ՄԻԱԿՆՈՒԹԻՒՆ-ԲԱԶՄԱԿՆՈՒԹԻՒՆ

Միակնութեան (monogamie) եւ բազմակնութեան (polygamie) հարցը շատ հետաքրքրական է ամուսնութեան իրողութեան մէջ։ Նկատի ունենալով ամուսնութեան գլխաւոր նպատակը՝ որ է աճեցնել մարդկային սերունդը, այլ եւ ամուսնութեան բնական կողմը՝ արական եւ իգական սեռի փոխադարձ ձգտումը դէպի իրարու, պէտք էր կարծուէր, թէ ամուսնութեան իրողութեան մէջ «բազմակնութիւն»ը աւելի տեղի պիտի ունենար, քան թէ «միակնութիւն»ը. այսինքն՝ աւելի յարմար եւ ձեռնատու պիտի համարուէր այդ երկու նպատակի համար, որ մարդ մը ունենար միեւնոյն ժամանակ մի քանի կին եւ մէկ կին ունենար միեւնոյն ժամանակ մի քանի այր-մարդ։

Բայց ամուսնութեան իրողութեան մէջ այդ երկու «բնական» նպատակի հետ միասին գոյութիւն ունի ե՛ւ այլ, երրորդ նպատակ՝ աւելի բա՛րձր, աւելի խորհրդաւոր, բարոյական վեհ նպատակ. ամուսնական փոխադարձ անկեղծ եւ ճշմարիտ սէր, ծնողական պարտականութիւններ, պատասխանատուութիւն, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ՝ խաղաղ եւ երջանիկ կեանք եւ հոգեկան այլ բաւարարութիւն եւ գոհացում։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին մէջ կան արժէքներ՝ որոնք անփոխարինելի են եւ անոնք միակ են…։

Իսկ բազմակնութեան մէջ երբեք կարելի չէ՛ հասնիլ ամուսնութեան բարոյական-հոգեւոր բարձրագոյն նպատակներուն, քանի մա՛րդ կարելի չէ, որ միեւնոյն ժամանակ հաւասար կերպով սիրէ երկու, երեք կամ աւելի կին-մարդ կամ այր-մարդ՝ որպէս ամուսին, իսկ ասկէ անմիջապէս առաջ պիտի գան երկրորդական կիներու կամ այրերու նախանձը եւ ատելութիւնը իրարու հանդէպ, ինչ որ բնութեամբ ակնկալելի է, որուն բնականաբար պիտի յաջորդեն ընտանեկան խռովութիւններ եւ անբաւականութիւններ, զաւակներու խտրութիւն եւ նման անհաճոյ երեւոյթներ…

Հեթանոսական դարերու սկիզբներուն, ճիշդ է, որ կը տեսնուէր շատ ժողովուրդներու մէջ բազմակնութիւն, բայց բարոյական եւ մտաւոր զարգացման հետ միասին, ինքն իրեն անհետացած է ասիկա։

Պատմական Եգիպտոսի մէջ թէպէտ տարածուած էր բազմակնութիւնը, բայց նախ՝ քուրմերը իրաւունք չունէին պահել մէկէ աւելի կին, եւ երկրորդ՝ աշխարհական մարդը կրնար պահել միայն այնքան կին՝ որքանը կրնար կերակրել եւ պահպանել առանց աղքատութեան մատնուելու. (Le Mariage, La Séparation et Le Divorce, J. Tissot, Paris 1868)։ Ուրեմն, ամուսնութիւնը կ՚ընդունուէր իբրեւ բարձր կամ սրբազան բան մը, իսկ բազմակնութիւնը յառաջացած էր ո՛չ թէ բնութեան պահանջներէն, այլ՝ շռայլութենէն կամ չափէ դուրս առատութենէն։

Նայելով պատմական աւանդութեան, Յունաստանի մէջ Կեկրոպոսը բարեկարգեց ամուսնութեան իրողութիւնը եւ հաստատեց միակնութիւն. (J. Tissot), թէպէտ յետոյ եւ այնտեղ տարածուեցաւ բազմակնութիւնը, սակայն ո՛չ իբրեւ օրինաւոր ամուսնութիւն, այլ իբրեւ հարճապահութիւն (բազմակին մարդու մը երկրորդական կին՝ ոչ-օրինաւոր կին պահելու իրողութիւն)։ Հարճերը, սովորաբար, կա՛մ առնուած էին դրամով՝ իբրեւ ստրուկներ եւ կա՛մ գերի բռնուած կիներ, բայց անոնք միշտ ստորադրուած կ՚ըլլային մէկ եւ օրինաւոր կնոջ հրամանին իբրեւ աղախիններ։

Հռովմի մէջ՝ ուր զարգացաւ բոլորովին տարբեր հայեացք ընտանեկան կեանքի վրայ, բոլորովին արգիլուած էր օրէնքով բազմակնութիւնը, եւ ամուսնութիւնը օրինաւոր կը համարուէր միայն մէ՛կ այր-մարդու եւ մէ՛կ կին-մարդու մէջ։ Յետոյ, թէպէտ եւ այնտեղ տարածուեցաւ հարճ պահելու սովորութիւնը՝ «Concubinatus», բայց այդ բոլորովին ուրիշ կերպարանք ունէր։ Կայսրութեան ժամանակ, երբ սաստիկ եղծուած՝ ապականուած էր բարոյականութիւնը, երբ մեծ ծախսերու եւ այլ հանգամանքներու պատճառով երիտասարդները չէին ամուսնանար, այլ սիրականներու հետ կը կենակցէին, այդպէսով կը շատնար ապօրինի զաւակներու թիւը. Օգոստոս կայսրը «Lex Julia et Papia Poppaea» օրէնքով իրաւաբանական կազմակերպութիւն տուաւ հարճապահութեան՝ «concubinatus»ին։

Բայց անիկա օրինաւոր ամուսնութիւն չէր համարուեր, քանի որ որեւէ կրօնական հանդէս-արարողութիւն չէր կատարուեր… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 11, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2026