ՍԷՐ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստուած ինքզինք կը յայտնէ որպէս Սէ՛ր։ Աստուած, «Որ Էն», ինքզինք յայտնեց իբրեւ Ան՝ որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ». (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Ուստի, Աստուած, իր բոլոր գործերուն մէջ, ցոյց կու տայ իր բարեհաճութիւնը, իր բարութիւնը, իր շնորհքը, իր իմաստութիւնը, իր ՍԷՐը, բայց, նաեւ իր հաստատամտութիւնը, իր ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը։
«Ես գոհութիւն կը մատուցանեմ Քու անունիդ, Քու սիրոյդ եւ Քու ճշմարտութեանդ համար». (ՍԱՂՄ. ՃԼԹ 2) եւ (ՍԱՂՄ. ՁԵ 10-11)։ Աստուած ճշմարտութիւնն է, քանի որ «Աստուած լոյս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Եւ Աստուած «Սէր» է, ինչպէս որ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ուսուցանէ զայն (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։
Աստուծոյ վաւերական սրտաբուխ պաշտամունք մը մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի մարդուն՝ անհատապէս եւ ընկերապէս։ Ա՜յս է Եկեղեցւոյ աւանդական վարդապետութիւնը մարդոց եւ ընկերութիւններուն բարոյական պարտականութեան մասին՝ ճշմարիտ կրօնին եւ Քրիստոսի միակ Եկեղեցւոյ նկատմաբ։
Եկեղեցին մարդիկը անդադար աւետարանելով՝ կ՚աշխատի, որ կարենան «քրիստոնեայ ոգիով ներթափանցել մտայնութիւնները եւ բարքերը, օրէնքները եւ կառոյցները այն հասարակութեան»՝ որուն մէջ կ՚ապրին։ Արդարեւ, քրիստոնեաներուն ընկերային պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ յարգել եւ արթնցնել սէրը ճշմարիտին եւ բարիին։ Քրիստոնեաներ կոչուած են աշխարհի վրայ լո՛յս ըլլալու՝ սիրով եւ ճշմարտութեա՛մբ։
«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը. Իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքին», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը եւ սէրը ամբողջովին յայտնուեցաւ. լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ Ի՛նքն է «աշխարհի լոյսը». (ՅՈՎՀ. Ա 14) եւ (ՅՈՎՀ. Ը 12), Ի՛նք Ճշմարտութի՛ւնն է։ Ո՛վ որ Անոր հաւատայ՝ խաւարին մէջ չի մնար, աշակերտ կը մնայ Անոր Խօսքին, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։ Յիսուս Իր աշակերտներուն կ՚ուսուցանէ ճշմարտութեան անպայմանաւոր սէրը. «Ձեր խօսքը թող ըլլայ այո՛ն այո եւ ո՛չը՝ ոչ». (ՄԱՏԹ. Ե 37)։
Մարդը, բնականաբար, կը ձգտի սիրոյ եւ ճշմարտութեան։ «Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ, եթէ փոխադարձ վստահութիւն չունենային, այսինքն եթէ ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Ուստի, ճշմարտութեան սէրը, ճշմարտութիւնը յայտնելու նախապայմա՛նն է։ Արդարեւ, Քը-րիստոսի աշակերտը կ՚ընդունի «ապրիլ ճշմարտութեան մէջ», այսինքն Տիրոջ օրինակին համաձայն կեանքի մը պարզութեան մէջ եւ մնայ Անոր ճշմարտութեան սիրոյ մէջ։ Մարդը պարտի պատուել ճշմարտութիւնը եւ սէրը եւ վկայել անոնց իր իսկ կենդանի օրինակով։ Մարդիկ պէտք է վկայեն ճշմարտութեան եւ սիրոյ իրենց արժանապատուութեան զօրութեամբ, բոլոր անոնք, քանի որ անձեր են իրենց բնութեան կողմէ մղուած են եւ բարոյական ստիպողութեամբ պարտաւորուած են փնտռելու ճշմարտութիւնը եւ սէրը եւ ամենէն առաջ ա՛յն ճշմարտութիւնը՝ որ կը հայի կրօնին։
Անոնք նաեւ պարտաւո՛ր են փարիլ ճշմարտութեան, հազիւ թէ ճանչնան զայն եւ պարտին իրենց ամբողջ կեանքը կանոնաւորել եւ կարգաւորել ըստ ճշմարտութեան պահանջներուն։
Ճշմարտութեան եւ սիրոյ հետեւողներ «սրտով սուրբեր» են՝ որ իրենց իմացականութիւնը եւ կամքը կը ներդաշնակեն Աստուծոյ սրբութեան պահանջներուն հետ՝ գլխաւորաբար սէր ճշմարտութեան հաւատքին։ Եւ սրտով մաքուրներուն խոստացուած է տեսնել զԱստուած դէմ առ դէմ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16 2026, Իսթանպուլ