ՀԱՅՐԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ ժողովուրդի մօտիկ ապագայի պատմութեան մէջ կան այնպիսի արիւնաքամ էջեր, որոնք շատերու կողմէ ամէ՛ն գնով կը փորձուին մոռացութեան տրուիլ՝ առանց հասկնալու, որ պատմութիւնը՝ իր բոլոր եղելութիւններով փոխել եւ կամ «վերացնել» կարելի չէ, որովհետեւ պատմութիւնը պատմութեան գիրքերէն անկախ առյաւէտ կը շարունակէ ապրիլ ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ։ Գուցէ աւելի լաւ տարբերակ մը չէ՞ր ըլլար անցեալի արիւնաքամ էջերը մոռացութեան տալու փոխարէն քաջութիւնը ունենալ զանոնք մէկ առ մէկ բանալ ու ուսանելու՝ մեր ներկային ու ապագային համար դասեր քաղելու տրամադրութեամբ: Անոնցմէ ամենէն կարեւորներէն են եղբայրասպանութիւնն ու հայրասպանութիւնը. հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծագոյն վէրքերը՝ աւելի խոր քան ցեղասպանութիւնը: 

Մեր ժողովուրդի գաղափարի հակասութիւնը հասկնալու համար բաւարար է ուսումնասիրել անոր կուսակցութիւններու պատմութիւնը. անոնց հիմնադրութեան թուականները շատ բան կ՚ըսեն մեզի. 1885, 1887, 1890։ Այս թուականներու շարքը շատ դիւրութեամբ կարելի է շարունակել, բաւարար է պահ մը աչքէ անցընել մօտաւորապէս 35 տարի առաջ անկախացած Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած կուսակցութիւններու ցանկը. ընդհանուր թիւով 107 կուսակցութիւն. ի՜նչ կուսակցութիւն ուզէք գոյութիւն ունի. «Ազգային օրակարգ», «Ազգային վերածնունդ», «Ազգային պետութիւն», «Ազգային միաբանութիւն», «Ազգային համաձայնութիւն», «Ազգային առաջդիմութիւն», «Ազգային անվտանգութիւն» եւ այսպէս բազմաթի՜ւ «ութիւն» վերջածանց ունեցող կուսակցութիւններ, որոնք հազար ու մէկ կտորի բաժնուած նոյն Ազատ ու Անկախ ու միացեալ Հայաստանի երազը կը հիւսեն: Լաւապէս գիտենք, որ այս մէկը հայ ժողովուրդին յատուկ վիճակ մը չէ. այլ երկիրներ եւս՝ ինչպէս Ֆրանսա, Գերմանիա, Պրազիլ, Հնդկաստան եւ այլուր, ունին շա՜տ աւելի մեծ թիւով կուսակցութիւններ, սակայն, այդ բոլորին դիմաց պէտք է նկատի ունենալ նաեւ երկրի բնակչութեան թիւը։ Հազմիւ երկու-երեք միլիոն հաշուող ժողովուրդի մը համար՝ որ ունի իր սեփական երկրի բնակչութեան չափ եւ աւելի մեծ սփիւռք, չի կրնար այսքան բաժան բաժան եղած ըլլալ՝ մանաւանդ, որ մեր ազգի պատմութեան մէջ միասնականութեան կոչը այլ պետութիւններէն աւելի հնչած ու կարեւորուած է: 

Հակառակ կարծիքներ ունենալը լաւ է. մենք կը հաւատանք, որ հակառակութիւնը եթէ ճիշդ ձեւով դրսեւորուի, դրական արդիւնքներ կու տայ. օրինակի համար, ամէ՛ն պետութեան համար անհրաժեշտ ու կարեւոր է ունենալ ընդիմադիր կողմ մը՝ որպէսզի շատ աւելի բծախնդիր ձեւով կատարէ իրեն վստահուած աշխատանք։ Ընդիմադիրները պէտք է մի՛շտ դժուարահաճ ըլլան, որովհետեւ ազգին ծառայելու կոչուածները պարտաւոր են իրենց կարելիին առաւելագոյնը ի գործ դնել՝ որուն համար կանչուած են պաշտօնի: 

Հայ ժողովուրդի ներքին խնդիրները աւելիով հասկնալու համար դէմս բացուած ունիմ Ղեւոնդ արք. Դուրեանի սպանութիւնը։ 1933 թուականի դեկտեմբերի վերջաւորութեան գրեթէ աշխարհի բոլոր հայկական մամուլները կ՚արձանագրէին, որ Դուրեան արքեպիսկոպոս առաջին անյաջող մահափորձէ մը ետք Ամերիկայի մէջ պատարագի ընթացքին խորան բարձրացած ժամանակ դանակի հարուածներ կը ստանայ ու տեղւոյն վրայ կը վախճանի. դէպք՝ որ թէ՛ Ամերիկայի, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ պատճառ եղած է մեծ աղմուկի բարձրացման: 

Դուրեան արքեպիսկոպոս սպաննուեցաւ, որովհետեւ շատեր զինք «հակահայ» անուանեցին։ Նկատի ունենալով, որ Դուրեան արքեպիսկոպոսը մօտէն չենք ճանչնար՝ չենք կրնար անոր «հակահայ» ըլլալ չըլլալը նժարի վրայ դնել, սակայն,անոր ո՛վ ըլլալը գիտնալու կայ հիմնական երկու ձեւեր. կարդալ Դուրեան արքեպիսկոպոսի գրութիւններն ու քարոզները եւ լսել ժամանակակից մտաւորականներու կարծիքներն ու տեսակէտները: 

Դուրեանի սպանութենէն չորս տարիներ առաջ՝ 1929 թուականին «Հանդէս ամսօրեայ» ամսագիրը Դուրեան արքեպիսկոպոսի համար կը հրատարակէ կարճ կենսագրական մը, որուն մէջ հայ եկեղեցականը կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով. «Կէս դար տարածած իւր բազուկներն անմահ Գառին առաջ՝ երկնաւոր Հօր գութն ու ձիրը հայցած է Յոբելեարը հայ ժողովուրդին համար. իբրեւ Մովսէս Սինայի վրայ, իբրեւ Ներսէս նպատակի վրայ: Յիսուն տարիներ զոհաբերած է նա հայ ժողովուրդի բագինի վրայ, անոր ցաւերուն ցաւակից եւ անոր ուրախութիւններուն ուրախակից: Այդքան ժամանակ նուիրուած է նա հայ ժողովուրդի դաստիարակութեան, հայ գրականութեան եւ հայագիտութեան բարգաւաճման»: Այստեղ կարեւոր կը նկատենք գրութեան թուականը, որովհետեւ յետ մահու ընդհանրապէս բոլորին ալ ետեւէն գովասանական խօսքեր կարելի է գտնել, սակայն, կենդանութեան նման գովասանութիւն մը տարբեր իմաստ կրնայ ունենալ: Հայ արձակագիր Տիգրան Կամսարական եւս դրականով կը յիշէ Դուրեան արքեպիսկոպոսը։ Ան սպանութեան առիթով գրած իր յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Մահապատիժ հայրենիքի դաւաճանի մը դէմ՝ տեսնուեր է ու պիտի տեսնուի ատիկա դեռ, բայց սպաննել հայ մը, որ իր սրտին բերումով ու քահանայական ուխտովն իսկ հաւատարիմ էր իր նորաբողբոջ հայրենիքին, որուն կարօտովը ծիւրեցաւ այս ազգը դարերով, կը տապալէ մարդկային բանականութիւնը ու կը խելայեղէ աշխարհի բոլոր հայութիւնը»: 

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Որեւէ հաստատութեան վարիչը որքան քիչ միջամտէ ներքին գործերու ընթացքին եւ որքան քիչ զգացնէ իր ներկայութիւնը, այնքան աւելի ձեռնհաս է ու հեղինակաւոր: Կրթական հաստատութիւնը՝ մանաւանդ, որ գաղափարի նուիրական օճախ մըն է, հաւաքական զոհողութիւններու եւ ճիգերու գումարով պէտք է հասնի այնպիսի ներդաշնակութեան մը, ուր տեսուչի գոյութիւնը աւելորդ զգացուի:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2026