ՀԱՅ ՄԻՏՔԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ
Մի քանի օրեր առաջ երիտասարդական հաւաքի մը ժամանակ մի քանի անհատներ հետեւեալ միտքը բարձրացուցին. սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդը չկրցաւ իր ուրոյն գրականութիւնը ստեղծել. չկրցաւ ստեղծել հարթակ մը, որ դառնայ սփիւռքահայութեան ձայնը եւ սփիւռքահայութիւնը առաջնորդէ: Այս արտայայտութիւններուն մէջ քննադատական մօտեցում մը կար հանդէպ մտաւորականներուն. այնպէս, ինչպէս Թումանեան Թիֆլիզի մէջ տուն մը վարձելով վերածեց գրական ակումբ-խմբակի՝ իր շուրջ ունենալով Ղազարոս Աղայեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Դերենիկ Տեմիրճեանը, այնպէս, ինչպէս Փարիզի մէջ ստեղծուեցաւ «Մենք»ը՝ Պէշիկթաշեանի, Շահնուրի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Զարեհ Որբունիի, Շուշանեանի եւ այլոց ջանքերով, հայ ժողովուրդը չկրցաւ նորերը ստեղծել եւ զարգացնել հայ միտքը, հայ կեանքն ու մշակոյթը: Այս քննադատութեանց յաջորդեց ուրիշ մը. երիտասարդ սերունդը չի գրեր. նոյնիսկ եթէ գրէ՝ մարդ չի կարդար: Ո՞վ է այս բոլորին մեղաւորը:
Պատասխանե՛նք.-
Բոլորս ալ երանի՜ պիտի տայինք՝ եթէ ներկայի անտարբերութիւնը փոխարինուէր անցեալի հետաքրքրութեամբ. հետաքրքրութիւն հանդէպ հայ լեզուի, հանդէպ ազգութեան, հանդէպ հայրենիքի. եթէ շատերու մօտ այս մէկը հարցական կը շարունակէ մնալ, մեր միտքը պարզենք հետեւեալ ձեւով. 1930-ական թուականներու ապրող հայը չունէր այդ հնարաւորութիւններն ու դիւրութիւնները՝ ինչ որ ունի 21-րդ դարուն ապրող մարդը, սակայն, հակառակ այդ «պակաս»ին՝ մեծ հետաքրքրութիւն ու յարգանք կար գրողներու եւ մտաւորականներու նկատմամբ։ Փաստը այն է, որ Փարիզի մէջ լոյս տեսնող յօդուած մը դժուարին այդ պարագաներուն գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ կը կարդացուէր. Փարիզի մէջ գրուած յօդուածի մը պատասխան-յօդուածը լոյս կը տեսնէր Լիբանանի կամ Հայաստանի մէջ. մարդիկ կարեւորութիւն կու տային մտաւորականի կարծիքներուն ու համոզումներուն։ Այս բոլորին տարբեր մէկ փաստը կրնայ ըլլալ Պարոյր Սեւակը, որ բազմիցս ելոյթ ունեցած է Ազգային ժողովէն ներս, որովհետեւ ժողովուրդը կարեւորած է իր մտաւորականներուն հայեացքները։ Այսօր, ցաւ ի սիրտ, վիճակը այդպէս չէ. շատեր կը կարծեն, որ այդպէս չըլլալուն պատճառը մտաւորականութիւն չունենալն է։ Այո, հինին հետ համեմատած շա՜տ նօսրացած է մտաւորականութեան թիւը, սակայն, «յարգանքի պակաս»ը մտաւորականութեան թիւի քանակէն կամ անոր ներկայացուցած վիճակէն աւելի մեր մօտեցումին հետ կապ ունի։ Այսօր մտաւորականութիւն ունինք թէ ոչ՝ երկրորդական նիւթ է, սակայն հաստատ է, որ մի քանի տասնամեակ ետք մտաւորականութիւն պիտի չունենանք. մի քանի տասնամեակ ետք լուրջ ձեւով հայերէնի ուսուցիչի պակասին դիմաց պիտի կանգնինք, որովհետեւ ազգ մը որ չի՛ գիտեր իր ուսուցիչն ու մտաւորականը գնահատել (ինչ որ ազգերու համար շատ աւելի առաջնահերթ է քան քաղաքական ղեկավարներ), ի վերջոյ ենթակայ է մահուան:
Յայտնի փիլիսոփայ Պղատոնի յայտնի միտքերէն է հետեւեալը. «Կրթութեան նպատակը լաւ քաղաքացիներ ձեւաւորելն է»։ Մեր հայութեան պարագային հայեցի դաստիարակութեան նպատակը լաւ քաղաքացիներու կողքին լաւ հայը ձեւաւորելն է, բայց, ո՞ւր է այդ հայը... Կը բողոքենք, որ սփիւռքի մէջ հարթակ մը գոյութիւն չունի. կը բողոքենք, որ մտաւորականութիւն գոյութիւն չունի. պահ մը կոյր ըլլալով ընդունինք, որ «գոյութիւն չունի», այս պարագային կը ծագի հետեւեալ հարցումը. նոյնիսկ եթէ գոյութիւն ունենար, ո՞ւր է հարթակն ու մտաւորականութիւնը գնահատող նոր սերունդը։ Մարդիկ մտաւորական կը ծնին թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն, կը հաւատանք, որ մարդիկ մտաւորական կը դառնան։ Մտաւորական ստեղծելու համար պէտք է գնահատել ու քաջալերել երիտասարդները. պէտք է թերթերու եւ հանդէսներու մէջ կարեւոր տեղ տրամադրել անոնց մտածումներուն ու համոզումներուն. գրական զանազան մրցանակներով պէտք է անոնց մէջ առկայծել մտաւորականութեան եւ մամուլի հանդէպ սէրը: Պէտք է բարոյապէս ու նիւթապէս աջակցիլ: Ցաւ ի սիրտ, մեր հայկական ընկերութենէն ներս կայ թիւով մեծ խմբակ մը, որ դրականին հանդէպ լուռ կը մնայ, սակայն, բացասականի պարագային առաջին ձայն բարձրացնողը կ՚ըլլայ։ Փա՞ստ. ահաւասիկ հատ մը. արդէն իսկ աւելի քան չորս տարի օրական դրութեամբ կը գրենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս սիւնակին մէջ. անոնց թիւը կրնայ ըլլալ անցած է արդէն իսկ 1500 յօդուածը. կան անձնաւորութիւններ, որոնք այդ 1500 յօդուածին համար դրական ո՛չ մէկ արտայայտութիւն ունեցած են. մնացած են լուռ, սակայն, երբ փոքր ինչ թերութիւն մը եղած է այդտեղ, յանկարծ յայտնուած են՝ իրենց այս կամ այն «մերժողական» քննադատութիւնը ընելու։ Անշուշտ այս մէկը զարմանալի երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ մեր ազգին մէջ սովորութիւն դարձած է քարկոծելն ու հեռացնելը եւ ապա պահանջելը. այնպէս, ինչպէս սփիւռքի մէջ դպրոցներու կրթաթոշակները կը բարձրացնեն եւ ապա կ՚այպանեն հայ ծնողը՝ որ իր զաւակը օտար վարժարան կը ղրկէ:
Ընտանիք մը զաւակ մը լոյս աշխարհ բերելէ առաջ պարտաւոր է ապահովել ապահով միջավայր մը՝ տուն մը՝ անհրաժեշտ բոլոր պարագաներով։ Մտաւորականութիւնը մեր ազգին «զաւակ»ն է եւ ամենէն կարեւոր տարրը, որովհետեւ մտաւորական սերունդ մը կրնայ միայն գիտակից ու խելահաս սերունդ մը ստեղծել. մտաւորական սերունդն է, որ կրնայ յաջող ուսուցիչներ ստեղծել, այլապէս առանց ուսուցիչի ու մտաւորականի մեզի կը մնայ միայն մէկ բան ընել. սպասել ազգի մահուան բօթը՝ որ այս անտարբերութեան պատճառով կրնայ այնքան ալ չուշանալ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երբ
մէկ յաջողութեանդ համար ծափահարութիւններ լսես, յիշէ՛ նաեւ այն ծաղրանքները, որոնք անյաջողութիւններուդ համար եղած են:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան