ԱԶԳ՝ ՈՐՈՒՆ ՆՄԱՆԻԼ ՊԷՏՔ Է ՓՈՐՁԵՆՔ

Կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդին դժբախտութիւններէն մէկը «ծայրայեղութեան» բացասական երեւոյթ ըլլալը սորվեցնելը եղած է, որովհետեւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքն ունինք ծայրայեղ ու տեղ մը խենթ հայրենասէրներու, որովհետեւ ծայրայեղութիւնն է, որ մարդը կապուած կը պահէ իր արժէքներուն։ Հրեաները ունին այս ծայրայեղ կապուածութիւնը եւ այդ մէկը վնաս է միայն օտարներուն եւ շահ իրենց սեփական ժողովուրդին։ Օրինակի համար, կը տեսնենք, թէ ինչպէս հրեաներ մինչեւ օրս Ամերիկայի մէջ ծնած ըլլալով, այդտեղ ապրելով հանդերձ կը շարունակեն հագուիլ աւանդական հրէական հագուստներ. կը շարունակեն իրենց օրէնքներուն համաձայն մօրուք երկարել, կարդալ Սուրբ Գիրքը եւ ապրիլ բոլոր այն օրէնքներուն համաձայն, որոնք դարաւոր անցեալ ունին: 

Ամերիկա ապրող հրեաները տարօրինակ ձեւով ծայրայեղ են եւ մեզի համար ինչքան ալ տարօրինակ թուի, իրենց համար այդ մէկը պարզապէս օգուտ է։ Տանք օրինակներ. շատ մը հըր-եաներ Ամերիկա ապրելով հանդերձ չունին վերջին ժամանակաշրջաններու յատուկ «բարիք»ները. օրինակ՝ համացանց, հեռաձայն, հեռուստացոյց եւ այլն։ Անոնք կը հաւատան, որ նման «բարիք»ներ կրնան մարդու համար չարիքի վերածուիլ եւ ուշադրութիւնը շեղել։ Անոնք կը նախընտրեն նման «բարիք»ներով ժամանակ վատնելու փոխարէն՝ զբաղիլ գիր-գրականութեամբ։ Կարդալ Իսրայէլի պատմութիւնը, սերտել Սուրբ Գիրքը եւ սորվիլ բոլոր այն կանոններն ու պարտաւորութիւնները, զորս սերունդներու ընթացքին պատրաստուած է հրեան հրեայ պահելու համար։ Պատկերացուցէք նոյն երեւոյթը մենք որդեգրած ըլլայինք հայ ժողովուրդի պարագային. օտարութեան մէջ այսօր հայերէն չգիտցող երիտասարդը հեռու ժամանակակից աշխարհէն՝ սերտէր միայն ու միայն հայոց պատմութիւնը, կարդար Նարեկ, կարդար իր գրողներն ու հրապարակախօսները… Արդիւնքը տարբեր պիտի չըլլա՞ր. եթէ նոր սերունդը լոկ հայկական հարցերով զբաղէր եւ հայութիւնը անոր առօրեային անբաժան մէկ մասը ըլլար, այսօր անոնք հայերէն պիտի չխօսէի՞ն:

Մենք մեր զաւակները օտար վարժարաններ ղրկելով «ուսեալ», «գիտակից» ու «յաջողակ» կը փորձենք ներկայանալ աշխարհին. մինչ հրեան հեռու մնալով օտար վարժարաններէն՝ իր զաւակը միայն ու միայն իր սեփական վարժարանները կը ղրկէ եւ այդ մէկը ունի հիմնական մէկ պատճառ. Ազգապահպանութիւն։ Անոնք կը գիտակցին, որ օտար դպրոցներու մէջ աշակերտը կամայ ակամայ օտար մշակոյթներու հետ ծանօթանալով՝ պիտի խաթարէ սեփական մշակոյթը։ Այսօր կան ծայրայեղ հրեաներ, որոնք օտարներու հետ ո՛չ միայն օտար ամուսնութիւն, բարեկամութիւն անգամ չեն ըներ, որովհետեւ անոնք իրենց ազգութեամբ, իրենց ինքնութեամբ բաւարարուած են։ Իրենք զիրենք ամերիկացիէն կամ եւրոպացիէն նուազ չեն տեսներ եւ զանոնք «սիրաշահելու» կարիքի անգամ չունին։ Մենք կը խօսինք, թէ ազգութիւն, հայրենասիրութիւնը ներքին զգացում է, սակայն, անոնք յաջողած են արտաքինի վերածել։ Առաջին հերթին լեզուն է կարեւորը. դժուար թէ գտնուին հրեաներ, որոնք օտարութեան մէջ մայրենի լեզուն չգիտնան։ Ետքը կու գայ մշակոյթը՝ որուն մաս կը կազմէ նաեւ առօրեայ հագուստը։ Հայ ժողովուրդին համար հայկական տարածները այսօր «զարդ» են, սակայն, անոնց պարագային առօրեայի անմիջական մէկ մասը։ Անշուշտ, այս բոլորը կը կատարուի կրթութեան հաշւոյն։ Արբ կեանքի մէջ ամէ՛ն բան կապուած ըլլայ ազգութեան հետ՝ նոյնիսկ տնտեսական վերելքը, ապա ինքնութիւնը կորսնցնել դժուար է: 

Պէտք է լաւապէս սերտենք հրեայ ժողովուրդը. եթէ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն ունենար, ապա պիտի տեսնենք, թէ հրեայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օտարութեան մէջ նոյնիսկ կը նախընտրէ ապրիլ իր սինակոկով, անոնց համար կեանքի պայմաններէն առաջ եւ վեր է սեփական հաւաքավայրը։ Այսօր շատ մը հայեր կը պատճառաբանեն, թէ ակումբ կամ եկեղեցի չեն երթար, պարզապէս որովհետեւ իրենց բնակավայրէն մի քանի ժամ հեռու են։ Յաճախ կեանքի պայմանները պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մարդ հեռու տեղ մը ապրի, սակայն, հրեաներու պարագան ամբողջութեամբ տարբեր է. առաջնահերթութիւնը իրենց ազգութիւնն է. յետոյ կու գայ մը-նացեալը: 

Անշուշտ, արդար ըլլալով պէտք է ըսենք. նահանջի վախը այսօր աշխարհի վրայ սփիւռք ունեցող բոլոր պետութիւնները կ՚ապրին՝ ներառեալ հրեաները, սակայն, այս բոլորը գրելով կ՚ուզենք բան հասկցնել մեր ժողովուրդին. նահանջը, կորուստը, ինքնութենէն հեռանալը ճակատագիր չէ եւ չի՛ կրնար ըլլալ. պատկանելիութեան, ուսումի ու դաստիարակութեան, գիտակցութեան ու ազգասիրութեան պակասն է, որ ազգ մը կորուստի կը տանի։ Այս բոլորը բռնի պարտադրանքով կարելի չէ ձեռք բերել։ Հրեայ նոր սերունդը այդ մէկը սիրով ու գիտակցութեամբ կը կատարէ, եթէ բռնի ըլլար, անպայմանօրէն վերջաւորութեան բացասական արդիւնք մը պիտի ծնէր: 

Այսօր հայ ժողովուրդի՝ մանաւանդ սփիւռքահայութեան վիճակը այնքան նախանձելի վիճակ մը չունի։ Հայկական սփիւռքը կորուստէ ազատելու համար պէտք է տեղէ մը սկսիլ. օրինակի համար, ինքնութեան գիտակցութենէն։ Օտարութեան մէջ ինչո՞ւ համար կարեւոր է որպէս հայ ապրիլ. հայու ինքնութիւնը ի՞նչ կու տայ հայուն եւ ի՞նչն է, որ պատճառ պիտի ըլլայ, որ հայը կառչած մնայ իր ինքնութեան։ Մինչեւ այս հարցին յստակ պատասխանը չըս-տեղծուի, առողջ դաստիարակութեան ծրագիր մը կարելի չէ ունենալ եւ այնքան ատեն որ չկայ առողջ դաստիարակութիւն, չկայ նաեւ գիտակից հայ սերունդ: 

•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Գործ մը կրնայ դիմանալ մոռացութեան փոշիին, բայց կեանք մը՝ ո՛չ: Կեանքը նման է ապրող ծառին կամ ծաղիկին, որուն բոյրը կը տեւէ պահ մը անմիջական շրջապատին մէջ եւ կ՚անհետի անոր հետ:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Երեւան

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2026