ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՐՏՈՒՆՋՔ

«Տրտնջել» կը նշանակէ դժգոհութիւն, ընդհանրապէս ինքն իր վիճակէն։ Երբ պզտիկ դժուարութեան մը կը հանդիպի մարդ, Աստուծոյ տուած հազարաւոր բարիքները մոռնալով, կը սկսի տրտնջիլ։ Այս ուղղութեամբ, իր ունեցածէն դժգոհ եղողը կերպեր, միջոցներ կը խորհի ապօրինի կերպով ուրիշներուն ունեցածը իւրացնել։ Ինքն իր ունեցածէն դժգոհ մարդը «ագահ» կ՚ըլլայ։ Իր դիրքէն եւ վիճակէն կամ պաշտօնէն դժգոհ եղող անձ մը կը բամբասէ եւ զրպարտութիւններ կ՚ընէ ուրիշներուն, որպէսզի անոնց դիրքերուն տիրանայ։ Դժգոհ մարդը նաեւ ոխակալ է եւ նախանձո՛տ։ Իր ունեցածը քիչ տեսնելով կը նախանձի՝ որուն կը յաջորդեն կռիւ, պայքար, ոխակալութիւն, նոյնիսկ սպանութիւններ, եւ այլն։ Մեղքերու շատերը, եթէ ոչ բոլորը, ինքնադժգոհութենէն կը ծնին։ Դժգոհութիւնը, արդարեւ, մարդուս հոգեւոր եւ մտային կեանքին համար վնասակար զգացում մըն է, ախտ մը, հիւանդութիւն մը՝ որ դարմանումի կը կարօտի։ Աստուած ալ չի սիրեր տրտունջ ընողները եւ ո՛չ ալ մարդիկ կ՚ախորժին տեւական տրտունջողներէ։

Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, թէ Իսրայէլի ժողովուրդին տրտունջին պատիժ եղաւ կիզող՝ այրող օձերու խայթուածքը։ Երբ օձը խայթէր, խայթած տեղը կը կարմրէր, կ՚այրէր, եւ հետզհետէ մարմնոյն մնացած մասերը տարածուելով, անձը կը մեռնէր։ Արդարեւ, դժգոհութիւնը կ՚այրէ մարդուն հոգին եւ կը մեռցնէ զայն։ Ան կ՚այրէ մարդուն սիրտը, կը խանձէ անոր խիղճը, եւ յաճախ ոխով եւ ատելութեամբ կը լեցնէ զայն ուրիշներուն հանդէպ, զորոնք կը կարծէ, թէ իրմէ աւելի բաղձալի վիճակներու մէջ կ՚ապրին։

Թունաւոր օձը «Սատանա»ն է՝ որ անհանգիստ կ՚ընէ մարդը իր վիճակէն դժգոհ ընելով։ Մարդուն ուրախութիւնը կ՚առնէ իրմէ, խաղաղութիւնը կը կորսնցնէ եւ գանգատելով Աստուծոյ, կ՚ըմբոստանայ անոր դէմ, կը մեղանչէ եւ յաւիտենական կրակին մէջ այրելու արժանի կ՚ըլլայ։ «Որովհետեւ անօրէնութիւնը կրակի պէս կ՚այրէ». (ԵՍ Թ 1)։

Ուրեմն, ի՞նչ է դարմանը «Սատանայ»ին խայթուածքէն փրկուելու։ «Եւ ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս պէտք է որ Մարդու Որդին բարձրանայ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի հապա յաւիտենական կեանք ունենայ». (ՅՈՎՀ. Գ 14-15)։

Հրաշալի՜ են Աստուծոյ գործերը։ Շատ անգամ անհասկնալի, անիմանալի՝ մարդկային միտքով։ Ան թէեւ կը պատժէ, բայց միեւնոյն ատեն կը սիրէ ալ։ Ան կ՚ողորմի, կը գթայ, բայց նաեւ արդա՛ր է։ Իբր արդար Աստուած մեղքին համար կը պատժէ, բայց, մարդ երբ կը խոստովանի իր մեղքերը, իբր գթոտ Հայր՝ այդ պատիժը քաւելու համար միջոցներ կը կարգադրէ։ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, թէ երբ Ադամ եւ Եւա մեղանչեցին, Աստուած անիծեց օձը եւ ըսաւ. «Կնոջ սերունդը քու գլուխդ պիտի ջախջախէ». (ԾՆՆԴ. Գ 15)։

Կնոջ սերունդէն եկող Յիսուս Գողգոթայի լերան վրայ օձին գլուխը ջախջախեց։

Աստուած անապատին մէջ օձէն խայթուող ժողովուրդին՝ փայտին վրայ բարձրացած պղինձէ օձով մարմնական բժշկութիւն տուաւ եւ Գողգոթայի խաչափայտին վրայ բարձրացած Քրիստոսով մեղաւորներու հոգեկան բժշկութիւն եւ փրկութիւն բերաւ։

Զարմանալի չէ՞, որ մարդիկ օձով կը խայթուին եւ օձին նայելով կը բժշկուին. նոյնպէս առաջին Ադամով մեղքը աշխարհ կը մտէ եւ երկրորդ Ադամով, այսինքն Քրիստոսով, մեղքը կը վերցուի եւ դատապարտութիւնը կը վերանայ։ Առաջին Ադամին անհնազանդութեան պատճառով դրախտէն զրկուեցաւ մարդը եւ անոր մեղքին պատճառով անէծքի տակ մտաւ, բայց երկրորդ «Ադամ»ին հնազանդութեան շնորհիւ մարդ արդարացաւ, իր յոյսը հաստատուեցաւ եւ անոր վէրքերովը մարդը բժշկուեցաւ եւ յաւիտենական անէծքէ ազատուելով յաւիտենական երանելի կեանքի արժանացաւ։

Ինչպէս պղինձէ օձը պէտք էր բարձրանար փայտին վրայ, որպէսզի մարդիկ անոր նայէին եւ բժշկուէին, նոյնպէս ալ Որդի Մարդոյ պէտք էր բարձրանար խաչին վրայ՝ որպէսզի մարդիկ անոր նայելով փրկուէին։ Ուստի, դարմանուելու համար միայն նայիլ պէտք է, պղինձէ օձի պարագային՝ ֆիզիքական աչքերով, իսկ Քրիստոսի պարագային հոգեկան աչքերով։

Որչա՜փ դիւրին կերպ մը… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 31, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 1, 2026