար զօրքերուն շարժը, ուստի, կարելի է ենթադրել, որ անոնք նաեւ շատ ամուր եւ անցանելի կամուրջներ էին, ինչ որ կը վկայէ աշխոյժ անցուդարձի մասին։ Վարկած կայ նաեւ երկրաշարժներէն սասանուած ըլլալուն մասին, սակայն, կործանման պատճառները մինչեւ այսօր յայտնի չեն: Կամուրջը գործած է մինչեւ 16-17-րդ դարերը։

Երեւանի մէջ ստորագրուած նոր արձանագրութիւնը կը բանայ դուռ մը։ Սակայն, թէ այդ դուռը պիտի առաջնորդէ իրական անցմա՞ն, թէ պիտի մնայ կիսաբաց՝ միայն քաղաքական կամքէն կախեալ չէ, այլեւ այն պատրաստակամութենէն, որով երկու կողմերը կը նային իրենց ընդհանուր, թէեւ բարդ, պատմութեան։

Անիի կամուրջը տակաւին կը սպասէ։ Եւ անոր վրայ կանգնած երկու յենարանները, որոնք դարեր շարունակ կը դիմանան ժամանակին եւ լռութեան, կը յուշեն պարզ ճշմարտութիւն մը՝ կամուրջ մը կառուցելը թերեւս աւելի դիւրին է, քան՝ զայն իրականին անցանելի դարձնելը։

Անիի կամուրջի վերականգնումը կրնայ դառնալ նախադէպը մշակութային դիւանագիտութեան մը, ուր արուեստն ու պատմութիւնը կը գերազանցեն քաղաքական սահմանները։ Եթէ յաջողուի իրականացնել այս նախագիծը, անիկա թերեւս անցեալի կրկնութիւնը չըլլայ, այլ նոր սկիզբ մը, ուր յիշողութիւնը այլեւս պատնէշ չէ, այլ՝ հիմք, որուն վրայ կը բարձրանայ վստահութեա՛ն կամուրջը։ 

Միւս կողմէ, Անիի կամուրջը սոսկ հայ-թրքական հարց չէ, այլ Մետաքսի մեծ ճանապարհի վերակենդանացման համաշխարհային ծրագրի մէկ օղակը, ինչ որ աւելի պարտաւորեցնող կը դարձնէ ստորագրուած արձանագրութիւնը։

ՎԱՀԱՆԴՈՒԽՏ ՄԱՅՐԻԿԸ ՍԱՀՄԱՆԻՆ՝ ԿԱՄՈՒՐՋԻ ՄՕՏ

Տարիներ առաջ, երբ առաջին անգամ գրեցի Անիի կամուրջին մերձ սահմանամերձ Խարկով (նոր անունով՝ Նորշէն) գիւղի եւ անոր միակ բնակչուհիին՝ Վահանդուխտ մեծ մամիկին մասին, պատմութիւնս աւելի շատ նման էր լքուածութեան ու տոկունութեան մասին առասպելի մը։ Այսօր, երբ Անիի կամուրջի վերականգնման լուրերը կրկին ալեկոծեցին հանրային միտքը, սիրտս անհանգիստ թրթռաց. արդեօք տակաւին հո՞ն է մեր մեծ մայրիկը։ Դիմացա՞ւ սահմանային դաժան ձմեռներուն եւ միայնութեան անվերջանալի լը-ռութեան։

Վարանումով ու քիչ մը վախով կապ հաստատեցի «Շիրակ կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վահան Թումասեանի հետ, որ այդ կողմերէն ամառ-ձմեռ կ՚անցնի եւ ամբողջ Շիրակէն առհասարակ լուր ունի՝ նիւթեր, տեղեկութիւններ կը հաւաքէ, աշխատանքներ կը կատարէ… 

Թումասեանը յայտնեց, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ այցելած է Խարկովի միակ տիրուհիին։ Որպէս ապացոյց՝ իրենց երկուքի թարմ լուսանկարը, որ 

յուսադրող եւ ժպիտ բերող վկայութիւն մըն է, թէ 89 տարեկան մամիկը տակաւին միայնակ կը բնակի այդ գիւղին մէջ։ Ան կը շարունակէ մնալ հոն՝ Խարկովի իր հին տան շեմին, իբրեւ սահմանի ամենահաւատարիմ պահապանը, որուն համար կամուրջը ո՛չ թէ քաղաքականութիւն է, այլ կեանքի ու սպասումի երկար ճանապարհ։ Վահանդուխտ մայրիկը, ուրեմն կա՛յ։

ԹՈՒԽ ՄԱՆՈՒԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՆՈՐՇԷՆԻ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Դատարկուած Նորշէն գիւղին կեդրոնը, կիսաքանդ տուներու եւ լքուած բակերու մէջ, կը կանգնի մենաւոր սրբավայր մը՝ Թուխ Մանուկ եկեղեցին։ Անոր շուրջ ամէն ինչ լուռ է, գրեթէ անշարժ․ միայն Անիի բերդաքաղաքէն եկող խորհրդաւոր ձայներն են, որոնք քամիի բերանն ինկած՝ կը խախտեն այդ խոր լռութիւնը։ 

Այս եկեղեցին, կառուցուած է 19-րդ դարու սկիզբը, իր ձեւերով եւ քարեղէն համադրութեամբ կը յիշեցնէ Անիի եկեղեցիներէն մէկը։ Գիւղի նախկին բնակիչները սեւ եւ կարմիր տուֆաքարի ներդաշնակ զուգորդումով կերտած են զայն՝ կարծես փորձելով իրենց փոքրիկ բնակավայրը կապել մեծ մայրաքաղաքի շունչին հետ։

Եկեղեցւոյ ներսը գրեթէ ամբողջովին քայքայուած է։ Միայն խորանի կամարաձեւ հատուածն է, որ համեմատաբար անվնաս հասած է մեր օրերը՝ ծածկուած պարզ կաւակրային ծեփով։ Պատերուն վրայ երբեք չեն եղած սրբապատկերներ եւ այդ բացարձակ զսպուածութիւնը այսօր կը տպաւորէ որպէս մաքրուած, գրեթէ ճգնաւորական տարածք մը։

Սակայն, Թուխ Մանուկը իր մէջ կը պահէ աւելի հին ու խոր շերտեր։ Եկեղեցւոյ մուտքին մօտ եւ անոր ներսը տեղադրուած են գեղաքանդակ խաչքարեր, որոնք ըստ ուսումնասիրութիւններու՝ կը հասնին մինչեւ միջնադար։ Անոնց զարդաքանդակները կը յիշեցնեն վաղ շրջանի հայկական ճարտարապետութեան ձեւերը՝ հինգերորդ դարու շունչով։ Այս խաչքարերը, ինչպէս կը պատմուի, Վանէն բերուած են՝ գիւղի հիմնադիրներու կողմէ։ 

Եկեղեցւոյ սիւներուն մասին եւս շրջանառութեան մէջ կան պատմութիւններ․ կը կարծուի, թէ անոնք փոխադրուած են Սարըքամըշէն։ Ժամանակը իր ազդեցութիւնը ձգած է անոնց վրայ․ ոմանք արդէն խարխլած են, իսկ ուրիշներ տակաւին կը պահեն տանիքի փայտաշէն կառուցուածքը՝ կարծես վերջին ճիգով։

Թուխ Մանուկ եկեղեցիի առաջին քահանան եղած է Տէր Թադէոսը։ Անոր անունը կապուած է գիւղի հոգեւոր կեանքի առաջին էջերուն հետ։ Այսօր այդ էջերը գրեթէ փակուած են․ վերջին պատարագը այստեղ մատուցուած է տարիներ առաջ՝ գիւղի միակ բնակիչին համար։

Բայց եւ այնպէս, եկեղեցին ամբողջովին լքուած չէ։

Ամէն կիրակի, Վահանդուխտ մայրիկը կը մտնէ այս կիսաւեր սրբավայրը եւ մոմ կը վառէ։ Առանց ժամերգութեան, առանց զանգերու ձայնի, առանց բազմութեան՝ ան կը շարունակէ պահել աւանդութիւնը։ Այդ փոքրիկ արարքը կը դառնայ դիմադրութիւն մոռացութեան դէմ, հաւատքի լուռ շարունակութիւն մը։

Եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ կը տարածուի հին գերեզմանատուն մը, ուր կը հանգչի նաեւ եկեղեցին կառուցողը՝ Մանուկ անունով հայ վարպետը։ Տապանաքարերէն շատեր կը կրեն նրբազարդ զարդաքանդակներ, մինչ ուրիշներ կը յիշեցնեն աւելի հին՝ վիշապաքարերու ձեւերը։ Սակայն, այս ամբողջ ժառանգութիւնը կամաց-կամաց կը կորսուի՝ անխնամութեան եւ ժամանակի անողոք ընթացքին մէջ։

Նորշէնը, որ կը գտնուի Ախուրեան գետի ձախ ափին՝ պատմական Անիի դիմաց, ունի հարուստ անցեալ մը։ Անիկա հիմնուած է 19-րդ դարու վերջաւորութեան՝ Շիրակի զանազան գիւղերէ տեղափոխուած բնակիչներու կողմէ։ Տարածքը նախապէս ծառայած է իբրեւ ամարանոցներու վայր, իսկ յետագային դարձած է բնակավայր մը, որ ժամանակի ընթացքին փոխած է իր անունները՝ Էնիկէյէն մինչեւ Խարկով, ապա՝ Նորշէն։

Տեղանքի բնութիւնը խստաշունչ է՝ լեռնային, արեւակէզ։ Այստեղի քարահանքերը դարեր շարունակ մատակարարած են այն տուֆաքարը, որով կառուցուած են Անիի մեծարժէք յուշարձանները։ Արեւին տակ մգացող այդ քարերը կը կրեն ժամանակի այրող հետքը՝ նոյնը, ինչ որ այսօր կը տեսնենք Մայր Տաճարի պատերուն վրայ։

Գիւղին շրջակայքը հարուստ է նաեւ հնագիտական շերտերով՝ դամբարանադաշտեր, հին բնակավայրեր, քարայր-կացարաններ եւ միջնադարեան գերեզմանոցներ, որոնք կը վկայեն այս տարածքի հազարամեայ շարունակականութեան մասին։ Սակայն, այդ բոլոր շերտերը այսօր կը մնան գրեթէ անտեսուած։

Թուխ Մանուկ եկեղեցին, իր քարեղէն լռութեան մէջ, կը մարմնաւորէ սահմանի այս կողմին մոռցուած ամբողջ ժառանգութիւնը։ Անիկա կը շարունակէ հսկել Նորշէնի ամայացած բարձունքին՝ իբրեւ վերջին վկան այն կեանքին, որ ժամանակին լեցուն էր մարդկային ձայներով, անսասան հաւատքով եւ կենդանի ներկայութեամբ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026