ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԱՏԹ. Ե 3-12

«Երանութիւններ»ը սիրտն են Յիսուսի քարոզութեան։ Անոնց հռչակումը կրկնութիւնն է այն խոստումներուն՝ որոնք տրուած են «ընտրեալ» ժողովուրդին՝ սկսեալ Աբրահամէն։ Երանութիւնները կ՚ուրուագծեն դիմագիծը Յիսուս Քրիստոսի եւ կը նկարագրեն Անոր սէրը։ Անոնք կ՚արտայայտեն կոչումը հաւատացեալներուն, որոնք բաժնեկից են Անոր չարչարանքին եւ Յարութեան փառքին։ Անոնք կը լուսաւորեն յատկանշական կեցուածքները եւ գործերը քրիստոնեայ կեանքին։ Անոնք յարակարծիք խոստումներ են, որոնք թիկունք կը կանգնին յոյսին՝ տառապանքներու եւ նեղութիւններու մէջ։ Անոնք կը հռչակեն օրհնութիւնները եւ վարձատրութիւնները՝ որոնք արդէն տարտամ կերպով շահուած են աշակերտներուն կողմէ։

Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի. Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարողն է լիացնելու զինք։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Մենք ամէնքս անտարակոյս կ՚ուզենք ապրիլ երջանիկ, եւ մարդկային ցեղին մէջ չկայ մէկը՝ որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած»։

Իսկ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Միայն Աստուած յագուրդ կու տայ»։

Եւ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Արդեքօ ես ի՞նչ ձեւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր, որովհետեւ Քեզ փնտռելով, Աստուա՜ծ իմ, ես կը փնտռեմ երջանիկ կեանքը։ Ըրէ՛ որ Քեզ փնտռեմ, որ ապրի հոգիս, որովհետեւ մարմինս կ՚ապրի հոգիովս, իսկ հոգիս կ՚ապրի Քեզմով»։

Այս ուղղութեամբ երանութիւնները կը յայտնեն մարդկային գոյութեան նպատակը եւ վերջին վախճանը մարդկային գործերուն. Աստուած մեզ Իր երանութեան կը կանչէ։ Այս կանչը կ՚ուղղուի անձնապէ՛ս մեզմէ իւրաքանչիւրին, ինչպէս նաեւ ամբողջ Եկեղեցիին՝ որ «նոր ժողովուրդ»ն է՝ բաղկացած մարդոցմէ, որոնք խոստումը ընդունեցին եւ զայն կ՚ապրին հաւատքով։

Նոր կտակարանը կը գործածէ բազմաթիւ ասացուածքներ, յատկանշելու համար այն երանութիւնը՝ որուն Աստուած կը կանչէ մարդը. Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը. (ՄԱՏԹ. Դ 17), Աստուծոյ տեսիլքը. «Երանի՛ սրտով սուրբերուն, որովհետեւ անոնք պիտի տեսնեն Աստուած». (ՄԱՏԹ. Ե 8). մուտքը Տիրոջ ուրախութեան մէջ (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21, 23), մուտքը Աստուծոյ հանգիստին մէջ. (ԵԲՐ. Դ 7-11)։ 

«Երանութիւնը մեզ մասնակից կ՚ընէ աստուածային բնութեան…». (Բ ՊԵՏՐ. Ա 4)։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հոն պիտի հանգչինք եւ տեսնենք։ Պիտի տեսնենք եւ սիրենք, պիտի սիրենք եւ գովաբանենք։ Ահաւասիկ ինչ պիտի ըլլայ մեր անվախճան վախճանը։ Մենք ուրիշ ի՞նչ վախճան ունինք, եթէ ոչ հասնիլ արքայութեան, որ վախճան պիտի չունենայ»։ Այսպիսի երանութիւն մը կը գերազանցէ իմացականութիւնը եւ սոսկական մարդկային ուժերը։ Ան կը բխի Աստուծոյ ձրի մէկ պարգեւէն։ Ասոր համար զայն գերբնական կը կոչենք, ինչպէս շնորհքը՝ որ տրամադիր կ՚ընէ մարդը մտնելու աստուածային ուրախութեան մէջ։

Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի։ Աստ-ւած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարողն է լիացնելու զինք եւ խոստացուած երջանկութիւնը կը դնէ մեզ բարոյական վճռական ընտրանքներու դիմաց։ Կը հրաւիրէ մեզ մաքրազտելու մեր սիրտը իր յոռի բնազդներէն եւ ամէն բանէ վեր՝ փնտռելու Աստուծոյ սէրը։

Ան կ՚ուսուցանէ մեզի, թէ ճշմարիտ երջանկութիւնը չի՛ կայանար հարըս-տութեան կամ բարեկեցութեան մէջ, ո՛չ մարդկային փառքին կամ հզօրութեան մէջ, ոչ ալ մարդկային որեւէ գործի մը մէջ, այլ միա՛յն Աստուծոյ մէջ՝ աղբիւր ամէն բարիքի եւ ամէն սիրո՛յ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026