ԲՆԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆԸ

Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ մարդկային միտքը տեւական զարգացումի մը մէջ է՝ արհեստագիտութիւնը զգլխիչ արագութեամբ կը յառաջանայ, ո՛չ մէկ կասկած այս մասին։ Բայց, պէտք չէ նպատակը եւ միջոցը շփոթել, այլ՝ զանազանել իրարմէ։

Արհեստականը կը ծնի մարդկային բնատուր բանականութենէն եւ այս իմաստով, արհեստականը պէտք չէ՛ տիրապետէ բնականին, քանի որ «… ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ…». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 16)։

Վերջին դարերուն սա կարգախօսը նորոյթի կարգ էր անցած. «Մարդ ո՛չ մէկ բանի վրայ պէտք է զարմանայ»։ Ասիկա, սակայն, ժամանակի գաղափարախօսներու թիւ մէկ ըմբռնումն էր, քանի որ, այնտեղ՝ ուր մարդ կը զարմանայ, ուր մարդ կը հիանայ եւ որուն հետեւանքով ալ հարցումներ կ՚ընէ, ահա, այնտեղ կը սկսի յատկապէս, իր «մարդ» ըլլալու հանգամանքը։ Եւ ինչո՞ւ արդեօք. որովհետեւ մարդ էակը ո՛չ թէ բնազդային եւ անասնական արարած մըն է լոկ, այլ՝ անասուններէն, անբաններէն շատ գերիվեր գոյացութիւն մը, արարած մը՝ օժտուած բանաւոր հոգիով։ Եւ սակայն, հակառակ իր այս գերադաս վիճակին, ամէն մարդ, դժբախտաբար, բանաւոր եւ իր կոչումին համապատասխան եւ արժանի կեանք մը չի՛ յայտնաբերեր իր մէջ։

Հասուն մարդը պէտք է զարմանալը, խորհիլը սորված ըլլայ, որպէսզի կարենայ իր քննադատական դատողութիւնը կատարէ։ Չէ՞ որ իմաստասիրութիւնը ծնունդ կ՚առնէ նախ զարմանալով, ինքն իր մէջ հարցումներ ստեղծելով. «ի՞նչ», «ինչո՞ւ», «ինչպէ՞ս»։

Գալով խորհելու կամ պատճառաբանելու հարցին՝ մարդուն ծանօթութիւնները եւ տեղեկութիւնները այլազան են, որոնց վերլուծումով միայն ան ուղիղ եզրակացութեան պիտի կարենայ հասնիլ։ Եւ կարգը կու գայ վերջապէս ըմբռնելու, թէ ի՞նչ է աշխարհի գոյութեան իմաստը եւ մարդ ինչո՞ւ համար կայ եւ կ՚ապրի, միայն թէ իր իմացականութիւնը սահմանաւոր ըլլալուն, ինք իրմէ ամէն հարցի լուծումը գտնելու կարող չէ՛ եւ պիտի չըլլայ երբե՛ք։ Եթէ բնական բանականութիւնը անկարող է ամէն հարցի լուծում գտնելու՝ ապա ուրեմն բնականէն գոյութիւն ստացած արհեստականը ո՞րքան կրնայ պատասխանել հարցումներուն եւ թէ ո՞րքան կարելի է վստահիլ անոր։

«Ծառան աւելի մեծ չէ, քան՝ տէրը»։ Երբ բնական բանականութիւնը սահմանաւոր է, ապա ուրեմն արհեստականը ո՞րքան անսահման կրնայ ըլլալ եւ վստահիլ։ Այլապէս, արհեստական բանականութիւնը՝ մարդուս բնական բանականութեան ամլութեան եւ անբերրիութեան պատճառ կրնայ դառնալ հետզհետէ՝ ծուլութեան, անաշխատութեան եւ անգործութեան մատնելով զայն։ Ուստի, միջոցը նպատակին, առարկան բուն մտադրութեան տեղը պէտք չէ՛ գրաւէ։

Առարկան եւ միջոցը՝ բարի է եւ օգտակար, երբ ան նպատակայարմար գործածուի. կարեւորը գործիքը չէ՛, այլ՝ գործելակե՛րպը։ Մարդ առանց գործելու, առանց իր բնական բանականութեան վստահելու երբեք իր նպատակին չի կրնար հասնիլ։ Եւ ո՜րքան ցաւալի է տեսնել՝ մարդ արարածին իր բնական բանականութեամբ կերտած արհեստական բանականութեան գերին դառնալը…

Պէտք չէ՛ մարդ գերին դառնայ իր ձեռակերտ առարկաներուն, ինչպէս ձեռակերտ կուռքերու, չաստուածներու…

Արդարեւ, արհեստական բանականութիւնը՝ բնական բանականութեան շինած մէկ «օգտակար» եւ «օգնական»ի հանգամանքներով միջոց մը, առարկայ մըն է, եւ ո՛չ կուռք։ Ուստի, ամէն բան արհեստական բանականութենէն սպասել, զայն ամենագէտ համարել եւ մանաւանդ անոր յանձնուիլ՝ մարդկային արժանապատուութեան վիրաւորանք է. մարդկային բնական բանականութեան՝ դաւադրութի՛ւն։ Մարդ պէտք չէ՛ յանձնուի բոլորովին արհեստական բանականութեան, պէտք չէ՛ յանձնատուր ըլլայ անոր՝ որպէս թէ ան ամենակարող, ամենատես ըլլար։

Պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ եթէ չըլլար բնականը՝ անոր կրկնօրինակը արհեստականը երբեք գոյութիւն պիտի չունենար. երբե՛ք։

Սա անուրանալի, պատմականօրէն ապացուցուած իրականութիւն մը եւ ճշմարտութիւն մըն է, որ մարդ եթէ պարտուի՝ գերի՛ն կ՚ըլլայ պարտողին։ Մարդ թող չպարտուի արհեստականին, երբ կա՛յ բնականը… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2026