ԱՄԷ՛Ն ՏԵՂ ԱԼ ՆՈՅՆՆ Է

Խարդախութիւնն ու զեղծարարութիւնը որոշ տարածաշրջանի յատուկ երեւոյթ մը չէ. ան պարզապէս մարդկային բնութեան թերի մէկ արտայայտութիւնն է եւ համամարդկային բնոյթ ունի։ Սարդոց ազգութիւնը, կրօնքը, մշակոյթը կրնայ տարբեր ըլլալ, սակայն, կան որոշ երեւոյթներ, որոնք որոշ աշխարհագրութեան մը մէջ չեն սահմանափակուիր, սակայն, շատ անգամ ազգութիւնը որոշ երեւոյթներ շատ աւելի հարազատ ու «սեփական» կը դարձնէ: Օրինակի համար, ներկայիս աշխարհի մէջ կայ տարածուած այն համոզումը, թէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդը շատ աւելի վայրագ ու գազանային խառնուածք ունի՝ հակառակ անոր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ աւելի ոճիր ու չարագործութիւն կը կատարուի՝ քան Լիբանանի, Իրաք կամ Յորդանանի:
Թերութիւնը մեր մարդկային կեանքին մէջ ամէնուր է, սակայն, տարբերութիւնը այն է, որ մենք մեր շուրջ եղած թերութիւնները շատ աւելի կը նկատենք՝ քան մեզմէ հեռու կատարուածները եւ այդ պատճառով շատ անգամ միայն մեր մօտինը բացասական կը տեսնենք։ Օրինակի համար, ամէ՛ն մարդ իր ապրած սեփական երկիրի ղեկավարը շատ աւելի «գող» ու «անարդար» կը կարծէ՝ քան ուրիշը։ Այսպէս, մեզմէ շատեր Գանատան կամ Ամերիկան «խոստացուած երկիր»ի տպաւորութեամբ կ՚ընկալեն, սակայն, եթէ հարցնէք գանատացիին կամ ամերիկացիին՝ վստահաբար պիտի լսէք սեփական պետութեան հանդէպ անոնց ունեցած քննադատութիւնները:
Տարբեր չէ նաեւ եկեղեցւոյ պարագան. օտարներ Հայ Առաքելական Եկեղեցին իր շարականներով, իր աղօթքներով, իր սուրբերով պատուանդանի մը վրայ կը տեսնեն, սակայն մենք՝ մօտէն ծանօթ ըլլալով այդտեղ տեղ գտած թերութիւններուն ու սխալներուն՝ նոյն վերաբերմունքը չենք ունենար։ Նոյնպէս երբ մենք անոնց եկեղեցիներուն հանդէպ դրական համոզում մը ունենանք՝ իրենց կարծիքը այնքան ալ դրական վիճակ մը չ՚ունենար: Մենք մեր սեփականը քննադատելու ժամանակ պէտք է հասկնանք, որ վատը ամէ՛ն տեղ ալ կայ։ Ազգութեան հետ աղերս չունի այդ մէկը։ Հայ եկեղեցականը այսպէս է կամ այնպէս է ըսելը՝ ո՛չ մէկ առաւելութիւն կրնայ ունենալ, որովհետեւ հայերուն յատուկ կարծուած որեւէ թերութիւն իրականութեան մէջ ամէնուր է:
Մեր թուականէն աւելի քան կէս դար առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ որոշ օտար եկեղեցիներ նիւթական պարգեւներու դիմաց որոշ անձերու եկեղեցական օծում կը «ծախէին»։ Եկեղեցական դառնալու համար կոչում կամ հոգեւոր գիտութեան կարիք չկար. սահմանուած գումարը տալով մարդ կրնար եկեղեցական կոչում ստանալ։ Անշուշտ, եկեղեցական կոչում ստանալու նպատակը եւս «դրական» չէր։ Մարդիկ եկեղեցական կը դառնային, որովհետեւ պետութեան դիմաց շատ մը առաւելութիւններ ու դիւրութիւններ կրնային ձեռք բերել։ 1960 թուականին Լիբանանի «Սփիւռք» թերթը այդ առաւելութիւնները կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով.
«Եկեղեցականը կրնայ որպէս քարոզիչ, շոգեկառքի եւ օդանաւի տոմսակներուն կէս գին վճարել: Դրամ գանձել մկրտութեան, պսակի եւ թաղման առթիւ: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ վաճառատուներէ մասնաւոր զեղչ ստանալ...: Կրնայ ռատիոյի եւ թելեվիզիոնի ժամեր գնել եւ գումարներ հանգանակել, փոխարէն ոչինչ տալով եւ առանց արտօնագրի պէտք ունենալու: Կրնայ կալուածի, ինքնաշարժի, նաւակի եւ կահկարասիի տուրքէ զերծ գործառնութիւններ ընել «եկեղեցի»ին անունով, անձնական կարգադրութիւններ ընել մերժուած կամ կեղծ դրամական խնդիրներու առնչութեամբ: Կրնայ համոզել իր հետեւորդները, որպէսզի իրենց կտակը տրամադրեն իր կրօնքին կամ իր բարեսիրական հիմնարկութեան»:
Այս բոլորը եթէ ի գործ դրուած ըլլային մեր հայ եկեղեցականներու կողմէ, վստահաբար արձագանգն ու ազդեցութիւնը տարբեր պիտի ըլլար։ Երբ ընողը օտարն է՝ այնքան ալ մեծ խնդիր մը չէ։ Օրինակի համար՝ սփիւռքի խմբագրութիւնը ի դիմաց այս բոլոր մեղադրանքներուն՝ վերոյիշեալ գրութեան սկիզբը հետեւեալը կը գրէ. «Ամերիկայի «եկեղեցական»ներուն խաղացած խաղերը կը հասնին կարգ մը միամիտներու քսակին եւ ատկէ անդին չեն անցնիր: Մեր պարագային, մեր «եկեղեցական»ները ամբողջ ազգի մը դարաւոր եկեղեցին կացինահարեցին, բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս»:
Վստահաբար, 1960 թուականին ապրող հայ ժողովուրդը անհանդուրժելի կը գտնէր իր ժամանակաշրջանին ապրող եկեղեցականները։ Մենք այսօր «հանդուրժելի» կը գտնենք այդ ժամանակաշրջանի եկեղեցականները եւ կը փորձենք մերօրեայ եկեղեցականները համեմատել անոնց հետ՝ հաւատալով, որ մերօրեայ եկեղեցականները շատ աւելի «թերի» ու «սխալական» են՝ քան նախկինները։ Իրականութեան մէջ, այս մէկը ժամանակաշրջանի հետ կապ չունի։ 1850 թուականին եւս ժողովուրդը եկեղեցականները կը քննադատէր, 1950-ին ալ, այսօր ալ, վաղն ալ եւ ընդմիշտ… այդ ժամանակ ալ պետական գործիչները կը քննադատուէին՝ այսօր ալ։ Կարդալով Շահնուրը եւ ուրիշներ, կը տեսնենք 1940-1950 թուականներուն ապրող երիտասարդութեան մասին քննադատութիւններ։ Այսօր մենք այդ սերունդը գիտակից նկատելով՝ կը քննադատենք մերօրեայ երիտասարդութիւնը եւ վստահ եղէ՛ք, որ ամէն ազգի համար պարագան տարբեր չէ։ Այսօր նոյն ոգիով կը քննադատենք մեր եկեղեցականները, վստահ ըլլալով, որ մի քանի տասնամեակներ ետք պիտի «հասկցուի», որ մերօրեայ եկեղեցականները շատ աւելի բարեպաշտ ու «սուրբ» են՝ քան պիտի ըլլան ապագայինները:
•շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ժողովուրդը ամենամեծ ստեղծագործն է, գացէք եւ սովորեցէք անոնցմէ։
ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան