«ՊՈԼԻՍԸ ՄԵՌՆՈՂ ԳԱՂՈՒԹ Է»
Մամուլի ու գրականութեան էջերէն մի՛շտ կարդացած ենք Պոլիսի մասին։ Թէ՛ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ թէ գրական ու մշակութային կեանքէն ներս Պոլիսը ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը եւ սերունդներ այդ մէկը լաւագոյնս մեծարած են իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Օրինակի համար, թերթատելով արեւմտահայ մամուլը կը հանդիպինք նման արտայայտութիւններու. «Պոլիսը եղած է արեւմտահայերէն քերթողութեան ծննդավայր, եւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ արեւմտահայերէնը պահպանող կարեւոր խարիսխ մը»։ Զահրատ իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Պոլիսը եղած է հայ գրականութեան Զարթօնքի կեդրոնը, ուրկէ ճառագայթած են հայ գաղթօճախները»։ Ուրիշ մը կը գրէ. «Պոլիսը եղած է հայ թարգմանական գրականութեան առաջատար կեդրոններէն մէկը»։ Այլ մտաւորական մը գրի կ՚առնէ. «Պոլիսը եղած է խորհրդանշական մայրաքաղաք մը հայերուն համար» ու այսպէս կարելի է բազմահազար դրական խօսքեր գտնել Պոլսոյ ինչութեան մասին:
Կարելի չէ խօսիլ հայ գրականութեան, թատրոնի եւ երաժշտութեան մասին, առանց խօսելու Պոլիսին մասին, որովհետեւ հայ մշակոյթը հայրենիքէն աւելի հո՛ն զարգացաւ. հո՛ն Կոմիտաս Վարդապետ իր համերգները կազմակերպեց. հո՛ն հայ թատրոնը իր բարձրագոյն վիճակին հասաւ եւ Պոլիսէն դուրս գալով տարածուեցաւ աշխարհով մէկ… եւ Պոլսոյ մէջ գործող մեծանուն հայերը ո՛չ միայն հայկական, այլեւ թրքական մշակոյթին մէջ եւս ունեցան իրենց յատուկ տեղը եւ թուրք ժողովուրդի մշակոյթի պատմութիւնը եւս կը վկայէ այդ մէկուն։ Սակայն, վերջերս Պոլիս այցելելու ժամանակ տպաւորեց պոլսահայու մը կողմէ ըսուած հետեւեալ խօսքը. «Պոլիսը մեռնող գաղութ է»:
Անշուշտ, պոլսահայ մը չըլլալով, նման հաստատում մը կատարելու իրաւունք չունիմ։ Այդ իսկ պատճառով կը դիմեմ պոլսահայ մամուլին՝ հասկնալու համար, թէ ինչ վիճակ ու պատկեր կը ներկայացնէ մերօրեայ Պոլիսը: Դիմացս ունիմ պոլսահայ բանասէր ու հրապարակախօս Սարգիս Սերոբեանի հարցազրոյցներէն մին, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Մենք այսօր թրքական մտածելակերպով հայերէն կը խօսինք»։ Անշուշտ, ինքնութեան մեծագոյն ցուցիչը լեզուն է եւ պէտք է ընդունիլ, որ Պոլսոյ մէջ դէմ յանդիման կը գտնուինք երկու ծայրայեղութիւններու. կայ սերունդ մը՝ որ լաւ հայերէն խօսելէ անդին, մաքուր հայերէն կը խօսի. աւելի մաքուր արեւմտահայերէն՝ քան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ խօսուող, սակայն, անդին կայ մեծամասնութիւն մը, որ կա՛մ ընդհանրապէս հայերէն չի գիտեր խօսիլ եւ կամ կ՚ամչնայ հայերէն խօսելու։ Պոլսոյ փողոցներուն վրայ կատարած հարցազրոյցի մը ժամանակ հանդիպեցանք բազմաթի՜ւ հայերու, որոնք արտայայտութեան մէջ կը նախընտրեն թրքերէն լեզուն՝ քան հայերէնը, որովհետեւ հայերէնով չեն կրնար իրենց միտքերը պարզ ու յստակ արտայայտել այնպէս՝ ինչպէս թրքերէնով: Պոլսոյ հայկական մամուլներէն մէկուն խմբագիրը տարիներ առաջ կ՚ըսէր, թէ նոր սերունդը հայերէն չի գիտեր եւ եթէ նոյնիսկ հայերէն գիտէ՝ չի սիրեր։ Պոլսահայերու հայերէն լեզուէն հեռանալուն մասին արտայայտութիւն կ՚ունենայ նաեւ գրող եւ քաղաքական գործիչ Մուրատ Մըխչը, որ հայկական մամուլի մը տուած հարցազրոյցի ընթացքին կ՚ըսէ. «Թուրքիոյ մէջ հայկական դպրոցներ կան միայն Պոլսոյ մէջ, իսկ գաւառներու մէջ ապրող հայերը աստիճանաբար թրքախօս կը դառնան»:
Պոլսահայը իր ինքնութեան հանդէպ կապուածութիւն ունի, սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ նոր սերունդը հեռու է այդ կապէն։ Պոլսահայ ձեռնարկներուն մեծամասնութիւնը զուրկ է երիտասարդութենէն։ Երկու-երեք հարիւր հաշուող ամբոխին մէջ հազիւ մի քանի երիտասարդ կարելի է նշմարել։ Նոր սերունդը հեռու է ո՛չ թէ միայն որովհետեւ չի հետաքրքրուիր, այլ չի հասկնար։ Պոլսոյ մէջ երկար տարիներ մայրենի լեզուի ուսուցչութիւն ըրած ուսուցչուհի մը հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէ, թէ հայ ընտանիքները իրենց տան մէջ թրքերէն կը խօսին՝ որովհետեւ իրենց համար աւելի «դիւրին» է։ Եթէ երկրորդական լեզուն կու գայ մայրենի լեզուին տեղ բռնելու՝ այդտեղ լաւատեսութիւն գտնել հնարաւոր չէ։ Այնպէս, ինչպէս եւրոպական որոշ երկիրներու մէջ, նոյնպէս Պոլսոյ մէջ հայ համայնքը, հայ ժողովուրդը յուզող որոշ ժողովներ, միջոցառումներ կը կատարուին թրքերէն լեզուով, պարզ այն պատճառաբանութեամբ, որ ներկաները «լաւ հասկնան»։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ պէտք չէ միայն երիտասարդութիւնը մեղադրել. նախորդ սերունդները չկրցան արժանաւոր կերպով բացատրել, թէ ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է հայերէն լեզուի իմացութիւնը։ Նոր սերունդը սկսաւ հարց տալ, թէ առօրեայ կեանքին մէջ հայերէն լեզուի լաւ իմացութիւնը ի՞նչ առաւելութիւններ կրնայ տալ եւ ի դիմաց այդ հարցումին որպէս պատասխան գտաւ ամբողջական ոչինչ մը։ Միւս կողմէ, հայկական վարժարանները հակառակ ամէն տեսակի ջանքերուն, գրեթէ չկրցան մրցակցութեան մէջ մնալ տեղական այլ վարժարաններու հետ ու հայութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ՝ եկեղեցի թէ մամուլ, դպրոց թէ միութիւն սկսաւ նահանջ արձանագրել։ Ի դէպ, այնպէս չկարծուի, որ Պոլսոյ նման պատմական հին անցեալ ունեցող հայկական գաղութի մը ոչնչացումը անհնար է։ Մեր դիմաց որպէս օրինակ ունինք Հնդկաստանը, որպէս օրինակ ունինք Եգիպտոսը, որոնք հայութեան մեծագոյն կեդրոններէն մէկը ըլլալով հանդերձ՝ ժամանակի ընթացքին նօսրացան եւ ստացան իրենց մերօրեայ վիճակը:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Անչափահասներու
, փոքրիկ մանուկներու ծեր երեւալու տենչը ծածուկ ողբերգութիւնն է մեր կեանքի, զոր մեր արշալոյսին կ՚ապրինք ժպտալով: Դէպի մահ աճապարելու այդ դաւադիր ու մութ տենչը բնութեան մեծագոյն գաղտնիքն է: Ի՛նչ խռովիչ, ի՛նչ ապշեցուցիչ հակադրութիւն. մանուկը՝ որ ծերութիւն կ՚երազէ սքանչելի անգիտակցութեամբ եւ ծերը, որ իր տարիներու բեռի տակ իր մանուկ օրերու արեւն ու յուշերը կը փնտռէ հոգին ջերմացնելու համար: Երքուն ալ խաղալիք՝ անագորոյն զօրութեան մը:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան