ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔՆ Է ԱԶԳԻ ԱՊԱԳԱՆ
Յարութիւն Սվաճեան կնոջ ունեցած դերին կարեւորութեան մասին խօսելով հանդերձ յաճախ կը քննադատէր նաեւ ժամանակուան իգական սեռի ներկայացուցիչները եւ այդ քննադատութիւններուն հիմնական պատճառը կը բացատրէր հետեւեալ տողերով. «Դու գիտացէք, թէ «Մեղու»ն ձեր բարեկամն է եւ բարեկամն ըլլալուն համար է, որ երբեմն երբեմն ձեր պակասութիւնները ձեզի կը գիտցնէ, որպէսզի վերցնէք այն պակասութիւնները եւ ամէն մարդ ձեզ անարատ գտնէ ու գովութեանց արժանի ըլլաք»: Սվաճեանի գրութիւնը արդարացի է այն իմաստով, որ քննադատութեան նպատակը վարկաբեկել չէ. վարկաբեկութիւնը քննադատութիւն չէ. պէտք է յստակ ձեւով զանազանել գիտնալ այս երկուքը։ Սվաճեան կը քննադատէր թերութիւնները, որպէսզի անարատ վիճակի մէջ տեսնէ հայ կինը։ Անշուշտ, պէտք չէ այս մէկը տանիլ իգական սեռ - արական սեռ քննադատութեան, որովհետեւ այր թէ կին ունին իրենց թերութիւնները, սակայն, միւս կողմէ, ազգի ապագայ բարօրութեան մէջ եւս ունին իրենց հիմնական ներդրումը եւ անոնց երկուստեք ցուցաբերած զոհողութիւնն է, որ ազգին մէջ իր դրական արձագանգը կ՚ունենայ:
Սվաճեան կը քննադատէր հայ կինը անիմաստ բաներով ժամանակ սպաննելու համար. «Ձեր պակասութիւնը ո՛չ թէ միայն ժամանակնիդ պարապ անցնելնիդ է եւ միմիայն մօտայի, նորաձեւութեանց ու խաղերու վրայ շատախօսութիւն ու շաղակրատութիւն ընելնիդ է»։ Սվաճեան այս բոլորը բացասական կը տեսնէր, որովհետեւ հայ կինը՝ իր համոզումով՝ հայ ազգի ապագան ըլլալով պարտէր զբաղիլ շատ աւելի կարեւոր գործերով՝ դաստիարակութեամբ՝ քան դատարկաբանութեամբ։ Այդ թուականներուն եւս հայ կինը հետաքրքրուած էր շպարով ու շռայլութեամբ. քիչ մը ծանր ոճով Սվաճեան կ՚ըսէր. «Ձեր պչրանաց համար վատնած գումարնուդ մէկ մասն ալ ձեր միտքին լուսաւորութեան համար վատնէիք»։ Անշուշտ, միտքի լուսաւորութեան համար ծախսուած գումարը «վատնում» կամ «մսխում» կարելի չէ նկատել, սակայն, այս մէկը ձեւ մըն էր զգաստութեան հրաւիրելու հայ կինը, որ կարեւորը ձգած՝ անկարեւորով կը զբաղէր: Սվաճեան կը հաւատար, որ հայ ընտանիքին մէջ տեղի ունեցած որեւէ բացասական երեւոյթ միտքի լուսաւորութեան պակասէն առաջ կու գար. հայ կինը հեռու կը մնար կրթութենէն եւ այդ մէկը կը դիտուէր «բնական»։ Միւս կողմէ, կինը կամայ ակամայ համակերպելով այս իրավիճակին՝ հեռու կը մնար ուսումէն ու կրթութենէն:
Սվաճեանի այս խմբագրականը կարդալը ունի իր դրական ու բացասական կողմերը։ Նոյն հեղինակը փառաւորելով կինը, շեշտելով անոր ունեցած կարեւորութիւնը՝ շատ ծանր ձեւով կը քննադատէ անոնց անտարբերութիւնը. «Դուք ներելի յանցանք մը չէք թողած ձեր վրայ, քանի որ աններելի յանցանքներով ծանրացուցած էք ձեր պարտազանցութիւնը»։ Շատեր գուցէ չափազանցուած գտնեն Սվաճեանի քննադատութիւնը, սակայն, Սվաճեանի աչքին կը կինը կը գտնուէր բարձունքի վրայ եւ այդ բարձունքի վրայ գտնուելով իրաւունք չունէր անիմաստ բաներով զբաղելու։ Սվաճեանի բառերով՝ «Հայ կինը աշխարհ եկած է մեծ պաշտօն մը կատարելու»։ Այդ մեծ պաշտօնը մտաւորականին համար հայ ազգը փրկելն էր։ Սվաճեան կը հաւատար, որ հայ ազգի փրկութիւնը հայ կնոջ ձեռքով պիտի կատարուի։ Անշուշտ, այդ փրկութիւնը ձեռք պիտի բերուէր անձնազոհութեամբ. այդ փրկութիւնը ձեռք պիտի բերուէր ո՛չ միայն զաւակը կրթելով՝ այլեւ ամուսինը եւս.
«Պիտի դաստիարակէք ձեր զաւակները, որպէսզի իրաւասէր ըլլան, հայրենասէր ըլլան եւ համոզուին, թէ ազգն է իրենց կեանք պարգեւողը: Պիտի սրէք անոնց միտքը չարն ու բարին ճանչնալու՝ ո՛չ թէ ինչպէս ճանչցած ենք մինչեւ ցարդ, այլ ինչպէս պէտք է ճանչնայ մարդ: Պիտի զօրացնէք անոնց հոգին արհամարհելու համար փցուն շահերու նկատմամբ կամ ոչինչ երկիւղով ճշմարտութիւնը ծածկելու կամ ժողովուրդի մ՚իրաւունքը չճանչնալու վատութիւնը:
«Եթէ դուք ճշդիւ կատարէք ձեր պաշտօնը, եթէ դուք յաջողիք ձեր ազգը վերածնելու՝ ձեր վարձքը պատրաստ է. ձեր փառաւորութիւնը ձեզի կը սպասէ յաւիտենական անմահութեան մէջ, եւ ազգ մ՚ամբողջ իր ապագայ սերունդովն հանդերձ ձեզի պիտի պարտի իր հանգստութիւնը, բարելաւութիւնը եւ երջանկութիւնը, յաւիտեան երախտապարտ պիտի ըլլայ ձեզի»:
Կը հաւատանք, որ շատ մը քննադատութիւններ ու սպասումներ, հակառակ 165 տարուան հնութեան, կը շարունակեն մնալ այժմէական։ Այսօրուան երիտասարդութիւնը շատ ազգասիրութեան, բարոյականութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր ոլորտներէ ներս շատ աւելի դժբախտ վիճակ ունի՝ քան Սվաճեանի ժամանակուան երիտասարդութիւնը։ Կինը հեռու էր գիտութենէն ու ուսումէն, սակայն, ունէր որոշ սկզբունքներ. տղամարդը նոյնպէս այսքան կրթեալ չէր, սակայն, դարձեալ ունէր սկզբունքներ՝ մանաւանդ հաւատքի ու հայրենիքի առնչութեամբ: Մենք այսօր այր ու կին տարբերութիւն չենք ըներ, սակայն, կը հաւատանք, որ հայ ազգի ապագան տրուած է ապագայ հայ ծնողներուն։ Արդի արհեստագիտութիւնը երիտասարդը պիտի հեռացնէ իր արմատներէն, իր սկզբունքներէն եւ ծնողքն է, որ պիտի յաջողի այդ բոլորը արմատաւորել անոր մէջ։ Եթէ ծնողքը ի՛նք արմատաւորուած չըլլայ, ապա անկէ լոյս աշխարհ եկած պտուղէն տարբեր բան ակնկալել կարելի չէ:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Իւրաքանչիւր
վշտացած հոգի իր նուիրական, ծածուկ անկիւնն ունի հպարտութեան քօղով պատուած, որ մերկացնել դժուար է առանց արիւնոտ վէրքը նորէն ցաւցնելու:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան