ԱԶԳ, ՈՐ ՇՂԹԱՅԻ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ
Շատեր կը կարծեն ու կը հաւատան, թէ կեանքը պատահական եւ կամ գուցէ նախորոշուած դէպքերու շղթայ մըն է, սակայն, ի տարբերութիւն շատերու կը հաւատանք, որ այդ բոլորը կամայ-ակամայ տեղ մը սեփական ընտրութեան ու գիտակցական վիճակի մը արդիւնքն է եւ այդ մէկը կրնա՛նք փաստել: Այո՛, կը հաւատանք, որ շատ մը իրադարձութիւններ կրնան մարդու ցանկութենէն անկախ տեղի ունենալ, սակայն, ի վերջոյ գիտակից մարդը բացասականը եւս իր կամքով, իր որոշումներով կրնայ վերածել դրականի եւ այդ մէկը ընելու համար իրեն հարկաւոր է միայն մէկ բան. կա՛մք, որովհետեւ մարդ թէեւ արտաքին իրադարձութիւններու վրայ ո՛չ, սակայն, սեփական միտքին վրայ իշխանութիւն ունի: Անշուշտ, պէտք է յստակեցնենք, որ ուժն ու կամքը տարբեր բաներ են. շատեր ունին ուժ, սակայն, չունին կամք, իսկ ուրիշներ ունին կամքը, սակայն, ո՛չ ուժը եւ այս երկու արժէքներ տարբեր ըլլալով հանդերձ, զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Ուժը միշտ չէ, որ կամքին ծնունդ կու տայ, սակայն, կամքը կրնայ ստեղծել ուժը:
Որպէսզի այս բոլորը վերացական ու «երեւակայական» չթուի, խօսինք օրինակներով։ Հայ ժողովուրդի, մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ուսումնասիրող իւրաքանչիւր անհատ անկասկած գէթ մէկ անգամ լսած կ՚ըլլայ Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքի մասին։ Անոնք, որոնք երբեւէ լսած չեն անոր մասին, վստահաբար, տարօրինակ պիտի գտնեն «Շղթայակիր» մականունը, սակայն, անոր կեանքի պատմութիւնը լսելէ ետք պիտի համոզուին, որ կամքը դժուարութիւն ու խոչընդոտ չի ճանչնար։ Համամարդկային պատմութեան մէջ պէտք է Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքի կեանքը ներկայացուի որպէս կամքի ուժի հզօրագոյն պատմութիւն։ Գրիգոր Շղթայակիր 45 տարեկան հասակին՝ 1715 թուականին Պոլսոյ պատրիարք կ՚ընտրուի։ Նոյն այդ տարիներուն լուրջ դժուարութեան մէջ կը գտնուէր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը. աներեւակայելի պարտքեր. պարտատէրերը արդէն իսկ կը խանգարէին պատրիարքութիւնը, եկեղեցական ժամերգութիւն, դպրեվանքի ուսման շրջան՝ բոլորը դադրած էին եւ եկեղեցին հասած էր այնպիսի պայմաններու, որ կրնար Երուսաղէմի մէջ կորսնցնել իր ունեցուածքները՝ ինչ որ մեծ հարուած մը պիտի ըլլար եկեղեցւոյ։ Գրիգոր Շղթայակիր որոշեց փրկել Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը։ Բոլորս ալ որոշ որոշումներ կը կայացնենք. որքանո՞վ հաւատարիմ կը մնանք այդ որոշումներուն՝ չեմ գիտեր, սակայն, Գրիգոր Շղթայակիր կ՚ընէ հետեւեալը. հաստ ու ծանր շղթայ մը կ՚անցընէ իր վիզէն ու կ՚ուխտէ այդ շղթաները չհանել վիզէն՝ մինչեւ չհասնի իր նպատակին ու Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը չազատէ իր դժուարին վիճակէն։ Պատմութիւնը Գրիգոր Շղթայակիրի այդ որոշումը հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ. «Էարկ ի պարանոց իւր զերկաթի շղթայ ծանր, եւ աղխեաց զայն եւ ուխտեաց Աստուծոյ ոչ առնուլ ի բաց շղթայն յանձնէ իւրմէ, մինչեւ նա ինքն այց արասցէ տառապանց Աթոռոյն»:
Շղթայակիր Պատրիարքը երկուքուկէս տարի ծանր երկաթեայ շղթաները իր վիզէն չհանելով՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան համար հանգանակութիւն կատարեց։ Անոր նպատակը մէկն էր. ազատել ու փրկել Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը։ Պատրիարքը յաջողեցաւ երկու տարուան ընթացքին գրեթէ ոչնչացնել պատրիարքարանի պարտքերը եւ մնացած գումարով նորոգեց եկեղեցին։ Գրիգոր Շղթայակիր իր վիզէն այդ շղթաները հանեց 1926 թուականին, Յովհաննէս Կոլոտ Ամենայն Հայոց Հայրապետի եւ այլ 94 եկեղեցականներու խնդրանքով։ Ի դէպ, այդ շղթաները մինչեւ օրս կը պահուին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ:
Վերլուծենք.- Գրիգոր Շղթայակիր կրնար առանց այդ շղթաներուն աւարտին հասցնել իր նպատակը, սակայն, շղթան կարեւոր էր՝ ինչքան իր կամքը։ Բոլորս ալ որոշ որոշումներ կը կայացնենք, սակայն, կամքը չենք ունենար բոլորանուէր ձեւով իր աւարտին հասցնել։ Ընթացքին այլ երեւոյթներ ու մանրուքներ կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը եւ ժամանակ մը ետք կը նկատենք, որ ակամայ՝ նոյնիսկ առանց անդրադառնալու հեռացած ենք մեր նպատակներէն: Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ իր վիզէն պէտք է ունենայ այդ շղթան՝ որպէսզի իւրաքանչիւր քայլափոխին յիշէ, որ ինք կ՚առաջնորդուի դէպի նպատակ մը եւ իր կայացուցած իւրաքանչիւր որոշում, իւրաքանչիւր քայլափոխ պէտք է իր նպատակներուն աւելի մօտենալու ծառայէ։ Գուցէ տգեղ օրինակ է, սակայն, ձիերուն սանձ կը դնեն, որպէսզի անոնք իրենց աչքերը հայած պահեն մէկ նպատակակէտի։ Մենք որպէս մարդ արարածներ որքան ալ քաջ կարծենք մենք մեզ, ի վերջոյ շրջապատը կը յաջողի մեր ուշադրութիւնը շեղել։ Եթէ ձին իր աչքերուն սանձ չունենայ, կրնայ տարուիլ եւ դէպի այլ ուղղութիւններ վազել։ Մենք որ ձին կը յաջողինք իր նպատակին մէջ հաստատ պահել, մենք մեզ կը դժուարանանք։ Շղթայակիրին վիզէն անցուցած շղթաները այդ սանձէն տարբեր չեն: Այս բոլորը նկատի ունենալով կը մտածենք հետեւեալին մասին. մեր ազգը ղեկավարողներուն վիզէն դրուած շղթաները ի՞նչ են. գոյութիւն ունի՞ հասարակաց նպատակ մը, զոր ազգովին կը հետապնդենք։ Գրիգոր Շղթայակիր յաջողեցաւ երկու տարուան մէջ կատարել այն՝ ինչ մարդիկ չէին կրցած կատարել տասնամեակներ։ 1990-ական թուականներուն հայ բանակը յաջողեցաւ ձեռք բերել յաղթանակներ՝ որոնք մարդիկ չէին կրցած ձեռք բերել աւելի քան երեք երկար դարեր։ Այս բոլորը պատահական չէին։ Կար նպատակը եւ մարդիկ հաւատարիմ էին իրենց նպատակին. այսօր ի՞նչ է մեր ազգային նպատակը. այսօր Ազգային ժողովի մէջ զիրար վարկաբեկելով կը փորձեն ազգը փրկել. այդ մէկը ազգը կործանումի տանելէ բացի այլ բանի չի կրնար ծառայել։ Կը յաջողինք միայն այն ժամանակ, երբ ազգովին, միասնութեամբ մեր վիզէն կախենք շղթայ մը՝ որ մէկ ու ամբողջական նպատակ կը հետապնդէ: Նոյնիսկ եթէ մեր եկեղեցիները, կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները ունենան շղթաներ իրենց վիզին, սակայն, այդ շղթաները նոյն նպատակն ու հեռանկարը չունենան՝ դարձեալ անիմաստ է: Այսօր մեզի պէտք է Գրիգոր Շղթայակիր մը, որ նպատակ դնէ ու այս ազգը դուրս բերէ իր պարտուածի պարտքերէն. կառուցէ մեր ազգը այնպէս՝ ինչպէս Շղթայակիրը կառուցեց եկեղեցին։ Անոր յաղթանակը մինչեւ օրս կանգուն կը պահէ եկեղեցին. միտք բանին պարզ է. յաղթանակ մը, յաջողութիւն մը ո՛չ միայն մի քանի տարի, այլ դարաւոր կեանք կրնայ պարգեւել:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մեր
երգն ու լեզուն են, որոնք առաւելս զտուած նիւթական տարրերէ, կը մնան իբրեւ զուտ ոգեկան ազատութիւններ:
ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան