ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՊԱԿԱՍԷՆ ՊԻՏԻ ՏԱՌԱՊԻՆՔ
Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 1910 թուականին, հայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան Թէոդիկին գրած իր մէկ նամակին վերջաւորութեան հետեւեալ տողերը կ՚արձանագրէր. «…Այստեղի կենցաղս մինչեւ ցարդ խիստ յուզումնալից եղաւ։ Քանդել մէկ ձեռքով, սերմանել միւսով ու տառապիլ միշտ՝ վրայ տալով մտքի եւ մարմնոյ առողջութիւնը, - ահաւասիկ կեանքը, զոր գաւառի մէջ կ՚ապրիմ։ Աւելի ժողովուրդին հետ կը կենակցիմ, քան թէ Մուսային եւ աւելի հռետորութիւն կ՚ընեմ, քան թէ տաղերգութիւն։ Իսկ ուսուցչութիւնը ապրելու միջոց մըն է սոսկ՝ որ (չըսեմ աշխատանքներուս, այլ) կեանքիս մէջ ո՛չ մէկ նշանակալից տեղ կը բռնէ»։ Հայ բանաստեղծը գացած էր գաւառ հայ ժողովուրդին հետ ապրելու, սորվելու եւ սորվեցնելու, ինչպէս նաեւ տեղի հայկական վարժարանէն ներս ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնելու, սակայն, նամակէն կը հասկնանք, որ «դժգոհ» վիճակ մը ունէր։ Փորձենք վերլուծել պատճառները.
Մօտիկ անցեալին՝ մանաւանդ Զարթօնքի սերունդէն ետք մարդիկ սկսան կարեւորութիւն դարձնել գիր-գրականութեան, սակայն, երբեք չգնահատեցին գրողն ու ուսուցիչը։ Կարդալով պոլսահայ երգիծաբանները կարելի է պատկերացում մը կազմել այդ ժամանակաշրջանի ուսուցիչներուն եւ գրողներուն մասին։ «Մեծապատիւ մուրացկանները» լաւ վկայութիւն մը կրնայ տալ այդ բոլորին մասին։ Դանիէլ Վարուժան կ՚ըսէ, որ գաւառի մէջ «ուսուցչութիւնը ոչ մէկ նշանակալից տեղ կը բռնէ կեանքիս մէջ»։ Գաւառի դպրոցները լուրջ կազմակերպուածութեան խնդիր ունէին. դպրոցը կրնայ ըլլալ սովորական սենեակ մը ըլլար՝ առանց դասարաններու եւ տարիքային բաժանումներու։ Դպրոց յաճախող աշակերտներէն գրեթէ ո՛չ մէկը մայրենի լեզուն գիտէր. գաւառի ժողովուրդը թրքախօս էր եւ երիտասարդ ուսուցիչ մը այդտեղ ղրկել՝ զանոնք «հայացնելու» միտումով տանջալից աշխատանք մըն էր, ինչպէս Դանիէլ Վարուժան կը գրէ, այդ բոլորը կազմակերպելու համար պէտք էր զոհել միտքի եւ մարմնի առողջութիւն, որովհետեւ ո՛չ թէ միայն հայերէն խօսիլ չէին գիտեր, այլ նոյնիսկ հայերէն չէին մտածեր։ Պարզապէս պատկերացուցէք հայ երիտասարդ մը Ափրիկէի մէջ օտար մշակոյթով, օտար լեզուի ազդեցութեան տակ հասակ առած հասարակութիւնը կը փորձէ «հայացնել»:
Վարուժանի նամակէն կը հասկնանք, որ գաւառի մէջ ահագին շա՜տ աշխատանք կայ կատարելու. այնքան շատ՝ որ երիտասարդ ուսուցիչը ժամանակ չէր գտներ նոյնիսկ իր բանաստեղծութիւններով զբաղելու. այս բոլորին վրայ կու գար նիւթական անապահով վիճակը՝ մանաւանդ նորապսակ երիտասարդ բանաստեղծի մը համար:
Այժմ անցնինք մեր հիմնական նիւթին. Դանիէլ Վարուժանն ու գաւառի մէջ ապրած անոր անցեալը ի՞նչ աղերս ունի մեր ներկային հետ. ըսենք. անցեալին կային նուիրեալ երիտասարդներ, որոնք առանց նիւթական դժուարութիւնները, տեղի պայմաններն ու գործին ծանրութիւնը նկատի առնելու անձնուիրաբար կը լծուէին աշխատանքի՝ որովհետեւ կը հաւատային գաղափարին, կը հաւատային այն տեսլականին, որ նոյնիսկ գաւառի մէջ ապրող հայ երիտասարդը պարտի հայ ապրիլ, հայերէն խօսիլ ու հայու պէս մտածել։ Վարուժանի նման բազմաթի՜ւ այլ երիտասարդներ գուցէ այդ անձնազոհութիւնը յանձն առնելու տեղ զբաղէին վաճառականութեամբ կամ այլ ասպարէզով՝ մեծ յաջողութիւններու տէր մարդիկ ըլլային: Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրող հայ ուսուցիչին ու գրողին մէջ կը տեսնենք խոնարհութիւն մը. այդ խոնարհութեան աստիճանը փաստելու համար բաւարար է կարդալ պոլսահայ գրականութեան կարեւորութեամբ շեշտուած գաւառի կեանքը: Այժմ մեր ներկային մէջ գոյութիւն չունի «գաւառ»ն ու գաւառի դժուարութիւնը, թէեւ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր ունինք օտարին մշակոյթով մեծցող, իր մայրենին չգիտցող եւ կամաց-կամաց սորվելու տեղ օրէ օր աւելի մոռցող երիտասարդ սերունդ մը՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ։ Բացասականը ունինք, սակայն, չունինք նոյն նուիրումն ու յանձնառութիւնը ունեցող երիտասարդ ուսուցիչներ՝ որոնք ամէն դժուարին պայմաններու տակ պատրաստ ըլլան անձնուիրաբար ծառայել։ Անշուշտ, անցեալի հետ համեմատելով տրամաբանական չէ անոնց համար լաւ պայմաններ չստեղծել ու սպասել՝ որ իրենց միտքի եւ հոգիի առողջութիւնը զոհեն եւ այս մէկը մեր ազգին համար պէտք է դառնայ լուրջ մտահոգութիւն։ Այսօր կը տեսնենք, որ սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ կայ ուսուցիչի պակաս. այդ պակասը լեցուելու փոխարէն օրէ օր աւելի պիտի վատթարանայ։ Կը մաղթենք, որ մեր այս ըսածը սո՛ւտ դուրս գայ եւ հեռու մնայ ճշմարտութենէն, սակայն, կարճ ժամանակ ետք՝ մի քանի տասնեակ տարիներ ետք, ազգովին ուսուցիչի պակաս պիտի ունենանք. պիտի չգտնենք անձեր, որոնք իրենց կեանքը պիտի նուիրեն ուսուցչութեան ասպարէզին՝ ինչ որ ազգի մը համար կարեւորագոյն մէկ մասը կը կազմէ, որովհետեւ ուսուցիչն է, որ աշակերտը կը կրթէ եւ այդ աշակերտն է, որ հասակ առնելով հին սերունդին կը յաջորդէ եւ ընթացք կու տայ մարդկային կեանքին։ Պահ մը աչքէ անցուցէք մերօրեայ երիտասարդ սերունդին հետաքրքրութիւնները. անոնցմէ քանի՞ն դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ուսուցչութեան ասպարէզ կ՚ուզէ ընդունուիլ։ Ներկայիս անոնց թիւը փոքրամասնութիւն է, սակայն, եթէ չկարեւորենք եւ այս կարեւոր ու սրբազան պաշտօնը աւելի դիւրահաս ու գրաւիչ չդարձնենք՝ այդ փոքրամասնութիւնը օր մը ամբողջութեամբ պիտի անհետանայ:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Պարերն
ու եղանակներն այս կամ այն ժողովուրդի քմահաճոյքի, վայրկենական, ժամանակաւոր տրամադրութեան արդիւնք չեն: Աշխարհագրական, կլիմայական, քաղաքական պայմանները դարերու ընթացքին որոշ ձեւով կը մշակեն մարդկային հոգին, անոր բնաւորութիւնը, որ կ՚արտայայտուի եղանակներու եւ իր բոլոր շարժումներու մէջ:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան