ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԿՍԱՅՐԻ՛
Ազատութիւնը սքանչելի՜ բան մըն է, բայց զայն վայելողը կրնայ զայն փճացնել։ Ուստի, բարոյական դաստիարակութիւնը ազատութեան կազմաւորում մըն է, ի դիմաց դրդապատճառներու, առաջարկներու, անոր գործնական կիրարկումին, անոր գործադրումին, դրդումին, վարձատրութիւններուն, գնահատումներուն, նմոյշներուն, օրինակներուն, խորհրդանիշներուն, խորհրդածութիւններուն, յորդորներուն, վարուելակերպին եւ երկխօսութիւններուն՝ որոնք մարդոց կ՚օգնեն զարգացնելու այն ներքին եւ կայուն սկզբունքները՝ որոնք կ՚առաջնորդեն ինքնաբուխ կերպով բարիք գործելու։
Առաքինութիւնը «համոզում» մըն է, գործի ներքին եւ կայուն սկզբունքի կերպարանքի ներքեւ։ Հետեւաբար, առաքինի կեանք մը ազատութիւնը կը կերտէ, զայն կը զօրացնէ եւ կը կրթէ՝ արգիլելով, որ անձ մը գերի չդառնայ ընդհանրապէս չարին հակամարդկային եւ հակաընկերային բուռն ձգտումներու։ Արդարեւ, մարդկային արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ամէն մարդ ազատ եւ գիտակից ընտրութեան մը համեմատ գործէ, մղուած եւ ամրացուած անձնական համոզումի մը կողմէ։
Ուստի, մարդ պէ՛տք է գիտակցութիւնը ունենայ եւ այս իմաստով անդրադառնայ, թէ գէշ եւ չար ամէն գործ ունի հետեւանքներ։ Ուստի, պէտք է ունենայ համակրական հասկացողութեան զգացումը, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ ինքզինք ուրիշին տեղ դնելու եւ անոր հետ ուրախանալու, նաեւ ցաւակցելու կարողութիւնը եւ տրամադրութիւնը մարդոց մէջ արթնցնել, երբ վնասի մը պատճառ դարձած են անոնք։ Այս ուղղութեամբ, պատիժը՝ դրդիչ ուժի մը արժէքը ունի։ Հակաընկերային եւ կռուազան կարգ մը արարքներու համար տրուած որոշ պատիժներ կրնան մասամբ իրենց նպատակին հասնիլ։
Այս կէտին՝ «պատիժ»էն ի՞նչ կ՚ակնկալուի, ա՛յդ է կարեւորը։ Արդարեւ, «պատիժ»ը հատուցո՞ւմ մըն է, թէ՝ կրթիչ, դաստիարակիչ եւ յանցաւորը զղջումի հրաւիրող միջոց մըն է։ Ուստի, «պատիժ»ի վերագրուած իմաստը կ՚որոշէ անոր դերը ընկերային կեանքի մէջ եւ թէ՝ կարելի կ՚ըլլայ որոշել «ազատութեան սահման»ը եւ անոր գործածութեան պայմանները։ Ազատութեան սահմանումը որպէս «պատիժ» գործադրել որքա՞ն օգուտ կը բերէ ընկերութեան եւ ենթակային։
Ընկերութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անդամ, այսինքն ամէն մէկ անհատ պարտաւորութիւններ ունի իր պատկանած հաւաքականութեան նկատմամբ, ինչպէս եւ ունի իրաւունքներ, որոնք կարելի է վայելել։ Ազատութիւնը մարդ կրնայ վայելել այն չափով, որքան հաւատարիմ է իր պարտաւորութիւններուն՝ թէ՛ ուրիշ անհատներու, թէ՛ ամբողջ ընկերութեան հանդէպ։ Հետեւցնելով՝ անհատի մը ազատութեան սահմանը՝ ուրիշ անհատի մը ազատութիւնն է, ի՛նչ որ կ՚որոշուի պարտաւորութիւններու եւ իրաւունքներու համակարգով։
Ուստի, կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ, մարդը՝ որպէս ընկերութեան անդամ եւ անձ, ուղղել, կրթել եւ դաստիարակել հաստատ ձեւով, անոր ստացական կարգ մը յատկութիւնները լա՛ւ կազմակերպել։ Այս կէտին, ներողութիւն խնդրելու գիտակցութիւնը ներշնչել կարեւոր դեր պիտի խաղայ խաղաղ ընկերային կեանք մը ստեծելու եւ հաստատելու գործին։ «Ներողութիւն խնդրել»ու անմիջապէս պէ՛տք է յաջորդէ ուրիշին պատճառած նիւթական-բարոյական վնասները հատուցանելու արարքը։
Ահաւասի՛կ, ազատութեան եւ պատիժի փոխյարաբերութիւնը արժէք կը ստանայ։ Ազատութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ անհատ-ընկերութիւն յարաբերութիւններուն կարգին ընթանալու գործին։
Ազատութեան գործածութիւնը, ըսինք, երկսայրի՝ երկու կողմ ունեցող «սուր» մըն է. մէկ կողմը օգտակար, միւս կողմը՝ վնասակար։ Ասիկա կախում ունի ազատութիւնը գործածող անձին ընթացքէն. Եթէ ան իր սահմաններուն մէջ գործածուի՝ բարի է եւ օգտակա՛ր, իսկ եթէ սահմանները ոտնակոխ ընելով գործածուի՝ չար է եւ վնասակա՛ր։ Ազատութիւնը, այս իմաստով կը նմանի դանակի մը՝ որ կարելի է անով հաց կտրել եւ անօթիներու բաժնել, բայց նաեւ, ան կրնայ մարդը վիրաւորել, վնաս հացնել՝ փոխանակ բարիքի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 12, 2026, Իսթանպուլ