ՍԵՓԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ ԱՂՏՈՏՈՂՆԵՐՈՒՆ

Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ կեանքին հեգնանքով կը մօտենան՝ առանց նկատելու, որ իրականութեան մէջ հակառակն է, որ տեղի կ՚ունենայ։ Կեանքն է, որ մարդուն անողոք հեգնանքով կը նայի. նոյն այդ հեգնական հայեացքն է, որ կեանքը երկար ժամանակ սեւեռած կը պահէ դէպի հայ ազգը: Դժնդակ այս օրերուն, երբ պետական մակարդակի վրայ Հայ Եկեղեցին նուաստացման ու վարկաբեկման կ՚արժանանայ, կեանքի անակնկալ դիպուածը հին մամուլէն մեր դիմաց կը բանայ «Հայ Եկեղեցին տունն է հայուն» խորագրեալ յօդուած մը։ Եթէ պահ մը ընդունինք, որ եկեղեցին իրապէս հայու տունն է, ապա Ազգային ժողովէն ներս, ինչպէս նաեւ պետական մակարդակի վրայ տեղի ունեցածը սեփական տունը աղտոտելէ տարբեր բան չէ եւ բոլորս ալ լաւապէս գիտենք, որ իր սեփական տունը աղտոտողը այլ տեղ մաքուր չի կրնար պահել: Եթէ իրապէս եկեղեցին հայու տունն է, ապա այս ընթացքով կ՚առաջնորդուինք դէպի անտունութիւն: 

Եկեղեցւոյ «տուն» ըլլալու գաղափարը շատերու համար «լոզունգ» կամ զգացական ու վերացական խօսք ըլլալ կը թուի: Անոնց համար վերացական թուի նաեւ վերոյիշեալ յօդուածը՝ որուն հեղինակը հանդէս կու գայ «Աղասի» գրչանունով։ Աղասի իր յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «… այլ խօսք ու հարց նոր ծնողներու ահաւոր ողբերգութիւնը, որոնք գրեթէ մեռեալ կը ծնին ազգային տեսակէտէն: Այ ո՛ւր կնունք, ո՛ւր հարսանիք, ո՛ւր հայածէս ծաղում…: Ո՞վ պիտի բառնայ իրերու այս տխուր վիճակը: Ո՞վ պիտի տանի հայութիւնը անոնց իբրեւ սրբութիւն ու փոխանցէ զայն գալիք սերունդներուն: Ո՞վ լուծում պիտի գտնէ առաջքը առնելու համար անդարմանելիին»։ Իրականութեան մէջ, ի պատասխան այս հարցին՝ կը հաւատանք, որ այլեւս անդարմանելիին առաջքը առնելը այնքան ալ դիւրին չէ եւ պիտի չըլլայ: Շատեր կը հաւատան, որ ազգը ոչնչացնել հնարաւոր չէ եւ այս հաստատումին որպէս փաստ առաջ կը բերեն հայ ժողովուրդին անցած դարաւոր դժուարութիւնները, սակայն, այժմ վիճակը տարբեր է. ուրիշը երբ քու սեփական սրբութիւնդ քանդէ՝ զայն վերաշինելը ինչքան ալ դժուար ըլլայ՝ հնարաւոր է։ Ներկայ վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է. այժմ տանտէրը ի՛ր իսկ սեփական ձեռքերով կը փորձէ իր արժէքներն ու սրբութիւնները ոչնչացնել. սեփական ձեռքով տեղի ունեցած սպանդն է, որ աւելիով կործանարար կը դարձնէ իրավիճակը: 

Սարսափելին այն է, սակայն, որ կործանարար ձեռքերը այս մէկը ընելու ժամանակ կը կարծեն եւ կամ գէթ կարծել կը ձեւացնեն, որ նման որոշումով կը պատժեն անհատ մը, կը պատուհասեն հաւաքականութիւն մը։ Սեփական տան դէմ եղած որեւէ ոտնձգութիւն առաջին հերթին գրոհ մըն է սեփական անձին, սեփական արժէքներուն ու սրբութեան դէմ։ Եթէ կործանարարը օտար ըլլար, վնասն ու հետեւանքը տեսնելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար, սակայն, եթէ անձ ի՛նք է կործանարարը իր սեփական տան, ապա լուրջ պայքար ու հրաշք պէտք է՝ լուսաւորելու համար մտածելակերպը, որ անճիշտ վիճակի մէջ կը գտնուի: 

Այսօր մենք կը փորձենք եկեղեցին մերկացնել իր փառքէն, զօրաթափել ու նսեմացնել, մինչ Աղասի մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ մամուլի մէջ կը գրէր. «Զօրացնել մեր եկեղեցին կը նշանակէ զօրացնել մեր ազգը, միաւորել բեկորները, կազմակերպել գաղութները ու կազմել այն մասը միաւորին, որ կը ներկայացնէ ամբողջական հայութիւնը այս երկրագունդին վրայ»: 

Սակայն, այս ժամէն ետք բան մը փոխելը այնքան ալ դիւրին չէ։ Եկեղեցակործան այս գործին մէջ յայտնուեցան որոշ եկեղեցականներ, որոնք ամբողջ կեանք մը ներողամտութիւն, եղբայրասիրութիւն քարոզելով հանդերձ՝ զբաղեցան ու կը շարունակեն զբաղիլ կնոջական բամբասանքներով. կաթողիկոսի բարոյականութեան «սրբագրութեան» անուան տակ եկեղեցական որոշ «իրաւունքներ» բռնագրաւուիլ փորձուեցան եւ եղան ու մինչեւ օրս կան տգէտներ, որոնք հաւատացին, որ այդ բոլոր ցուցադրական պայքարը իրապէս անձի մը դէմ է, որ տեղի կ՚ունենայ։ Նոյն այդ անձին համար եկեղեցագիտութիւնը դուրս կը բերուի կրթական համակարգէն, նոյն այդ անձին համար եկեղեցին կը սկսի հարկ վճարել պետութեան, նոյն այդ անձին համար եկեղեցապատկան կառոյցներ կը սկսին մէկ առ մէկ պետականացուիլ. արդեօք այդ անձին հեռացումէն ետք այդ բոլորը պիտի վերականգնուի՞… վստահաբար ո՛չ, որովհետեւ այս պայքարին անձի դէմ պայքար ըլլալը կարծելու համար մարդ պէտք է թիթեռնիկի խելք ունենայ: 

Այսօր հայ ազգը կը քարկոծէ այն կառոյցը, ուրկէ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան սիւնը՝ հայոց սրբազան տառերը. կը քարկոծէ կառոյցը՝ ուրկէ ծնունդ առաւ գիտութիւնը, ուսումն ու կրթութիւնը՝ համալսարանի բարձրագոյն մակարդակով՝ գերազանցելով նոյնիսկ շրջակայ երկիրներու ուսումը՝ որ նախանձելի ըլլալ կը թուէր: Կործանարար հայ ձեռքերը կը քարկոծեն կառոյց մը՝ որ սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայուն տո՛ւն եղաւ, դպրոց եղաւ, անիշխան օրերուն վերակացու-պահապան եղաւ: 

Այսօր երկու ծայրայեղութեան դիմաց կը գտնուինք. եթէ եկեղեցին իրապէս հայու տունն է, թող տանտէրները տէ՛ր կանգնին անոր. եթէ իրապէս հայ եկեղեցին հայու տունն է, ապա թող վերջ գտնէ սեփական տունը աղտոտելու խոզի սովորութիւնները, որովհետեւ եթէ այսպէս շարունակուի, մօտիկ ապագային տէր եղողն ու չեղողը, կործանարարն ու փրկարարը իրարու հետ հեռուէն պիտի դիտեն հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ գոյութիւն սիւներէն մէկուն՝ եկեղեցիին յուղարկաւորութիւնը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Անհատական եւ կուսակցական համոզումներէն գերազանցապէս բարձր է Ազգային Գիտակցութիւնը եւ թէ՛ կուսակցական նկատումներէն գերիվեր է Ազգային Իտէա՛լը:

ՍԻՄՈՆ ՀՈՎԻՒԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026