ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼ ՄԸ
Տեսական գետնի վրայ աշխարհի ապրող գրեթէ ամէ՛ն մարդ դէմ է անարդարութեան։ Բոլորն ալ պատրաստ են քննադատել խտրութիւնն ու կողմնակալութիւնը՝ մանաւանդ երբ այդ մէկը կը կատարուի իր նեղ շրջանակէն դուրս, որովհետեւ մարդոց համար շատ աւելի դիւրին է քննադատել ու բարկանալ երեւոյթներու, որոնք տեղի կ՚ունենան իր շրջանակէն դուրս՝ իրմէ հեռու, սակայն, գիտակցութիւնը չ՚ունենար, երբ այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ իր շուրջ՝ նոյնիսկ շատ անգամ իր իսկ ձեռքով: Ամերիկացի լրագրող Քարլ Ռոուըն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Յաճախ աւելի դիւրին է բարկանալ աշխարհի միւս ծայրը տեղի ունեցած անարդարութեան, քան սեփական տունէն մի քանի քայլ հեռու գտնուող ճշմարտութեան համար» եւ մենք կու գանք «մի քանի քայլ հեռու»ն փոխելու սեփական տունով՝ առանց մի քանի քայլ հեռաւորութեան: Տարօրինակ ձեւով մարդ իր սեփական տան պատերէն դուրս եղածները կը յաջողի տեսնել ու քննադատել՝ մոռնալով, որ իր տան մէջ ինք նոյնը կը կատարէ, որովհետեւ մարդոց համար ուրիշի մը սխալը տեսնելն ու մատնանիշ ընելը շատ աւելի դիւրին է եւ տեղ մը ախորժելի՝ քան սեփականը: Գուցէ պատճառը այն է, որ մարդոց մօտ պակսած է սկզբունք ունենալը եւ այդ մէկը դարձած է պայմանական, որովհետեւ նոյն երեւոյթը եթէ տարբեր պարագաներու մէջ տարբեր զգացողութիւն եւ հետեւանք կը ստեղծէ՝ պէտք է անճշդութիւն մը գտնել այդտեղ:
Մարդկային կեանքի մէջ անարդարութիւնը ունի լայն հասկացողութիւն եւ այդ մէկը կարելի է գտնել տարբեր տեղեր, սակայն, ողջամիտ է ան, որ կը յաջողի այդ մէկը գտնել իր կեանքին մէջ՝ մանաւանդ երբ ի՛նք է հեղինակը այդ անարդարութիւններուն։ Ընդունինք թէ ոչ, բոլորս ալ մասամբ անարդարութեան հեղինակ ենք՝ մանաւանդ մեր ընտանեկան կեանքէն ներս, ուր ամէն բան «հաւասար» ու «արդար» ըլլալ կը թուի՝ մանաւանդ մեր սեփական աչքերուն: Այդ անարդարութեան հիմնական շարժառիթներէն մէկն ալ ընտանիքէն ներս կամայ թէ ակամայ տեղ գտած խտրականութիւնն է, որ ծնունդ կու տայ ակնկալիքներու անհաւասարութեան, ուշադրութեան անհամաչափ բաշխմամբ, որոնք կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ ո՛չ թէ մի քանի օրուան կամ ամսուան, այլ մարդու ամբողջ կեանքին ընթացքին: Կը հաւատանք (եւ կամ գուցէ կը փորձենք հաւատալ), որ ծնողական խտրականութիւնը գիտակցուած «չարութիւն» մը չէ, այլ սխալ սովորութիւններու եւ վերաբերմունքի անգիտակից արդիւնքն է։ Այդ խտրականութիւնը կրնայ ունենալ երկու հիմնական տարբեր պատճառներ. անոնցմէ առաջին պատճառը այն է, որ ծնողներ շատ անգամ իրենց մանկութիւնը խտրականութեան մէջ ապրելով կը կարծեն, թէ այդ է ճիշդը։ Մարդ արարած իր կեանքի մէջ տեղ գտած սխալներուն կը մօտենայ երկու տարբեր ձեւով. իր ապագայ կեանքին մէջ կա՛մ ամբողջութեամբ հեռու կը մնայ անոնցմէ՝ որովհետեւ ապրելով այդ բոլորը լաւապէս կը գիտակցի անոնց ազդեցութեան եւ կամ հակառակը՝ ճիշդ կարծելով կը կատարէ ու կ՚ապրեցնէ այնպէս՝ ինչպէս ինք ապրած է։ Մարդ արարած իր դիմաց որպէս չափանիշ կ՚ունենայ իր սեփական փորձը, որովհետեւ այդ փորձին շուրջ է, որ կը կազմաւորուի «կեանքի փորձ» ըսուածը եւ հոն է, որ շատ մը բացասական երեւոյթներ կը սկսի տեսնուիլ որպէս «բնական» երեւոյթ: Մեր նեղ ընտանեկան կեանքէն ներս տեղ գտած շատ մը սխալներ պարզապէս կրկնութիւնն են հին սխալներուն: Միւս հիմնական պատճառը՝ դաստիարակութիւնն է. ցաւ ի սիրտ, մեր դպրոցներէն ներս գիտութիւն ու թուաբանութիւն սորվեցնելու ուժ կու տան՝ փոխանակ աշակերտներուն կամաց-կամաց մարդկային կեանքը սորվեցնելու։ Կը հաւատանք, որ պատանիներ իրենց դպրոցական տարիներէն պէտք է որպէս դասանիւթ սորվին ու հետեւին, թէ ի՛նչ ըսել է ծնողք դառնալ. Ի՛նչ է ծնողքին հիմնական պարտաւորութիւնները, սխալներն ու ճիշդերը, որովհետեւ անոնց արարքները ո՛չ միայն իրենց, այլ անոնց զաւակներուն ամբողջ կեանքին վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Պէտք է ընդունիլ, որ մեր դպրոցական կրթական ծրագիրը ամբողջութեամբ հեռու է մարդկային կեանքէն:
Եթէ կրթական ծրագիրը ծնողք սահմանումին հիմնական իմաստը չփոխանցէ աշակերտին, ապա աշակերտը այնպէս ինչպէս լեզուն, նոյնպէս սկզբունքներն ու սովորութիւնները պիտի ժառանգէ իր ընտանիքէն։ Անշուշտ, այս մէկը անձէ անձ կրնայ տարբերութիւն կրել։ Ինչպէս ըսինք, անձը կա՛մ նոյնութեամբ կը կրկնէ այն սխալները, որոնք իր ծնողքին կողմէ գործադրուած են եւ կամ պայքարելով անոնց դէմ՝ ամբողջութեամբ հակառակ ուղղութեամբ կը յառաջանայ: Ընտանեկան կեանքին մէջ խտրականութիւնը կը կարեւորենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ անոր լոյսին տակ է, որ կը ձեւաւորուի ընտանեկան մթնոլորտը, անոր ազդեցութեան տակ է, որ կ՚աճի եւ կամ կ՚անհետանայ սէրը։ Խտրականութիւնն է, որ ընտանիքի մէջ կը ստեղծէ նախանձ, կռիւ ու դժուարութիւն։ Շատ մը ծնողներ չեն կրնար հասկնալ, որ իրենց այսօրուան արարքները միայն այսօրուան չի պատկանիր. այդ մէկը կրնայ ամբողջ կեանք մը իր բացասական ազդեցութիւնը ունենալ։ Այդ իսկ պատճառով, ծնողք դառնալը կը նկատենք աշխարհի ամենէն դժուար պարտաւորութիւններէն մին, որովհետեւ մարդ իր ներկան ապրելով պատասխանատու կը դառնայ նաեւ ապագայի հանդէպ, իր ապրելակերպով խոր ազդեցութիւն ունենալով զաւակներուն անհատականութեան վրայ՝ դրական ու բացասական բոլոր գիծերով:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Երբեմն, մէկ վայրկեանի գէշ հաճոյքը կը թունաւորէ մեր ամբողջ կեանքը:
ԱՆՅԱՅՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան