ՄԱՐԳԱՐԷ ԵՒ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ

Աստուածաշունչ մատեանի մէջ, «մարգարէ»ն Աստուծոյ պատգամախօսն է, որ պատմական որոշակի կացութեան մը մէջ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով Աստուծոյ կամքը եւ վճիռները կը յայտնէ անոր ժողովուրդին։ Հին կտակարանի մէջ «մարգարէ»ն երբեմն կոչուած է նաեւ «Աստուծոյ մարդ», կամ կոչուած է «տեսանող», որովհետեւ յաճախ ապագային կապուած յայտնութիւն կը բարէ։

Ասկէ՝ ժողովրդական լեզուին մէջ յաճախ «մարգարէանալ»ը համազօր է գուշակելու. (ՂՈՒԿ. ԻԲ 64), բայց ատիկա ամբողջապէս շիտակ չէ՛։ Ապագայի գուշակութիւնը նշա՛ն մըն է պարզապէս, ապացոյց մը՝ Աստուծոյ պատգամներուն ճշմարտականութիւնը հաստատելու համար։ Հին կտակարանի մէջ մարգարէներ կարելի է գտնել հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ մինչեւ Ք. Ա. 5-րդ դար։ Յետոյ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչի ժամանակը մարգարէներու կարելի չէ հանդիպիլ։ Յիսուս ինք եւս կոչուած է «մարգարէ»։

Նոր կտակարանը յատկապէս կը շեշտէ քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ մարգարէութեան շնորհքին ներկայութիւնը. (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 6), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 10) եւ կը յիշէ բազմաթիւ մարգարէներ. (ԳՈՐԾ. ԺԱ 27-28), (ԳՈՐԾ. ԺԳ 1), (ԳՈՐԾ. ԺԹ 6), (ԳՈՐԾ. ԻԱ 9-10), (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 28), (ԵՓ. Բ 20), եւ այլն։ Եկեղեցւոյ մէջ մարգարէին պաշտօնը նո՛յնն է, այսնիքն՝ եկեղեցւոյ կեանքի տարբեր հանգրուաններուն եւ նոր կացութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով «յայտնութիւն» մը կամ «պատգամ» մը, «հաղորդախօսութիւն» մը բերել եւ Աստուծոյ ժողովուրդը յորդորել։ Այս իմաստով «մարգարէ»ն՝ կեանքը եւ աշխարհը Աստուծոյ աչքերով դիտող եւ տեսնող առանձնաշնորհեալ անձն է. իսկ մարգարէանալ՝ Աստուծոյ աչքերով տեսնուածը հասկնա՛լ։

Հին ուխտի մարգարէները յաճախ դատապարտած են այն զոհերը (ԱՄՍ. Ե 21-25)՝ որոնք կատարուած են առանձ «հոգեկան մասնակցութեան» կամ առանց «մերձաւորին սիրոյն» հետ առնչութեան. (ԵՍ. Ա 10-20)։ Յիսուս կը յիշէ Ովսէ մարգարէին խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ զոհ». (ՄԱՏԹ. Թ 13, ԺԲ 17), (ՈՎՍ. Զ 6)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ունինք պարգեւներ, որոնք իրարմէ կը տարբերին մեզի տրուած շնորհքին համեմատ. եթէ մարգարէութիւն է, կիրարկենք զայն ըստ չափին մեր հաւատքին։ Եթէ պաշտօն է՝ ծառայելով, եթէ վարդապետութիւն է՝ ուսուցանելով, եթէ յորդոր է՝ յորդորելով։ Ան որ կու տայ, թող տայ անհաշիւ, ան որ կը նախագահէ՝ եռանդով, ան որ ողորմութիւն կու տայ, ուրախութիւն ճառագայթելով». (ՀՌՈՎՄ. ԺԲ 6-8)։ Ուստի, գերբնական կարգին պատկանելով, մարգարէանալու շնորհքը գեր ի վեր է՝ քան մարդկային փորձառութիւնը եւ չի գիտցուիր, չի հասկցուիր, չի կրնար ճաչցուիլ եթէ ոչ՝ հաւատքո՛վ։ Մարդ, ուրեմն, չի կրնար հիմնուիլ իր զգացումներուն կամ գործերուն վրայ՝ առանց Սուրբ Հոգիի ներշնչումին եւ եզրակացնել եւ յայտարարել ճշմարտութիւնը։

Սակայն, ըստ Յիսուսի անսուտ եւ ճշմարիտ խօսքին, թէ՝ «անոնց պտուղներէն պիտի ճանչնաք զանոնք». (ՄԱՏԹ. Է 20), մարդոց կեանքին եւ սուրբերու եւ կամ մարգարէներու կեանքին մէջ Աստուծոյ բարիքներուն գիտակցութիւնը մարդոց երաշխաւորութիւնը կ՚ընծայեն, թէ շնորհքը կ՚աշխատի մարդուն մէջ եւ կը դրդէ մարդս դէպի միշտ աւելի մեծ, աւելի զօրաւոր հաւատք մը եւ դէպի վստահութեամբ եւ հաւատարմութեամբ լեցուն բարոյական-հոգեւոր աղքատութեան կեցուածք մը։

Աստուծոյ հետ իրենց դէմ առ դէմ հանդիպումէն՝ մարգարէները իրենց առաքելութեան համար լոյս եւ զօրութիւն կը քաղեն։ Անոնց աղօթքը այս անհաւատարիմ աշխարհէն խուսափում մըն չէ՛, այլ անսալ մըն է Աստուծոյ Խօսքին, երբեմն վէճ մըն է կամ տրտունջ մը. միշտ բարեխօսութիւն մը, որ կ՚ակնկալէ եւ կը նախապատրաստէ միջամտութիւնը Փրկիչ Աստուծոյ՝ որ Տէ՛րն է պատմութեան։

Մարգարէները կոչ կ՚ընեն մարդոց՝ սրտի դարձին համար եւ Եղիայի պէս Աստուծոյ դէմքը անձկագին փնտռելով՝ միանգամայն կը բարեխօսեն ժողովուրդին համար։ Իսկ սաղմոսները կը հանդիսանան գլուխ գործոցը աղօթքին՝ Հին կտակարանի մէջ։ Անոնք կը ներկայացնեն իրար ամբողջացնող երկու անբաժանելի տարրեր, առանձնական եւ հասարակակա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 12, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026