ՍԷՐԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ԿԸ ՀԱՄԲԵՐԷ «PANTA HYPOMENEI»

«Panta hypomenei» կը նշանակէ՝ բոլոր հակառակութի՛ւնները ընդունիլ դրական տրամադրութեամբ եւ հակառակորդ շրջանակի մը մէջ ամուր կանգնի՛լ։

Ասիկս չի՛ կայանար միայն հակառակ եւ ընդդիմադիր իրականութիւններուն եւ եղելութիւններուն տոկալու մէջ, այլ ան աւելի ընդարձակ, տարածուն ըմբռնում մը ունի. զօրաւոր եւ մնայուն տոկունութիւն մը ունի, որ կարող է դիմակալելու ամէն մարտահրաւէր։

Ասիկա սէ՛րն է. հակառակ ամէն բանի, նոյնիսկ եթէ կացութիւնը մարդս տարբեր բանի մը մղէ։

Սէրը ցոյց կու տայ տոկուն հերոսականութիւն, ուժ՝ ամէն ներհակ հոսանքի դէմ, նախընտրանք՝ անյաղթահարելի, անպարտելի բարիքին։ Եւ ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Մարթին Լութեր Քինկի (Martin Luther King Jr. 1929-1968) սա խօսքերը, երբ ան ամէն վատագոյն հալածանքներու եւ խոնարհեցումներու դէմ, դարձեալ եւ առանց ձանձրոյթ զգալու եղբայրասիրութիւնը կը նախընտրէր եւ կը քարոզէր. «Քեզ աւելի շատ ատողը՝ լաւ բան մը ունի իր մէջ։ Նո՛յնիսկ քեզ աւելի ատող ազգը լաւութիւն մը ունի իր մէջ։ Եւ երբ կը հասնիս այն հանգրուանին՝ ուր կրնաս ամէն մարդու դէմքին նայիլ եւ հոն տեսնել ի՛նչ որ կրօնքը -Աստուծոյ պատկերը- կը կոչէ, այն ատեն կը սկսիս այն անձը սիրել ի հեճուկս ամէ՛ն բանի։ Ան ի՛նչ ալ ընէ, դուն անոր մէջ Աստուծոյ պատկերը կը տեսնես։ Բարութեան կերպարանք մը կայ, որմէ չե՛ս կրնար ձերբազատուիլ։ Թշնամիդ սիրելու ուրիշ կերպ մըն ալ. երբ առիթը ունիս զինք պարտութեան մատնելու, ասիկա ճի՛շդ պա՛հն է չընելու։ Երբ սիրոյ մակարդակը կը բարձրացնես իր գեղեցկութեան եւ զօրութեան մէջ, կը փորձես միայն գէշ սիստեմները քանդել։ Սոյն սիստեմին մէջ գտնուող անհատները կը սիրես, բայց կ՚ուզես սիստեմին՝ համակարգին ալ յաղթահարել։ Ատելութեան դէմ ատելութիւնը՝ անոր գոյութիւնը աշխարհիս երեսին աւելի կը զօրացնէ։ Եթէ ես քեզի զարնեմ, դո՛ւն ալ ինծի, ապա ես դարձեալ զարնեմ քեզի ու դուն ալ ինծի, ասիկա կրնայ ընդմի՛շտ շարունակուիլ եւ այսպէս՝ վերջ չունենալ։ Պէտք է տեղ մը մէկը քիչ մը տրամաբանող ըլլայ եւ ամենազօրաւորը անիկա՛ է, որ ատելութեան եւ չարին շղթայումը կը խզէ։ Զայն խզելու համար, մէկը բաւականին կրօնասէր եւ աւելի խելօք ըլլալու է եւ այսպէս՝ նոյնինքն տիեզերքին դրութեան մէջ սրսկէ այն հզօր եւ զօրաւոր ազդակը, որ սէ՛րն է…»։

«Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր». (ՄԱՏԹ. Ե 39)։ Հակառակորդին դիմադրելու լաւագոյն եւ արդիւնալի միջոցը՝ այս համակարգին համակերպիլն է։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի (Saint Thomas d՚Aguin. 1225-1274) սէրը կ՚ընդունի իբր «միացնող ո՛ւժ», որդեգրելով Դիոգինէս Արէոբակացիին ըսած խօսքը։ Արդարեւ, ամբողջ իր կեանքին մէջ, մարդ պէտք է մշակէ սիրոյ ա՛յն ուժը՝ որ թոյլ կու տայ իր անձին սպառնացող «չար»ին դէմ պայքարիլ։

Սէրը չ՚ենթարկուիր ոխակալութեան. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն». (ՂՈՒԿ. ԻԳ 34), անձերու արհամարհանքին, չարութեան կամ վրէժ լուծելու փափաքին. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար՝ որոնք ձեզ կը չարչարեն եւ կը հալածեն…». (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։

Արդարեւ, քրիստոնեայ գաղափարականը եւ ընդհանուր վարդապետութիւնը՝ սէ՛ր մըն է, հակառակ ամէն ինչի, յատկապէս ընտանիքին ծոցէն ներս՝ որ «առտնին Եկեղեցի»ն է։ Երանելի՜ են անոնք՝ որոնք երթալով զգացումներէն անդին՝ կրցած են իրարու բարիք ընել, անոնց հիւանդութեան, տառապանքի կամ նեղութիւններու, դժուարութիւններու միջոցին։ Ասիկա եւս սէ՛ր է, ի հեճուկս ամէն բանի։

Հաւատքի եւ սիրոյ նուիրուած սիրտերը միշտ վա՛ռ կը մնան եւ երբեք չե՛ն շեղիր իրենց ուղիղ ճամբայէն դէպի ճշմարտութի՛ւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 31, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026