ԾԱԾՈՒԿԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՈՎ…

«Ես հասկցայ այն ամէնը՝ ի՛նչ որ ծածուկ էր եւ բացայայտուեցաւ, որովհետեւ իմաստութիւնը, որ բոլորին ճարտարապետն է, սորվեցուց ինծի։ Անոր մէջ կայ բանական հոգի, որ սուրբ է. միածին, բազմաբաշխ, նուրբ, դիւրաշարժ, պարզ, անարատ, յայտնի, անվրէպ, բարեսէր, արագ, անարգել, բարերար, մարդասէր, հաստատուն, զգուշաւոր, անհոգ, ամենազօր, ամենահայեաց եւ կարող՝ թափանցելու մտաւոր, մաքուր եւ նրբին բոլոր բաներու մէջ։

«Արդարեւ, իմաստութիւնն ալ աւելի շարժուն է բոլոր շարժումներէն եւ իր յստակութեան պատճառով կը թափանցէ եւ կ՚անցնի ամէն բանէ ներս». (ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՍՈՂՈՄՈՆԻ, Է 21-24)։

Իմաստութիւնը՝ գլխաւոր առարկան է մարդկային երկնային եր երկրային կեանքին։ Իմաստութեան կը ձգտի մարդը, որուն վրայ կը դառնան իր բոլոր մտածումները եւ տենչանքները, անով կ՚ուրախանայ՝ որուն յոյսովը կը ցնծայ, եւ որուն ակնկալութեամբը կը մխիթարուի։

Մարդ բանական արարած մըն է, ուստի, բանականութեան ուղիղ կառավարման համար անհրաժեշտ տարրը եւ ազդակն է իմաստութիւնը։ Եթէ մարդուն բարոյական ակն սիրտն է, բանականութեան ակն ալ մի՛տքն է։ Այս իմաստով, մարդը «մարդ» ընող տարրերէն մին եւ կարեւորագոյնն է միտքը։ Եւ միտքը ուղիղ կ՚աշխատի իմաստութեամբ։ Եթէ մարդուն երջանկութիւնը գոյացնող բաները, կամ անոր սիրոյն եւ բաղձանքին գլխաւոր առարկայ եղող իրերն են աշխարհային երկրային եւ մարդեղէն իրեր, անոր սիրտը կամ բնութիւնը եւ միտքը կամ բանականութիւնն ալ նման են անոնց, այսինքն՝ ընդհանրապէս չա՛ր։ Իսկ եթէ սիրուած եւ բաղձացուած, մտացուած բաները երկնային են՝ հոգեւոր եւ աստուածային, մարդուն սիրտը եւ միտքն ալ նման են անոնց, այսինքն բարձր են՝ սուրբ եւ կատարեալ։

Եթէ մարդուս սիրտը կը հակակշռէ խիղճը, միտքն ալ կը հակակշռէ եւ կը կառավարէ իմաստութի՛ւնը։

Սէրը եւ բաղձանքը մարդուն սիրտը կը կապեն կը միացնեն արտաքին առարկաներու եւ հաղորդ կ՚ընեն զայն անոնց յատկութիւններուն եւ կամ բնութեան։ Իսկ իմաստութիւնը՝ ներքին առարկաներու եւ հաղորդ անոնց հանգամանքերուն։

Սիրել կամ բաղձալ, ուրիշ բացատրութեամբ, մարդուն սիրտին կամ բարոյականութեան «ուտել կամ խմել»ն է։ Ի՛նչ որ կը սիրէ մարդ, որպէս թէ կ՚ուտէ եւ կը խառնէ զայն իր բնութեան։ Ի՛նչպէս բնական սնունդը կը կազմէ մարդուն մարմինը, նոյնպէս ալ մարդուն սիրած բաները կը կազմեն անոր սիրտը կամ բարոյականը։ Այս ուղղութեամբ միտքին եւ բանականութեան ամենէն պատշաճ եւ օգտակար սնունդն ալ՝ իմաստութի՛ւնն է։

Արդարեւ, սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, որ մարդուս միտքը գաղտնիքներով լեցուն է։ Եւ այդ գաղտնիքները կարելի է լուսաբանել եւ բացայայտել իմաստութեա՛մբ։ Ուստի, Աստուած մարդը ստեղծեց, զայն կոչելով ազնուութեան, բարութեան եւ կատարելութեան։ Բայց ի՞նչ ճամբով կատարեց զայն։ Նոյն սա ճամբով. բարութեան, ազնուութեան եւ կատարելութեան ծայրագոյն աստիճանին վրայ դրաւ իմաստութիւնը՝ տուաւ անոր իբրեւ միջոց եւ առարկայ միտքին եւ բանականութեան։

Կատարեալ է եւ բարի, ազնիւ այն մարդը՝ որ կրնայ ներդաշնակել իր միտքը եւ սիրտը։ Եւ այս երկուքը ներդաշնակելու միջոցներն են իմաստութիւնը եւ խիղճը։ Իմաստութեամբ մտածել եւ զգացումները հակակշռել խղճին ձայնով։ Ուստի, դաստիարակութեան գաղտնիքը՝ սիրտը լեցնել բարի, ազնիւ եւ սուրբ բաներով, ազնուացնել զգացումները եւ անոնց սիրտերու վրայ տիրապետելը ապահովել, իսկ միտքը զարգացնել իմաստութեան միջոցով։

Արդ, եթէ մարդուս երջանկութիւնը, կատարելութիւնը նկատուի աշխարհային՝ երկրաւոր եւ մարդեղէն իրերու մէջ եւ զանոնք ընդունուին իբրեւ գերագոյն վախճան, սիրտը եւ միտքն ալ բնականաբար անոնց նման պիտի ըլլան։ Ուստի, սուրբ՝ բարի եւ առաքինի կարելի չէ ըլլալ նոյնիսկ մի քանի բարեգործութիւնով կամ բարեպաշտութեան մի քանի գործերով, իմաստութեամբ կատարուած չեն անոնք…

Եթէ կ՚ուզենք մասնակից ըլլալ երկնային երանութեան եւ աստուածային օրհնութեան, ուրեմն սիրենք երկնաւոր՝ հոգեւոր եւ աստուածային իրերը եւ ըլլանք սուրբ եւ կատարեա՛լ։ Սիրենք զԱստուած, սիրենք զիրար եւ պիտի նմանինք Աստուծոյ։ Կատարելութեան ձգտինք. սէրը եւ իմաստութիւնը լաւագոյն եւ ամենաապահով ճամբան եւ լուսաւոր ճամբա՛ն է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2026