«ԿԱՆՈՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ»
Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Նորայր արք. Պողարեանի «Կանոնագիտութիւն. Երուսաղէմ, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1992» գիրքէն, որուն «Բացատրական»ին մէջ հեղինակը կ՚ըսէ. «… Այժմ, նկատի առնելով այլ եւ այլ կողմերէ եղած խնդրանքը, տպագրութեամբ կը հրատարակենք զայն, խորհելով, թէ ոմանք պիտի կրնան օգտուիլ անկէ։
«Մեր եկեղեցւոյ կանոններուն կ՚ենթարկուին բոլոր այն անձերը՝ որոնք անդամ են անոր։ Այդ անձերը կրնանք բաժնել այլ եւ այլ դասակարգերու…»։
Վերոյիշեալ դասակարգերէն են դպիրներ, ուրարակիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագուհիներ, քահանաներ՝ որոնց մասին «Կանոնագիտութիւն» գիրքին մէջ Նորայր արք. Պողարեան կ՚ըսէ.
«ԴՊԻՐՆԵՐ.- Այս յորջորջումին տակ կ՚առնենք եկեղեցական աստիճաններու խոնարհագոյն դասակարգերը, այսինքն.
1.- Դռնապաններ,
2.- Ընթերցողներ,
3.- Երդմնեցուցիչներ,
4.- Ջահընկալներ.
Այս չորս աստիճանները ընդհանրապէս միասին կը տրուին եւ զանոնք ստացողը այժմ կը կոչուի դպիր։
Դպիրներ իրաւունք ունին.
1.- Եկեղեցական շապիկ հագնելու,
2.- Մոմ բռնելու,
3.- Եկեղեցւոյ դուռը բանալու,
4.- Եկեղեցին աւլելու,
5.- Եկեղեցւոյ մէջ փոխեր եւ ճաշու գիրքեր կարդալու եւ շարականներ եւ տաղեր երգելու,
6.- Զանգակ հնչեցնելու,
7.- Դիւահարներ երդուընցնելու եւ դեւերը հանելով հիւանդներ բժշկելու,
8.- Եկեղեցւոյ կանթեղները եւ մոմերը վառելու եւ մարելու։
ՈՒՐԱՐԱԿԻՐՆԵՐ.- Ուրարակիր կը կոչուին այն դպիրները՝ որոնք եպիսկոպոսի մասնաւոր արտօնութեամբ կրնան ուրար կրել պաշտամունքի ժամանակ։
Ուրարակիրներուն իրաւունք տրուած է կիսասարկաւագին եւ սարկաւագին վերաբերող շատ մը պաշտօններ կատարելու, ինչպէս.
1.- Խնկարկել,
2.- Քշոց կրել,
3.- Ճաշու Աւետարան կարդալ,
4.- Սպասները մատուցանել,
5.- Պարապ սկիհը վերցնել,
6.- Պատարագիչը զգեստաւորել։
ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐ.- Ներկայիս կիսասարկաւագութիւնը մեր մէջ դադրած է մնայուն աստիճան մը ըլլալէ եւ վերածուած է լոկ փոխանցման քայլի մը. հին ատեն կիսասարկաւագութիւնը մնայուն եւ կարեւոր աստիճան մըն էր։ Կիսասարկաւագը չէր կրնար ամուսնանալ։
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐ.- Սարկաւագութիւնը առաջինն է եկեղեցական մեծ եւ հիմնական աստիճաններուն։
Սարկաւագը՝ բացի ուրարակիրներու կարգին յիշուած պաշտօններէն, իրաւունք ունի նաեւ վերաբերում կատարելու։
Վանական սարկաւագները իրենց ձեռնադրութենէն առաջ կը կատարեն կուսակրօն ըլլալու ուխտ։
Սարկաւագը քսան տարեկանէն պակաս պէտք չէ՛ ըլլայ։ (Ժ. Սսոյ. Կան. Գ)։
ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐ.- Անոնք կրնան կատարել սարկաւագներուն յատուկ բոլոր պաշտօնները։ Ասոնք՝ որոնք պարտաւոր են կուսակրօնութեան ուխտ կատարել եւ ապրիլ կուսանոցներու մէջ։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ.- Բարձր է քահանային պաշտօնը։ Ան հոգեւոր հովիւ է հաւատացեալներուն եւ պատասխանատու՝ Աստուծոյ առջեւ անոնց հոգիներուն առողջութեան եւ փրկութեան համար։
Քահանայացուն պէտք է.
1.- Երեսուն տարեկան ըլլայ (Նէոկես. ժզ=ժա, ըստ յունին)։ Քսան եւ հինգ տարեկանէն պակաս չըլլայ (Ժող. Սսոյ. Կան. Գ)։
2.- Ամուսնացած ըլլայ նախ քան սարկաւագ ձեռնադրուիլը։
3.- Ունենայ որոշ չափով ուսում. մասնաւորաբար եկեղեցւոյ վերաբերեալ նիւթերու շուրջ (ԾԽ. Կան. 59ա)։
Քահանան իրաւունք ունի կատարելու հետեւեալ ծէսերը եւ խորհուրդները.
1.- Մկրտութիւն,
2.- Դրոշմ,
3.- Ապաշխարութիւն,
4.- Հաղորդութիւն,
5.- Պսակ,
6.- Հիւանդաց կարգ։
Իր պարտականութիւններն են.
1.- Այցելել իր ծուխերուն կանոնաւոր կերպով, տարին շուրջ վեց անգամ։ Ս. Ծնունդին եւ Ս. Զատկին օրհնել բոլոր ժողովուրդին տուները (Ս. Բարս. 229)։
2.- Հոգեւոր եւ բարոյական կեանքի սկզբունքներ տարածել։
3.- Ըլլալ տիպա՛ր հաւատացեալ իբր օրինակ իր ժողովուրդին։
Քահանան պէտք է.
1.- Իր եպիսկոպոսէն ձեռնադրութիւն ընդունի հաւանութեամբ իր ժողովուրդին (Թադ. 2, Եէմ. 9)։
2.- Երեք օր հրաժարի իր կնոջ մերձենալէն, Ս. Պատարագ մատուցանելէ առաջ (Թադ. ժգ)։
3.- Հայրապետական մասնաւոր արտօնութիւն ստանայ երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքելու համար (Կոնդակ Գէորգ Ե. Կթղի. 1922 նոյմ. 11. Հ. Կոչնակ, 1923. էջ 947)։
4.- Ունենայ շուրջ 250 ծուխ, ընտանիք (ԾԽ. Կան. 57)։
Քահանան պէտք չէ.
1.- Իր եկեղեցին եւ ժողովուրդը լքէ եւ երթայ ուրիշ քաղաք (Նիկ. 15)։
2.- Ստանձնէ որեւէ աշխարհիկ գործակալութիւն (Շնորհ. 34)։
3.- Ուրիշ քահանայի մը կողմէ բանադրուած կամ վտարուած յանցաւոր մը իր եկեղեցին ընդունի (Շնորհ. 36, Բրս. 270)։
4.- Գահասիրութեամբ իր ընկերներուն հակառակի։ Եկեղեցւոյ մէջ նախաթոռ է այն՝ զոր Աստուծոյ շնորհքը ընտրեց նախ՝ իբրեւ քահանայ (Բ Դուին, ժ)։
5.- Իր պաշտօնակիցները զրկէ անոնց ծուխը կամ հասոյթը յափշտակելով (Եէմ. 11)։
6.- Երդում ընէ (Թադ. 14)
7.- Ապաշխարողի մը խոստովանութիւնը յայտնէ (Բ Դուին. 19)։
Կուսակրօն քահանաները կը կոչուին «Աբեղայ», կ՚ապրին վանքերու մէջ (Առք. Լգ.) եւ կը կրեն վեղար։ Աբեղաներու վերապահուած են եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններ…»։
Եկեղեցւոյ կանոններուն ենթակայ են. երեխաներ, հաւատացեալներ, վանականներ, դպիրներ, ուրարակիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, քահանաներ, վարդապետներ, քորեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, պատրիարքներ եւ կաթողիկոսներ՝ որոնք կարելի է բաժնել զանազան դասակարգերու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 17, 2026, Իսթանպուլ