ՍԱՐՈՅԵԱՆ ԼԱՒԱՏԵՍԸ

Մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեան մեր թուականէն 54 տարիներ առաջ՝ 1972 թուականին, Հայկազեան քոլէճի տնօրէն պրն. Ճան Մարգարեանի հրաւէրով կ՚այցելէ Լիբանան եւ ի տես այդտեղ ապրող հայ ժողովուրդին, գործող հայկական կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ կ՚ըսէ. «Այս կեանքն անուշ է. ամէն հայ աղէկ է, գէշ մարդ չկայ, իսկ գէշ հայ՝ երբե՛ք...»: Սարոյեան կեանքի դժուարութիւններուն լաւապէս ծանօթ ըլլալով հանդերձ լաւատես գրող մըն է. գրող՝ որ հակառակ դժուարութիւններուն, աղքատութեան, կորուստին ու օտարութեան զգացումին՝ միշտ կ՚ընտրէ ապրելու ճամբան։ Սարոյեան կը սիրէ ապրիլ կեանքը իր լաւ ու վատ կողմերով, որովհետեւ կը հաւատայ, որ կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը ունի իր արժէքն ու կարեւորութիւնը. Բացասականը անոր համար պարզապէս զաւեշտ մըն է՝ որմէ կարելի է պարզապէս դաս քաղել: 

Սարոյեանի լաւատեսութիւնը կարելի է գտնել գրեթէ իր բոլոր աշխատութիւններուն մէջ. նոյնիսկ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակաշրջանին գրուած անոր աշխատութիւնը իր մէջ պատերազմի ողբերգական դէպքեր ու տեսարաններ չունի, ընդհակառակն, անոր մէջ լայն տեղ տրուած է բարութեան ու մարդկային կապերուն: Սարոյեանը միւս գրողներէն տարբերողը, սակայն, իր լաւատեսութիւնը չէ, որովհետեւ հայ գրականութեան ընթացքին ունեցած ենք բազմաթի՜ւ ծանօթ ու անծանօթ լաւատես գրողներ, Սարոյեանի տարբերութիւնը միւս գրողներէն գրականութիւնը զգացական ազդեցութենէն դուրս ձգելու կարողութիւնն է. օրինակի համար, եթէ կարդանք Շահնուր, այդտեղ պիտի տեսնենք տխրութիւն, ջղային իրավիճակ, երազական դրուագներ, իղձեր ու ձգտումներ, տագնապ ու տառապանք, մինչ Սարոյեան հեռու այդ բոլորէն կը գրէ պարզ, առօրեայ կեանքի եւ եղելութիւններու մասին։ Հայ մամուլի մէջ Սիմոն Սիմոնեան խօսելով Սարոյեանի մասին կը գրէ. «Սարոյեան իր անձին ու գործին օրինակով կ՚ուսուցանէ գրել գիտցածիդ մասին, տեսածիդ ու ապրածիդ մասին, անմիջական ու ներկայ նիւթին մասին, երեխայական անկեղծութեամբ ու աղբիւրի անհրահանգ բխումով, առանց գրական հանգանակներու, խնդուքով ու բարձրաձայն, անկեղծութեամբ, ճշմարտութեամբ եւ մասամբք նորին: Կարծէք ըսել կ՚ուզէ, որ հայագիր հայ գրողները նիւթէն դուրս են, պատրանախաբութեան մէջ են...»: Անշուշտ, միւս գրողները «պատրանախաբ» կոչելը այնքան ալ ճիշդ ու տեղին չենք գտներ։ Սարոյեանի գրականութիւնն ու միւսներունը նոյն նժարի վրայ կարելի չէ դնել. գրողները իրենց գրականութենէն ու ոճէն բացի, պէտք է համեմատել իրենց միջավայրով, իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներով, ազգային կեանքին մէջ իրենց ունեցած ներդը-րումով։ 

Սարոյեանի լաւատեսութիւնը պէտք չէ ընդունիլ որպէս հոգեբանական յատկանիշ։ Այնպէս մը չէ,, որ լաւատես գրողը լաւատեսութեամբ կը գրէ, իսկ յոռետեսը՝ յոռետես։ Սարոյեանի լաւատեսութիւնը բնաւորութենէն աւելի ընտրութիւն մըն է։ Գրականութեան մէջ ունեցած ենք ամբողջութեամբ հակասական երկու երեւոյթներ. ոմանք՝ ինչպէս Շահան Շահնուր, փորձած են սխալները սրբագրել բարկութեամբ, ջղայնութեամբ, քննադատութեամբ եւ հաւատացած են, որ սրբագրութեան ճամբան այդ է, մինչ Սարոյեան հաւատացած է, որ սրբագրութիւն եւ դէպի յաղթանակ տանող ճամբան բացասականը թօթափելով լաւատեսութեան վրայ կեդրոնանալն է։ Ոմանք յոռետես գրականութիւնը կը կոչեն «ողբ», որովհետեւ անցեալի (ինչպէս նաեւ ներկայի) մէջ տեղ գտած սխալներն է, որ կու լայ, մինչ լաւատես գրականութիւնը բացասականը քննարկելու եւ քննադատելու փոխարէն՝ դէպի լաւատեսութիւն, դէպի աշխատանք ու արդիւնք կ՚ուզէ առաջնորդել:

Ի դէպ, Յակոբ Պարոնեան եւ Երուանդ Օտեան եւս երգիծագիր ըլլալով հանդերձ՝ «լաւատես» անձեր չենք կրնար նկատել։ Անոնք կատակն ու ծիծաղը կը գործածէին որպէս զէնք՝ բարձրաձայնելու եւ քննադատելու համար ընկերութեան մէջ տեղ գտած սխալները։ Սարոյեան իր հերոսներուն հետ դրական մօտեցում ունի, մինչ Օտեան եւ Պարոնեան մինչեւ իսկ վիրաւորելու աստիճան յաճախ կը սաստկացնեն իրենց կատակ-գրութիւնները: 

Սարոյեան կը հաւատայ, որ դժուարութիւնները լաւատեսութեան վերածելն ու ամէն տեսակ նեղութիւններով հանդերձ դէպի ապագայ առաջնորդուիլը շատ աւելի ուժ կ՚ուզէ՝ քան քննադատելը: Սարոյեան եօթ տարեկանին դպրոցէն հեռու ստիպուած էր մայթերու վրայ աշխատելու։ Իր իսկ վկայութեամբ՝ վռնտուած էր դպրոցէն։ Այնպէս չէ, որ Ամերիկայի մէջ լոյս աշխարհ եկած ըլլալով ապահով ու հանգիստ կեանք մը ունեցած էր։ Այո՛, միւս գը-րողները տարբեր էին այն պատճառով, որ տեսած էին ցեղասպանութիւնը, տեսած էին սփիւռքի գաղութներու նախնական դժուարին վիճակները, աւելի՛ն, տեսած էին կուսակցական-եղբայրասպան կռիւներն ու հակառակութիւնները: Այս տարբերութիւնն է, որ առիթ տուած է որոշ հայ գրողներու Սարոյեանը կոչել «պարզունակ» եւ անոր գրականութիւնը յաճախ որակել «մանկական»։ Այո՛, Սարոյեան չտեսաւ անապատի դժուարութիւնները, սակայն, այդ ցաւը՝ հակառակ իր լաւատեսութեան՝ իրը նկատեց։ Սարոյեան փորձեց միշտ կապուած մնալ իր արմատներուն։ Հակառակ անգլերէն լեզուով գրելուն, միշտ փորձեց հայերէն խօսիլ։ Անշուշտ, շատեր քննադատեցին անոր հայերէնի ոչ-լաւ իմացութիւնը եւ ուրիշներ այդ մէկը առաւելութիւն նկատեցին՝ ըսելով. «Այսպիսով անհաղորդ կը մնայ մեր պզտիկութիւններուն». այդ պզտիկութիւնները բնականաբար մեր ներքին անիմաստ պայքարն է՝ որ մինչեւ օրս կը շարունակուի:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անցեալը մարդուն վերադարձող ժամանակաբաժին մը չէ. միայն ապագան է, որ պիտի գայ մարդուն, եւ ինչ որ պիտի կարենայ գործել՝ ապագային պիտի կրնայ:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2026