ՆՈՅՆ ԱՆՁՐԵՒՈՎ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ԶԳԱՑՈՒՄԵՐ
Կան որոշ զգացումներ, որոնք միջին եզր մը չունին. կա՛մ մարդը կը կերտեն եւ կամ կը քանդեն: Նոյն երեւոյթի դիմաց զիրար հակասող այս երեւոյթն է, որ մարդկային զգացումը կը դարձնէ խորհրդաւոր, որովհետեւ նոյն երեւոյթը երկու տարբեր անձերու մօտ կը ստեղծէ երկու տարբեր իրավիճակներ: Շատեր կը հաւատան, որ մարդ ի՛նք «կ՚ընտրէ» զգացումներու կամ երեւոյթներու հանդէպ իր վերաբերումը, սակայն, կը կարծենք իրականութիւնը այլ է, որովհետեւ չենք կարծեր, որ մարդ կամաւորաբար ինքզինք տանջանքի ու թշուառութեան մէջ դնէ, անշուշտ, եթէ որոշումի հարց ըլլար այդ մէկը:
Կը հաւատանք, որ զգացումը կը գտնուի մարդու բանականութեան սահմաններէն դուրս. օրինակի համար, մարդ լաւապէս տրամաբանօրէն գիտէ, թէ նման երեւոյթի մը դիմաց ինչպիսի կեցուած պէտք է որդեգրել. գիտէ, սակայն, այդ տրամաբանութիւնը կ՚աշխատի այնքան ժամանակ՝ որքան ինք հեռու է այդ իրավիճակէն, որովհետեւ հանգստութեան մէջ գոյացած մտածումը ցնցող երեւոյթի մը ընթացքին ստեղծուած մտածումէն ու մտային եւ հոգեկան վիճակէն տարբեր կ՚ըլլայ: Մարդկային «ես»ն ու տրամաբանութիւնը երեւոյթներուն համար ունի որոշ սահմանումներ, սակայն, զգայուն պարագաներուն տրամաբանութիւնը միշտ չէ, որ «ես»ին կ՚ենթարկուի։ Մարդ կրնայ տարիներ շարունակ ինքզինք հոգեպէս ու մտապէս պատրաստել, սակայն, իրականութեան դիմաց գտնուելով ամբողջութեամբ տարբեր վիճակ դրսեւորել։ Այս բոլորը մէկ վերջնական ու հիմնական հաստատում մը ունին. մենք մեր զգացումներուն վրայ իշխանութիւն չունինք:
Շատեր կը հաւատան, որ մարդու զգացական բաժինը ժառանգական է. անոր զգայուն, զօրաւոր ըլլալ-չըլլալը կրնայ ժառանգած ըլլայ ծնողքէն, սակայն, ուրիշներ կը յայտնեն այն կարծիքը, որ այդ բոլորը ժառանգական ըլլալէ աւելի ժամանակի ընթացքին փորձառութեամբ է, որ կը կազմաւորուի։ Անցեալի վէրքերը, փորձառութիւններն ու ապրումները իւրաքանչիւր երեւոյթի համար նոր իրավիճակ մը կը ստեղծեն։ Իրականութեան մէջ, երկուքն ալ ճիշդ են. ժառանգական բաժինը նախնական տրամադրութիւն մը կրնայ ստեղծել, սակայն, փորձառութիւններն ու ապրումներն են, որոնք կը ձեւաւորեն եւ վերջնական վիճակի կը բերեն մեր զգացումները։ Շատեր նոյնիսկ կը հաւատան, որ հիմնական այդ հոգեվիճակը կը գոյանայ մանկութեան ժամանակ: Այդ ապրումները, դաստիարակութիւնն ու հոգեվիճակն են, որոնք նոյն անձրեւը մէկուն համար կը դարձնէ հաճելի, մաքրութեան եւ վերածնունդի ազդեցութիւն կ՚ունենայ, իսկ ուրիշին համար արցունքի, տխրութեան ու լացի։ Անձրեւը երկուքին պարագային ալ նոյն անձրեւն է, սակայն, մարդուն անոնց հանդէպ ձեւաւորած զգացումն է, որ կը տարբերի:
Եթէ այս բոլորը ընդունինք, ապա լուրջ հակասութեան մը դիմաց պիտի գտնուինք։ Զգացական վիճակի մը համար կը մեղադրենք անձ մը՝ որ վերոյիշեալ տողերու տրամաբանութեան հիման վրայ զոհն է իր անցեալին, իր զգացումներուն ու փորձառութիւններուն։ Կը մեղադրենք անձը, սակայն, միւս կողմէ կը հաւատանք, որ ան չի կրնար իշխել իր ներքին զգացումներուն, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, եթէ որոշումի հարց ըլլար՝ մարդ պիտի չուզէր երբեւէ նեղուիլ: Մարդ չի կրնար ինք ընտրել, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ զգալ եւ կամքէ անկախ է՝ մարդ կ՚առաջնորդուի երկու ծայրայեղութիւններով:
Երկու ծայրայեղութիւն ըսելով՝ ըսել կ՚ուզենք հետեւեալը. մեր փողոցին վրայ կայ մարդ մը, որ ապրած է ընտանեկան լուրջ տագնապներ ու խնդիրներ. հարազատ քոյրը մոխրակոյտի վերածած է իրենց տունը եւ դարձած են անտուն։ Այդ վիճակը մարդը առաջնորդած է հիւանդագին վիճակի։ Տղամարդը մինչեւ օրս կ՚ապրի այդ վիճակով. մազերը չի սափրեր, իր արտաքին կամ ներքին առողջութեան հոգ չի տանիր եւ կեանքէն անջատուած վիճակով իր գոյութիւնը կը քաշքշէ։ Կեանքի որոշ դժբախտ պատահարներ իր մէջ ստեղծած են այն մարդը՝ որ կայ այսօր, սակայն, նոյն իրավիճակին յայտնուող այլ անձ մը կրնայ ամբողջութեամբ հակառակ վիճակը ունենալ. օրինակի համար, կրնայ այդ կորուստը իր մէջ ստեղծել պայքարի ոգի մը՝ շատ աւելի լաւը կառուցելու, շատ աւելի առողջ միջավայր մը ստեղծելու համար։ Ինչքան ալ թուի, թէ այս մէկը որոշումի հարց է՝ իրականութեան մէջ այդպէս չէ. մարդ որոշում կը կայացնէ իր տրամաբանութեամբ եւ այդտեղ ազդեցութիւն կ՚ունենայ իր հոգեկան վիճակը:
Նեղութիւնը մարդը կ՚առաջնորդէ երկու ծայրայեղութիւններու. կա՛մ կը զօրանայ կամ ամբողջութեամբ կը կորսուի: Մեծ փիլիսոփայ Նիցչէ իր աշխատութեան մէջ կ՚ըսէ. «Մարդը դժբախտ կամ երջանիկ կը դարձնէ իր միտքերը եւ ո՛չ արտաքին հանգամանքները»։ Այնպէս ինչպէս անձրեւը նոյն անձրեւն է՝ ընկալումներն են տարբեր, նոյնպէս բոլոր նեղութիւններու, դժուարութիւններու ու զգացումներու պարագային: Մինչեւ օրս հարցական է, թէ որքանո՞վ յաղթահարելի է զգացումներուն տիրապետելը, որովհետեւ արդի մանկավարժութիւնն ու հոգեբանութիւնը այդ մէկը կարեւոր կը նկատէ։ Մենք ալ կը հաւատանք, որ դաստիարակութիւնը կրնայ մեծ դրական դեր ունենալ, այդ իսկ պատճառով թէ՛ ընտանիքին եւ թէ դպրոցին մէջ մանուկ-պատանին պէտք է ապագայ կեանքին պատրաստել։ Կրթութիւն ըսելով պէտք չէ միայն դասեր հասկնալ. դաստիարակութիւն ըսելով պէտք չէ միայն վարք ու բարք հասկնալ. զգացական մարդու կարիք ունի այս աշխարհը, սակայն, զգացական ըլլալ դիւրութեամբ խորտակուիլ պէտք չէ նշանակէ:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Սիրտը, որ ճանաչող սիրտ է, այնքան բնականօրէն կը ձգտի ազատութեան, որքան բանտարկուած թռչունը:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան