ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդային Միութեան տարիներուն նման կոմիտէութեան մը ստեղծումը քիչ մը կրնայ տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ բացայայտ կամ անյայտ ձեւերով կոմիտէութիւնը իր աշխատանքով հայրենասիրութիւն եւ հայապահպանութիւն կը քարոզէր։ Կոմիտէի գործունէութիւնը ունէր գաղափարական բնոյթ, ինչ որ շատ անգամ կրնար հակասել Խորհրդային Միութեան սպասումներուն: Նորաստեղծ այս կոմիտէութիւնը համոզուած էր, որ մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը պահելու ամենէն կարեւոր սիւներէն մէկը մայրենի լեզուն, հայկական դպրոցն ու մշակոյթն է։ Կոմիտէն կը հաւատար, որ պէտք է առաւելագոյնը ի գործ դնել՝ սփիւռքը այդ սիւներուն վրայ հաստատ պահելու համար։ Այդ իսկ պատճառով կոմիտէն ամէն տարի սփիւռք կը ղրկէր հազարաւոր դասագիրքեր, գեղարուեստական ու հայագիտական աշխատութիւններ, երաժշտական գործիքներ, ձայնապնակներ ու տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ հայկական մամուլ՝ որպէսզի այդպիսով յաջողին կապ մը ստեղծել սփիւռքի մէջ բնակութիւն հաստատած եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայուն միջեւ։ Կոմիտէն կը հաւատար, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդը իր հայութեան մէջ պահելու լաւագոյն միջոցը դպրոցն է, այդ իսկ պատճառով կը կազմակերպէր ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ. սփիւռքի տարբեր շրջաններէն ուսուցիչներ կը հրաւիրուէին Հայաստան՝ վերապատրաստուելու։ Կոմիտէն շատ անգամ Հայաստանէն ուսուցիչներ կը գործուղէր դէպի սփիւռք։ Աւելի՛ն, կոմիտէն կ՚աջակցէր սփիւռքէն ուսման նպատակով հայրենիք եկած հայորդիներուն՝ ապահովելով անոնց կեցութիւնը, ընդունելութիւնն ու ուսումը:
Մշակոյթը կենդանի պահելու համար կոմիտէն կը փորձէր կապ դառնալ սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ապրող արուեստագէտներուն։ Գրողներ, գիտնականներ, նկարիչներ եւ այլ ոլորտի մասնագէտներ կոմիտէութեան հովանիին տակ ժողովներ գումարելով՝ կը փորձէին զիրար ճանչնալ, սորվիլ ու զարգանալ եւ այս մէկը լաւագոյն միջոցն էր Հայաստանի մշակոյթը սփիւռքի մէջ եւ սփիւռքի մշակոյթը Հայաստանի մէջ ներկայացնելու համար:
Այս մշակոյթը իրականութեան մէջ միակն էր, որ սփիւռքը կը կապէր հայրենիքին։ Կոմիտէութիւնը իր աշխատութիւններուն մէջ միշտ տեղ կու տար սփիւռքին ու արեւմտահայերէնին։ Հայաստանի ձայնասփիւռնէն յաճախ կը լսուէր արեւմտահայերէնը, արեւելահայ հասարակութիւնը կը ծանօթանար սփիւռքահայ գրողներու։ Այդ ժամանակաշրջանին էր, որ Հայաստանի մէջ լսելի դարձաւ որոշ արեւմտահայ գը-րողներու անունները. ինչպէս՝ Շահան Շահնուր, Զարեհ Որբունի եւ ուրիշներ: Եթէ աչքէ անցընենք այդ ժամանակաշրջաններու հայկական մամուլը, ապա պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս արեւելահայ թերթերը կը տպագրէին արեւմտահայ գրողներու եւ արեւմտահայ թերթերը արեւելահայ գրողներու աշխատութիւններ։ Մամուլի ճամբով էր, որ սփիւռքի մէջ արդէն ճանչցուած ու տարածուած էր Պարոյր Սեւակի, Յովհաննէս Շիրազի եւ այլոց աշխատութիւնները:
Օրուան մամուլը կոմիտէութեան աշխատութեան մասին կը գրէր. «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն ստեղծեց եւ համակարգեց հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու առաջին համահայկական կազմակերպուած համակարգը՝ նպաստելով հայ ինքնութեան, հայոց լեզուի, հայկական կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման՝ ամրապնդելով Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ մշտական կապերը»:
Այստեղ պէտք է հարցականի տակ դնել «մշտական» բառի գործածութիւնը, որովհետեւ այն դրական գործակցութիւնը, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն՝ խիստ պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ, այսօր ազատութեան մէջ տեղի չ՚ունենար։ Այն տարիներուն՝ երբ հայրենասիրութիւնը «վտանգաւոր» էր, հայ ժողովուրդը շատ աւելի աշխատանք տարաւ այդ ուղղութեամբ՝ քան այսօր։ Մշակութային գետնի վրայ այսօր Հայաստան եւ սփիւռք այնքան ալ կապուած չեն իրարու՝ այնպէս ինչպէս կապուած չեն կրթական, գիտական, երաժշտական եւ այլ ոլորտներով:
Անկախութեան տարիներուն ծնունդ առաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Այդ նախարարութեան ստեղծումը դրական արձագանգ գտաւ, սակայն, անոր կատարած դրական աշխատութիւնը ուսումնասիրութեան կը կարօտի։ Այդ նախարարութիւնը երկար կեանք չունեցաւ։ Անոր յաջորդեց սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը, սակայն, թէ՛ առաջինին եւ թէ վերջինին պարագային ամուր կապեր հաստատել հնարաւոր չեղաւ։ Սփիւռքի մէջ հայ մամուլը, հայ դպրոցը կարիք ունեցաւ օգնութեան, սակայն, հայրենիքը չկրցաւ ձեռք մեկնել։ Հայրենիքի մէջ որոշ կարիքներու պէտք զգացուեցաւ՝ սփիւռքը չկրցաւ աջակցիլ (անշուշտ, ո՛չ նիւթականի պարագային)։ Նոյն խնդիրը ունինք մինչեւ օրս։ Հայրենիքը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ նեցուկ դառնալ սփիւռքի մէջ իր գոյութիւնը պահել փորձող հայկական դպրոցին կամ մամուլին։ Այս բարոյական հեռաւորութիւնը մի՛շտ պատնէշ մը ստեղծեց արեւմտահայուն եւ արեւելահայուն միջեւ, որոնք երբեք նոյն ազգին զաւակները չկրցան դառնալ։ Անունով բոլորն ալ հայ են, սակայն, մտածելակերպով, մշակոյթով ու բար-քերով ամբողջութեամբ տարբեր:
•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կեանքը ծով մըն է, ալիքները կը զարնեն ու մարդիկը իրարու կը մօտենան. կու գան նորէն ալիքները, կը զարնեն ու մարդիկները իրարմէ կը զատեն:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան