«ԸՆՏԱՆԻՔ»ԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Մարդաբանական եւ մշակութային փոփոխութիւնները այսօր կ՚ազդեն կեանքին բոլոր երեւոյթներուն վրայ եւ վերլուծողական եւ զանազանեալ մերձեցում մը կը պահանջեն։ Հաւատարիմ մնալով Քրիստոսի ուսուցումին, ներկայ ժամանակներու ընտանիքի իրավիճակը պէտք է սեւեռել իր ամբողջ բարդութեամբ, իր լոյսերով եւ իր ստուերներով։ Այս ուղղութեամբ, հարկ է հաւասարապէս նկատի ունենալ ծայրայեղ անհատականացումին ներկայացուցած այն յարաճուն վտանգը՝ որ ընտանեկան կապերը անբնական կը դարձնէ եւ ընտանիքին իւրաքանչիւր անդամը ի վերջոյ կը նկատէ որպէս «կղզի» մը, իսկ որոշ պարագաներու մէջ՝ գերարժեւորելով գաղափարի յառաջացումը անձի մը՝ որ ինքզինք կը կառավարէ ըստ բացարձակ դարձած իր իսկ բաղձանքներուն։ Ծայրայեղ անհատական մշակոյթի մը պատճառած լարուածութիւնները, ջղային պրկումները, ինչպէս՝ տիրապետումի եւ վայելքի պաշտամունքը, տառապանքի եւ յարձակողականութեան ուժ կը ստեղծեն ընտանիքի օճախին մէջ։ Ասոնք կարելի է աւելցնեն ներկայ կեանքին թափը, ընկերային եւ աշխատանքի կազմակերպութիւնը, քանի որ ասոնք մշակութային ազդակներ են, որոնք վտանգի տակ կ՚առնեն մշտակայ ընտրութեան կարելիութիւնը։
Մարդկութիւնը այսօր կը գտնուի նաեւ ընդհանրապէս երկդիմի երեւոյթներու դիմաց։ Զոր օրինակ, աւելի կը գնահատուի հարազատութեան ձգտող անձնականացումը՝ քան թէ սովորական վարուելակերպերը։ Ասիկա արժէք մըն է, որ կրնայ տարբեր կարողութիւններ եւ անմիջականութիւն հրահրել։ Բայց, անիկա գէշ գործածուելով, կրնայ ստեղծել մնայուն կասկածանքի տրամադրութիւն, յանձնառութիւններէն փախուստ, փակում իր հանգիստին մէջ, ինքնահաւանութիւն։ Ընտանիքի ազատութիւնը թոյլ կու տայ իր կեանքը խթանել, ինքզինք լաւագոյնս զարգացնել, սակայն, եթէ ան ո՛չ ազնիւ նպատակներ եւ ոչ ալ ինքնազսպում ունի, ան կը վատափոխուի ինքզինք սրտանց Աստուծոյ նուիրելու անկարողութեան։
Արդարեւ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր ամուսնութեան թիւը կը նուազի, հոն կ՚աճի թիւը անոնց՝ որոնք կ՚որոշեն առանձին ապրիլ կա՛մ որոնք հասարակաց կեանք մը ունին, սակայն, առանց միասին ապրելու։
Կարելի է հոս շեշտը դնել նաեւ արդարութեն սքանչելի՜ նշանակութեան վրայ։ Բայց, ան երբ սխա՛լ հասկցուի, կրնայ քաղաքացիները վերածել յաճախորդներու, որոնք սոսկ կը պահանջեն, որ ընկերային ծառայութիւնները իրենց ապահովուին։
Եթէ այս վտանգները ընտանիքին ըմբռնումին վնաս պատճառեն, անիկա կրնայ վերածուիլ անցքի վայրի մը՝ որուն կը դիմեն, երբ ան յարմար նկատուի կամ ուր կ՚երթան անկէ իրաւունքներ պահանջելու, իսկ անոր զօդերն ալ կը յանձնուին փափաքներու եւ պարագաներուն փոփոխական պատեհականութեան։ Խորքին մէջ, այսօր հեշտ է իսկական զատութիւնը շփոթել ամէն մէկուն յարմար թուացող գաղափարին հետ, իբր թէ մարդս առաջնորդող ո՛չ ճշմարտութիւն, ո՛չ արժէք եւ ոչ ալ սկզբունք գոյութիւն ունենային անհատներէն անդին, այլ թէ ամէն ինչ իրար կ՚արժէ, ուստի ամէն ինչ թոյլատրելի է։ Այս ըմբռնումին մէջ, ամուսնութեան բացարձակութեան եւ ամուր բնոյթով գաղափարականը կը պարակտուի պարագայական պատեհութիւններուն կամ զգացական քմահաճոյքներու կողմէ։ Մարդիկ մինակութենէն կը վախնան եւ պաշտպանուած եւ հաւատարիմ միջավայր մը կը փնտռեն, սակայն, միանգամայն կը մեծնայ մէկու մը հետ յարաբերութեան ծուղակին մէջ իյնալու վախը, որ կրնայ անձնական ցանկութիւններուն իրագործումը յապաղեցնել։
Քրիստոնեաներ չեն կրնար հրաժարիլ ամուսնութիւնը առաջարկելէ, առանց այժմեան զգայնութեան հակադրուելու, այլ նորոյթի հետեւելով եւ կամ բարոյական եւ մարդկային փլուզումին դիմաց՝ ստորակայութեան բարդոյթէն տարուելով։ Այս պարագային՝ աշխարհ պիտի զրկուէր այն արժէքներէն՝ զորս մարդ կրնայ եւ պարտի արտադրել։ Կարելի է աւելի պատասխանատու եւ առատաբուղխ ջանք մը կատարել, որ մարդիկ աւելի տրամադրելի ըլլան Աստուծոյ պարգեւած շնորհքին ընդառաջելու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26, 2026, Իսթանպուլ