ԱՆԶՈՒՍՊ ԼԵԶՈՒՆ

«Լեզուն ալ կրակ է։ Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա։ Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ։

«Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր։ Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդացնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն». (ՅԱԿ. Գ 6-8)։

Լեզուն՝ այդ «փոքր անդամ»ը, իր գործած եւ պատճառած աւերներով, մարդկային կեանքի մէջ ո՜րքան վնասներ հասցուցած է եւ ո՛րքան շատ հոգեշահ քարոզներու եւ օգտաշատ յօդուածներու նիւթ դարձած։

Սա յստակ է, որ Աստուած ամէն ինչ բարի՝ Իր նպատակին եւ ծրագրին, եւ փառքին համար ստեղծած է, եւ ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ԾՆՆԴ. Ա 31), եւ (ԱՌԱԿ. ԺԶ 14) եւ (ԵՍ. ԽԳ 7)։

Այս իմաստով, մարդը եւ իր լեզուն ալ Աստուծոյ փառքին եւ մարդոց բարիքին եւ օգտին համար ստեղծուած է. «Լեզուս, որ մարմինիս շէնքին մէջ Քու փառաբանութեանդ գործիքն է…», ինչպէս կ՚աղօթէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի. (ՆԱՐԵԿ. Բան ԺԸ)։

Եւ սակայն, դժբախտաբար մարդիկ լեզուն մեծ մասամբ ի վնաս մարդկային ընկերութեան կը գործածեն։ Մարդիկ փոխանակ լեզուով զԱստուած փառաբանելու, օրհնելու, զիրար մխիթարելու, սէրը արտայայտելու եւ դէպի բարին, դէպի օգտակարը առաջնորդելու, ճշմարտութիւնը խօսելու, ընդհակառակը՝ անով զիրար կը չարախօսեն, կ՚ատեն, կ՚անիծեն, կը հայհոյեն, կը բամբասեն եւ ամէն տեսակ չար եւ վնասակար բաներու համար կը գործածեն զայն. (ՅԱԿ. Գ 9)։

Մարդիկ, ընդհանրապէս խաւարը կ՚ընտրեն քան լոյսը, ինչպէս չարը՝ քան բարին, սուտը՝ քան ճշմարտութիւնը, վնասակարը՝ քան օգտակարը…

Մարդը, որ իր բանականութեամբ, հանճարով եւ գիտութեամբ կարող եղած է զսպել առիւծը եւ բանտարկել, նաեւ կրցած է ծովերու արքայ՝ կէտը բռնել եւ իր կամքին հնազանդեցնել։ Եւ դարձեալ բնութեան չորս տարրական եւ ամենազօրաւոր ուժերը՝ օդը, ջուրը, կրակը եւ հիւլէն իր ազդեցութեան տակ առած, եւ ներկայիս տիեզերքին եւ անջրպետին տիրանալու եւ իշխելու մեծ ջանքեր եւ փորձեր կ՚ընէ. բայց՝ ցարդ չէ՛ կարողացած նուաճել, զսպել այդ «փոքր անդամ»ը՝ լեզուն եւ երբեք պիտի չյաջողի, պիտի չկարենայ զսպել զայն եւ տիրապետել, իշխել անոր։

Լեզուին առջեւ մարդը ինքզինք անզօր եւ տկար կը զգայ։ Եւ այսօր, լեզուն անցեալէն շատ աւելի աւերներ կը գործէ մարդոց մէջ։ Ուրեմն, ո՞վ կրնայ նուաճել զայն։ Միա՛յն Աստուած, անոր ստեղծի՛չը։ Սակայն եթէ մարդը յօժարի յանձնել զայն Աստուծոյ կամքին։

«Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս եւ իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ», կ՚երգէ սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ՃԽԱ 3)։ Ուստի, իւրաքանչիւր հաւատացեալ, ամէն օր այս աղօթքը պէտք է արտասանէ, արթուն մնալու եւ փորձութեան մէջ չիյնալու համար։ Եւ աղօթելու է նաեւ. «Տէ՛ր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս Քո», քանի որ ինչպէս կ՚աղօթէ եւ կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, լեզուն զԱստուած փառաբանելու գործիքն է. անկէ պէ՛տք է բխի սիրոյ խօսքեր միայն, եւ ո՛չ՝ անէծք, ատելութիւն, եւ անկէ պէտք է բխի օրհնութիւն, փառաբանութիւն եւ աստուածահաճոյ ամէն խօսք, քանի որ լեզուն՝ սրտին թարգմա՛նն է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 1, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026