ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԿԱՄՔԸ

«Հա՜յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քու կամքդ թող ըլլայ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։ Ա՛յսպէս կ՚աղօթէր Յիսուս Ձիթենեաց լերան վրայ եւ Իր աշակերտներուն կ՚ըսէր. «Աղօթեցէք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 40)։

«Բաժակ» կը նշանակէ՝ մէկուն բաժինը. (ՅԱՅՏ. ԺԴ 10, ԺԸ 6). ուստի, Յիսուս կ՚աղօթէր Հօր, որ անցնին այդ նեղութեան պահերը, բայց ո՛չ թէ Իր կամքին, այլ՝ Հօր կամքին համաձայն։ Յիսուս Իր տիպարով կը սորվեցնէ, թէ աղօթքի համար պայման է հաւատքը, բայց, երբ աղօթքի համար չի բաւեր միայն հաւատքով խնդրել, ուզել որեւէ բան, այլ պէտք է նաեւ խնդրուի Աստուծոյ կա՛մքը։ Ուրիշ խօսքով, աղօթք մը լսելի եւ ընդունելի ըլլալու համար պայման է, որ աղօթողին կամքը համապատասխան ըլլայ Աստուծոյ կամքին։ Եթէ Աստուծոյ կամքը եւ աղօթողին կամքը համաձայն են, այն ատեն կը կատարուի աղօթքով խնդրուածը, քանի որ Աստուած անպայման կը պատասխանէ։

Կը պատմուի, թէ բարեպաշտ հաւատացեալ մը կ՚աղօթէր իր հիւանդութեան բժշկութեանը համար, բայց երկար ժամանակ չէր կրցած բժշկուիլ, ուստի մտածեց, թէ ի՞նչ կը պակսէր իր աղօթքին… վերջապէս իր հոգեւոր աչքերը բացուեցան եւ ան նկատեց, որ Աստուծմէ կը խնդրէր միա՛յն իր կամքին համաձայն, եւ երբեք չէր յիշեր Աստուծոյ կամքը. քանի որ աղօթքի մը կատարման համար անհրաժեշտ էր Աստուծոյ կամքը։ Մարդը միայն կը բաղձար, կը փափաքէր, բայց այդ բաղձանքին իրականացումը Աստուծոյ կամքով միայն կրնար կատարուեր։ Եւ «արթնցա՛ւ» հիւանդը՝ սկսաւ աղօթել՝ խնդրելով նաեւ Աստուծոյ կամքը, եւ կարճ ժամանակի մը մէջ բժշկութիւն գտաւ եւ առողջացա՛ւ։

Իրական կեանքէ առնուած այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ Աստուծոյ կամքին անհրաժեշտութիւնը մեր աղօթքներուն մէջ. ո՛չ թէ մեր, այլ՝ Աստուծոյ կամքը, քանի որ Անոր կամքը միշտ բարի է եւ արդա՛ր։ Եւ ուրեմն, կարեւո՛ր է Աստուծոյ կամքը գիտնալ եւ ըստ այնմ աղօթել, յայտնել մեր փափաքը Աստուծոյ։

Աղօթքը, արդարեւ, վաճառքի գործ մը չէ՛, չէ որ կոճակի մը կոխելով իրականանայ անմիջապէս։ Ուստի, աղօթողը պէտք է նկատի առնէ այս իրողութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, աղօթելու ատեն աղօթողը պէտք է «արթո՛ւն» ըլլայ եւ պէտք է հոգեպէս փոխուի։ Յիսուս կը պատուիրէ իր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք եւ աղօթեցէ՛ք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 46)։ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն գրած նամակին մէջ կը գրէ. «Ահա կու գամ՝ որպէսզի Քու կամքդ կատարեմ, ո՛վ Աստուած». (ԵԲՐ. Ժ 5-9)։ Կրնայ Աստուծոյ կամքը հաճելի չըլլալ մարդուն, բայց պէտք չէ՛ մոռնալ, որ Աստուծոյ կամքը միշտ բարի է, իմաստուն է եւ աղօթողին համար պատշա՛ճն է։ Մարդ կրնայ սխալիլ իր ճաշակներուն մէջ, բայց Աստուած՝ ո՛չ…

Այսօր մենք կ՚աղօթենք եւ կ՚ուզենք, որ իրականանայ, կատարուի մեր փափաքները, բայց չենք խորհիր, թէ անոնք որքան բարեբեր եւ օգտակար են մեզի համար։ Եւ երբ մեզի ի նպաստ ուշանայ եւ կամ բնաւ չկատարուի մեր խնդրածները, կը մեղանչենք՝ կը սայթաքինք եւ կը հարցնենք. «Ո՞ւր է Աստուած»։ Աստուած միշտ հո՛ս է. մեր քովը, անմիջապէս մեր մօտը՝ որովհետեւ ան հոգատար եւ հաւատարիմ Հայր է, որ երբեք չի՛ թողուր իր որդիները…

Եթէ կը կարծենք, թէ ան հեռացած է մեզմէ, կը սխալի՛նք, չարաչար, սաստիկ կը սխալինք, քանի որ հայր մը երբեք չի թողուր իր որդին եւ Հայրը՝ երբե՛ք։ Եթէ Աստուծմէ հեռու կը զգանք մենք զմեզ, մե՛նք հեռացած ենք Անկէ, թերացած ենք մենք մեր որդիութեան պարտականութիւններուն մէջ։

Ուրեմն, երբ կ՚աղօթենք, որքան ալ ջերմեռանդ ըլլայ մեր աղօթքը, որքան ալ հաւատքով եւ վստահութեամբ զօրանայ, պէտք է յիշենք եւ փնտռենք Աստուծոյ կամքը, քանի որ առանց Աստուծոյ կամքին կարելի չէ, որ կատարուի մեր կամքը։ Որովհետեւ Աստուած կը յայտնէ Իր «բարեհաճ ծրագիրը». Իր իմաստութեան եւ բարութեան մէջ հաճոյ կը թուի Աստուծոյ յայտնել Ինքզինք եւ ճանչցնել Իր կամքին խորհուրդը՝ որուն շնորհիւ մարդիկ Քրիստոսով՝ մարդացեալ Բանով, կը մերձենան Հօր՝ Սուրբ Հոգիի մէջ եւ մասնակից ու բաժնեկից կ՚ըլլան աստուածային Բնութեան… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 1, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026