ՆՈՐ ՀԱՅԵՐԸ
Յաճախ հրապարակախօսութիւններով, քննադատութիւններով մերօրեայ նոր սերունդը կ՚ամբաստանենք ինքնութեան նահանջի մէջ եւ հին սերունդը շատ աւելի հայրենասէր կը նկատենք, սակայն, կը մոռնանք, որ մեր ներկան հիմնուած է ապագային վրայ եւ իւրաքանչիւր նոր սերունդ կամայ-ակամայ իր մէջ ունի հին սերունդէն բաժին մը՝ դաստիարակութիւն մը, որ մեծ ու կարեւոր դեր ունի անոր այսօրուան ինքնութեան մէջ: Բայց եւ այնպէս, պէտք է ընդունիլ, որ նոր սերունդին չափ եւ գուցէ աւելի մեղաւոր է հին սերունդը, որովհետեւ եթէ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը ամուր հիմքերու վրայ հիմնուած ըլլար՝ ապա անոնք մերօրեայ վիճակը պիտի չունենային՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Կեանքի մէջ դէպք մը մէկէն ի մէկ դժուար թէ ի յայտ գայ։ Այնպէս մը չէ, որ քնացանք եւ առտու մը մեր աչքերը բացինք հայերէն չգիտցող սերունդի մը դիմաց։ Հայու ինքնութեան տկարացումը աստիճանական անկում ապրեցաւ եւ այդ անկումը չկանխելն է, որ մեզ հասցուց այստեղ։ Բազմաթիւ մտաւորականներ այդ անկումը կը բարձրաձայնէին տակաւին տասնամեակներ առաջ։ Խմբագիր ու հրապարակախօս Պօղոս Սնապեան տակաւին 1970-ական թուականներուն կը բարձրաձայնէր կարեւոր այս հարցը, որպէս բողոք գրելով. «Նոր հայը» հայերէն չի գիտեր, օտար լեզուներու միջոցով կը ճանչնայ իր հայութիւնը, հայութեան նուաճումները, կտրած ճամբան, հեռանկարները»։ Անշուշտ, այս մէկը Սնապեանի ժամանակ որպէս քննադատութիւն կարելի էր դիտուիլ։ Նկատի ունենալով, որ մեր ներկան շատ աւելի թշուառ երեւոյթ մը ունի, հետեւաբար, երանելի սերունդ պէտք էր նկատել Սնապեանի նկարագրած «Նոր հայ»ը, որովհետեւ այսօր օտար լեզուներով իր սեփական ազգին, ինքնութեան համար հետաքրքրուող երիտասարդները նոյնիսկ կը պակսին: Գէթ այն ժամանակ հայերէն չգիտցող երիտասարդը օտարին լեզուով հետաքրքրուած էր իր ազգով, իր ինքնութեամբ. Պօղոս Սնապեան այս մէկը դրական կը նկատէր հետեւեալ արտայայտութեամբ.
«Լա՛ւ է, որ ունինք այս տիպարը, Ֆրանսայի մէջ ֆրանսացիի ու հայու պէս մտածող, Ամերիկայի մէջ ամերիկացիի ու հայու պէս ապրող, Յունաստանի, Պարսկաստանի, արաբական երկիրներու մէջ նոյն կրկնակ արժէքները ներկայացնող այդ տիպարները»։ Այս տողերու լոյսին տակ պէտք է ինքնութեան կորուստը դիտել հետեւեալ կերպով. գաղթական առաջին սերունդը երբ հասաւ օտար ափեր, ապրեցաւ հայու պէս։ Օտար երկիրի, օտար մշակոյթի մէջ այդ սերունդը երբեք ֆրանսացիի եւ կամ ամերիկացիի պէս չկրցաւ ապրիլ։ Անոնց յաջորդեցին ապագայ սերունդները՝ որոնք լոյս աշխարհ եկան օտարութեան մէջ: Փոքր տարիքէն այդ մթնոլորտին մէջ ապրելով՝ յաջողեցան իրենց մէջ մէկտեղել հայն ու ամերիկացին։ Անոնց մօտ հայութիւնը շատ աւելի շեշտուեցաւ, սակայն, հեռու չմնաց նաեւ ամերիկացին կամ ֆրանսացին։ Երրորդ սերունդը, սակայն, եկաւ երեւոյթ մը փոխելու. հայ-ֆրանսացին սկսաւ դառնալ ֆրանսացի-հայ։ Անոնց մօտ ֆրանսացի ըլլալը շատ աւելի սկսաւ շեշտուիլ՝ քան հայը։ Նախորդ սերունդը հայերէն մտածելով ֆրանսերէն կ՚արտայայտուէր, սակայն, երրորդ սերունդը սկսաւ ֆրանսերէն մտածել ու հայերէն արտայայտուիլ։ Անշուշտ, Ֆրանսան այստեղ պարզապէս օրինակ մըն է. նոյն դժբախտութիւնը գրեթէ բոլոր գաղութներու մէջ տեղի ունեցաւ։ Չորրորդ սերունդը եղաւ ամբողջութեամբ տարբեր՝ մա՛նաւանդ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ շատերու հայ ինքնութեան համար եղաւ վերջին սերունդը, որովհետեւ անոնց յաջորդող միւս սերունդները հայ կոչուելու համար ո՛չ լեզու, ո՛չ ինքնութեան գիտակցութիւն եւ ո՛չ ալ անուններ ունէին։ Անշուշտ, այստեղ պէտք է մեղադրել նախորդ սերունդները եւ ո՛չ չորրորդը, որովհետեւ սերունդները իրարու կը յաջորդեն այնպէս՝ ինչպէս շէնքի մը յարկերը։ Եթէ առաջին յարկը լաւ հիմքերու վրայ դրուած չէ, ապա երկրորդ յարկը լաւ հիմքեր չի՛ կրնար ունենալ:
Անշուշտ, այս հիմքերու տկարացումը միայն հայրենասիրութեան պակասի արդիւնք մը չէր. կեանքն ու պայմանները ունէին իրենց կարեւոր դերը։ Գաղթական առաջին սերունդը դուրս կը ձգենք մեղաւորներու շարքէն, որովհետեւ անոնք արհաւիրքը տեսած, դժոխքը ապրած, դժուար թէ կարենային ընել իրենց վրայ դրուած ծանրագոյն պարտաւորութիւնը։ Երկրորդ սերունդը ունէր ամբողջութեամբ տարբեր մարտահրաւէր. օտարութեան մէջ որպէս հայ ապրելէ առաջ, ապրելու դժուարին մարտահրաւէրը։ Պէտք է սորվէին լեզու, պէտք է շաղուըւէին տեղի հասարակութեան հետ եւ աշխատանքով ձայն մը, անուն մը կարենային ձեռք բերել. իրենց գոյութիւնը պահելու համար պէտք է աշխատէին ու ապրէին նոյնիսկ օտարի անուան տակ, որովհետեւ ունէին ընտանիք, ունէին պատասխանատուութիւն։ Դժուարին այդ պայմաններուն մէջ ո՛չ հայրենիքը եւ ո՛չ հայրենասիրութիւնը իրենց գոյութիւնը ապահովել պիտի չկարենային։ Հետեւաբար, որպէս հայ եւ քիչ մըն ալ որպէս օտար եւ որպէս ամէ՛ն ինչ՝ պարտաւոր էին իրենց գոյութիւնը ապահովել: Եթէ անոնք չունենային այդ դժուարին պայքարը, գուցէ հայութեան վիճակը այսօր սփիւռքի մէջ ըլլար ամբողջութեամբ տարբեր. գուցէ աւելի խաղաղ ու հանգիստ պայմաններու մէջ ապրելով անոնք կարենային աւելի զարկ տալ հայրենասիրութեան։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ այդ պայմաններուն մէջ նոյնիսկ շատ մը հայեր յաջողեցան կառուցել դպրոց, եկեղեցի, ակումբ ու մամուլ։ Անո՛նք են, որ յաջողեցան ապրեցնել ու պահել հայութիւնը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, կազմեցին փոքրամասնութիւն։ Ուրիշներու համար (ինչպէս ամէն պարագայի) սեփական գոյութիւնը ապահովելը՝ մա՛նաւանդ եթէ ընտանիք ունին, շատ աւելի առաջնահերթ էր, քան ինքնութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Վերջապէս
ի՞նչ է ամուսնութեան բուն նպատակը. երկուքով սկսուած եւ երկուքով վերջացած կեա՞նք մը. ամենեւի՛ն. եթէ նորանոր էակներ, քու միսէդ, արիւնէդ ու հոգիէդ բխած, չգան քաղցրացնել կեանքը եւ անոր մահացու միօրինակութիւնը վրդովել, ամուսնական կեանքը անշուշտ ամենէն ձանձրալի ձեւն է կեանքին:
ԵՐՈՒԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան