ՆԱՄԱԿ ՄԵԿՆՈՂԻՆ

Այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնիս օտարութեան եւ որոշ ժամանակ ամէն բան պիտի ըլլայ նոր ու անծանօթ. դէմքերը նո՛ր, բարեւը նո՛ր, հացին ու ջուրին համը անգամ նոր։ Ժամանակ մը ետք պիտի դադրին օտար ըլլալէ. օտար դէմքերը պիտի ունենան անուն, բարեւը ջերմութիւն, իսկ հացն ու ջուրը այնքա՜ն բնական՝ ինչքան պատանեկութեանդ ճաշակած հացդ ու ջուրդ: Բնական դառնալու այդ ընթացքը, սակայն, հեզասահ ու յամր ընթացք մը պիտի չունենայ. պիտի ըլլան օրեր ու զգաս, թէ օտարութիւնն ու մինակութիւնը ինչքան կը ծանրանան ուսերուդ ու պիտի զգաս պակասը բոլոր այն բաներուն, որոնք այսօր անկարեւոր ու անշուք կը թուին: Օտարութեան այդ խառնակութեան մէջ հարազատի մը ձայնն ու ներկայութիւնը պիտի բաղձաս, սակայն, այս տողերը պէտք չէ բացասական ընդունիլ, որովհետեւ մարդու կեանքին մէջ շատ անգամ դժուարութիւնը շա՛տ աւելի ցանկալի է՝ քան հանդարտութիւնն ու խաղաղութիւնը, որովհետեւ այդ բոլորը ապրելով է, որ պիտի հասկնաս, թէ դժուարութիւնները կեանքին մէջ առիթ են բացայայտելու այն ուժերը՝ որոնց գոյութեան մասին մարդը ի՛նք անգամ չի գիտեր: Մարդ իր կարողութիւններն ու ներքին ուժը կը յայտնաբերէ ո՛չ թէ հանգստութեան, այլ տառապանքի ու դժուարութեան մէջ։ Գուցէ այս բոլորը նկատի ունենալով է, որ «խաղաղ» ու «անխռով» կեանք մը չեմ ցանկար. ալեկոծ ծովուն վրայ նաւարկելով է, որ պիտի սորվիս թիավարել ու այդ մէկը պիտի ըլլայ մինչեւ օրս լսած խրատներուդ ու յորդորներուդ մեծագոյնը՝ փորձառութիւնդ: 

Դժուարութիւնները ապրած ժամանակ պիտի չկարենաս տեսնել անոնց իմաստն ու արժէքը, սակայն, ժամանակ մը ետք նկատես, որ դժուարութիւնները կը զօրացնեն մարդու միտքն ու նկարագիրը. դժուարութիւնները պիտի ապրիս, որպէսզի հասկնաս, թէ ինչ իմաստ ունին դիմադրել, համբերել ու շարունակել բառերը՝ նոյնիսկ եթէ ապագան անորոշ ու պայքարի ճամբան երկար թուի: 

Կեանքը լաւապէս հասկնալու եւ ամբողջական իմաստով մա՛րդ դառնալու այս պայքարի ընթացքին բազմաթի՜ւ «ինչո՞ւ»ներ պիտի յայտնուին։ Պիտի հարցադրես, թէ ուրիշներու համար այնքա՜ն դիւրին եղող ճամբան ինչո՞ւ համար այսքան քարքարուտ եղաւ. պիտի հարցադրես, սակայն, պատասխան մը չգտնես. այդ պայքարի ընթացին պիտի կասկածիս, ջղայնանաս, փնտռես ու չգտնես.  պիտի սկսիս մտածել, թէ կեանքը քեզմէ աւելին կը պահանջէ եւ դուն ինչքան տաս՝ ուզելու դաւաճան խառնուածքը պիտի չփոխուի:

Կեանքը միայն մանկական հեքիաթներուն մէջ արդար է ու գեղեցիկ. հո՛ն է միայն, որ բարին միշտ կը յաղթէ, իսկ չարը կը պարտուի. հո՛ն է, որ կորուստները վերջ կը գտնեն եւ հեքիաթը կ՚աւարտի «երջանիկ ապրեցան»ով։ Պիտի ըլլան օրեր, երբ ամէ՛ն բան ճիշդ պիտի ընես, սակայն, արդիւնքը պիտի չըլլայ այն, ինչ կ՚երազէիր։ Պիտի աշխատիս ու չգնահատուիս, պիտի նուիրուիս՝ սակայն անտեսուիս, վստահիս ու յուսախաբ դուրս գաս։ Դարձեալ պէտք չէ դժգոհիլ, որովհետեւ այս բոլորը աշխարհի նկարագիրին մաս կը կազմեն։ Այդ պատճառով տափարակ ու հարթ ճամբայ չէ՛ որ կը մաղթեմ. Ճամբուն ինչպէս ըլլալը այնքան ալ նշանակութիւն չունի. ճամբայէն աւելի անոր վրայ ինչպէս քալելդ է. սորվելու ընթացքին փորձէ դժուարին ճամբուն վրայ քալել սորվիլ, որովհետեւ եթէ դժուարին վարժ ըլլաս դիւրինը շատ աւելի պարզ կը դառնայ:

Երանի՜ պիտի տայի, որ կարենայիր ամէ՛ն օր զօրաւոր, ուրախ ու տոկուն ըլլայիր, սակայն, կեանքը ժամանակ մը ետք ըլլալէ աւելի այդպէս երեւիլը պիտի սորվեցնէ։ Ժամանակին հետ միասին պիտի սորվիս, որ այսօր քեզի կարեւոր թուացող շա՜տ մը բաներ, իրականութեան մէջ ինչքա՜ն անկարեւոր ու աննշան են: Ժամանակը պիտի սորվեցնէ, որ ամէն նեղութիւն արժանի չէ՛ խաղաղութիւնդ խլելու։ Քիչ մը ուշ, սակայն, պիտի հասկնաս, որ ամէն կորուստ իրապէս կորուստ չէ։ Այս բոլորը հասկնալու համար կեանքը չէ՛, որ պիտի փոխուի. արժէքներդ ու համոզումներդ պիտի յեղաշրջուին: Այն ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը, որ այսօր գուցէ մեծ բաներու մէջ գտնել կը փորձես, շա՜տ փոքր ու աննշան բաներու մէջ պիտի գտնես: 

Երկար պիտի տեւէ, սակայն, պիտի սորվիս, որ ճշմարիտ քաջութիւնը մարմնական ուժէն աւելի հոգեկանն է. այդ ուժն է, որ բնական պիտի դարձնէ ժամանակաւոր պարտութիւնները։ Ժամանակաւոր՝ որովհետեւ կամքի ուժով կարելի է որեւէ ձախողութիւն մեծագոյն յաջողութեան վերածել. պարզապէս կամքի ուժ պէտք է: 

Կեանքի մէջ վերջնական ո՛չ մէկ բան կայ. ո՛չ յաջողութիւնները յաւիտենական են եւ ո՛չ ձախողութիւնները։ Հետեւաբար, ո՛չ յաջողութիւններուդ համար ուրախացիր եւ ո՛չ ալ ձախողութիւններուն համար վշտացիր, որովհետեւ այսօրուան յաջողակը վաղուան ձախողը, իսկ ձախողը յաջող կրնայ դառնալ. պարզապէս գոյամարտ պէտք է: Մի՛շտ յիշէ, որ պարտուած մարդը ո՛չ թէ ձախողածն է, այլ ան՝ որ դադրած է փորձելէ։ Իրաւունք չունի՛ս նահանջելու, որովհետեւ նպատակին հասնելու համար արագութենէն աւելի յամառութիւն պէտք է:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մինակ մտածող գլուխ մը ունեցող մարդը ինծի համար մարդ իտէալը չէ, մարդ տրամաբանական մեքենայ մը չէ. զգացում պէտք է մեզի:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

 Երեւան

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2026