ՄԱՐԴ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍ ԲԱՐԵԿԱՄԸ
«Դուք իմ բարեկամներս էք». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 11)։
Բարեկամը, աշխարհի վրայ ամէն հարստութենէ գերիվեր է եւ գերազա՛նց։ Բայց, մարդու բարեկամութիւնը ժամանակաւոր է եւ յարաբերական՝ կրնայ աւրուիլ, մինչեւ իսկ թշնամութեան վերածուիլ։ Իսկ Յիսուսի բարեկամութիւնը անփոփոխ է եւ յաւիտենակա՛ն։ «Յիսուս սիրելով իրենները, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1), եւ «Եւ ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։
Մարդ, ընդհանրապէս, «հարուստ»ին բարեկամ կ՚ըլլայ, մարդուն բնութիւնը այս կը պահանջէ, քանի որ մարդ՝ նախ ինքզինք կը սիրէ։ Եւ մարդ, հարուստ բարեկամը ո՛րքան ալ սիրէ, իր աղքատ բարեկամը, բնաւ զայն իր ժառանգակիցը չ՚ըներ։ Աղքատ բարեկամը կը սիրէ մակերեսային եւ երբեմն ալ՝ ի ցոյց մարդկան։
Յիսուս աղքատ եւ տգէտներու բարեկամ եղաւ եւ զանոնք իրեն ժառանգակից ըրաւ. (ՀՌՈՎՄ. Ը 17)։ Մարդ, նաեւ ընդհանրապէս, բարեկամ կ՚ըլլայ անոր՝ որմէ շահ ունի։ Յիսուս բնաւ շահ չի սպասեր, այլ Ի՛նք Իր էութեամբը շա՛հ է մարդուս համար, մեզի հարար։ Ընդունինք, որ մարդ չ՚ուզեր եւ չի կրնար մեռնիլ, զոհուիլ իր բարեկամին համար. Յիսուս՝ Իր կեանքը տուաւ, զոհեց Իր բարեկամներուն համար, մինչեւ իսկ Իր թշնամիներուն համար։ Մարդ-բարեկամը որոշ չափով, սահմանաւոր կերպով կը դիմանայ իր բարեկամին նեղութիւններուն, երբեմն անհաւատարմութեան, յետոյ կը վշտանայ եւ յետոյ երես կը դարձնէ. բայց Յիսուս երկայնամիտ է եւ ներողամիտ, եւ կ՚ըսէ. «Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուաածներ, ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։
Մարդ-բարեկամը, հակառակ պարագային իր բարեկամը կրնայ լքել. Յիսուս՝ երբեք չի լքեր, երես չի դարձներ, բնաւ անպատասխան չի թողուր՝ որքան ալ Իրեն պէս չի խորհիր։
Մարդ, շատ անգամ կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամ կ՚ըլլայ. բայց Յիսուսի մէջ կեղծիք չկա՛յ։ Բարեկամին հինը կամ նորը արժէք չեն ներկայացներ, այլ՝ անկեղծ եւ ճշմարիտ բարեկա՛մը՝ ներկայ բարեկամը, իսկական բարեկամը։ Այս իմաստով՝ Յիսուս միշտ անկեղծ բարեկա՛մ է, քանի որ Ան երէկ, այսօր եւ միշտ նոյնն է. «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ, այսօր, յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։
Մարդ-բարեկամը կրնայ վիրաւորել իր բարեկամը եւ այդ վէրքը բնաւ չի բուժուիր։
Յիսուս մեզմէ ստացած վէրքերը միշտ կը ներէ եւ ալ բնաւ չի յշիեր։ Յիսուս կ՚ըսէ. Քու յանցանքներդ ինծի համար պիտի ջնջեմ, եւ քու մեղքերդ ալ պիտի չյիշեմ. (ԵՍԱՅ. ԺԳ 25)։
Մարդ-բարեկամը, իր բարեկամին համար իր փառքը եւ դիրքը երբեք չի զոհեր։ Նախանձախնդիր է այս մասին։ Յիսուս Իր Աստուծոյ բնութիւնը, Աստուած ըլլալը՝ Աստուծոյ համագոյակից ըլլալը բան մը չսեպելով, խոնարհութեամբ եւ… ամենայն համեստութեամբ Իր անձը ունայնացուց, մարդ ծառայի կերպարանք առնելով, մարդուն նեղութիւնները կրեց, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ եւ մեռա՛ւ՝ ան ալ խաչի անարգ մահով. եւ այս բոլորը ինկած, մեղաւոր «բարեկա՛մ»ներուն համար ըրաւ։
«Մարդ-բարեկամ»ը իրապէս բարեկամ ըլլալու համար պէտք է ջանայ նմանիլ Յիսուսի. գիտնայ իրապէս սիրել, յանձն առնել զոհել եւ զոհուիլ իր բարեկամին համար, հանդուրժող եւ երկայնամիտ ըլլայ եւ ընդունի, որ ճշմարիտ բարեկամութիւնը յաւիտեան է եւ ո՛չ թէ պարագայական կամ յարաբերական։ Քանի որ Յիսուսն է ճշմարիտ, հաւատարիմ, անկեղծ բարեկամին տիպարը։ Եւ եթէ մարդ կարենայ ճշմարիտ բարեկամ ըլլալ՝ կը մօտենայ, կը մտերմանայ Յիսուսի հետ եւ կը նմանի Անոր…
Երանելի՜ են անոնք՝ որոնք այս նեղութիւններով, խաբէութիւններով, կեղծիքներով լեցուն աշխարհի վրայ «բարեկամ»ներ ունին՝ որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն իրենց համար եւ ինք ալ կը զոհէ իր կեանքը անոնց համար… Ուստի, ճշմարիտ բարեկամներ ըլլանք եւ նմանինք Ճշմարտութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 13, 2026, Իսթանպուլ