Ո՞ՒՐ ԵՍ… Ո՞ՒՐ… ՇՈՒՔԴ ԿԱՅ ՄԻԱՅՆ

Դերասան, գրող ու արձակագիր Վահրամ Փափազեան իր մահէն չորս տարիներ առաջ՝ 1964 թուականին, սփիւռքահայ երիտասարդութեան կը գրէ բաց նամակ մը, որ արտացոլացումն է անկեղծ զգացումներու, սպասումներու եւ ապագայի նկատմամբ յոյսի: Փափազեան այս տողերը կը գրէր իր 76 տարեկան հասակին՝ գուցէ մտածելով, որ այս մէկը վերջին առիթը կրնայ ըլլալ կապուելու հայ երիտասարդին։ Փափազեանի տողերուն մէջ, սակայն, կայ վիշտ. 

«Հա՛յ հաւատքը, հայ հայրենիքը, հայ մշակոյթը, հայ ընտանիքը, հայ անունը, հա՛յ պատիւը, պաշտամունքիդ գլխաւոր առանցքը դարձուցած՝ հա՛յ երիտասարդ: Սգակիր ցեղիդ սարսափահար ու տարագիր բեկորներուն միակ պաշտպան եւ առաջնորդ՝ հա՛յ երիտասարդ: Ո՞ւր ես, ո՞ւր…: Շուքդ կայ, զոր որոշապէս կը տեսնեմ… Սակայն ո՞ւր է սիրտդ, միտքդ, մարմինդ…»: 

Փափազեան թէ՛ իր գրական եւ թէ թատերական կեանքին մէջ հիմնական իրականութեան մը կը հաւատար. պէտք է կրթել երիտասարդութիւնը, որովհետեւ կրթուած, հայրենասէր երիտասարդութիւնն է, որ պիտի յաջողի պահել բոլոր այն արժէքները՝ որոնք հայ ըլլալու եւ հայ մնալու համար անհրաժեշտ են։ Դէպի կորուստ առաջնորդուած ժողովուրդի մը միակ յոյսն ու յարութեան տեսիլքը իր երիտասարդութիւնն է, որ իր կեցուածքով, իր խառնուածքով ու աշխատանքով կրնայ որոշել իրենց որպէս ժառանգ փոխանցուած ազգութեան ապագան: Սակայն, Փափազեանի համոզումով, հայ երիտասարդը հակառակ ամէ՛ն տեսակի ջանքերուն՝ չի գտնուիր իտէալական այն վիճակին մէջ, զոր գրողը կ՚ուզէր տեսնել։ Իր տողերուն մէջ «շուքդ կայ», արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայ երիտասարդը տակաւին հարիւր տոկոս չէ ներգրաւուած իր ազգութիւնը կանգուն պահող իրականութիւնները իր գոյութեան գրաւականը նկատելու ընթացքին մէջ։ Հաւատք, հայրենիք, մշակոյթ, ընտանիք, անուն ու պատիւ. ահաւասի՛կ, վեց հիմնական արժէքներ՝ որոնք կը յաջողին օտարութեան մէջ անգամ հայը հա՛յ պահել։ Սակայն, բոլորը կը գտնուին վտանգուած վիճակի մէջ։ Հայ երիտասարդը կամաց կամաց կը հեռանայ իր հաւատքէն։ Այս օրերուն, երբ դարաւոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հալածանքի դիմաց կը գտնուի՝ լռութեամբ ականատես կ՚ըլլայ այդ բոլորին։ Հայ մշակոյթը կամաց կամաց կը կրէ օտար ազդեցութիւններ եւ որոշ երիտասարդներու մօտ կը կազմուի այն թիւր համոզումը, որ օտարին մշակոյթը շատ աւելի բարձր, շատ աւելի գրաւիչ դիրքի վրայ կը գտնուի՝ քան հայկականը: Կը քայքայուի հայ ընտանիքը, որովհետեւ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ օր օրի աճ կ՚արձանագրէ օտար ամուսնութիւնները։ Հայը հայուն հետ հա՛յ ընտանիք կազմելու փոխարէն օտարին փեսան կամ հարսը դառնալով մեծաւ մասամբ ի՛նք կ՚օտարանայ՝ հակառակ կողմը հայացնելու փոխարէն: Հայու անունը կ՚աղաւաղուի. գոնէ վերջին տասնամեակին լոյս աշխարհ եկած հայու զաւակներուն մեծամասնութիւնը կը կրեն օտար անուններ. անունը՝ որ մարդու ազգութիւնը ցոյց տուող ամենէն պարզ, սակայն, կարեւոր արժէքներէն մէկն է, կը կորսուի թէ՛ հայրենիքին մէջ եւ թէ դուրսը։ Սուրէնը, Խաչիկն ու Հայկազը կը փոխարինուին Ալեքսով, Քեւընով ու եւրոպականացած բազմաթի՜ւ անուններով: Հայուն մօտ կը պակսի հայրենիքին հանդէպ ունեցած սէրը։ Այս կապակցութեամբ կայ երկու ծայրայեղութիւն. ունինք երիտասարդներ, որոնք պատրաստ են հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհելու, սակայն միւս կողմէ, թիւով քիչ չեն այն երիտասարդները, որոնց համար հայրենիքէն աւելի սեփական կեանքի հանգստութիւնն է կարեւորը. քիչ չեն անոնք, որոնք բանակէն, զինուորական պարտաւորութենէն ազատելու համար՝ հազար ու մէկ ձեւերու կը դիմեն: 

Այս բոլորէն ետք մնաց պատիւը. օտար անունով, օտար կողակիցով, օտար մշակոյթով, օտար երկիրներու մէջ ի՞նչ հայ պատիւի մասին կը խօսուի… 

Փափազեան կ՚ուզէր, որ վերոյիշեալ բոլոր յոռի երեւոյթները հայ երիտասարդութիւնը կանխէր եւ ո՛չ թէ «զարգացնէր»։ Դարձեալ Փափազեանն է գրողը. «Ինչպէ՞ս, ի՞նչ սիրտով այսօր կը հանդուրժես, թոյլ կու տաս, որ հիմա ալ մեր «հարազատ»ները պղծեն հայ ցեղին բոլոր սրբութիւնները, առաքինութիւնները, շահագործելով քու հայու սիրտդ, քեզ առաջնորդելով այնպիսի արարքներու, որոնք անտարակոյս ապագային մահավճիռը պիտի տան»: 

Հայ ժողովուրդին մէջ տեղի ունեցած որեւէ յոռի երեւոյթի պատճառը երիտասարդութիւնը ի՛նքն է։ Այսօր եթէ կը հալածուի եկեղեցին, հայկական շատ մը արժէքներ կը նահատակուին՝ պատճառը երիտասարդութիւնն է. «Արդեօք երբեք միտքէդ անցա՞ծ է, որ հայ աշխարհի ներկայ ճահճային վիճակին բո՛ւն պատասխանատուն դո՛ւն ես, կամակոր, անտարբեր կեցուածքովդ…»: 

Փափազեան իր երիտասարդութեան տարիները կը համեմատէ այդ տարիներու երիտասարդութեան հետ։ Այնպէս չէ, որ Փափազեանի երիտասարդութեան ժամանակ արտաքին ազդեցութիւններ գոյութիւն չունէին։ Եթէ հայ երիտասարդը գիտակից չըլլար, այդ ժամանակ եւս կորուստի ճամբան կը բռնէր. պարզապէս կար ազգային գիտակցութիւն մը՝ որ արտաքին ազդեցութիւններու չէր տրուեր։ Իր երիտասարդութեան տարիները Փափազեան հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Մեր հայու արիւնը ատելութեամբ չէր թունաւորուած.- չկրցան թունաւորել: Հայ ծնանք, հայ ապրեցանք եւ հայ պիտի ալ մեռնինք: Ամէն հայ մօր զաւակը մեր եղբայրն էր, մեր բարեկամը, մեր զինակիցը, մեր սրտակիցը: Բոլորս սիրով շաղուած հսկա՜յ ուժ մը պատրաստած էինք»: 

Փափազեանի այս տողերուն վրայ նորերը աւելցնելու կարիքը չունինք. իր բաց նամակի մտահոգութիւնները նոյնութեամբ մերօրեայ մտահոգութիւնները կը մատնանշեն… սակայն բաց նամակներու դարաշրջանը անցած է. կորուստի ճամբուն մէջ գտնուող հայ երիտասարդը արդէն իսկ հայերէն չի՛ կարդար… իսկ կարդացողն ալ արդէն իսկ մասամբ տէր է հայու արժանապատուութեան։ Լուծումը թուղթէն վեր՝ հոգիներուն մէջ ներգործութիւն ունենալն ու աշխատիլն է պարզապէս: 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն հերոս մեր վրէժին համար է որ կը ծնի, եւ ամէն ազնուազարմ զոհ մեր սիրոյն համար կ՚ոգեվարի:

ՍԻՐԱՄԱՆԹՕ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026