ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒՐ ԽՕՍՔԸ ԽՕՍՔՈՎ «ԱԶԱՏ» ԷՐ
Պարոյր Սեւակ լաւապէս կը գիտակցէր, որ կան մտաւորականներ, որոնք պատրաստ են պատիւ ստանալու սիրոյն ամէն տեսակ ցածոգի արարքներ ընելու. գիտէր, որ թիւով քիչ չեն մարդիկ, որոնք ամենայն սիրով իր գրութիւններուն մէջ ուղղակի կամ անուղղակի քննադատութիւնները, հայրենասիրական կոչերը պիտի մատնեն իշխանութիւններուն։ Այս բոլորը լաւապէս գիտնալով Պարոյր Սեւակ կը գրէ. «Ընկեր կայ՝ գրչակից-սրտակից է, ընկեր ալ կայ գերեզմանափորդ է»։ Անշուշտ, այստեղ կարելի է երկու հիմնական պատճառ գտնել. ոմանք իշխանութեան վստահութիւնը սիրաշահելու համար յանձն կ՚առնէին Յուդայութիւն ընել. իսկ ուրիշներ այդ նենգութիւնը կ՚ընէին, որովհետեւ կը նախանձէին: Տարօրինակը, սակայն, այն էր, որ Պարոյր Սեւակ հակառակ Խորհրդային Միութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով քննադատելուն, անոր սկզբունքներուն հակառակ արտայայտուելուն՝ սիրուած էր նաեւ որոշ պատասխանատու ղեկավարներու կողմէ: Սիրուած էր ժողովուրդին կողմէ, սիրուած էր որոշ ղեկավարներու կողմէ, սակայն, միւս կողմէ, հակառակ էր իշխանութեան եւ հետեւաբար իշխանութիւնները ուղղակիօրէն՝ բացայայտ ձեւով չէին կրնար միջամտութիւն ընել՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ անոր համբաւը հայ ժողովուրդէն դուրս եւս սկսած էր տարածուիլ։ Անոր գործերը սկսած էին թարգմանուիլ տարբեր լեզուներու:
Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները վտանգաւոր էին, որովհետեւ իրենց մէջ ունէին պայքարի կոչ. օրինակի համար՝ «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Որ չվախենաս, որ չվարանես, անարդարութեան դէմքը խարանես»։ Խորհրդային Միութեան տարիներուն իշխանութեան կողմէ ի գործ դրուած շատ մը արարքներ կ՚արժանանար ժողովուրդի «լռութեան» եւ «անտարբերութեան»՝ ինչ որ սկզբունք ունեցող մարդու մը համար անընդունելի է։ Այդ իսկ պատճառով իր մէկ այլ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ, թէ կը նախանձի բոլոր անոնց, որոնք «սուտի հանդէպ բերան չեն փակեր»։ Անշուշտ, անարդարութեան դիմաց իրենց բերանները փակողներ շա՜տ շատ կային։ Սեւակի համոզումով՝ անոնց ունեցած սկզբունքը եւս սուտ է. «Սո՛ւտ է… նա միայն իր… աթոռն է սիրում»:
Պարոյր Սեւակի պայքարի ոգին, բարձրաձայնած կոչերը, անշուշտ, գրաւած է իշխանութեան, ինչպէս նաեւ շատ մը մտաւորականներու ուշադրութիւնը. նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին յայտնի օտար բանաստեղծ Ալեքսէյ Սուրքով Պարոյր Սեւակը բնորոշած է որպէս «ազգայնական», մանաւանդ երբ 1951 թուականին տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին Պարոյր Սեւակ իր խօսքին մէջ ըսած է. «Շատ մը հայ բանաստեղծներ իրենց տաղանդով ոչ միայն չեն զիջիր ռուսերուն, այլ երբեմն կը գերազանցեն»։ Պարոյր Սեւակի գրականութեան մէջ կար պայքարի կոչ, դժգոհութիւն, կարօտ ու ցաւ, մինչդեռ Խորհրդային Միութեան բանաստեղծները պարտէին ըլլալ ուրախ ու երջանիկ՝ հպարտ Խորհրդային Միութեան բերած «բարեփոխումներով»:
Խորհրդային Միութեան համար նման սիրուած բանաստեղծ մը բանտարկելը՝ մանաւանդ «խօսքի ազատութիւն» քարոզուած այդ տարիներուն, դժուար էր, հետեւաբար, որոշեցին նախքան մարմնական մահը՝ սպաննել Սեւակի հոգիի աշխարհը. սկսան խիստ ձեւով քննադատել անոր աշխատութիւնները եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան ենթարկել՝ զանոնք կոչելով «ազգային», «այլախոհ», «Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն հակառակ»։ Իր բանաստեղծութիւններուն պատճառով Պարոյր Սեւակ հեռացաւ իր «Գրական Թերթ»ի աշխատանքէն, սկսաւ գրական շրջանակներու մէջ աւելի նուազ տեղ գրաւել, նոյնիսկ փորձ կատարուեցաւ զինք գրողներու միութենէն դուրս դնելու։ Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ կը նշեն, որ գրողներու ժողովներու ընթացքին կ՚անտեսէին անոր ներկայութիւնը. փորձեցին գրական աշխարհին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մէջ Պարոյր Սեւակը ներկայացնել որպէս դէպի սխալ ուղղութիւն ընթացող գրող. այլ խօսքով՝ նախ փորձեցին բանաստեղծը սպաննել բարոյապէս: Մամուլի հին էջերուն մէջ կարելի է գտնել Սեւակի աշխատութիւնները քննադատող բազմաթիւ գրութիւններ։ Աւելի՛ն, շատեր նոյնիսկ փորձած են Պարոյր Սեւակի հեղինակութիւնը որոշ զրպարտութիւններով յետ մահու եւս մրոտել:
Պարոյր Սեւակի շատ մը խօսքերը ուղղակի Խորհրդային Միութեան դէմ բողոք ու ըմբոստութիւն էր. օրինակի համար՝ ան իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր. «Եւ կործանումի սուր հոտ էր փչում, ո՛չ միայն հացից, ջրից ու հողից, այլեւ նաեւ օդից ու քամուց անգամ»։ Նոյն այդ բանաստեղծութեան մէջ Սեւակ կը գրէ. «Ոչ ոք չգիտէր՝ վաղն ի՞նչ կը բերի»։ Եւ իրապէս ո՛չ ոք գիտցաւ, թէ վաղը ինչ պիտի բերէր։ Շատեր (ներառեալ մենք) կը հաւատանք, որ Պարոյր Սեւակի մահը ո՛չ թէ սովորական արկած մըն էր, այլ ծրագրուած սպանութիւն։ Պարոյր Սեւակ ինքնաշարժով Սովետաշէնէն Երեւան կու գար եւ ճամբու վրայ տեղի ունեցաւ արկած մը։ Օրուան քննիչները ժողովուրդի ուշադրութիւնը ցրելու համար մի քանի անհիմն յայտարարութիւններ ըրին. օրինակի համար՝ քննիչը փորձեց «հաստատել», թէ Պարոյր Սեւակ եղած է գինով. ետքը փաստուեցաւ, որ արգելակման խողովակը կոտրուած էր (դիտմա՞մբ, թէ պատահականութեան արդիւնքով՝ չենք գիտեր), սակայն, այս բոլորը շատ աւելի կասկած արթնցուց, երբ 1991 թուականին «այրեցան» Պարոյր Սեւակի արկածի հետ կապուած դատական գործերը։ Տարօրինակ ձեւով հիւանդանոցի արխիւէն եւս կորսուեցաւ 1971 թուականի բժշկական փաստաթուղթերն ու արխիւները: Պարոյր Սեւակը մահուան դատապարտող վարորդը երբեք չձերբակալուեցաւ՝ հակառակ այն փաստին, որ իշխանութիւնը գիտէր վարորդին ո՛վ ըլլալը:
Հայաստանի արխիւներուն մէջ այսօր Պարոյր Սեւակի մահուան վերաբերեալ ո՛չ մէկ փաստաթուղթ գոյութիւն ունի. թէ՛ հիւանդանոցի, թէ՛ դատարանի եւ թէ պետութեան փաստաթուղթերէն ոչնչացած է Պարոյր Սեւակի հետ կապուած ամէ՛ն փաստաթուղթ: Այս մէկը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ մահապատիժ՝ հայրենասէր ու ըմբոստ հայ մեծագոյն բանաստեղծին հանդէպ:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մինչեւ
որ աշխատանքը սիրով չկատարուի ու չվերածուի հաճոյքի, չի տար սպասուած արդիւնք. մինչեւ որ օրէնքներու հնազանդութիւնը գիտակցկան չդառնայ՝ դաստիարակիչ դեր խաղալու տեղ կը խաթարէ թարմ հոգիները՝ բռնակալ ուժերու ճնշումին տակ:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան