ՁԱՆՁՐՈՅԹԸ՝ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՆՁԻՆ ՄՆԱԼՈՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր բնազդային վերաբերմունքը՝ ձանձրոյթին ընդհանրապէս ժխտական է։ Հազիւ կը զգանք, որ ժամանակը դանդաղ կ՚անցնի եւ մեր շուրջը ոչինչ տեղի կ՚ունենայ, անմիջապէս կը փնտռենք այդ դատարկութիւնը լեցնելու միջոց մը։ Բջիջային հեռաձայնը, ընկերային ցանցերը, տեսանիւթերը, երաժշտութիւնը, զրոյցները, գնումները, աշխատանքը կամ նոյնիսկ անիմաստ զբաղումները կը դառնան այն միջոցները, որոնց միջոցով կը փորձենք փախչիլ այն անորոշ զգացումէն, որուն անունը ձանձրոյթ է։
Կարծես ձանձրանալը ժամանակակից մարդուն համար փոքրիկ ձախողութիւն մը ըլլայ։ Եթէ պահ մը ընելիք չունինք, անմիջապէս կը կարծենք, թէ բան մը պակսած է։ Սպասասրահի մը մէջ քանի մը րոպէ նստիլը կը դառնայ դժուար, երթեւեկութեան մէջ մնալը՝ անհանդուրժելի, իսկ երեկոյ մը առանց ծրագրի՝ գրեթէ անիմաստ։ Մենք այնքան վարժուած ենք մշտական խթաններու, որ լռութիւնը սկսած է մեզ անհանգստացնել։
Սակայն ի՞նչ է իրականութեան մէջ ձանձրոյթը։
Ձանձրոյթը միայն «ընելիք չունենալ» չէ։ Ան կրնայ ըլլալ այն պահը, երբ արտաքին աշխարհը այլեւս բաւարար չափով չի զբաղեցներ մեր ուշադրութիւնը եւ մենք յանկարծ կը մնանք մեր ներաշխարհին հետ։ Այդ պահուն է, որ մարդ կրնայ առաջին անգամ նկատել իր մտքերուն աղմուկը, իր անհանգստութիւնները, իր չլուծուած հարցերը եւ երբեմն նաեւ այն դատարկութիւնը, զոր ամբողջ օրը կը փորձէր չզգալ։
Թերեւս այդ է պատճառը, որ ձանձրոյթը մեզ այդքան կը վախցնէ։
Մենք միշտ չէ, որ կը փախչինք ձանձրոյթէն։ Երբեմն կը փախչինք մեզմէ։
Երբ մարդը մինակ կը մնայ եւ իր ուշադրութիւնը գրաւելիք ոչինչ ունի, իր մտքերը կը սկսին աւելի բարձրաձայն խօսիլ։ Այն բաները, որոնք օրուան ընթացքին կը ծածկուին աշխատանքի, հաղորդագրութիւններու, հանդիպումներու եւ անվերջ տեղեկութիւններու տակ, յանկարծ կը յայտնուին մակերեսին։ Մարդ կրնայ սկսիլ մտածել իր կեանքին, իր ընտրութիւններուն, իր վախերուն, իր յարաբերութիւններուն եւ իր չիրականացած երազներուն մասին։ Եւ երբեմն աւելի դիւրին է ժամերով հեռաձայնի պաստառը դիտել, քան տասը վայրկեան լուռ նստիլ ու լսել սեփական անձը։
Այս իմաստով ձանձրոյթը հետաքրքրական հակասութիւն մըն է։ Ան արտաքին աշխարհի աղքատութեան պահ մը կը թուի ըլլալ, բայց կրնայ ներքին աշխարհի հարստութիւնը բացայայտել։
Մարդը պատմութեան ընթացքին միշտ այսքան չէ վախցած ձանձրոյթէն։ Ժամանակ մը առաջ առօրեան շատ աւելի դանդաղ էր։ Մարդիկ ժամերով կը սպասէին, կը նստէին պատշգամներու վրայ, կը նայէին փողոցին, կը զրուցէին առանց շտապելու, կը կարդային, կը խորհէին կամ պարզապէս կը դիտէին ժամանակի անցքը։ Անշուշտ, անցեալը իտէալականացնել պէտք չէ։ Այդ ժամանակներուն եւս կային ձանձրոյթ, միայնութիւն եւ հոգեբանական տառապանք։ Սակայն, այսօրուան տարբերութիւնը այն է, որ մեր ձեռքին գրեթէ միշտ կայ փախուստի միջոց մը։
Ձանձրացա՞ր։ Բաց հեռաձայնդ։
Մինակ մնացի՞ր։ Մտիր ընկերային ցանցերը։
Չունի՞ս ընելիք։ Դիտէ նոր տեսանիւթ մը։
Չե՞ս ուզեր մտածել։ Լսէ որեւէ բան։
Եւ այսպէս, նոյնիսկ ժամանակի ամենափոքր դատարկութիւնը կը լեցնենք։
Արդիւնքը այն է, որ մենք աստիճանաբար կը կորսնցնենք պարապութեան հետ ապրելու կարողութիւնը։ Մինչդեռ պարապութիւնը միշտ թշնամի չէ։ Ստեղծագործութիւնը շատ անգամ ծնունդ կ՚առնէ այն պահուն, երբ մարդուն միտքը ստիպուած է ինքն իրեն զբաղեցնել։ Գաղափարներու ծնունդը միշտ չէ, որ կու գայ տեղեկութեան հոսքէն։ Երբեմն ան կը ծնի լռութենէն։ Գրողը կրնայ իր լաւագոյն նախադասութիւնը գտնել երկար քայլարշաւի մը ընթացքին։ Երաժիշտը կրնայ մեղեդի մը լսել իր մտքին մէջ՝ ոչինչ ընելու պահուն։ Մարդը կրնայ յանկարծ հասկնալ, թէ ինչ կ՚ուզէ իր կեանքէն, երբ առաջին անգամ կը դադրի ուրիշներու ձայները լսելէ։
Ձանձրոյթը այս իմաստով կրնայ ըլլալ մտքի ազատ տարածքը։
Բայց պէտք է նաեւ տարբերել սովորական ձանձրոյթը ծայրայեղ եւ պարտադրուած մեկուսացումէն։ Ձանձրոյթը երբեմն կրնայ ըլլալ պարզ տհաճ զգացում մը, մինչդեռ երկարատեւ զգայական զրկանքը եւ մարդկային շփումէն բռնի մեկուսացումը կրնան ծանր հոգեբանական հետեւանքներ ունենալ։ Այդ պատճառով ալ պատմութեան ընթացքին մեկուսացումը օգտագործըւած է ո՛չ միայն որպէս պատիժ, այլեւ որպէս հոգեբանական ճնշման միջոց։ Երբ մարդը կը զրկուի մարդկային ներկայութենէն, զգայական խթաններէն եւ ժամանակի բնական ռիթմէն, ժամանակը կը սկսի բոլորովին ուրիշ ծանրութիւն մը ունենալ։
Մարդը հասարակական էակ է։ Անոր համար ուրիշներու ձայնը, դէմքը, հայեացքը եւ ներկայութիւնը պարզ զուարճութիւններ չեն։ Անոնք մեր հոգեբանական գոյութեան մաս կը կազմեն։ Մարդկային շփումէն երկարատեւ զրկումը կրնայ խախտել ժամանակի զգացողութիւնը, խորացնել անհանգստութիւնը եւ սրել մտային լարուածութիւնը, իսկ որոշ պարագաներու՝ լուրջ հոգեբանական վնաս պատճառել։ Հետեւաբար պէտք չէ վիպականացնել մեկուսացումը՝ կարծելով, թէ ամէն տեսակ առանձնութիւն օգտակար է։ Կամաւոր լռութիւնը եւ պարտադրուած մեկուսացումը բոլորովին տարբեր փորձառութիւններ են։
Առաջինը կրնայ ըլլալ հանգիստ մը։ Երկրորդը՝ պատիժ։ Եւ այս տարբերութիւնը շատ կարեւոր է։
Այսօր, սակայն, մեր խնդիրը միայն պարտադրուած ձանձրոյթը չէ։ Մենք կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ձանձրոյթը գրեթէ ծրագրուած կերպով հեռացուած է մեր առօրեայէն։ Ամէն վայրկեան կարելի է նորութիւն մը ստանալ։ Ամէն դատարկ պահ կարելի է լեցնել պատկերներով, ձայներով եւ տեղեկութիւններով։ Նոյնիսկ անկողին մտնելէ առաջ շատեր իրենց օրը կը փակեն ո՛չ թէ լռութեամբ, այլ պաստառի մը լոյսով։
Այս մշտական խթանումը աստիճանաբար կը փոխէ նաեւ մեր ակնկալութիւնները կեանքէն։ Մենք կը սկսինք կարծել, թէ ամէն պահ պէտք է հետաքրքրական ըլլայ։ Ամէն ճամբորդութիւն պէտք է նկարահանուի։ Ամէն ընթրիքի լուսանկար պէտք է բաժնուի։ Ամէն ազատ ժամ պէտք է օգտագործուի։ Ամէն շաբաթավերջ պէտք է ծրագիր ունենայ։
Եւ երբ կեանքը պարզապէս… սովորական է, մենք կը ձանձրանանք։
Բայց կեանքի մեծ մասը սովորական է։
Մարդը ամէն օր չի սիրահարուիր, ամէն օր չի ճամբորդեր, ամէն օր նոր յաջողութիւն մը չ՚ունենար, ամէն օր խոր գիտակցութիւն մը չի ստանար։ Կեանքի հսկայ մասը կազմուած է կրկնութիւններէ՝ արթննալ, աշխատիլ, ուտել, երթալ, սպասել, տուն վերադառնալ, քնանալ։ Եթէ մենք սովորական պահերը կը գնահատենք միայն այն ատեն, երբ անոնք արտասովոր են, ապա մեր կեանքի մեծ մասը անխուսափելիօրէն կը թուի անիմաստ։ Թերեւս խնդիրը այն չէ, որ մեր կեանքը շատ ձանձրալի է։ Թերեւս խնդիրը այն է, որ մենք այլեւս չենք գիտեր ձանձրանալ։
Ձանձրոյթը կրնայ նաեւ հայելի մը ըլլալ։ Ան մեզի կը ստիպէ հարցնել. «Ի՞նչ կ՚ուզեմ հիմա իրականութեան մէջ»։ Երբ հեռաձայնը ձեռքիս չէ եւ որեւէ բան զիս չի շեղեր, ի՞նչ կը զգամ։ Ինչո՞ւ կ՚ուզեմ անմիջապէս փախչիլ այս պահէն։ Ինչո՞ւ լռութիւնը ինծի համար այդքան անհանգիստ է։ Ի՞նչ բանէ կը խուսափիմ։
Այս հարցերը երբեմն աւելի կարեւոր են, քան ձանձրոյթը ինքնին։ Որովհետեւ մարդը կրնայ ամբողջ օրը զբաղած ըլլալ եւ միեւնոյն ժամանակ խորապէս դատարկ զգալ։ Զբաղուածութիւնը իմաստի ապացոյց չէ։ Շարժումը յառաջընթացի ապացոյց չէ։ Աղմուկը կեանքի ապացոյց չէ։
Երբեմն մարդուն պէտք է ո՛չ թէ նոր բան մը, այլ պահ մը, երբ ոչինչ տեղի կ՚ունենայ։ Այդ «ոչինչ»ին մէջ կրնայ ծնիլ մտածումը։ Այդ լռութեան մէջ կրնայ վերականգնուիլ ուշադրութիւնը։ Այդ դանդաղութեան մէջ կրնայ մարդը կրկին լսել ինքն իրեն։
Ուստի, գուցէ պէտք չէ ձանձրոյթը անմիջապէս թշնամի համարել։ Ան կրնայ տհաճ ըլլալ, երբեմն՝ ծանր, երբեմն ալ՝ մեզ մեր իսկ մտքերուն դիմաց կանգնեցնող փորձառութիւն մը։ Բայց ան նաեւ կրնայ ըլլալ սահման մը, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք պարտաւոր չենք մեր գոյութեան իւրաքանչիւր վայրկեանը լեցնելու։ Կեանքը միշտ պէտք չունի մեզ զուարճացնելու։ Երբեմն ան պարզապէս պէտք ունի մեզի ներկայ ըլլալու։
Եւ գուցէ հասունութեան փոքրիկ նշաններէն մէկն ալ այն է, որ մարդ կը սորվի երբեմն նստիլ լուռ, առանց հեռաձայնի, առանց երաժշտութեան, առանց նորութեան, առանց որեւէ բան ապացուցելու կամ կատարելու։ Պարզապէս նստիլ եւ նկատել, թէ ինչպէս ժամանակը կ՚անցնի։
Որովհետեւ ձանձրոյթէն ամէն անգամ փախչիլը կրնայ մեզ զրկել այն հազուագիւտ պահերէն, երբ վերջապէս ոչինչ կը ծածկէ մեր ներքին ձայնը։
Եւ երբ աշխարհը դադրի մեզ զբաղեցնելէ, թերեւս այն ատեն է, որ առաջին անգամ կը սկսինք իսկապէս լսել մենք մեզ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ