ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

«Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ եւ կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէ՛ք։ Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու…». (Բ ՏԻՄ. Բ 20-21)։

Բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը զանազանել եւ անոնցմէ հոգեպէս նպաստաւորը ընտրել՝ ճշմարիտին, բարիին եւ գեղեցիկին հասնիլ իմաստութիւն կը պահանջէ։ Իմաստութիւն ունենալու համար ալ անհրաժեշտ է ինքզինք ճանչնալ, եւ ինքնաճանաչութեան համար ալ պէտք է ինքզինք քննէ մարդ։ Արդարեւ, մարդուն համար ուրիշը ճանչնալէ աւելի դժուար է ինքզինք ճանչնալ, քանի որ ուրիշը ճանչնալ առարկայական արարք մը, իսկ ինքզինք ճանչնալ ենթակայակա՛ն է։

Փորձեցէ՛ք, մարդ ինքզինք հայելիին դէմ դիտելով կրնա՞յ սուտ խօսիլ։ Մարդ ամենէն շատ ինքզինքէն կը խուսափի, չ՚ուզեր իր սխալները ինքզինքին յայտնել, մարդ միշտ ինքզինքէն կը փախչի։ Եւ այս պատճառով ինքնաքննութիւնը շատ դժուար է մարդուն համար։

«Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին՝ որ իր մէջն է». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 11) եւ «Չարիքը ձեր մէջէն վերցուցէք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ե 13)։ Արդարեւ, պէտք է ընդունիլ, թէ քիչ է թիւը այն «հաւատացեալ»ներուն՝ որոնք ինքնաքննութեան համար առօրեային մէջ ժամանակէն որոշ պահեր կը յատկացնեն եւ կը զոհեն, դիտելու եւ տեսնելու համար իրենց ներաշխարհը՝ դիմաւորուելու իրենք իրենց հետ, իրենց «ԵՍ»ին հետ։ Դժուար է չէ՞…

Մինչդեռ հո՛ն պիտի տեսնենք մեր հպարտ, անձնասէր, ծոյլ, անտարբեր, ագահ, ցասկոտ, թերահաւատ ինքնութիւնը, եւ պիտի անդրադառնանք մեր ինքնախաբէութեան։ Մենք որ ուրիշներու տարբեր կ՚երեւինք, իսկ մենք մեր մէջ բոլորովին տարբեր ենք…

Աստուծոյ ներկայութեան՝ առանձնութեան մէջ մենք պիտի տեսնենք մեր իսկական դէմքը եւ պիտի վկայենք մեր հոգեւորապէս անբաւարարութեան, թերութեան։ Եւ պիտի տեսնենք, որ մենք մեր տեսնուածին պէս չե՛նք, մեր արտաքինը եւ ներքինը նոյնը չեն, աւելին՝ մենք՝ մենք չե՛նք։ Այս պատճառով, հոգեւոր կեանքի մէջ տարբեր է իսկական հաւատացեալը եւ ինքնակոչ, կարծեցեալ հաւատացեալը։ Մարդ երկու տիրոջ չի կրնար ծառայել. ան կամ «հաւատացեալ» է, կամ՝ ո՛չ։

Մարդ, այս իսկ պատճառով կը խուսափի ընդհանրապէս ինքն իրեն հետ դիմաւորուելէ՝ ինքնաքննութիւն, կամ ըսենք. անձնաքննութիւն ընելէ եւ կը նախընտրէ ինքնախաբէութիւնը՝ ծածկելով ինքզինք իրմէ։

Այս ուղղութեամբ, մարդ միշտ ուրիշները կը քննէ, կը քննադատէ եւ կը դատապարտէ՝ կարծես, թէ ինք բոլորովին զերծ է այդ բոլորէն։ Ի՜նչ խեղճութիւն, ի՜նչ ողորմելիութիւն… մարդ, պէտք է նա՛խ ինքզինք ճանչնայ եւ յետոյ ուրիշները ճանչնալ եւ անոնց մասին գաղափար կազմելու աշխատի։

Ինքնակեդրոն կարծիքը պարզապէս ինքնախաբէութիւն է եւ ներհակ՝ մարդուն սկզբնական կոչումին, այսինքն՝ իրերօգնութեա՛ն։

«Ո՛վ որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս Ինք մաքուր է», կ՚ըսէ Յովհաննէս առաքեալ. (Ա ՅՈՎՀ. Գ 3)։ Ահաւասիկ, այս համարին մէջ «ինքզինք կը մաքրէ» խօսքը յստակօրէն կը մատնանշէ ինքնաքննութեան եւ անոր յաջորդող ինքնասրբագրութեան։ Երբ չանդրադառնանք մեր սխալներուն, թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն՝ մեր մեղադրելի, անսուրբ կորստաբեր արատներուն եւ բիծերուն մեր մէջ, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի մաքրուինք. չէ՞ որ դարմանումը կը սկսի լաւ ախտաճանաչութեամբ մը…

Օգտակար արարք մըն է քննել՝ տեսնել եւ ընդունիլ մեր թերի, տկար կողմերը, սակայն, նաեւ պէտք է անդրադառնալ՝ անդրադառնալ, թէ մենք ներաշխարհ մը ունինք, հոգի մը ունինք եւ հոգեւոր կեանք մը։ Սակայն, առանց ինքնասրբութեան կամք ունենալու կարելի չէ այս բոլորը կատարել։

Այս արատներէն ձերբազատուելու համար, անհրաժեշտ է գործի վերածել մեր կամքը, քանի որ առանց գործի որեւէ արժէք չունի կամքը, ուստի, պէտք է դրականի վերածել ամէն խորհուրդ եւ ամէն խօսք։ Ուստի, «մաքուր ըլլալ» փափաքիլ չի բաւեր, այլ մաքրուելու համար պէտք է գործ կատարել, մաքրութեան տիպար մը ունենալ եւ այդ տիպարին նմանելու աշխատիլ։ Եւ այդ տիպարն է Յիսուս Քրիստոս։

Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն կը գրէ. «Յիսուսի նայինք, մեր հաւատքին առաջնորդին եւ կատարողին». (ԵԲՐ. ԺԲ 2)։ Ուստի, մեր աչքերը սեւեռենք, յառենք Յիսուսի եւ համբերութեամբ եւ քաջութեամբ պայքարինք մեր ներաշխարհը ապականող չարութիւններու դէմ եւ մանաւանդ մեր «ԵՍ»ին հետ՝ որ կարծես թշնամի մը տեւապէս մեզ կը մղէ «ուրիշ»ը շահագործելու, թերագնահատելու, ատելու, անոր վնաս հասցնելու ի նպաստ իրեն…

Բայց, «ուրիշ»ը մարդուն միւս երեսն է, եւ չկա՛յ «ինք» առանց «ուրիշ»ի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 18, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2026