ԱՅՍ ԸՆԹԱՑՔՈՎ ՎԵՐՋԱԿԷՏԸ ՄՕՏ Է
Ժամանակ առ ժամանակ ընկերութեան մէջ կը յայտնուին անձեր, որոնք իբրեւ թէ կը փորձեն «նորարարութիւն» ստեղծել։ Այս երեւոյթը հասկնալի կը նկատենք միայն այն ժամանակ, երբ մարդ շօշափելի, ինչպէս նաեւ տրամաբանական փաստերու վրայ հիմնուած պաշտպանէ իր թեզը՝ ինչ որ քիչ յաճախականութեամբ կը պատահի։ Օրինակի համար, մեր թուականէն 51 տարիներ առաջ՝ 1975 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անհատ մը սկսաւ մարդոց կենդանի-քար ծախել. կենդանի ըսելով՝ անասուն քարեր։ Մարդիկ որպէս ընտանի կենդանիներ սկսան քարեր գնել։ Հնարողը քարերը տեղադրեց օդի անցքեր ունեցող տուփի մը մէջ, որպէսզի չըլլայ թէ քարը տուփին մէջ խեղդամահ ըլլայ։ Գուցէ այս մէկը որպէս ապուշութիւն նկատէք, սակայն, նման պարագաներու ո՛չ թէ «հնարող»ը, այլ «հաւատալով» զայն գնողները պէտք է մեղադրել:
Պէտք է ընդունիլ, որ հայ ժողովուրդի մէջ եւս պակաս չեն նման իմաստուններ։ Այո, բարեբախտաբար, տակաւին քարը որպէս ընտանի կենդանի պահելու «խելացի» մակարդակին չհասանք, սակայն, մեր հանճարեղ գիտունները եւս իրենց տեղը չեն զիջիր ուրիշներուն։ Օրինակի համար, ընդամէնը մի քանի տարիներ առաջ հայորդի մը երկար գրութիւններով, իբրեւ թէ գիտական լուրջ աշխատութիւններով կը փորձէր փաստել, որ հայերէն լեզուին համար երեսունէ աւելի տառեր ունենալը պարզապէս «մսխում» է եւ մենք հայերէնով նոյն միտքերը կրնանք արտայայտել աւելի նուազ տառ գործածելով. հայերէն լեզուէն պէտք է վռնտել «ե», «ձ», «յ», «պ», «ջ», «ո», «տ», «ւ», «ք», «եւ» եւ «ֆ» տառերը: Վերջապէս Մեսրոպ Մաշտոց ալ մարդ էր եւ կրնայ ըլլալ երազն ու տեսիլքը սխալ յիշելով՝ աւելորդ տառեր աւելցուցած ըլլար: Անշուշտ, այս մէկը ունէր իր նիւթական առաւելութիւնները եւս. վերոյիշեալ տառերը պակսեցնելով տպագրուած հայերէն գիրքերը շատ աւելի քիչ ծաւալ պիտի ունենան եւ խնայեն տպագրութեան ծախսերը։ Գուցէ մեր թերթը չորս էջի փոխարէն տպագրուէր երկու էջով՝ եւ տար ամբողջութեամբ նոյն իմաստը։ Աստուած նման տնտեսագէտ հայագէտներ անպակաս ընէ մեր ազգին վրայէն։ Անշուշտ, պէտք չէ զարմանալ. քարը որպէս ընտանի կենդանի պահող աշխարհի մը մէջ 10-11 տառ զոհելն ու լեզուն թլփատելը զարմանալի պէտք չէ ըլլայ:
Նոյն զարմանալի տրամաբանութեամբ, 1960-1961 թուականներուն, հայկական մամուլի մէջ անձ մը՝ Դաւիթ գրչանունով, փորձեց հայ գրականութեան մէջ նոր «ոճ» մը ստեղծել. այդ ոճը ի՞նչ պիտի կոչուէր չենք գիտեր, սակայն, ամենէն յարմար անունը պիտի ըլլայ «վերջակէտագրութիւն»ը։ զարմանալի ձեւով Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Զարթօնք» օրաթերթը իր էջերուն մէջ տեղ տուաւ անոր «վերջակէտագրութիւն»ներուն։ Աւելի յստակ բացատրելու համար պէտք է բանալ, օրինակի համար, «Զարթօնք» օրաթերթի չորեքշաբթի 8 մարտ, 1961-ի թիւը (ԻԴ. տարի, թիւ 136 “6955”) եւ անոր երրորդ էջին վրայ կարդալ «Տնտեսի Կիրակին» գրութիւնը. նոյնութեամբ կը մէջբերենք գրութեան առաջին բաժինը.
«Այսօր: Տնտեսին Կիրակին: Հանգիստ: Ինծի ի՞նչ: Թէ՝ պարկեշտ: Կամ՝ անպարկեշտ: Մարդ մը: Երկու հազար: Տարի առաջ: Խաբեր է: Կամ չի խաբեր: Իր Տէրը: Այսինքն: Գործատէրը: Փաթրոնը: Մեծատունը: Որքան ատեն որ: Այս աշխարհը: Այսպէս է: Խաբողներ: Եւ խաբուողներ: Պիտի գտնուին: Ճար չկայ: Որովհետեւ: Խելացիներ: Եւ ապուշներ: Պիտի գտնուին: Այսինքն էշեր: Եւ իշատէրեր: Քրտնողներ: Եւ ինծի պէս: Ուրիշին հաշւոյն: Աստուածը: Հարցն Մերոց: Ստեղծեց: Աւանակը: Որպէսզի: Մենք: Շահագործենք զայն: Մեր պէտքին համաձայն: Եւ սակայն: Լրջանանք: Արդ: Օրն է: Ուրբաթ: Աւագ չէ: Ուրբաթ»:
Պահ մը մարդ կ՚ունենայ այն մտածումը, թէ արդեօք գրաշարը «վերջակէտ»ը կախա՞ծ էր այդ օր եւ իւրաքանչիւր բառէ ետք ակամայ վերջակէտով մը աւարտած էր նախադասութեան «միտք բանին»։ Սակայն, կարծես վերջին տեղերը «ձանձրանալով»՝ սկսած էր 3-4 բառը անգամ մը դնել վերջակէտ: Օրուան մամուլը այս լեզուն կոչած էր «Դաւթերէն»։ Անշուշտ, Դաւիթ եւս իր ըրածին տարօրինակ ու ո՛չ տրամաբանական ըլլալը հասկցած ըլլալու էր, որ գործած էր գրչանուն (ըստ երեւոյթին այնքան ալ չէր հաւատացած իր «նորարարութեան»):
Ներկայ աշխարհը մեր նոր սերունդը կ՚առաջնորդէ դէպի «Դաւիթութիւն». կ՚առաջնորդէ դէպի բթամտութիւն։ Պէտք է պարզապէս սթափիլ. աշխարհի տարօրինակութիւնները կամայ-ակամայ մեր նոր սերունդին վրայ եւս մասամբ ներգործութիւն կ՚ունենան։ Մօտիկ անցեալի համաշխարհային պատմութիւնը ունէր հայու անուններ՝ որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով բարիք էին աշխարհին։ Եթէ երթանք քիչ մը աւելի հեռու՝ 1800-ական թուականներ, Եւրոպայի շատ մը երկիրներէ աւելի զարգացած ու յառաջդիմած վիճակի մէջ էր հայ ժողովուրդը եւ ասոր մեծագոյն վկան հայ գրականութիւնն է՝ իր մանկավարժական, հոգեբանական եւ Եւրոպայի շատ մը երկիրներէն առաջ իգական սեռի իրաւունքները պաշտպանող աշխատութիւններով։ Եթէ փորձենք երթալ աւելի հին, ապա աշխարհի մեծագոյն համալսարանները ունեցող ազգի մը զաւակները ըլլալով պարտինք հպարտանալ, որովհետեւ այսօր զարգացած կարծուած շատ մը երկիրներու ուսանողներ Հայաստան կու գային իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու։ Նշաձողը ե՞րբ այսքան վար բերուեցաւ՝ չենք գիտեր, սակայն, կը հաւատանք, որ նոր սերունդը թմբիրէն պէտք է դուրս բերել եւ զգաստութեան ու լրջութեան հրաւիրել։ Մեր ներկան անցեալի հետ համեմատելով՝ յառաջդիմելու փոխարէն նահանջի մէջ կը տեսնենք եւ ներկայէն աւելի ապագան է, որ մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ ապագան շատ աւելի ժխտական վիճակ պիտի ունենայ համեմատած մեր ներկային՝ եթէ շարունակենք ապրիլ այս անտարբերութեամբ։ Այս ընթացքով ո՛չ թէ 8-10 տառ, այլ ամբողջ լեզուն կը կորսնցնենք. ո՛չ թէ բառերու աւարտին վերջակէտ կը դնենք, մեր վերջակէտը կը դրուի:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կայ մայր երակ մը, որ իրարու կը միացնէ մեր քերթողները Դուրեանէն մինչեւ Թէքէեան, Եղիայէն մինչեւ Մեծարենց եւ Ինտրա: Այն է՝ կրօնական երկիւղածութիւն մը, առանց առարկայի: Աստուած բացակայ է: Բայց ոչ՝ աստուածութիւնը:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան