ՊԱՐԱՊՈՒԹԵԱՆ ԹԱԿԱՐԴԸ
Մեր մօտ կայ այն սխալ համոզումը, որ աղանդաւորական շարժումներու հետեւողները թոյլ ու տկար մարդիկ են, սակայն շատ մը հետազօտութիւններ կը յայտնեն, թէ աղանդաւորական շարժումներու հետեւող մարդոց մեծ մասը բարձր ուսումի տէր, խելացի մարդիկ են։ Այդպէս է, որովհետեւ նման շարժումներու հետեւիլ ու անդամ դառնալը այնքան ալ իմաստութեան ու խելքին հետ աղերս չունի՝ ինչքան հոգեկան աշխարհին, որ շատ անգամ կ՚անտեսէ իմաստութիւնը: Մարդ իմաստութեան ինչ մակարդակի վրայ ալ գտնուի, իր կեանքին մէջ կ՚ունենայ խոցելի պահեր. ամուսնալուծութիւն, անգործութիւն եւ նման տարբեր ճգնաժամեր։ Աղանդաւորական շարժումները մեծապէս գիտեն այդ պահերէն օգտուիլ։ Մարդ այդ վիճակներուն մէջ աջակցութեան կարիք կ՚ունենայ եւ այդ կէտին աղանդաւորական շարժումը մարդուն կը ներկայանայ ո՛չ թէ որպէս աղանդ, այլ որպէս ընկերութիւն, համայնք ու մարդուն այդ պարապը գոցել կը խոստանայ։ Մարդ այդտեղ ո՛չ մէկ սխալ կը նկատէ։ Ընկերային ու ընտանեկան մթնոլորտ, բարեկամական հանդիպումներ, շինիչ ու ընկերային զրոյցներ եւ այդ բոլորը ապահովութեան զգացում կը փոխանցեն եւ ակամայ պատկանելիութեան զգացում կը ստեղծեն անձին մէջ։ Օգնութեան կարիք ունեցող անձին մօտ կը հաւաքուին ժպտերես ու համեստ անձեր, կը լսեն, կը մխիթարեն, կ՚աջակցին եւ մարդուն կու տան «դուն մինակ չես»ի զգացումը:
Աղանդաւորները ետքը այդ դժբախտութիւնները կը փորձեն դրականի մօտեցնել. «Ամուսնալուծուեցար՝ որովհետեւ Աստուած քեզի համար այլ ծրագիր մը ունէր», «Աստուած կեանքդ փոխեց ու քեզ մեր մօտ առաջնորդեց»… Նման մտածումներով կը փորձեն մարդը համոզել, որ իւրաքանչիւր չարիքի ետին կայ բարիք մը եւ այդ մէկը Աստուծոյ նախախնամութիւնն է. Աստուծոյ շնորհիւ է, որ դուն այսօր այստեղ ես։ Այս ձեւով անձին մէջ կը ստեղծուի ՄԵՆՔ-ի զգացումը: Մէկ օրուան կամ մէկ ժամուան մէջ աղանդաւորական դարձող անձ գտնել դժուար է։ Այդ մէկ որպէս ծրագիր գծուած ու կազմուած է եւ որոշ ժամանակի կը կարօտի։ Նախ մտերմական հանդիպումներ, մէկ ընտանիք ըլլալու կարծիք ու համոզում՝ մինչեւ որ անձը սկսի ինք կամաւոր յաճախել։ Անձին հետ կատարուած իւրաքանչիւր եղելութիւն աղանդաւորական ծրագրին բնական մէկ քայլն է՝ զինք աւելի ներգրաւելու:
Պէտք է ընդունիլ, որ աղանդաւորական շարժումները ղեկավարողները բնականէն աւելի իմաստուն մարդիկ են, որոնք լաւապէս գիտեն մարդկային հոգեբանութիւնը։ Անոնք լաւապէս գիտեն, թէ ինչ բանը կը պակսի մարդուն եւ անոր համեմատ գիտեն ինչ ընել։ Անոնք ունին համոզելու ձիրքը. այդ ձիրքը կարելի՞ է ձեռք բերել՝ թէ ոչ ի ծնէ է, արդէն իսկ այլ նիւթ մըն է, սակայն, այդ հմտութիւնը տրուած չէ բոլորին։ Անոնց քարոզները, շարժուձեւերը, բառերը բոլորը հոգեբանական ներգործութիւն ունին անձը գրաւելու: Ի դէպ, շատ մը ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ աղանդաւորական շարժումներու ղեկավարները այդ բոլոր մարդիկը մոլորեցնելու համար չեն ըներ։ Շատ անգամ իրենք իրենց յօրինած սուտերուն ու ստեղծած կեղծ մթնոլորտին կը հաւատան: Բախտաւորութիւնը, սակայն, այն է, որ աղանդաւորական շարժման ղեկավարը մինակը չ՚աշխատիր։ Իր խմբակին անդամ դարձած անձեր նոր անդամներ գրաւելու գործին կը նուիրուին։ Կը սկսին իրենց բարեկամներուն խօսիլ իրենց եկեղեցւոյ կամ շարժումին մասին, կը խնդրեն ու կը հրաւիրեն՝ վստահ ըլլալով, որ այդ շրջապատը պիտի յաջողի նորեկը իր ձեռքերուն մէջ առնել:
Մարդիկ կը կապուին, որովհետեւ աղանդաւորական շարժումներու ղեկավարները կը յաջողին իրենց «իմաստուն» ըլլալը համոզել դիմացինին։ Մարդիկ իմաստութիւնը յաճախ կը փնտռեն արտաքին նշաններու մէջ. հանդարտ պահուածք, ինքնավստահ խօսք, ինքնավստահ հայեացք, խորհրդաւոր արտայայտութիւններ եւ այլն… Հաւատացէ՛ք, որ մարդ կրնայ շատ իմաստուն ըլլալ, սակայն, իմաստուն ըլլալու տպաւորութիւն չձգէ, եթէ չունենայ այս հմտութիւնները։ Մարդկային ուղեղը լաւ որակում կը փնտռէ։ Օրինակ՝ ինքնավստահ կը խօսի՝ այդ մէկը դրական զգացողութիւն կը փոխանցէ. հանդարտ կը խօսի՝ կը նշանակէ ինքնավստահ է եւ առանց խօսուածին խորը թափանցելու արտաքին նշաններու վրայ որոշ պատկերացում կը կազմէ: Այս բոլոր տուեալները արդէն իսկ մարդը կը գրաւեն։ Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու մարդու համար ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը. հասկցուիլը: Մարդ արարած իր դժուարութեան պահերուն կը կարծէ, թէ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, ո՛չ ոք կը տեսնէ այն զոհաբերութիւնը, ինչ որ ինք ի գործ կը դնէ։ Հոգեբանութեան մէջ փաստուած է, թէ «դուն շատ ցաւ ապրած ես, սակայն, ուրիշներուն ցոյց չես տուած» արտայայտութիւնը դիմացինին հանդէպ ինչպիսի վստահութեան զգացողութիւն կը յառաջացնէ, նոյնիսկ եթէ դիմացինը ընդհանրապէս տեղեակ չէ անոր դժուարութիւններէն։ Հիմնականը այդտեղ հասկցուած ըլլալու զգացումն է: Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու շրջապատը. երբ բոլորը ափ ի բերան կը լսեն առաջնորդը, անոր խօսքերը կը կրկնեն, ապա մարդուն մէջ հարցադրելը կը նուազի։ Եթէ մի քանի տասնեակ անձեր կը պնդեն, թէ առաջնորդը իմաստուն անձ մըն է՝ ապա չեն կրնար «սխալած» ըլլալ:
Հետեւաբար, պէտք չէ մեղադրել այն անձերը, որոնք այս ծուղակին մէջ կ՚իյնան, որովհետեւ ո՛չ թէ իրենք տկար են կամ տգէտ՝ այլ միւսները շատ խելացի են ու ճարպիկ։ Նոյն հմտութիւնը եթէ ունենար Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ վստահ եղէք, որ այսօր շատ աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներ կ՚ունենայինք:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ամէն մի ժողովուրդ ունի իր ընկերային հասակը, իր զարգացման աստիճանը, որ կը սահմանուի բազմաթիւ պայմաններով: Բարի ցանկութիւնով կամ բռնի ուժով կարելի չէ փոխել հասակը:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան