ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ՝ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻ՛ՒՆ
Ինքզինք «հաւատացեալ» համարող ամէն մարդու մեծագոյն թշնամին հպարտութիւնն է։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ կորնթացիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «… չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յայտնութիւններովս հպարտանամ…». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 7)։
Պօղոս առաքեալ թէ՛ հոգեւորապէս, թէ՛ մշակութապէս՝ գիտութեամբ հարո՛ւստ էր։ Ան կոչուած էր առաքելութեան, նաեւ առաքեալի գերբնական շնորհներով եւ պարգեւներով օժտուած էր, սակայն, հոգեւոր գիտութիւնը եւ գերբնական պարգեւներ, յատկութիւններ Աստուծմէ տրուած շնորհներ են՝ Յիսուսի ծառայելու՝ մարդկութեան օգտակար ըլլալու եւ Յիսուսի նմանելու։ Յիսուս, թէեւ Աստուծոյ Որդի էր, բայց հնազանդ էր իր Հօր եւ խոնարհ, համեստ՝ իր ծառայութեան ընթացքին։ Ուստի, աշակերտը իր վարդապետին նմանելու է՝ զօրութեամբ օժտուած եւ խոնարհ, համեստ անձնաւորութեամբ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, մարմինը խոնարհութեան եւ համեստութեան մէջ պահողը ցաւի, նեղութեան խայթոցն է. ըլլայ ան ֆիզիքական ցաւեր եւ կամ ըլլայ արտաքին խայթոցներ։ Այս իմաստով, սիրելի՜ներ, խայթոցները, ցաւերը, նեղութիւնները լաւագոյն առաջնորդներն են, որոնք մարդս կ՚ուղղեն Աստուծոյ ներկայութեան՝ Աստուծոյ հաւատալու, վստահելու, ապաւինելու եւ Աստուծմէ կախեալ ըլլալու։ Մարդու կեանքը կախում ունի Աստուծոյ կամքէն…
Պօղոս առաքեալ մնայուն խայթոց ունէր։ Ան ունէր բժշկութեան պարգեւը, սակայն, ունէր անբաժանելի խայթոց մը նաեւ, եւ այս երկուքը Աստուծոյ փառքին եւ առաքելութեան համար էին։ Պօղոս առաքեալի ունեցած բժշկութեան պարգեւին եւ խայթոցին մէջ ի յայտ կու գար Աստուծոյ զօրութիւնը՝ ամենակարողութիւնը եւ ամենակալութիւնը։
Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ մարդոց տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն մէջ կը ներգործէ։
Պօղոս առաքեալին խայթոցը երբեք արգելք չեղաւ իր ծառայութեան, այլ՝ զինք խոնարհ, համեստ եւ նաեւ զօրեղ պահեց։ Քանի որ ցաւեր եւ նեղութիւններ կը զօրացնեն մարդը։ Ուստի եւ, սիրելի՛ բարեկամներ, եթէ խայթոց մը ունինք՝ ան Աստուծոյ փառքին եւ մեր զօրութեան համար է՝ որպէսզի ունենանք աստուածահաճոյ եւ օրհնեալ ծառայութիւն։ Խոնարհութեամբ դիմադրուած ցաւը եւ ամէն նեղութիւն ի վերջոյ կը շինէ եւ կը զօրացնէ մարդը թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար…
Մարդիկ յաճախ կը հպարտանան իրենց զօրութեամբ. հարստութեամբ, նիւթական ճոխութեամբ. բայց այդ բոլորն ալ ժամանակաւոր են՝ կ՚անցնին, ուրեմն փոխանակ հպարտանալու՝ խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ նիւթական հարստութիւնները մարդկութեան բարիքին եւ օգտին համար գործածել, անոնց ծառայութեան տրամադրել աւելի աստուածահաճոյ է՝ քան անոնցմով հպարտանալ։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ ժամանակ մը նիւթական տագնապ ունէր իր առաքելութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին, սակայն, միջոց մը ետք փոխուեցան իր պարագաները։ Ան սկսաւ հետզհետէ յառաջանալ տարիքով, շատ յոգնեցաւ, ծառայութիւնը ընդարձակուեցաւ, եկեղեցիներ շատցան, դժուարութիւնները եւս բարդուեցան, քանիցս անգամներ բանտարկուեցաւ, եւ այս պարագային ան նիւթական տագնապ ապրեցաւ։ Բայց Պօղոս առաքեալ իր նիւթական տագնապին դիմաց կը կենար խոնարհութեամբ եւ գոհունակութեամբ։ Ուստի, խոնարհութիւնը եւ գոհունակութիւնը բանալին են յաղթութեա՛ն։ Ուստի Ան կ՚ըսէ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց». (ՓԻԼԻՊ. Դ 13)։
Խոնարհութեամբ եւ գոհունակութեամբ հաւատացեալը կը սորվի համբերութիւն, ժուժկալութիւն, Աստուծոյ վստահիլ, նաեւ կը սորվի, թէ տալը աւելի երջանկաբեր է՝ քան առնելը։ Ուստի, չքաւորութիւնը Աստուծոյ դպրոցին կարեւոր եւ օգտաշատ դասերէն մէկն է։
Եւ հպարտութեան հարցին՝ շատ աւելի վտանգաւոր է եւ վնասակար իր գիտութեամբ հպարտանալը՝ քան նիւթական ստացուածքով, քանի որ գիտութիւնը սահման չունի եւ կարելի չէ կատարեալ գիտութեան տիրանալ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ հպարտանալ թերի եւ անկատար գիտութեամբ։
Խոնարհութեամբ հպարտ ըլլալ՝ քրիսոնէավայել վարմունք է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ