ՀԱՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ԱԽՏԸ ԹՇՆԱՄԻԷՆ ԱՒԵԼԻՆ Է
Հայ գրականութեան մէջ Շահան Շահնուր ճանչցուած է որպէս քննադատ ու «դժգոհ» գրող։ Շատերու համար քննադատը «բացասական» անձի տպաւորութիւն կը ձգէ. անձ՝ որ «բան մը քիթին չի՛ դներ», սակայն, իր գրութիւններէն մէկուն մէջ անուղղակի ձեւով Շահնուր քննադատութեան հիմնական իմաստն ու նշանակութիւնը կը բացատրէ հետեւեալ ձեւով. «Ոչինչ այնքան շատ երիտասարդութիւնը կը մղէ անգործութեան, որքան համակերպելի երկարատեւ լռութիւնը: «Ի՞նչ ընեմ, մարդ արարածէն ամէն բան կը սպասեմ». Թոյնը սա է»: Շահնուր այս տողերը կը գրէ իր «Սիրտ սրտի» աշխատութեան «Մենք» խորագրեալ յօդուածին մէջ։ Շահնուրի այս մի քանի բառերէ կազմուած տողերը կարեւոր ու ժամանակակից կը նկատենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր ազգի ներկայ դժբախտութեանց հիմնական պատճառներէն գլխաւորը համակերպելու ախտն է:
Ազգի մը ճակատագրին մէջ եթէ «ախտ»ը համակարգին մէջ է, պետութեան մակարդակի է՝ ժողովրդական պայքարով եւ մա՛նաւանդ երիտասարդութեան ձայնով կարելի է յաղթահարել, սակայն, երբ «ախտ»ը համակարգէն դուրս արդէն երիտասարդութեան ու ժողովուրդին մէջ է՝ վիճակը շատ աւելի վտանգաւոր ու սպառնացող կը դառնայ, իսկ եթէ «ախտ»ը երկուստեք է… վա՜յ այդ ազգին: Օրինակ վերցուցէ՛ք մեր ներկայ քաղաքական կեանքը. իշխանութիւնը կը հալածէ եկեղեցին. երիտասարդութեան կողմէ անհասկնալի լռութիւն։ Հայ ժողովուրդի համար սրբազան արժէք ներկայացող շատ մը արժէքներ կամաց-կամաց դուրս կը դրուին մեր իրականութենէն. դարձեալ անտարբերութիւն. նոյնինքն ախտն է, որ կը խթանէ, որ իշխանութեան կողմէ ի գործ դրուած ոչ-ազգասիրական երեւոյթներ յառաջ գան: Շահնուր այս երեւոյթը «թոյն» կը կոչէ, որովհետեւ թոյնը ամբողջ մարմինին մէջ կը տարածուի. վերոյիշեալ թոյնը եւս տարածուած է մեր ամբողջ ազգին մէջ:
Մեր ազգի մեծագոյն թշնամին արտաքինը չէ՛. մեր մեծագոյն թշնամին մեր համակերպելու ախտն է, որովհետեւ սխալ սայթաքումներու դէմ պայքարելու փոխարէն կը համակերպինք։ Մեծագոյն փիլիսոփաներէն Նիցչէ կ՚ըսէ. «Ամենէն մեծ շղթան ա՛յն է՝ որ չես տեսներ, թէ կը կրես»։ Եթէ շղթան իր ծանրութիւնը կորսնցնելով «բնական» սկսի թուիլ, ապա կը նշանակէ մարդ յուսահատած՝ սկսած է արդէն իսկ համակերպիլ իր վիճակին։ Մարդուն վրայ դրուած շղթան կրնայ ըլլալ թէ՛ տեսանելի եւ թէ անտեսանելի։ Շատերու համար տեսանելի շղթան նոյնիսկ շատ անգամ կրնայ բնականի վերածուիլ՝ նման այն մարդուն, որուն համար կուրութիւնը «բնական» է եւ արդէն իսկ իր կեանքին անբաժան մէկ մասը, սակայն, իշխանութիւններու եւ ընկերութեան կողմէ մարդուն պարտադրուած «սխալ» մօտեցումը կարելի չէ ընդունիլ որպէս «անբուժելի» կուրութիւն։ Մարդ արարած օժտուած է ամենէն մեծագոյն արժէքով՝ բանականութեամբ եւ ո՛չ թէ երեւոյթներն ու պարտադրանքները, այլ գիտակցութիւնն է, որ կ՚որոշէ իւրաքանչիւրին «ինչութիւն»ը։ «Ամէ՛նը այդպէս կ՚ըսեն»ը կամ «ամէնը այդպէս կ՚ընեն»ը համակերպելու ախտին համար համոզիչ պատճառաբանութիւն մը չէ, որովհետեւ մարդուն համար մեծագոյն շղթան իր վրայ պարտադրուածէն աւելի իր մտածելակերպն է։ Դժբախտ է այն ազգը, որուն ներկայացուցիչներուն մտածումները շղթայուած են:
Այս համակերպելու ախտը մի՛շտ կը փորձեմ ներկայացնել հետեւեալ ձեւով. պատկերացուցէք, որ անձի մը դիմաց բացուած ունի մեծ գումարով լեցուն դրամապանակ մը։ Սկիզբը վախնալով անկէ կը վերցնէ ընդամէնը մի քանի դրամ եւ կը սպասէ արդիւնքին։ Կատարեալ լռութիւն։ Երկրորդ անգամ եւս կը փորձէ դրամ վերցնել եւ դարձեալ արդիւնքը լռութիւն կ՚ըլլայ։ Երրորդ անգամ արդէն իսկ կը փորձէ մեծցնել վերցուցած գումարի չափը։ Դարձեալ լռութիւն։ Եւ այսպէս մի քանի փորձերէ ետք երբ համոզուի, որ լռութիւնը մնայուն է՝ ամբողջութեամբ կը յափշտակէ։ Նոյնն է պարագան մեր կեանքին ու լուռ համակերպուելուն։ Իշխանութիւնը կը գործէ «սխալ» մը. այդ սխալին դիմաց կը ստանայ կատարեալ լռութիւն։ Նոյնը կը կրկնէ…. կը կրկնէ… այդ սխալին ծաւալը կը մեծնայ եւ կատարեալ լռութեան մէջ ինքնագլուխ կը սկսի գործել։ Ահաւասի՛կ, ամփոփումը Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն. սկիզբը խօսքով քարկոծեցին Կաթողիկոսը. մի քանի շաբաթ հալածանքը մնաց խօսքի սահմաններուն մէջ. երբ տեսան, որ ժողովուրդը լուրջ պաշտպանողական քայլերու չի դիմեր, մի քանի քայլ առջեւ երթալով սկսան եկեղեցին թիրախ դարձնել եւ պատարագի մասնակցելով զեղչել Վեհափառ Հայրապետը յիշատակելու բաժինը։ Երբ տեսան, որ դարձեալ լուրջ բողոք չկայ ժողովուրդին կողմէ, յանդգնութիւնը ունեցան մինչեւ իսկ Մայր Աթոռ մուտք գործելու եւ հակաեկեղեցական կոչերը բարձրացնելու:
Իրականութեան մէջ, այս բոլորին մէջ պէտք չէ մեղադրել իշխանութիւնը. պէտք է մեղադրել ժողովուրդը, պէտք է մեղադրել երիտասարդութիւնը, որ լուռ ականատեսը կ՚ըլլայ այս բոլոր խայտառակութիւններուն։ Իշխանութիւնները երկրի հիմնական հարցերը անտեսած, մի քանի տասնեակ հազար տեղահանուած անօթեւան հայերու եւ նման բազմաթի՜ւ հիմնական հարցեր մէկդի դրած… զբաղած են անհեթեթութիւններով:
Մեր երիտասարդ սերունդը ինքզինք «օտար»ին մշակոյթին մօտիկ զգալով թող ինքզինք «զարգացած» չնկատէ. զարգացած երիտասարդութիւն մը կատարուած անիրաւութիւններուն դիմաց չի՛ կրնար լուռ մնալ. եթէ լուռ է՝ ապա զարգացած չէ, որովհետեւ լուռ համակերպութիւնը պարտուածներու եւ թշուառներու հոգեբանութեան մաս կը կազմէ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երջանկութիւնը
անցաւոր է. այսօրուան ծիծաղին վաղը արցունք կը յաջորդէ, այսօրուան ուրախութեան՝ վաղը տխրութիւն, այսօրուան փայլուն պերճանքներուն՝ վաղը սեւ սուգ:
ԾԵՐԵՆՑ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան