ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՄԵՆԱԶՕՐ ՁԵՌՔԸ

Կը պատմուի, թէ ուսուցչուհի մը իր դասարանի աշակերտներէն կ՚ուզէ, որ գծեն նկար մը՝ որ ցոյց տայ բան մը՝ որուն համար սրտանց շնորհակալ են։ Մինչ ուսուցչուհին կը մտածէ, որ ընդհանրապէս համեստ դասակարգէ եկած աշակերտները, իրականութեան մէջ շատ քիչ բան ունին շնորհակալ ըլլալու, քանի որ անոնք շատ բաներէ զրկուած ընտանիքներու կը պատկանին։ Ապա ուրեմն ի՞նչ բանի համար որո՞ւ շնորհակալ ըլլան…

Սակայն, ուսուցչուհին վստա՛հ էր, որ անոնցմէ շատեր գիրուկ հնդկահաւեր կամ ճոխ ուտելիքներով լեցուն սեղաններ պիտի ջանային գծել։ Ուսուցչուհին շատ զարմացաւ երբ աշակերտներէն մին իր գծագրութիւնը յանձնեց, որ պարզ ձեռքի մը նկարն էր։

Որո՞ւ ձեռքը սակայն։

Դասարանի մնացեալ աշակերտները այս վերացական գծագրութենէն հրապուրուած՝ սկսան սապէս եզրակացնել. «Կարծեմ Աստուծոյ ձեռքն է, որ մեզի ճաշ կու տայ»։ Այսպէս, կ՚արտայայտէր տղեկ մը թարգման ըլլալով իր ընկերներուն կարծիքին։ Ուրիշ տղայ մը. «Ագարակապանի մը ձեռքը…», ըսաւ, եւ շարունակեց. «որովհետեւ ան հնդկահաւեր կը խնամէ»։ Ի վերջոյ մինչ միւս տղաքը զբաղած էին, ուսուցչուհին ծռեցաւ «ձեռք մը» գծող աշակերտին գրասեղանին վրայ եւ կամացուկ մը հարցուց, թէ որո՞ւ ձեռքն էր այդ։ «Օրիո՛րդ, քո՛ւ ձեռքդ է», մրմռաց ամչկոտ տղեկը։ Ուսուցչուհիին աչքերը լեցուեցան, երբ յիշեց յաճախ զբօսանքներուն այս լքուած եւ ամչկոտ տղեկին վտիտ ձեռքը կը բռնէր, որպէս սիրոյ եւ քաջալերանքի արտայայտութիւն, ինչպէս եւ սովոր էր ընել ուրիշ պզտիկ աշակերտներու ալ։

Սակայն ասիկա մեծ նշանակութիւն ունեցած եւ տպաւորած էր այս աշակերտը։

Ձեռք մը, պարզ ձեռք մը երբեմն կրնայ մեծ նշանակութիւն ունենալ եւ ազդել, տպաւորել, մինչեւ իսկ կեանքեր փոխել, կեանքերու ընթացք տալ։ Ուստի, մարդուս համար կարեւոր է յիշել եւ չմոռնալ այն ձեռքը՝ որ բռնած է եւ վեր կանգնեցուցած, քաջալերած եւ զօրացուցած է զինք, եւ այսպէս փոխած է կեանքին ընթացքը։

Այս պատմուածքը, ահաւասիկ, մեզի յիշելու առիթ մըն է Աստուծոյ ամենազօր ձեռքը՝ որ միշտ պատրա՛ստ է մեզ բռնելու եւ վեր կանգնեցնելու մեզ մեր բոլոր մարմնական եւ հոգեկան անկումներէ։ Աստուծոյ ամենազօր, ամենակարող, ամենակալ, վստահութիւն ներշնչող ձեռքը՝ որ մեր տկար, անզօր, անկար ձեռքէն կը բռնէ եւ ամէն օր մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի բարին։ Եւ այդ ուսուցչին ձեռքը նաեւ առիթ մըն է մտաբերելու այդ բոլոր մարդկային ձեռքերը, որոնք տարիներու ընթացքին մեզի երկարած են սիրոյ, քաջալերանքի եւ օգնութեան համար։ Արդէն չէ՞ որ Աստուած մարդը ստեղծեց ամէն մէկը տարբեր եւ բազմատեսակ յատկութիւններով, կարողութիւններով, իրերօգնութեան կոչումով։

Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ, որ ամէն մէկ ձեռք, որ կ՚երկարի մարդու մը կողմէ, օգնութեան, քաջալերանքի համար, այդ ձեռքին կենդանութիւն տուողը Աստուած Ի՛նքն է։ Բժիշկը՝ որ աշխարհի վրայ Աստուծոյ ձե՛ռքն է եւ դեղը՝ որ Աստուած բնութեան միջոցով տուած է մարդուն։ Փա՛ռք տանք Աստուծոյ Իր նախախնամ օրհնեալ ձեռքին համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 17, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026