ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ
Աղօթքի ընթացքին սովորական դժուարութիւնը մեր մտացրումն է։ Ան կրնայ պատահիլ բառերուն եւ անոնց իմաստին շուրջ, ձայնիւ աղօթքին պահուն կամ աւելի խորապէս՝ մեր աղօթած Աստուծոյ մասին, ծիսական կամ անհատական, ձայնիւ աղօթքի պահուն, կամ մտածականի եւ հայեցողական, այսինքն մտաւոր նայուածքով կատարուած աղօթքի պահուն։
Մտացրումներուն պատճառը հետապնդել՝ պիտի նշանակէր իյնալ անոնց թակարդին մէջ, մինչդեռ բա՛ւ է վերադառնալ մեր սրտին։ Մտացրումը կը յայտնէ մեզի այն ինչը՝ որուն մենք կառչած ենք։ Տիրոջ դիմաց այս խոնարհ գիտակցումը պիտի զարթուցանէ մեր մէջ զԻնք նախընտրող մեր սէրը, վճռականօրէն Իրեն նուիրելով մեր սիրտը, որպէսզի Ինք սրբէ զայն։
Պայքարը կը կայանայ, թէ ո՞ր Տիրոջ ծառայելու ենք. (ՄԱՏԹ. Զ 21.24)։ Արդարեւ, մարդուս «հարստութիւն»ը ո՛ւր որ է, հոն է նաեւ սիրտը, եւ մարդ չի կրնար ծառայել երկու տիրոջ։ Գործնականին մէջ, պայքարը՝ ամէն ինչ սեփականացնել եւ տիրապետել ուզող մեր «ԵՍ»ին դէմ արթո՛ւն մնալն է, սրտին ժուժկալութիւնն է։ Արթնութիւնը՝ որուն վրայ Յիսուս կը շեշտէ, միշտ յարաբերուած է Իրեն հետ, Իր վերջին օրուան եւ ամէն օրուան Գալուստին հետ։
Ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ կայ, մասնաւորապէս անոնց համար՝ որ անկեղծօրէն աղօթել կ՚ուզեն. անիկա «ցամաքութիւն»ն է։ Ան մաս կը կազմէ անհատական՝ հայեցողական աղօթքին, ուր սիրտը անզգայ կը դառնայ, համ չառնելով մտածումներէն, յիշատակներէն եւ նոյնիսկ հոգեւոր զգացումներէն։ Պա՛հն է զուտ հաւատքին՝ որ կառչած կը մնայ հաւատարմօրէն Յիսուսի՝ Անոր հոգեվարքին եւ գերեզմանին մէջ։
Ցորենի հատիկը «եթէ մառնի շատ արդիւնք կու տայ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 24)։ Եթէ այս «ցամաքութիւն»ը եւ մակերեսայնութիւնը արդիւնքն է «արմատ»ի չգոյութեան, որովհետեւ Խօսքը ինկած է ժայռին վրայ, պայքարին արդիւնքը կախում ունի հոգեփոխութենէն…
Ամենէն ընթացիկ, ամենէն թաքուն փորձութիւնը՝ մեր հաւատքի պակա՛սն է։
Ան նուազ կ՚արտայայտուի յայտարարուած թերահաւատութեամբ, քան թէ ուրիշ բանի նախընտրանքով։ Մենք երբ կը սկսինք աղօթել, ստիպողական նկատուած հազարումէկ գործեր կամ մտահոգութիւններ կը ներկայանան մեզի իբր առաջնահերթ՝ անգամ մը եւս սրտին անկեղծութեան եւ նախասիրութեան պա՛հն է։ Մե՛րթ կը դիմենք Տիրոջ՝ իբրեւ մեր վերջին ապաւէնին, բայց արդեօք իսկապէս կը հաւատա՞նք։
Մե՛րթ ալ Տէրը կ՚ընտրենք իբր մեր դաշնակիցը, բայց մեր սիրտը տակաւին յաւակնոտութենէն եւ ինքնահաւանութենէն կը տառապի։ Բոլոր պարագաներուն մէջ, մեր թերի հաւատքը ցոյց կու տայ, թէ մենք տակաւին խոնարհամիտ տրամադրութեան մէջ չե՛նք, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Առանց Ինծի ո՛չինչ կրնաք ընել». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5)։
Ուրիշ փորձութիւն մըն ալ կայ՝ որուն դուռ կը բանայ մեր յաւակնոտութիւնը. անիկա չկամութիւնը կամ թուլութիւնն է։ Հոգեւոր հայրերը այս բառը կը հասկնան իբր ընկճուածութեան մէկ ձեւը՝ որ հետեւանք է մեր մէջ խստակեցութեան թուլացումին, արթնութեան նուազումին եւ սրտին անփութութեան. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41)։ Որքան աւելի բարձրէն ցած իյնանք, ա՛յնքան աւելի վնաս կը կրենք։
Վհատութիւնը՝ ցաւագին միւս երեսակն է յաւակնոտութեան։ Ո՛վ որ խոնարհ է՝ համեստ եւ պարզ, չի զարմանար իր խեղճութենէն՝ որ զինք կը մղէ ունենալու աւելի վստահութիւն, մնալու հաստատ իր անդրդուելիութեան մէջ։
Եւ վերջապէս աղօթքի դժուարութիւններ յառաջ կու գան արտաքին միջամտութիւններու պատճառով։ Ճիշդ այս պատճառով է, որ Յիսուս կը պատուիրէ ներքին սենեակը մտնել, այսինքն աչքը եւ ականջը փակել՝ արտաքին աշխարհի հետ չյարաբերուելու համար։ Աղօթքի եւ մանաւանդ համացանցի վրայ Ս. Պատարագի հետեւողներու համար լուրջ դժուարութիւն մըն է գովազդներու միջամտութիւնը. կը խանգարէ աղօթողին եւ Ս. Պատարագի հետեւողին մտամփոփումը եւ մտասեւեռումը… հոգեւոր շահը պէտք չէ՛ զոհել նիւթական շահի համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 10, 2026, Իսթանպուլ