ԽՕՍԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
«Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է». (ԱՌԱԿ. ԺԵ 23)։ Խօսքը, բանաւոր արարածներու, մարդոց փոխյարաբերութիւնները ապահովող եւ կարգաւորող արարք մըն է։ Այս իմաստով ամէն մարդ կը խօսի եւ խօսիլը մարդուն առաջնակարգ իրաւունքներէն մին է եւ ազատութեան բնական հետեւանքն է։ Ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին։
Բայց, ամէն խօսք խօսող մարդ, արդեօք կրնա՞յ հասնիլ իր նպատակին։ Խնդրակա՛ն է այդ։ Կամ ամէն խօսք նպատակայարմա՞ր է, կամ ամէն խօսք օգտակա՞ր է եւ կամ ամէն խօսք բարի՞ է։ Խօսքը սրտէն կը բխի եւ միտքին՝ բանականութեան «քամիչ»էն անցնելով դուրս կու գայ։ Խօսքը կրնայ գգուիչ եւ փայփայիչ ըլլալ, բայց կրնայ նաեւ վիրաւորիչ ըլլալ, երբ ան աննրբանկատ, անխոհեմ եւ անփափկանկատ կերպով եւ ոճով արտասանուած է։ Արդարեւ, խօսքին պատշառ ժամանակի մը արտայայտուիլն ալ, անոր արժէքը կ՚աւելցնէ։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ առակախօսը կ՚ըսէ. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է»։
Անտեղի խօսքը ո՛չ թէ օգուտ եւ բարիք, այլ մանաւանդ վնա՛ս կը պատճառէ։ Այսպիսի պարագաներուն՝ աւելի նպատակայարմար է լուռ կենալ, չխօսիլ, քան թէ խօսք մը ըսել։ Ուստի, մարդ պէտք չէ՛ «խօսած ըլլալու համար» խօսի, այլ՝ նպատակի մը ծառայելո՛ւ համար։
Կարելի է կեանքի մէջ նկատել մարդիկ՝ որոնք շատ կը խօսին, բայց ո՛չինչ կ՚ըսեն… կան ալ՝ որոնք քիչ կը խօսին, բայց շա՜տ բան կ՚ըսեն։ Եւ ահաւասի՛կ, այս իսկ պատճառով՝ խօսիլը արուեստ մըն է, որ գիտութիւն, փափկանկատութիւն, բանականութիւն, զգուշութիւն կը պահանջէ։
Ընդհանրապէս խօսողը պէտք չէ՛ իր խօսակիցը բռնի կերպով պարտադրէ անպայման լսելու զինք, այլապէս պէտք չէ՛ «գերի»ի պէս վարուի անոր հետ, եթէ խօսելու ազատութիւն եւ իրաւունք կայ, կա՛յ նաեւ չլսելու ազատութիւն եւ իրաւո՛ւնք։ Խօսքը, որ է խորհուրդի մը արտայայտութիւնը, ինչպէս խօսելով, նո՛յնպէս կ՚իրագործուի նաեւ գիրով։ «Խօսքը գիրի վերածել» կը նշանակէ գրե՛լ։ Երբ մէկը կը գրէ, կրնա՞յ պարտադրել, որ կարդան զայն մարդիկ, ուստի չկարդալու ազատութիւն եւ իրաւունք ալ գոյութիւն ունի։ Ամէն մարդու նոյն բաներէ ախորժիլը սպասել անկարելի՛ է, եթէ այդպէս ըլլար՝ մարդիկ միօրինակ արարածներ կ՚ըլլային եւ ճաշակ, ճանչնալու եւ ըմբռնելու՝ գեղեցիկը եւ տգեղը զանազանելու կարողութենէն բոլորովին զուրկ արարածներ կ՚ըլլային անոնք, գեղարուեստ, գեղագիտութիւն, գաղափար՝ անծանօթ եւ օտար կ՚ըլլային մարդուն։
Խօսիլ կամ գրել, մարդ երբ կ՚արտայայտէ իր մտածումները կամ գիտելիքները, պէտք է հասկացողական համակրանքով շարժի, գործէ։ Ասիկա, բայց ճշմարտութիւնը խօսելու եւ գրելու արգելք պէտք չէ՛ ըլլայ, ուստի, մարդահաճութիւնը, շողոքորթութիւնը եւ երեսպաշտութիւնը՝ որոնք երկերեսութիւն եւ կեղծաւորութիւն կ՚ենթադրեն, այպանելի են եւ դատապարտելի։
Ուրեմն, թէ՛ խօսքի եւ թէ գիրի մէջ «չափաւորութիւն»ը եւ պարզութիւնը, անկեղծութիւնը, անոնց օգտակար եւ բարեբեր ըլլալու տեսակէտէն անհրաժե՛շտ են։ Խօսքը եւ գիրը եթէ յարմար, տեղին եւ պատշաճ ժամանակին խօսուի կամ գրուի, կը հասնին իրենց նպատակին եւ օգտակար, բարեբեր կ՚ըլլան խօսակիցներուն եւ հասցէագրուածներուն։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ խօսիլ կամ գրել, անպայմա՛ն անկեղծութիւն եւ չափաւորութիւն կը պահանջեն նպատակայարմար ըլլալու համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 13, 2026, Իսթանպուլ