ԱԶԳ՝ ՈՐՈՒՆ ՆՄԱՆԻԼ ՊԷՏՔ Է ՓՈՐՁԵՆՔ

Վերջերս համացանցի մէջ մեծ տարածում գտաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հրեայ ժողովուրդի շատերու համար տարօրինակ թուացող ապրելակերպը, որ իր ամբողջութեան մէջ մէկ ու հիմնական պատգամ կրնայ փոխանցել հայ ժողովուրդին. ազգ մը որ չ՚ուզեր կորսուիլ՝ չի կորսուիր։ Նոյնիսկ կեանքի ժամանակակից պայմանները չեն կրնայ այդ ազգը հեռու պահել իր որոշումէն: Հրեայ ժողովուրդը աշխարհի վրայ այնքան ալ սիրուած ազգ մը չէ եւ գուցէ պատճառը իրենց արմատներուն կապուածութիւնն է. իրենց ունեցած արժէքներուն ու սրբութիւններուն հանդէպ հին սերունդէն նոր սերունդին փոխանցուած կատարեալ գիտակցութիւնն է, որ արտաքին աշխարհին համար ինչքան ալ որպէս վտանգ ներկայանայ, սեփական ժողովուրդի արժէքներուն համար կատարեալ ամրութիւն է: 

Յաճախ խօսելով հայկական սփիւռքի մասին, կը փորձենք արժէքներու, լեզուի ու մշակոյթի անկումը արդարացնել՝ մատնանիշ ընելով արտաքին կեանքի պայմաններն ու մերօրեայ ժամանակի պահանջները։ Կը խօսինք 1915 թուականին պատահած անարդարութիւններուն մասին եւ կը փորձենք «համոզիչ» պատճառաբանութիւն մը ստեղծել, սակայն, հըր-եայ ժողովուրդը մեծագոյն ապացոյցն է, որ ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ պայմանները կրնան ազգ մը հեռացնել իր արժէքներէն, եթէ այդ ազգը որոշած է պահել զանոնք ու սերունդէ սերունդ փոխանցել: Մենք որպէս ազգ մեր կորուստը սգալու փոխարէն՝ պէտք է մեր դիմաց ունենանք հրեայ ժողովուրդի սփիւռքը եւ ամէն կերպ փորձենք դասեր քաղել, որովհետեւ հակառակ հայ ժողովուրդէն շատ աւելի մեծ սփիւռք ունենալուն, հրեայ ժողովուրդը գը-տած է սեփական ինքնութիւնը պահպանելու ճշգրիտ միջոցները: Այդ կարեւոր դասերը մի քանի մասերու պիտի բաժնենք. 

Յարաբերութիւն.- Հրեայ ժողովուրդը օտարութեան մէջ «անհատական» ապրելու փոխարէն կը նախընտրէ ապրիլ «հաւաքական» կեանք մը, ինչ որ որպէս ժողովուրդ կը զօրացնէ սեփական ազգի հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութիւնը։ Սեփական արժէքները, բարքերն ու ըմբռնումները վերացական գաղափարներ ըլլալէ անկախ իրենց առօրեային անմիջական մաս կը կազմեն։ Անոնց որպէս հրեայ ապրիլը ո՛չ թէ ձեւակերպութիւն, անոնց իրարու քով հաւաքուիլը ո՛չ թէ պարտադրուած օրէնք կամ ցուցադրութիւն, այլ ամենօրեայ վարքագիծի մաս կը կազմէ: Հայ ժողովուրդը լաւապէս գիտէ, թէ հզօր հաւաքականութիւն մը ստեղծելու համար ի՛նչ պէտք է ընէ։ Մտաւորականութեան դարաւոր միասնականութեան կոչը բաւարար է մեր ժողովուրդին հասկնալու համար այդ մէկը, սակայն, մեր ժողովուրդը միայն գիտէ՝ բայց չ՚ըներ։ Հըր-եաները, սակայն, լաւապէս գիտեն ու գիտնալէ անդին կեանքի կը կոչեն այդ մէկը. այս մէկը կեանքի կոչելը ունի հիմնական մէկ պատճառ եւ աղբիւր. պատկանելիութեան գիտակցութիւն։ Հրեայ անհատ մը (ի տարբերութիւն հայերուն) դիմացի հրեան որպէս մրցակից, որպէս թշնամի տեսնելու փոխարէն՝ ուրիշ հրեայ մը կ՚ընդունի որպէս իրը՝ իր ժողովուրդին անբաժան մէկ մասը։ Այս պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու համար հրեայ ժողովուրդը ազգութեան գիտակցութիւնը միացուցած է կրօնականին եւ հետեւաբար սեփական ազգը սիրելը անձնական որոշումէ անկախ վերածուած է կրօնական սկզբունքի: Հրեայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր հրեաները մէկ ընտանիքի անդամներ են։ Այլ խօսքով՝ մէկ հրեայի յաջողութիւնը ամբողջ հրեայ ժողովուրդի յաջողութիւնը կը նկատուի եւ հակառակը, իսկ այս մէկը անոնց միջեւ կը ստեղծէ սիրոյ կապ մը, որովհետեւ անհատական ապրելու փոխարէն կը սկսին ապրիլ հաւաքականի գիտակցութեամբ: 

Հայ ժողովուրդի եւ հրեայ ժողովուրդի տարբերութիւնը ներկայացնենք այսպէս.- այսօր եթէ Լիբանանի մէջ հայերու դէմ ոչ-դրական անցուդարձ մը տեղի ունենայ, սփիւռքի մէջ ապրող հայերը կը կարծեն, թէ այդ մէկը Լիբանանի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի հարցն ու խնդիրն է։ Մինչ հրեաներուն մօտ համոզումը ամբողջութեամբ տարբեր է։ Աշխարհի երեսին հրեաներու մասին որեւէ դէպք կամ արտայայտութիւն հրեաներուն համար անձնական են՝ նոյնիսկ եթէ այդ գաղութին մասին ո՛չ մէկ բան գիտէ կամ ո՛չ ոք կը ճանչնայ։ Այս մէկը ծայրայեղական ըլլալու հետ աղերս չունի. պատկանելիութեան զգացումի ամենէն ճիշդ ու բարձր ձեւն ու մակարդակն է։ Ժողովուրդը մէկ մարմին է եւ եթէ մարմնի անդամներէն մէկը ցաւի մէջ է, բնականաբար, միւս մասերն ալ անհանգիստ վիճակ մը կ՚ունենան: Մենք որպէս հայ ժողովուրդ մեր ձեռքբերումները, մեր յաջողութիւնները կը կեդրոնացնենք «Ես»ի վրայ. անոնց քով այդ մէկը «մենք» է: 

Հրեայ ժողովուրդը ունեցած է եւ ունի դարաւոր անցեալով սփիւռք մը։ Այդ սփիւռքին մէջ, սակայն, օտարանալու փոխարէն անոնք ունեցած են այն համոզումը, որ օտարութեան մէջ որպէս հրեայ գոյատեւելու համար պէտք է ինքնապահպանումի բնազդը ունենալ։ Մենք կը կարծենք, որ միայն հայրենիքի մէջ հնարաւոր է հայ մնալ, սակայն, անոնք կը յաջողին ստեղծել մտայնութիւն մը, որ օտարութեան մէջ մարդ պարտաւոր է շատ աւելի որպէս հրեայ ապրելու՝ քան Իսրայէլի մէջ, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ապրող մարդը այսպէս կամ այնպէս իր ազգութիւնը, իր արմատները պիտի յաջողի պահել, հետեւաբար, սփիւռքի մէջ ապրողը պէտք ունի պաշտպանուելու:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ինչ ազգի լեզուով կը մտածէ եւ կը խօսի մարդ՝ նոյն ազգէն կը համարուի, լեզուն է, որ կը զատէ ազգ ըազգէ, ինչպէս նաեւ ան է, որ մարդիկը կը կապէ՝ ազգ կը դարձնէ:

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2026