ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Մահը աւարտն է երկրաւոր կեանքին։ Մեր կեանքերը սահմանաւորուած են ժամանակի չափով՝ որուն ընթացքին մենք փոփոխութիւն կը կրենք, կը ծերանանք եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ «բնական վերջաւորութիւնը կեանքին»։ Այս իմաստով, մահը կեանքին անխուսափելի ճշմարտութիւնն է։ Մահուան այս բնոյթը շտապ եւ անձկութիւն կը ստեղծէ մեր կեանքերուն մէջ։ Մեր մահկանացու ըլլալու յիշատակը կը ծառայէ նաեւ յիշեցնելու մեզի, թէ միայն սահմանափակ ժամանակ մը ունինք իրագործելու եւ ապրելու մեր կեանքը։

«Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեանդ օրերուն… փոշին հողի՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած». (ԺՈՂ. ԺԲ 1,7)։

Մահուան դիմաց՝ մարդկային գոյութեան առեղծուածը կը հասնի իր գագաթնակէտին։

Մարմնական մահը որոշ իմաստով բնական երեւոյթ է, սակայն, հաւատքի աչքով՝ ան իրականին մէջ «մեղքին թոշակն է». (ՀՌՈՎՄ. Զ 23) եւ (ԾՆՆԴ. Բ 17)։ Իսկ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնողներուն համար, մահը մասնակցութիւն մըն է Տիրոջ մահուան, այսպէս եւ մասնակցելու համար նաեւ Անոր Յարութեան։

Եկեղեցւոյ վարդապետումը, իբր հարազատ մեկնաբանը Աստուածաշունչին եւ Աւանդութեան հաստատումներուն՝ կ՚ուսուցանէ, թէ մահը աշխարհ մտաւ մարդուն մեղքին պատճառով։ Արդարեւ, Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, Ի՛նքն ալ կրեց մարդկային վիճակը բնորոշող մահը։ Բայց, հակառակ Իր մահուան դիմաց զգացած սոսկումին. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 33-34), (ԵԲՐ. Ե 7-8), զայն յանձն առաւ, Իր Հօր կամքին ամբողջական եւ ազատ հնազանդութեամբ։

Յիսուսի հնազանդութիւնը մահուան անէծքը փոխակերպեց օրհնութեան. (ՀՌՈՎ. Ե 19-21)։

Շնորհիւ Քրիստոսի, քրիստոնեայ մահը դրական իմաստ ունի։ «Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛ս է եւ մեռնիլը՝ շա՛հ». (ՓԻԼ. Ա 21)։ «Ճշմարիտ է այս խօսքը, եթէ մեռանք Անոր հետ, Անոր հետ ալ պիտի ապրինք». (Բ ՏԻՄ. Բ 11)։ Ա՛յս է քրիստոնեայ մահուան էական նորութիւնը. մկրտութեամբ, քրիստոնեան արդէն խորհրդենականօրէն «մեռած է Քրիստոսի հետ»՝ ապրելու համար նոր կեանքով։ Եթէ Քրիստոսի շնորհքին մէջ մեռնինք, ֆիզիքական այս մահը՝ «Քրիստոսի հետ այս մեռնիլը» իր լրումին կը հասցնէ եւ ա՛յսպէս կը լրացնէ մեր միաւորումը Անոր մարմինին հետ, Իր փրկչական արարքով։ Մահը Արարիչ Աստուծոյ արարչագործութեան ծրագիրներուն հակառակ իրականացաւ եւ աշխարհ մտաւ իբր հետեւանք մեղքին. (ԻՄԱՍՏ. Բ 23-24)։

Մարմնական մահը, որմէ մարդը զերծ մնացած պիտի ըլլար, եթէ մեղանչած չըլլար, կը հանդիսանայ մարդուն «վերջին թշնամին, որ պիտի պարտուի». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 26)։

Մահուան քրիստոնեայ իմաստը յայտնուած է Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան Զատկական Խորհուրդին լոյսին տակ, այն Քրիստոսին՝ որուն վրայ դրուած է մեր միակ յոյսը։ Քրիստոնեան՝ որ կը վախճանի ի Քրիստոս Յիսուս, «կը թողու այս մարմինը եւ կ՚երթայ բնակելու Տիրոջ մօտ». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ե 8)։

Քրիստոնեայի յուղարկաւորութիւնը եկեղեցւոյ ծիսական հանդիսակատարում մըն է՝ որուն միջոցով եկեղեցւոյ պաշտօնատարութիւնը կը ձգտի թէ՛ արտայայտելու իր գործօն հաղորդութիւնը ննջեցեալին՝ հանգուցեալին հետ, թէ՛ թաղումին համար համախմբուած հասարակութիւնը անոր մասնակից ընելու եւ աւետելու անոր յաւիտենական կեանքը։ Հանգուցեալին տրուած «հրաժեշտ»ը անոր յանձնառո՛ւմն է Աստուծոյ՝ եկեղեցւոյ կողմէ։ Վերջին հրաժեշտն է, որով քրիստոնեայ հասարակութիւնը իր անդամներէն մէկը կ՚ողջունէ, անոր մարմինը գերեզմանին չյանձնած։ Ուստի, հանգուցեալներուն մարմիններուն հանդէպ հա՛րկ է վերաբերիլ յարգանքով եւ սիրով՝ հաւատքին եւ յարութեան լոյսին մէջ։ Հանգուցեալներու թաղումը մարմնական ողորմածութեան գործ մըն է՝ որ կը պատուէ Աստուծոյ որդիները՝ Սուրբ Հոգիին տաճարները։

Հոգեհանգիստը աղօթքի արարողութիւն մըն է՝ որ կը կատարէ եկեղեցին՝ Քրիստոսով ննջող իր անդամներուն հոգիներուն համար։ Եկեղեցին կ՚աղօթէ եւ կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ, որ վերջին դատաստանին օրը իր առատ ողորմութեամբ ներէ հանգուցեալներուն մեղքերը եւ արժանացնէ զանոնք երկինքի արքայութեան։

Հոգեհանգիստի պաշտօնը յիշատակում մը չէ՛, այլ՝ հանգուցեալներու ներկայութիւնը ապրելու առիթ մը, քանի որ անոնք երբեք մոռցուած չեն, որ յիշուին։ Եւ առիթ մըն է եկեղեցւոյ տօները միասին տօնախմբելու…

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 15, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026