ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ. ԻԲՐԵՒ ՀԱՅ ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԼՐՋԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ

Հայագիտութեան մեծ երախտաւոր, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի անունը լսելուն պէս՝ մեր միտքին մէջ անմիջապէս կը պատկերանան անոր բազմահատոր արմատական կամ ձեւաբանական բառարանները, լեզուաբանական անգերազանցելի ուսումնասիրութիւնները։

Մեծ գիտնականին ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանի լոյսին տակ, մեր պարտքն է անդրադառնալ նաեւ անոր բացառիկ ժառանգութեան մէկ այլ, քիչերուն յայտնի, բայց նոյնքան հանճարեղ կողմին, որ երկար ժամանակ մնացած է լոկ մասնագէտներու փակ շրջանակներուն մէջ։ Աճառեան հայ ժողովուրդի ու անոր դարաւոր գաղթականութեան պատմութիւնը քննող առաջին ամբողջական ուսումնասիրողն է։

Վերջերս վերստին ընթերցեցի անոր «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» կոթողային աշխատութիւնը (768 էջնոց հսկայ հատոր մը)։ Յատկանշական է, որ այն տպագրուած է բաւականին ուշ՝ 2002 թուականին, Երեւանի մէջ, շնորհիւ անոր միակ դստեր՝ Քնարիկ Աճառեանի, որ մեծ բծախնդրութեամբ տպագրութեան պատրաստած է հօր ձեռագիր ժառանգութիւնը։ 

Այս գիրքը սովորական տարեգրութիւն մը չէ, ո՛չ ալ ժողովրդագրական տուեալներու շարան մը, որ կը ներկայացնէ հայ գաղթակայանները։

Անիկա աշխարհի չորս ծագերուն կազմաւորուած յիսունութ հայկական գաղութային կեդրոններու պատմական ու հոգեւոր քարտէսն է։ Այս գիրքով մեր առջեւ կը բացուի ամբողջ ազգի մը հազարամեայ ոդիսականը՝ հայրենի տան սեմէն մինչեւ օտարութեան անծանօթ հորիզոնները։

Ուսումնասիրութիւնը կատարելիու ժամանակ, երեւելի է, որ Աճառեան նոյն այն ճշգրտութեամբ ու բծախնդրութեամբ, որով կը քննէր բառերն ու բարբառները, վերլուծած է մեր հաւաքական ճակատագիրը։ Մեծ լեզուաբանը այս նիւթին միջոցով միաժամանակ կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս ազգ մը, շարունակ ենթարկուելով պատերազմներու, բռնագաղթերու, քաղաքական ճնշումներու ու տնտեսական արհաւիրքներու, կրցած է ապրիլ, ստեղծել, յաջողիլ եւ երբեմն ալ անհետանալ օտար հորիզոններու մէջ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԾՆԱԾ Է ԱՅՍ ԳԻՐՔԸ

Աճառեանի մէջ սէրը դէպի պատմութիւնը պատահական չէր ծնած, այլ սնած էր ընտանեկան սրբազան մասունքներով։

Անոր հայրը՝ Յակոբը, Սամաթիոյ տարրական դպրոցին մէջ հայերէնը սորված էր Միքայէլ Չամչեանի «Քերականութիւն Հայ-կազեան լեզուի» (Վենետիկ, 1779) գիրքով։ 

Իսկ Աճառեանի մայրը՝ Ընծան, իր քահանայ ազգականէն իբրեւ ժառանգութիւն ստացած էր Վենետիկ տպագրուած «Հայ ժողովուրդի պատմութեան» մէկ արժէքաւոր հատորեակը, որ կը ծառայէր որպէս դասագիրք։ Այս երկու գիրքերն ալ Աճառեանի կեանքի ուղեկիցները եղած են պզտիկ տարիքէն, եւ գուցէ անոնք ալ բորբոքած են այն հետաքրքրութիւնը, զոր Աճառեան յետագային դրսեւորած է թէ՛ լեզուի, թէ՛ հայոց պատմութեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ։

Տակաւին 1901-ին, երբ Աճառեան կը պաշտօնավարէր Թաւրիզի մէջ, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը մրցոյթ կը յայտարարէ «Հայ գաղութներու պատմութիւն» խորագրով։ Երկու տարուան ընթացքին Աճառեան կը կատարէ հսկայական, գրեթէ անմարդկային թուացող աշխատանք. կը հաւաքէ հայ գաղութներուն վերաբերող բոլոր աղբիւրները, վերստին կը կարդայ հայ հին մատենագրութիւնը, ձեռագիրները, յիշատակարանները, տապանաքարերու արձանագրութիւնները, միջնադարեան տաղերն ու իր ժամանակի մամուլը։ Ճամբորդութիւններու ընթացքին անձամբ կը լսէ ու կը գրառէ տեղական աւանդութիւնները։ Ան կարծես մանր առ մանր հաւաքած է աշխարհասփիւռ հայութեան բեկորները՝ զանոնք մէկ ամբողջութեան մէջ միացնելու համար։ 

1904-1906 թուականներուն ծնունդ առած (բայց յետոյ մանրամասնութիւններով լրացուած) այս արժէքաւոր աշխատութիւնը Լազարեան ճեմարանի կողմէ 1908-ին կ՚արժանանայ բարձրագոյն մրցանակին (2000 ռուբլի)։ Սակայն, ինչպէս նշեցինք, անիկա տասնամեակներ շարունակ անտիպ մնացած էր եւ լոյս տեսած միայն 2002-ին։

Ի դէպ, Աճառեան իր աշխատած դպրոցներու մէջ դասաւանդած է նաեւ հայոց պատմութիւն, ինչպէս օրինակ՝ Թաւրիզի եւ Նոր Նախիջեւանի դպրոցներու մէջ, ուր հայերէնի կողքին ուրիշ նիւթեր ալ կու տար, բայց, մանաւանդ կը սիրէր հայոց պատմութիւնը աւանդել հայ մանուկներուն։

ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳՈՒՄԸ ԸՍՏ ԱՃԱՌԵԱՆԻ

Մեծ լեզուաբանը գաղթականութիւնը կը դիտէ ո՛չ միայն իբրեւ պատմական երեւոյթ, այլեւ՝ իբրեւ գիտական ուսումնասիրութիւն։ Ան կը փորձէ սահմանել, դասակարգել եւ բացատրել գաղթի բնոյթը։ Իր սահմանումը պարզ է. «Գաղթականութիւն կը կոչուի ազգի մը ամբողջական կամ մասնական հատուածներուն տեղափոխութիւնը մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով»։

Ան գաղթականութիւնը կը դասակարգէ խիստ գիտական չափանիշներով։ Աճառեան առաջին հերթին կը քննէ հայութեան տեղաշարժը ըստ տեղի՝ առանձնացնելով ներսէն դուրս (հայրենիքէն օտարութիւն), դուրսէն դուրս (գաղթավայրէ գաղթավայր), ներսէն ներս (երկրի ներսը) եւ դուրսէն ներս (վերադարձ հայրենիք) ուղղութիւնները։ Աճառեան ցաւով կը նշէ, որ հայոց պատմութեան մէջ ամենաշատը «ներսէն դուրս» շարժումն է եղած, իսկ հայրենադարձութիւնը, դժբախտաբար, յարատեւ բնոյթ չէ կրած։

Ապա ան անդրադարձ կը կատարէ տեղաշարժի եղանակին, որ կրնայ ըլլալ բռնի կամ կամաւոր։ Այստեղ հեղինակը կը յանգի կարեւորագոյն եզրակացութիւններու։ Եթէ գաղթօճախները հայրենիքին հետ մշտական կապի մէջ են, ապա ունին հաստատուն տեւականութեան գրաւական, իսկ այդ կապէն կտրուելու պարագային՝ դատապարտուած են անխուսափելի կորուստի։ 

Վերջապէս, ըստ քանակի, Աճառեան գաղթը կը բաժնէ անհատականի եւ խմբականի՝ շեշտելով, որ գաղթօճախի պահպանման միակ գլխաւոր պայմանը խմբականութիւնն է, ինչ որ պատմականօրէն տեսանելի է Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ Ամերիկայի հայ համայնքներու պարագաներուն։

Այս դասակարգումները, որոնք առաջին հայեացքով տեսական կրնան թուիլ, գիրքին էջերուն մէջ կը դառնան հայոց պատմութիւնը բացատրելու հանգուցային բանալիները։ Այն գաղութները, որոնք կտրուած են իրենց ազգային կեդրոնէն, ի վերջոյ ձուլուած կամ անհետացած են։ Այս դիտարկումը, գրուած 20-րդ դարու սկիզբին, այսօր եւս ունի զարմանալի արդիականութիւն։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՉՈՐՍ ԳԻԾԵՐԸ

Գիրքին մեծագոյն արժանիքներէն մէկը այն է, որ չի սահմանափակուիր սոսկ վիճակագրութեամբ։ Աճառեանի ուսումնասիրութիւնը ունի յստակ ուղղուածութիւն. գլխաւոր հերոսը լոկ տառապող ու լացող փախստականը չէ, այլ շինարար, վաճառական, զինուորական, մտաւորական, ճարտարապետ, բժիշկ եւ պետական գործիչ հայը։ Ան հայկական գաղթավայրերը կը բաժնէ չորս հիմնական ուղղութիւններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը ցոլայ հայուն ստեղծագործ ուժն ու տաղանդը։

Հիւսիսային գիծ. Կ՚ընդգրկէ Վրաստանը, Խրիմը, Ռուսաստանը, Լեհաստանը եւ յարակից բազում շրջաններ։ Այստեղ ուշադրութիւն կը գրաւէ յատկապէս Ռուսաստանի (Խրիմ, Նոր Նախիջեւան) եւ Լեհաստանի հայութեան պատմութիւնը, որոնք դարեր շարունակ ստեղծեցին ինքնավար կառոյցներ, զարգացուցին առեւտուրը եւ պահպանեցին ազգային դիմագիծը։ 

Աճառեան հպարտութեամբ կը նկարագրէ Նոր Ջուղայէն Մոսկուա անցած Լազարեան ազնուական տոհմը, որ Ռուսական կայսրութեան տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ բացառիկ դեր ունեցաւ։ Անոնց շնորհիւ Մոսկուայի մէջ ծնունդ առաւ «Հայոց նրբանցքը», հիմնուեցան Ս. Խաչ եկեղեցին ու Լազարեան ճեմարանը (1815)՝ հայ մտաւորականութեան կարեւորագոյն դարբնոցը։ Ղազար Լազարեանի հիմնած կերպասի գործարանի արտադրանքը չէր զիջեր ֆրանսականին, իսկ անոր որդի Յովհաննէսը դարձաւ ռուսական արքունիքի խորհրդական ու Աւստրիոյ կայսրէն կոմսի տիտղոս ստացաւ։ 

Գիրքին մէջ Լեհաստանի մասին գլուխները առանձնայատուկ տպաւորութիւն կը ձգեն․ Աճառեան կը գրէ. «Եթէ չհաշուենք Պոլիսը, Լեհաստանը եւրոպական հայ գաղթականութեանց մէջ ամենէն մեծն ու ամենէն բազմահայն եղած է․ այնքան ազդեցիկ եղան հոն հայերը, որ լեհերը Տէրութեան մէջ տէրութիւն մը կը նկատէին մեզ եւ անոր առաջքն առնել կը մտածէին»:

1344-ին Գազիմիր Գ․ թագաւորը հայերուն շնորհած էր լիակատար ինքնավարութիւն՝ յատուկ հայ քաղաքագլուխով եւ 12 հայ դատաւորներով։ Հայերը հոն թագաւորական թիկնապահներ էին, դիւանագէտներ, ոսկերիչներ, ունէին սեփական դատարաններ, վարչութիւն եւ տնտեսական հսկայ արտօնութիւններ… Բայց ո՞ւր է այսօր այդ հզօր համայնքը. պատմութեան անողոք հոլովոյթին մէջ մարած, ձուլուած եւ կորսուած…

Հարաւ-արեւելեան գիծ. Հայ գաղթականութեան այս գիծը նկարագրելով՝ Աճառեան մեզ կը տանի Պարսկաստան, Հնդկաստան, Պիրմա, Չինաստան, բազում երկիրներ եւ մինչեւ հեռաւոր Աւստրալիա, ուր կը բացայայտուի հայ վաճառականին ու ձեռնարկատիրոջ տաղանդաւոր կերպարը։ Հնդկաստանի (Մատրաս, Կալկաթա) հայութեան մասին էջերը յատկապէս ուշագրաւ են։ Աճառեան կը ներկայացնէ հայերու տնտեսական յաջողութիւնները եւ նաեւ՝ ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը, ինչպէս Շահամիր Շահամիրեանի՝ 1773-ին տպագրուած «Որոգայթ փառաց»ը, որ ապագայ անկախ Հայաստանի սահմանադրութեան նախագիծ մըն էր։ 

Պիրմայի (Միանմար) մէջ Մանուկեան գերդաստանի նահապետը երկրի արտաքին գործոց նախարարն էր, իսկ որդիները՝ տակառապետ ու ծովապետ։ 

Նոյնիսկ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ Աճառեան կը պրպտէ ու կը գտնէ 1905-ի ուշագրաւ դատական գործ մը, ուր հին նախիջեւանցի ոսկեհան Մարտիրոսին (Մարթին) հրեայ գործարանատէրը կը փորձէ կողոպտել՝ պատրուակելով, որ ասիացիները իրաւունք չունին հոն ապրելու։ Դատարանը սկիզբը կը հրահանգէ հայը վտարել 24 ժամուան մէջ, սակայն անգլիացի փաստաբան մը, հիմնուելով գիտական աղբիւրներու վրայ, կը փաստէ, որ հայերը հնդեւրոպական ցեղին կը պատկանին, այսինքն՝ եւրոպացի են, եւ կը շահի դատը՝ ճանապարհ բանալով հայոց ներգաղթին համար։

Հարաւ-արեւմտեան գիծ. Այս գիծը գիրքին ամենածաւալուն ու տպաւորիչ էջերէն է, ուր Աճառեանի պատմողական տաղանդը ամբողջ ուժով կը դրսեւորուի, յատկապէս՝ Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մասով։ Եգիպտոսի մէջ հայերու դերակատարութեան նկարագրութիւնը գրեթէ վիպական երանգներ ունի։ Աճառեան ցոյց կու տայ, որ դեռ ԺԱ. դարուն Եգիպտոսի մեծ վեզիրն ու բանակներու հրամանատարը հայազգի Պատրն էր, իսկ 1135-1137 թուականներուն՝ Վահրամ Պահլաւունին, եւ մինչեւ 1167 թուականը Եգիպտոսի վեզիրները հայեր էին։ ԺԹ. դարուն համաշխարհային դիւանագիտութեան աստղեր դարձան Պօղոս պէյը (արտաքին գործոց նախարար) եւ Արթին փաշան։ Նուպար փաշա Նուպարեանի մասին էջերը յատկապէս ուշագրաւ են. Աճառեան զայն կը ներկայացնէ ո՛չ միայն որպէս Եգիպտոսի վարչապետ, որ բարեփոխեց դատական համակարգը եւ կառուցեց Գահիրէ-Սուէզ երկաթուղին, այլ որպէս այն անհատը, որուն միջոցով կարելի է հասկնալ հայութեան միջազգային դերակատարութիւնը։ 1906-ին Գահիրէի մէջ անոր որդիի՝ Պօղոս Նուպարի նախագահութեամբ հիմնուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ)։ Հայերը այս երկրին մէջ այնպիսի ներկայութիւն ունեցած են, որ երբեմն դժուար է տարբերել, թէ ո՞ւր կը վերջանայ հայոց պատմութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի Եգիպտոսի պատմութիւնը։ Նոյնիսկ Եգիպտոսի առաջին կին փաստաբանը հայ էր՝ Նաթալիա Միշել, որ 1908-ին Փաստաբաններու պալատ հիմնած է երկրին մէջ։ Աճառեան կը բացայայտէ, որ ան թիֆլիզեցի տիկին մըն էր։ 

Արեւմտեան գիծ. Կը ներկայացնէ Փոքր Ասիան, Զմիւռնիան, Սեբաստիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Անգլիան, Ամերիկան եւ այլ երկիրներ ու հայութեան կեդրոններ։ Սակայն այս գիծի թագն ու պսակը, ուր Աճառեանի գրիչը յատկապէս կենդանի ու հարազատ կը դառնայ, անոր ծննդավայր Պոլիսն է՝ երբեմնի հայաշատ քաղաքը։ Գիտնականը հիացմունքով կը պատմէ, որ 990-ի երկրաշարժէն ետք Սուրբ Սոֆիայի փլած գմբէթը վերականգնողը հայ հանճարեղ ճարտարապետ Տրդատն էր։ Օսմանեան շրջանին՝ 1461-ին, Սուլթան Մեհմէտ Բ.-ի հրաւէրով Յովակիմ եպիսկոպոսը հիմնեց Պոլսոյ պատրիարքութիւնը։ ԺԹ. դարուն Օսմանեան կայսրութեան ողջ ելեւմուտքը, արհեստն ու արդիւնաբերութիւնը հայերու ձեռքն էր. Տիւզեանները արքունի ոսկերչապետներ ու գանձարանի տնօրէններ էին, Տատեանները՝ վառօդապետներ ու մեծագործարանատէրեր, Պալեանները՝ արքունի անգերազանցելի ճարտարապետներ, Նորատունկեանները՝ բանակի հացի մատակարարներ։ Աճառեան նաեւ այսպիսի փաստեր կը մէջբերէ․ 1860-ին Ֆուատ եւ Ալի փաշաները նոյնիսկ մտածած էին օսմաներէնի համար հայերէն գիրը ընդունիլ իբրեւ պաշտօնական գիր, իսկ Մեծ եպարքոս Րեշիտ փաշան անձամբ հայերէն գրել-կարդալ սորված էր։ Աճառեան կը կազմէ հայ ստեղծագործ ուժի ամբողջական համայնապատկեր մը, ուր կողք-կողքի կը տողանցեն համաշխարհային մեծութիւններ. ինչպէս՝ Փարիզի մէջ կատաղութեան մանրէն գտած Երուանդ Մանուէլեանը կամ ամերիկեան թղթադրամը հնարող Թովմասը։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ 

Կարդալով Աճառեանի այս հսկայածաւալ աշխատութիւնը, որ լեցուն է հայ գաղթօճախներու մասին մանրամասնութիւններով, զարմանալի է, որ եթէ Աճառեան այսքան ժամանակ եւ ջանք վատնած է այս նիւթին վրայ, ապա ե՞րբ գրած է իր միւս գիրքերը։ 

Գիրքը կարդալով՝ առաջին հերթին պէտք է ընդգծել Աճառեանի բացարձակ անկողմնակալութիւնը։ Անոր քննութիւնը զերծ է ազգայնական կամ կուսակցական կանխակալութիւններէ։ Ինչպէս գիրքի յառաջաբանի հեղինակ փրոֆ. Յովհաննէս Բարսեղեան կը նշէ, հեղինակը չի խորշիր ներկայացնելէ նաեւ մեր ներքին վէճերը, աթոռակռիւները, դաւաճանութիւններն ու մատնութիւնները, որոնք յաճախ գաղթի պատճառ դարձած են։

Երկրորդ կարեւոր կէտը այս գիրքի դերն է որպէս սփիւռքագիտութեան հիմնաքար։ Գաղթի տեսական դասակարգումը, յատկապէս խմբականութեան դերն ու հայրենիքի հետ կապը, այսօր ալ կը մնայ արդիական բանաձեւ՝ հասկնալու համար սփիւռքեան մերօրեայ տեղաշարժերը։

Երրորդ դիտանկիւնը հայու ստեղծագործ ոգիի արձանագրումն է. գիրքը կ՚ապացուցանէ, որ հայը ո՛ւր որ ալ գացած է՝ Ասիոյ խորքերէն մինչեւ Փարիզ ու Ամերիկա, եղած է շինարար, գիւտարար ու քաղաքակրթութիւն ստեղծող տարր։

Եւ վերջապէս, չորրորդ ու ամենադաժան դասը ուծացման վտանգն է։ Աճառեան ցոյց կու տայ, որ որքան ալ հզօր, հարուստ ու ազդեցիկ ըլլան գաղթօճախները, անոնք տեւական չեն։ Օտարութեան մէջ հայը դատապարտուած է ուծացման (ձուլման) կամ քաղաքական հարուածներու տակ ոչնչացման։

Կարդալով այս էջերը՝ ընթերցողը չի կրնար չզգալ հպարտութիւն, բայց միեւնոյն ժամանակ նաեւ՝ խոր տրտմութիւն։ Որովհետեւ այդ փառքը, որքան ալ մեծ եղած ըլլայ, ի վերջոյ չկրցաւ պաշտպանել համայնքները պատմութեան ողբերգական զարգացումներէն։ Այստեղ Աճառեանի գիրքը կը վերածուի ազգային խորհրդածութիւնը խթանող ահազանգի. հայը կրնայ աշխարհի ամէն կողմը ստեղծել, կառուցել եւ յաջողիլ, բայց իր ազգային գոյութեան ամենավստահելի հենքը կը մնայ հայրենի հողը։

Հրաչեայ Աճառեանի «Հայ գաղթականութեան պատմութիւնը» ձեւով մը նաեւ ինքնաճանաչման հայելի մըն է։ Անիկա կը պատմէ, թէ ո՛ւր գացին հայերը, ի՛նչ կառուցեցին եւ ի՛նչ կորսնցուցին։ Բայց աւելի խոր մակարդակի վրայ ան կը փորձէ պատասխանել աւելի կարեւոր հարցումի մը՝ ինչպէ՞ս կարելի եղաւ, որ այսքան հեռաւոր աշխարհներու մէջ սփռուած ժողովուրդ մը շարունակեց մնալ հայ։

Այդ հարցումին վերջնական պատասխան չկայ։ Սակայն, Աճառեան յոռետես չէ. իր աշխատութիւնը ողբերգութեան տարեգրութիւն չէ, այլ գոյատեւման ու վերածնունդի պատմութիւն։

Այսօր, երբ կրկին կանգնած ենք արտագաղթի ու աշխարհասփիւռ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն»ը կտակ-գիրք է՝ դրուած մեր սեղաններուն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026