ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Կեանքը զգլխիչ արագութեամբ կ՚ընթանայ, մէկ օրէն միւսը հիացումով կը նշմարուին յեղաշրջումներ, փոփոխութիւններ՝ գաղափարներու եւ բարքերու, ապրելակերպերու մէջ՝ որոնք դժբախտաբար պատուոյ, խղճի եւ բարոյականութեան զգացումներ կը բթացնեն ընդհանրապէս մարդոց մէջ։

Արդարեւ, փոփոխութիւնը բնական ընթացք մըն է՝ արգելք ըլլալ կարելի չէ։ Բայց փոփոխութիւնը օգտակար է մարդուն, երբ ան բարի է. բարեփոխութիւն է։ Պահ մը խորհինք սիրելի բարեկամներ. ո՞ւր մնացին արդեօք երբեմնի մեր առհասարակ քաղցրաբոյր առաքինութիւնները, արդեօք մենք՝ տարեցնե՞րս կը սխալինք այսպէս տրամաբանելով, հաւանաբար ո՛չ։

Անծանօթ եւ օտար միջավայրերէ ներածուած նոյնքան օտար եւ խորթ տեսութիւններ, գաղափարներ, հաճոյքներ, հոգեբանութիւններ եւ արդիութեան եւ նորաձեւութեան դիմակին տակ մոլութիւններ, մոլորութիւններ, մէկ օրէն միւսը կը կապկուին, եւ սերունդներ կը վատասերին հետզհետէ։

Անոնց առընթեր, միջավայրի ազդեցութիւններ եւս դժբախտաբար շուտ կ՚առինքնեն տղաքը, երիտասարդները եւ պատանիներ՝ որոնք կը յաճախեն վայրեր՝ ուր անմեղ զսբօսանքի եւ պարզ ժամանցի դիմակին ներքեւ՝ կ՚իւրացնեն ամէն մոլութիւն եւ նեխած բարոյականութիւն։ Եւ ահա՛ մերկապարանոց իրականութիւնը՝ որու ի տես լռութիւնը՝ «ոճիր» պիտի համարուէր։ Սերունդներ իրենք իսկ պիտի չուզէին այսպէս կորսուիլ եւ փճանալ։

Կը հետեւի, թէ այսօր երիտասարդներ լուսամիտ եւ իմաստուն առաջնորդներու պէտք ունին։ Այդպիսի իրական իմաստով «առաջնորդներ» պիտի ուղղեն անոնց քայլերը եւ շտկեն անոնց ուղիները։

Ո՞վքեր են այդ առաջնորդները։ Ո՞վքեր պիտի մատնանշեն այդ երիտասարդներուն ճշմարիտը եւ բարին, ո՞վքեր պիտի սորվեցնեն անոնց՝ սանձահարել իրենց կիրքերը եւ ներքին մը-ղումները, եւ վերջապէս ո՞վքեր պիտի ըլլան այդ լուսամիտ առաջնորդները կամ մտատիպարը արդի սերունդին…

Այն՝ որ Պօղոս առաքեալի հետ կ՚ըսէ. «Արթուն եղէք, հաստատուն մնացէք ձեր հաւատքին վրայ. քա՛ջ եղէք, զօրացէ՛ք։ Եւ ի՛նչ որ կ՚ընէք՝ սիրո՛վ ըրէք». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԶ 13)։ Ուրեմն, այսօրուընէ հրաժարիլ նիւթի՝ «ԵՍ»ի՝ սուտի պաշտամունքէն, ձերբազատուիլ նախապաշարումներէ, կանխակալութենէ, ազնուացնել հոգին՝ ներքին մարդը, ձեռնարկել կիրքերը զսպելու բարերար գործին։

Ճարտարարուեստով պարծիլ՝ մարդուն արդար եւ անկապտելի իրաւո՛ւնքն է անշուշտ, բայց այս հրաշագործ զարգացումը պէտք չէ՛ խափանէ իմացականութիւնը, գրական թռիչքը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը։ Դատա՛րկ է այսօր մարդոց հոգիները, նիւթապա՛շտ։ Կը հետեւի, թէ մարդկութիւնը կարիքն ունի նաեւ առաքինութիւններու, հոգեւոր արժէքներու, ճշմարտախնդիր ըլլալու, բարին եւ գեղեցիկը սիրելու եւ ազնուացնելու իր հոգին՝ մշակելով մարդասիրութիւն, մարդկային արժանիքի գնահատանք եւ մա՛նաւանդ խոնարհութիւն՝ չափ եւ սահման գիտնալով, որ դժբախտաբար մղձաւանջը կը հանդիսանայ ինչ ինչ տեսարաններու… արդարեւ, August Comte (1798-1857) կ՚ըսէ. «Անժխտելի առաքինութիւնը՝ խոնարհութիւնը ուղիղ գնահատանքն է ուժերու եւ արժէքներու՝ առանց երեւակայական յաւելումներու եւ յապաւումներու։ Խոնարհութիւնը անհրաժեշտ մասնիկն է մշակոյթին, քանի որ կա՛յ մարդուս ինքնահաւան, անձնաշահ եւ անձնահաճ հպարտութիւնը եւ ունայնամտութիւնը՝ որ եթէ չսահմանափակուի, ամէն ինչ քանդելու ի վիճակի է»։

Ողջամիտ գրչի մը պարտականութիւնն է սորվեցնել հանրութեան, թէ ո՛րքան անիրաւ բան է ընծայել ամէն տուրք եւ յարգանք արարածին, եւ անտեսել սկզբնական պատճառը ամէն գոյացութեան՝ Աստուած. անտարբեր ըլլալ իր հոգեւոր-կրօնական պարտականութիւններուն նկատմամբ, փոխարէն՝ պաշտել իր «ԵՍ»ը՝ իր քմահաճոյքը…

Դարը փոխուած է՝ անճանաչելի ըլլալու աստիճան։ Իրատես ըլլալու համար, ճարտարարուեստը, արհեստագիտութիւնը եղած է կեանքը քաղցրացնելու, մարդուն մարմնական եւ նիւթական պահանջները եւ կարիքները բաւարարելու համար միայն։ Johann Wolfgang von Goethe (1749-1832) կ՚ըսէ. «Գազանէ աւելի գազան է մարդը»։

Ի՞նչ կը խորհիք սիրելիներ. արդեօք մարդկութիւնը ինք կը պատրաստէ՞ իր վախճանը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 18 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2026