Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ
Հայ միջնադարու աստուածաբանական մտքի սիւներէն մին է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1410)։ Անոր մատենագրական վաստակը յատկապէս կը ներկայացուի հանրագիտարանային բազմակողմանիութեամբ եւ գիտական խորութեամբ։ Ուստի, Տաթեւացիի հոգեւոր ժառանգութիւնը դարակազմիկ նշանակութիւն ունեցաւ հայ աստուածաբանական իմաստասիրական մտքի պատմութեան մէջ։
Տաթեւացի ծնած է 1346-ին Վայոց Ձոր գաւառին համանուն աւանին մէջ։ Քահանայական կարգը ստացած է Երուսաղէմի մէջ, Յովհաննէս Որոտնեցիի հետ ուխտաւորաբար հոն այցելած տարին՝ 1373-ին։ Իսկ վարդապետական գաւազանը ստացած է Որոտնեցիէն՝ Երզնկայի մէջ, իսկ ծայրագոյն վարդապետութիւնը՝ 1388-ին՝ Որոտնեցիի վերջին տարին՝ յաջորդելով իր վարդապետին։
Այդ յաջորդութիւնը կատարուած կը նկատուի տեսակ մը միաբանական ընտրութեամբ, քանի որ առ այդ կը յիշուի Ապրակունեաց վանքի մեծ վարդապետ Սարգիսի եւ «համշիրակ եղբարց» հաւանութիւնը։
Տաթեւացի 1390-ին կը փոխադրուի Տաթեւ, ուր կը բազմացնէ աշակերտներուն թիւը եւ կը զարգացնէ Տաթեւի վարդապետարանը։ Հոն, Տաթեւացի յօրինուածեալ դրութեան մը ձեւը կու տայ վարդապետական գաւազանի իշխանութեան, ինքն իսկ խմբագրելով վարդապետական օրհնութեան աղօթքները եւ կարգաւորելով Մաշտոցի անոր յատուկ մասը, ինչ որ քարոզչութեան պաշտօնին նուիրագործման վերջնական կերպը եղաւ մեր մէջ։
Տաթեւացին իր կրթական կամ ուսուցողական այս գործը կատարեց մշակուած ծրագրի մը համեմատ, որուն մաս կը կազմէին Հին եւ Նոր կտակարանի մեկնական ուսումը, սուրբ հայրերու մատենագրութենէն հանուած դաւաբանութիւնը եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու, այսինքն՝ Պղատոնի, Արիստոտէլի, Փիլոնի եւ Պորփիւրի իմաստասիրական գործերուն բացատրութիւնը, որ յատկաբանօրէն կը կոչուէր «Լուծունք արտաքին գրոց»։
Ինչպէս Որոտնեցին, նոյնպէս ինքը հմուտ էր լատիներէնի եւ լատին աստուածաբաններու սկոլաստիկական գրութեան, որով միայն կրցաւ նման «զէնք»երով պայքարիլ անոնց դէմ։ Այսպէս էր, որ անոնց մեթոտով գրեց անիկա «Հարցմանց Գիրք»ը՝ որ գործնական աստուածաբանութիւնն էր, եւ «Ամարան» եւ «Ձմերան» հատորաւոր քարոզգիրքերը, որոնց սրբազան Բեմասացութեան արուեստին մեր մէջ ծաւալման եւ զարգացման ամենէն արդիւնաւոր միջոցները եղան։
Տաթեւացիին գործունէութեան մէջ ամենէն նկատելի կէտերէն մին եւս ա՛յն է, որ իր աշակերտներուն մէջ ո՛չ միայն կուսական վարդապետներ եղան, այլ նաեւ ամուսնաւոր հոգեւորականներ, ինչ որ անոր գործին ժողովրդականացման գաղտնիքներէն մին եղաւ։
Տաթեւացին 1390-էն մինչեւ 1409-ը տեւականօրէն Տաթեւի մէջ մնաց։ Այդ միջոցին էր, որ իբր դասախօսական ձեռնարկ պատրաստեց նաեւ Պօղոս առաքեալի 14 գիրքերուն մեկնութիւնը, եւ Գրիգոր Աստուածաբանին, այսինքն Նազիանզացիին ճառերուն հաւաքումը եւ անոնց ուսումնասիրութիւնը, սքանչացում պատճառելով բոլոր աշակերտներուն, որոնց թիւը օրէ օր կ՚աւելնար։
1409-ին իր խումբով փոխադրուեցաւ Արճէշի Մեծոփ վանքը, որուն առաջնորդը՝ Յովհաննէս Մեծոփեցի, պատուով ընդունեց զինքը եւ ամէն դիւրութիւն տուաւ անոր, որպէսզի հոն եւս արդիւնաւորէ իր դպրոցական գործը։ Այդ միջոցին տեղի ունեցան ինչ ինչ ներքին հարցեր, որոնց մէջ ամենէն կարեւորն էր Աղթամարի Աթոռին խնդիրը, այնպիսի շփոթ հանգամանքներու յանգեցան, որ Տաթեւացի հազիւ տարի մը մնալով Մեծոփի մէջ, վերադարձաւ Արարատեան գաւառը, ժամանակ մը մնաց հոն՝ Սաղմոսավանք, ուր դարձեալ իր շուրջը հաւաքուեցան աշակերտներ եւ հիացողներ, եւ տեսնելով իր խոնջած եւ հիւանդագին վիճակը, տարին զինք կրկին Տաթեւ, ուր իր յառաջացած աշակերտներուն ծայրագոյն վարդապետութեան գաւազան տալէ վերջ, ութ օր յետոյ հոն կնքեց իր մահկանացու կեանքը՝ 1410-ին, Ս. Ստեփաննոսի տօնին օրը, դեկտեմբեր 25-ին, եւ թաղուեցաւ հոն՝ ուր իր գերեզմանը մինչեւ վերջը առարկայ դարձաւ ընդհանուր բարեպաշտութեան։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Հայ Եկեղեցիի ամենէն արժանաւոր վարդապետներէն է, «եռամեծ» մակդիրով արժանապէս տիտղոսուած։ Աստուածաբանական բարձր կարողութիւնը, ուսուցչական եւ կազմակերպչական հզօր ոգին, ազգային եկեղեցւոյ համար ցոյց տուած իր նախանձախնդիր եռանդը, քարոզչական հոյակապ արդիւնքները իրաւամբ արժանի կացուցած են զինք Հայ Եկեղեցւոյ երախտագիտութեան։ Այս զգացումներուն վրայ աւելնալով անոր աղօթանուէր եւ առաքինական կեանքին թողած տպաւորութիւնը, ամենուն համոզումին մէջ սուրբ անձնաւորութեան մը գաղափարը կազմուած է անոր մասին։
Այդ գաղափարէն տարբեր չի կրնար ըլլալ ընդհանրապէս մտածումը իր մասին, երբ կարդացուի վեղարի օրհնութեան եւ վարդապետական գաւազանի եւ ծայրագոյն իշխանութեան առթիւ գրած իր աղօթքները՝ որոնք կը յայտնեն արդարեւ աստուածային ներշնչումով օծուած հոգի մը՝ որ սուրբի մը միայն կրնայ ըլլալ։
Առանց ատոր ալ, սակայն, անշիջանելի այն կորովը, զոր ի յայտ բերաւ անիկա քրիստոնէական հաւատքի վրայ ինկած եւ աւետարանական իտէալին ի խնդիր միշտ տառապած ազգի մը եկեղեցիին բարձրացման եւ փրկութեան համար, եւ աննահանջ այն զօրութիւնը՝ որ սրտապնդեց զինք իր գործունէութեան բազմակողմանի մարզերուն մէջ, կարելի պիտի չըլլար արդարեւ բացատրել հասարակ մարդու մը նկարագրովը։
Ազգին գիտակցութեան մէջ իրապէս եւ իրաւամբ «երկրորդ Լուսաւորիչ» մը եղաւ անիկա. եւ այդպիսի գործիչ մը Աստուծոյ հաճոյացած մաքուր անձ մը, սուրբ մը միայն կրնար եղած ըլլալ։ Ինչպէս Որոտնեցիի, նոյնպէս եւ իր տօնին թուականը կը մնայ սակայն անստոյգ, տարակոյս չկայ, թէ իր աշակերտները իր վախճանէն ետք սկսած էին մեծարել անոր յիշատակը, բայց բուն պաշտօնական տօնախմբութիւնը կը սկսի Սիմէոնեան Տօնացոյցով միայն։ Եւ ԺԹ. դարուն սկիզբները այս տօնախմբութիւնն ալ կարճ ատեն մը դադրեցաւ միաբանական ջանադրութիւններու միջոցին, եւ յետոյ վերստին հաստատուեցաւ եւ ցարդ կը տօնուի Օձնեցիի եւ Որոտնեցիի հետ՝ Մեծ պահոց Գ. Եօթնակին շաբաթ օրը։ (Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան. «Սուրբ եւ տօնք», 1939, Երուսաղէմ)։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի աղօթքի մասին կ՚ըսէ. «Պէտք է, որ աղօթքի սիրտը ցրուած չըլլայ։ Հարկ է իմանալ, որ աղօթքը ե՛ւ մարմին է, ե՛ւ հոգի։ Մարմինը աղօթքի խօսքերն են, որոնք լսելի են, իսկ հոգին սրտէն դուրս եկող եւ Աստուծոյ հաճոյ իղձը եւ սէրն է։
«Ինչպէս որ երեւացող մարմինը աներեւոյթ հոգի ունի, եւ ա՛ն է մարմինը շարժողը եւ անոր կենդանութիւնը, այնպէս ալ աղօթքի մարմնի կենդանութիւնը սրտի բաղձանքն է եւ սէրն առ Աստուած՝ ըստ Անոր կամքին շարժուելու։ Կամ, զոր օրինակ, երբ հոգին կը նուազի, մարմնի տարրը բնաւ չի նուազիր, այլ տեսքը նո՛յնն է։
«Այնպէս եւ աղօթքը, սրտի բաղձանքներէն մեկնելով, կենդանի է եւ հաճելի Աստուծոյ, ուստի կ՚ըսուի, թէ.- Կենդանի է սուրբերու աղօթքը. (ՅԱՅՏ. Բ 4), իսկ ան, որ չունի սրտի բաղձանքը, այլ միայն՝ աղօթքի խօսքերը, այնպիսին մեռած մարմին է, եւ աղօթքէն միայն տարրն է մնացած, եւ ո՛չ հոգին…»։
Ուստի, աղօթքը հոգիի կենդանութեան նշա՛նն է. հետեւաբար պէտք է միշտ եռանդուն ըլլալ աղօթելու մէջ, իսկ եթէ աղօթքը կը դադրի, այդ կը նշանակէ, թէ մեռա՛ծ է հոգին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ